ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ

0 0
Read Time:15 Minute, 32 Second

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

 

Եր­կին­քը Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մէ“:

Սաղ­մոս 19.1

 

Այս յօդ­ուա­ծը տար­բեր պի­տի ըլ­լայ նա­խորդ­նե­րէն, այն իմաս­տով, որ հոս պի­տի չխորհր­դա­ծենք անձ­նա­ւոր­ուած Աս­տու­ծոյ մա­սին, որ մեր բո­լոր նա­խորդ յօդ­ուած­նե­րուն նիւ­թը եղած է, այլ փորձ մը պի­տի ընենք Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին որոշ գա­ղա­փար­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու, առանց առաջ եր­թա­լու ու­րիշ հար­ցե­րու մէջ:

 

Աս­տու­ծոյգո­յու­թիւնը. Մարդ չկայ որ չէ առնչ­ուած այս հար­ցին հետ, մարդ չկայ որ ան­տար­բեր ան­ցած է այս հար­ցին վրա­յէն: Պատ­մու­թեան առա­ջին օրե­րէն սկսեալ մար­դիկ ուղ­ղակի­օ­րէն կամ անուղ­ղակի­օ­րէն առնչ­ուած են այս հար­ցին հետ: Եթէ Աստ­ուա­ծաշնչ­եան պատ­մու­թեան հե­տե­ւինք ապա կու գանք այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ մար­դը սկզբնա­կան շրջա­նին մէկ Աս­տու­ծոյ գի­տակ­ցու­թիւնը ու­նե­ցած է, բայց ետ­քը կորսն­ցու­ցած է զայն, մինչեւ այն ժա­մա­նակ երբ Աստ­ուած սկսած է վե­րա­յայտ­նել ինքն իրեն  մար­դուն` նախ Նո­յին եւ ետ­քը Աբ­րա­հա­մին: Աբ­րա­հա­մէն ետք մին­չեւ այ­սօրս Աստ­ուած չէ դադ­րած տար­բեր ձե­ւե­րով ինք­զինք յայտ­նե­լէ:

Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին մտա­բե­րե­լու ժա­մա­նակ կը յի­շեմ այն դի­պուկ խօս­քը որ կ՛ըսէ, թէ Աս­տու­ծոյ չգո­յու­թիւնը փաս­տե­լը նոյն­քան դժուար է, ինչ­քան որ Անոր գո­յու­թեան փաս­տե­լը: Որով­հե­տեւ երբ հարց կը դրուի Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւնը փաս­տե­լու մա­սին, այդ միտ­քը ան­գամ իր մէ­ջը մեծ հա­կադ­րու­թիւն մը կը պա­րու­նա­կէ: Եթէ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան փաս­տե­լու մա­սին կը պնդենք խօ­սիլ, իրա­կա­նին մէջ ոչ թէ Աստ­ուած` այլ ու­րիշ բան նկա­տի ու­նինք, որով­հե­տեւ Աստ­ուած նիւ­թա­կան իրա­կա­նու­թիւն չէ որ փաստ­ուի կամ ոչ: ԶԱստ­ուած կա­րե­լի է  զգալ ու ապ­րիլ:

Այս յօդ­ուա­ծը պի­տի չխօ­սի Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին եղած գրա­կա­նու­թեան, որ հա­սա­նե­լի է բո­լո­րին` գիր­քե­րուն եւ հա­մա­ցան­ցին ընդ­մէ­ջէն, այս յօդ­ուա­ծը աւե­լի իմ անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին է կապ­ուած այս հար­ցին հետ:

Ապ­րած եմ նախ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի եւ Խորհր­դա­յին Ռուս­իոյ մէջ եւ ետ­քը յետ-խորհր­դա­յին Ռուս­իոյ մէջ: Ան­ցու­մա­յին այս շրջա­նը լե­ցուն էր Աս­տու­ծոյ եւ կրօն­քի մա­սին քննար­կում­նե­րով եւ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով: Այս շրջա­նին ծա­նօթ եղած եմ բարձր մա­կար­դա­կի զար­գա­ցում ու­նե­ցող եւ բա­րո­յա­պէս մա­քուր մար­դոց, որոնք կ՛ը­սէ­ին թէ անաստ­ուած­եան էին (atheist): Այս մէ­կը բա­ցատ­րե­լի էր, որով­հե­տեւ նման­նե­րը դաստ­ի­ա­րակ­ուած էին խորհր­դա­յին պայ­ման­նե­րուն տակ: Նման­նե­րու հետ զրոյց­ներ ու­նե­ցած եմ Աս­տու­ծոյ մա­սին: Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ բո­լոր այս զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին զրու­ցա­կից­ներս սկսած են այն բա­նէն, որ Աստ­ուած գո­յու­թիւն չու­նի եւ վեր­ջա­ցած են այն բա­նով, որ հա­ւա­նա­բար ինչ որ բան մը, ոյժ մը կայ, հոն, վե­րը, եթէ ան­գամ զայն դժուա­րա­ցած են Աստ­ուած կո­չել: Նոյն երե­ւոյ­թը նկա­տած եմ հոս Ամե­րի­կա­յի մէջ: Իս­կա­պէս, որ շատ դժուար է կա­տա­րե­լա­պէս հեր­քել բարձ­րա­գոյն եւ կա­տար­եալ իմաս­տուն էա­կի մը գո­յու­թիւնը: Գրե­թէ ամէն մարդ բնազ­դօ­րէն այդ մէ­կը կը զ­գայ: Ու­րիշ հարց թէ այդ զգա­ցո­ղու­թիւնը ինչ­քան առաջ կ՛եր­թայ եւ ինչ դեր կ՛ու­նե­նայ մար­դու կեան­քին մէջ:

Այնշ­թայ­նը, որ կրօ­նա­կան-անձ­նա­ւոր­ուած Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­ցող չէ եղած, այլ ըն­դու­նած է անդ­րան­ցա­կան (transcendent) արա­րող Աստ­ուա­ծը, ու­րիշ խօս­քով “գիտ­նա­կան­նե­րուն Աստ­ուա­ծը“, ահա այդ իր ձե­ւով հա­ւա­տա­ցած Աս­տու­ծոյ` ՀՈ­ԳԻ կո­չած է,  բան մը որ աւե­լի յա­տուկ է անձ­նա­ւոր­ուած Աս­տու­ծոյ: Արդ­եօ՞ք այդ բա­ռը պա­տա­հա­կան դուրս ելած է իր­մէ, թէ ան առանց գի­տակ­ցե­լու ճշմար­տու­թիւնը խօ­սած է:

Ու­րիշ մեծ գիտ­նա­կան մը եւ Նո­պել­եան մրցա­նա­կա­գիր ` էն­րի­քօ Ֆեր­մին (Enrico Fermi 1901-1954), որ հիւ­լէ­ա­կան ռում­բին ստեղ­ծող­նե­րէն մէ­կը եղած է, ամա­րնա­յին գի­շեր մը զմայ­լե­լով եր­կին­քի եւ աստ­ղե­րու գե­ղեց­կու­թեամբ ըսած է. “Ու դեռ մար­դին կան որոնք չեն հա­ւա­տար Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւն“, կար­ծէք այս խօս­քե­րով ան շա­րու­նա­կած է Սաղ­մո­սին խօս­քե­րը.Եր­կինք Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մէ“, Սղ.19.1:

Ասոնց դի­մաց կան գիտ­նա­կան­ներ որոնք չեն ըն­դու­նած Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւնը, որոնց մէջ է ներ­կա­յիս ապ­րող ամե­նէն յայտ­նի տի­ե­զե­րա­գէտ անգլ­ի­ա­ցի` Սթի­վըն Հա­ո­քին­կը (Stephen Hawking), որ անց­եալ տա­րի տե­սու­թիւն մը հա­նեց, ըստ որուն տի­ե­զեր­քը առանց Աս­տու­ծոյ կրնար ստեղծ­ուիլ եւ գո­յա­տե­ւել:

Այս ցոյց կու տայ, որ. “Գի­տու­թիւնը կը մեր­ժէ զԱստ­ուած“ կար­ծի­քը սխալ է, որով­հե­տեւ գիտ­նա­կան­նե­րը իրենք հա­մա­կար­ծիք չեն այս հար­ցին շուրջ: Անոնց մէջ կան անաստ­ուած­եան­ներ ինչ­պէս Հա­ո­քին­կը, կան անդ­րան­ցա­կան Աստ­ուա­ծը ըն­դու­նող­ներ` ինչ­պէս Այնշ­թայ­նը եւ վեր­ջա­պէս կան հա­ւա­տաց­եալ­ներ` ինչ­պէս դեռ ապ­րող յայտ­նի ամե­րի­կա­ցի գիտ­նա­կան Ֆրան­սիս Քո­լին­սը (Francis Collins) եւ  Նիւ­թը­նը: Իսկ ինչ կա­րե­լի է ըսել այն իրո­ղու­թեան մա­սին, որ այ­սօր գի­տու­թեան կող­մէն ըն­դուն­ուած եւ տի­ե­զեր­քին սկիզ­բը բա­ցատ­րող Մեծ Պայ­թում` Big Bang-ի տե­սու­թեան հիմ­նա­դի­րը ու­րիշ մէ­կը չէ եթէ ոչ ազ­գու­թեամբ պել­ճի­գա­ցի եւ կա­թո­ղի­կէ ճեզ­ուիտ վար­դա­պետ Հայր Ճորճ Լը­մէթ­րը` Georges Lemaitre (1894-1966): Այն­պէս որ ճիշդ է երբ կ՛ըսեն, թէ քիչ գի­տու­թիւնը մար­դուն կը հե­ռաց­նէ Աս­տուծ­մէն, իսկ շա­տը կը մօ­տի­կաց­նէ: Այդ­պէս ալ եղած է կար­ծէք, երբ տաս­նը­ին­նե­րորդ դա­րուն գի­տա­կան արագ բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն ժա­մա­նակ թուա­ցած է, որ գի­տու­թիւնը կ՛աշ­խա­տի Աս­տու­ծոյ դէմ, բայց երբ գի­տու­թիւնը աւե­լի յա­ռա­ջա­ցած է, վե­րա­դարձ մը եղած է դէ­պի Աստ­ուած: Ի մի­ջի այ­լոց` մա­նա­ւանդ մեր Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թեան աւագ եւ մի­ջին սե­րուն­դը դաստ­ի­ա­րակ­ուած է տաս­նը­ին­նե­րորդ դա­րի ազ­դե­ցու­թեամբ, այս­տե­ղէն կու գայ այդ շրջա­նի մեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ տի­րա­պե­տող սխալ կար­ծի­քը, որ հա­ւատքն ու գի­տու­թիւնը իրար չեն կրնար հան­դի­պիլ:

Գա­լով ար­ուես­տին, հոն շատ աւե­լի յստակ է Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան հետ կա­պուող հար­ցե­րը: Այս­պէս. գրե­թէ բո­լոր մեծ եր­գա­հան­նե­րը Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան գի­տակ­ցու­թիւնը ու­նե­ցած են, չնա­յած այն բա­նին որ ոչ բո­լո­րը կրօ­նա­կան եղած են: Պա­խը, Մո­ցար­տը, Հայ­տը­նը, Հէն­տը­լը, Պրամ­սը, Պրուք­նէ­րը, Մա­լէ­րը բո­լորն ալ հա­ւա­տա­ցած են Աս­տու­ծոյ: Հե­տաքրք­րա­կան է Պէթ­հո­վէ­նի պա­րա­գան, որ չնա­յած այն բա­նին որ հա­կակ­րած է եկե­ղեց­ւոյ եւ դժուար է անոր ուղ­ղա­փառ քրիս­տոն­եայ նկա­տել, իրեն յա­տուկ անձ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն մը ու­նե­ցած է Աս­տու­ծոյ հետ: Ան շատ խօս­քեր ու­նի Աս­տու­ծոյ մա­սին. “Երաժշ­տու­թիւնը Աս­տու­ծոյ լե­զուն է“, “Ըն­կեր­ներ չու­նիմ: Պէտք է առան­ձին ապ­րիմ, բայց լաւ գի­տեմ որ Աստ­ուած ու­րիշ­նե­րէն շատ աւե­լի ին­ծի մօտ է իմ ար­ուես­տին ընդ­մէ­ջէն: Այս պատ­ճա­րով պատ­րաստ եմ առանց տա­տա­նե­լու Անոր հետ քայ­լե­լու“:

Անց­նե­լով քսան­նե­րորդ դա­րուն, մեր Խա­չա­տուր­եա­նը չնա­յած խորհր­դա­յին պայ­ման­նե­րուն, հա­ւատք ու­նե­ցած է: Կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մա­նա­ւանդ, յա­ճախ այ­ցե­լած է Էջմ­ի­ա­ծին եւ Ամե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սին: Եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նը կը պատ­մէ, թէ օր մը ան հար­ցու­ցած է մեծ եր­գա­հա­նին, թէ ար­դե­՞օք կը հա­ւա­տայ Քրիս­տո­սին: Խա­չա­տուր­եան բան մը չէ պա­տաս­խա­նած, պար­զա­պէս նայած է պա­տու­հա­նէն դուրս եւ խա­չակն­քած է…

Անց­եալ­նե­րը երբ կը զրու­ցէի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սի մը հետ, որ անաստ­ուած­եան մըն է, ըսաւ թէ` Աստ­ուած իրեն ար­ժա­նի չէ ըրած հո­գե­ւոր փոր­ձա­ռու­թիւն մը ու­նե­նա­լու: Հե­տաքրք­րա­կան է , որ ար­ժա­նի բա­ռը գոր­ծա­ծե­լով ան բնազ­դօ­րէն կ՛ըն­դու­նի որ հա­ւատքն ու հո­գե­ւո­րը իր­մէ բարձր երե­ւոյթ­ներ են, որոնց դեռ չէ հա­սած: Այս խօս­քը նաեւ մե­զի Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան գի­տակց­ման հետ կապ­ուած ամե­նէն կա­րե­ւոր հար­ցին կը տա­նի. հա­ւատ­քի մէջ հիմ­նա­կան է անձ­նա­կան կեն­դա­նի փոր­ձա­ռու­թիւնը: Կը յի­շեմ ու­րիշ խօ­սակ­ցու­թիւն մը, որ ու­նե­ցած եմ Ռուս­իոյ մէջ նախ­կին ռոք երաժշ­տու­թեան մո­լե­ռանդ սի­րո­ղի մը հետ, որ ետ­քը սկսած է դա­սա­կան երաժշ­տու­թիւնը լսել ու գնա­հա­տել: Այս մար­դը ըն­դու­նած է թէ չէր կրնար պատ­կե­րաց­նել թէ ինչ­քա՜ն մեծ էր տար­բե­րու­թիւնը եր­կու տե­սա­կի այս ար­ուեստ­նե­րուն  ըն­ձե­ռած  գե­ղա­գի­տա­կան ճա­շակ­ման ու ըն­կալ­ման մի­ջեւ, մին­չեւ որ առի­թը ու­նե­ցած էր օր մը զգա­լու դա­սա­կան երաժշ­տու­թեան ար­ժէ­քը: Նոյնն է պա­րա­գան հա­ւատ­քին. մէյ մը որ մար­դը հո­գե­ւոր կեան­քին “հա­մը“ առ­նէ, մէյ մը որ ար­ժա­նի ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւնը ապ­րե­լու, այն ատեն է միայն որ կրնայ զայն գնա­հա­տել, այն ատեն է որ այ­լեւս այդ շնորհ­քէն չու­զեր հե­ռա­նալ, նման Պետ­րոս Առաք­եա­լին, որ երբ ներ­կայ եղաւ երկ­նա­յին իրա­կա­նու­թեան Քրիս­տո­սի Այ­լա­կեր­պու­թեան ժա­մա­նակ, չու­զեց այդ երա­նու­թե­նէն այ­լեւս հե­ռա­նալ եւ առա­ջար­կեց Քրիս­տո­սին.Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ՛ըլ­լայ որ հոս մնանք“, Մատթ. 17.4:

Անձ­նա­պէս ին­ծի հա­մար, բա­ցի հո­գե­ւոր կեն­դա­նի փոր­ձա­ռու­թե­նէն որ բա­ռե­րով կա­րե­լի չէ բա­ցատ­րել, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին նկա­տած եմ երե­ւոյթ մը որ կապ ու­նի բա­ցի հո­գե­ւո­րա­կան ըլ­լա­լէս նաեւ երա­ժիշտ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քիս հետ, երե­ւոյթ մը որ յա­ւել­եալ պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած է որ­պէս­զի հաս­տատ­ուիմ հա­ւատ­քի մէջ եւ որուն կը կար­ծեմ դժուար է առար­կել:

Ապ­րե­լով Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէջ տե­սած եմ, որ հա­զա­րա­ւոր ար­ուես­տի գոր­ծեր կան նուիր­ուած Լե­նի­նին. կտաւ­ներ, ար­ձան­ներ,  քան­դակ­ներ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ար­ձակ գոր­ծեր, եր­գեր, երաժշ­տա­կան մեծ ծա­ւա­լի գոր­ծեր (հա­ման­ուագ­ներ, օրա­թոր­ի­ա­ներ), շար­ժան­կար­ներ…եւ այլն: Ամէն ար­ուես­տա­գէտ պար­տա­ւոր էր գո՛նէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը նուի­րել Լե­նի­նին: Ան­գամ Յով­հան­նէս Շի­րա­զին նման­նե­րը իրենց երի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ  նուի­րած են Լե­նի­նին: Եւ այս հա­զա­րա­ւոր գոր­ծե­րուն մէջ բա­ցար­ձա­կօ­րէն ոչ մէկ գլուխգոր­ծոց: Նոյ­նիսկ երբ հան­ճա­րեղ ար­ուես­տա­գէտ­ներ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ գրած են Լե­նի­նի մա­սին, ատոնք հե­ռու եղած են գլուխ-գոր­ծոց­ներ ըլ­լա­լէ: Այս­պէս. Շոս­թա­քո­վի­չը` հա­ման­ուա­գի վեր­ջին հան­ճա­րեղ հսկան, որուն շա­տե­րը ար­դա­րացի­օ­րէն քսա­նե­րորդ դա­րու Պէթ­հո­վէն կը կո­չեն, հա­ման­ուագ մը ու­նի թիւով տաս­նը­երկ­րորդ, որուն նիւ­թը 1917-ի հա­մայ­նա­վար յե­ղա­փո­խու­թիւնն է ու նուիր­ուած է Լե­նի­նին: Ըլ­լա­լով հան­ճա­րեղ ար­ուես­րա­գէ­տի մը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, այս հա­ման­ուա­գը ու­նի որոշ լաւ մա­սեր եւ ատեն-ատեն այ­սօր ալ կը կա­տար­ուի. բայց ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն առած այս գոր­ծը իր ար­ժէ­քով շատ հե­ռու է Շոս­թա­քո­վի­չի յայտ­նի միւս գլուխ-գոր­ծոց­նե­րէն:

Ասոր դի­մաց անընդ­հատ ճա­շա­կած եմ հո­գե­ւոր ար­ուես­տը իր ան­հա­մար գլուխ-գոր­ծոց­նե­րով եւ նուա­ճում­նե­րով, որուն նիւ­թը ինչ­պէս հասկ­նա­լի է Աստ­ուածն է եւ հո­գե­ւոր կեան­քի միւս երես­նե­րը եւ չկայ մէ­կը որ կրնայ կաս­կա­ծի տակ առ­նել այդ ար­ուես­տին ար­ժէ­քը: Անաստ­ուած­եան­ներ ան­գամ կը տար­ուին այդ ար­ուես­տով:

Հա­մե­մա­տե­լով այս եր­կու երե­ւոյթ­նե­րը միշտ ինքս ինձ հար­ցու­ցած եմ, թէ ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ որ ֆի­զի­քա­պէս ու նիւ­թա­կա­նօ­րէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած Լե­նի­նին առն­չուող ո՛չ մէկ ար­ուես­տի գլուխ-գոր­ծոց կա­րե­լի եղած է ստեղ­ծել, իսկ անե­րե­ւոյթ ու ան­շօ­շա­փե­լի Աս­տու­ծոյ մա­սին այդ­քա՜ն շատ թիւով գլուխ-գոր­ծոց­ներ գո­յու­թիւն ու­նին: Ո՞ւր կը տա­նի մե­զի տրա­մա­բա­նու­թիւնը այս երե­ւոյ­թին մա­սին մտա­ծե­լու ժա­մա­նակ: Եթէ հո­գե­ւոր ար­ուես­տին աղ­բիւ­րը` Աստ­ուած գո­յու­թիւն չու­նե­նար, կա­րե­լի՞ էր այդ ար­ուես­տը: Ոչն­չու­թե­նէն, կամ միայն երե­ւա­կա­յու­թե­նէն, եւ կամ ինք­նա­խա­բէ­ու­թե­նէն, կա­րե­լի՞ էր որ ծնունդ առ­նէ­ին Նա­րե­կը եւ Մի­քե­լան­ճե­լօն,  կամ Պա­խը եւ մեր հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թիւնը: Ար­ուես­տի յա­ջող գոր­ծի մը առա­ջին պայ­մա­նը իրաւ ու ճիշդ նիւ­թի մը գո­յու­թիւնն է: Եթէ այդ նիւ­թը չկայ, յա­ջող` առա­ւել եւս հան­ճա­րեղ գործ ան­կա­րե­լի է ստեղ­ծել: Այս մէ­կը ար­ուես­տի առա­ջին ու հիմ­նա­կան օրի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Ար­ուես­տի ամե­նէն մեծ թշնա­մին սուտն ու կեղ­ծիքն է, ահա այս պատ­ճա­ռով է որ Լե­նի­նին նուիր­ուած մէկ հատ գլուխ-գոր­ծոց չկայ, իսկ ան­հա­մար են հո­գե­ւոր ար­ուես­տի գլուխգոր­ծոց­նե­րը, որով­հե­տեւ  ատոնց ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը` Աստ­ուա­ծը եւ հո­գե­ւոր աշ­խար­հը իրաւ են եւ ճշմա­րիտ: Այս պատ­ճա­ռով, եթէ մար­դիկ կ՛ըն­դու­նին հո­գե­ւոր ար­ուես­տին ար­ժէ­քը, պէտք է ըն­դու­նին նաեւ այդ ար­ուես­տին աղ­բիւր հան­դի­սա­ցող Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւնը: Այ­լա­պէս` տրա­մա­բա­նա­կան կա­պը կը կտրուի:

Ահա անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան վկա­յու­թիւն մը, որ շատ աւե­լի զօ­րա­ւոր ազ­դակ է ճշմար­տու­թեան հաս­նե­լու հա­մար, քան գրուած գրքերն ու տե­սու­թիւն­նե­րը, հան­գա­մանք մը որ յու­սամ ու­րիշ­նե­րուն ալ կրնայ օգ­նել կեան­քի ամե­նա­մեծ ճշմա­րտու­թիւնը յայտ­նա­բե­րե­լու եւ ըն­դու­նե­լու, որ արա­րիչ, կա­տար­եալ իմաս­տուն ու բա­րի Աստ­ուածն է:­

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles