ԱՒԻԿ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆԻ “ՅՈՅՍ ԵՒ ԼՈՅՍ“Ի ԳԻՆԵՁՕՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 55 Second

Շա­բաթ, Հոկ­տեմ­բեր 8, 2011-ին, Ար­լինկ­թը­նի (Մա­սա­չու­սէց) Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նաս­տեղծ Աւիկ Տէ­յիր­մէնճ­եա­նի Յոյս եւ Լոյս գոր­ծին գի­նե­ձօնը, ներ­կա­յու­թեամբ աւե­լի քան 150 գրա­կա­նա­սէր եւ մշա­կու­թա­սէր  հա­յոր­դի­նե­րու: Այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կերպ­ուած էր Պոս­թը­նի Հայ­կա­կան Ան­կախ Ձայ­նաս­փիւ­ռի կող­մէ:  Բա­ցու­մը կա­տա­րեց, ձայ­նաս­փիւ­ռի ատե­նա­պետ Կար­պիս Զէր­տէլ­եան, որ բեմ հրա­ւի­րեց օր­ուան հան­դի­սա­վար Ռու­բէն Սու­րէն­եա­նը: Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով լե­ցուն, այս ձեռ­նար­կին բա­նա­խօսն էր Թա­թուլ Սո­նենց-Փա­փազ­եա­նը, որ նա­եւ թարգ­մա­նած էր Աւի­կի գոր­ծե­րը` անգլե­րէ­նի:

Սո­նենց-Փա­փազ­եան յայտ­նեց թէ ըստ ֆրան­սա­ցի գրա­գէտ Վոլ­թէ­րի, ան­կա­րե­լի է քերթ­ուած մը թարգ­մա­նե­լը. նոյն­քան ան­կա­րե­լի` ինչ­պէս երաժշ­տու­թիւ՛ն թարգ­մա­նե­լը…

Ստո­րեւ յա­պա­ւու­մով, Սո­նենց-Փա­փազ­եա­նի խօս­քը:

“Եւ իս­կա­պէս, Աւի­կը անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լը քիչ մը կը նմա­նի Սա­յաթ Նո­վան Պի­թըլ­զի թարգ­մա­նե­լու… յա­ճախ չի ստաց­ւում: Այ­սու­հան­դերձ, բա­նաս­տեղ­ծին մէջ, եղեր է ան հայ, անգլ­ի­ա­ցի թէ պար­սիկ — իս­կա­կա՛ն բա­նաս­տեղ­ծին մէջ — կայ գիծ մը` որ նոյնն է. պահ­ուած գիծ մը, որ կը դրսե­ւոր­ուի երբ դէմ դի­մաց կու գայ մէկ այլ բա­նաս­տեղ­ծի հո­գե­կան խռով­քի ար­դիւնք` քերթ­ուա­ծին հետ… Հո՛ս, ար­դէն մէջ­տեղ կու­ գայ ա՛յն ինչ որ հա­մա­մարդ­կա­յինն է:  Տու­եալ լեզ­ուէ մը, տու­եալ երաժշ­տու­թե­նէ մը ան­դին, մէջ­տեղ կու գայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեա՛ն, քերթ­ուա­ծի, պօ­է՛զ­իա­յի տի­ե­զե­րա­կան ձայ­նը, որ երաժշ­տու­թեան նման ան­թարգ­մա­նե­լի` այ­սու­հան­դերձ գե­րա­զան­ցօ­րէն հասկ­նա­լի է եւ առինք­նող…Ա՛յդ գի­ծի ուղ­ղու­թեամբ է, որ Աւի­կի Յոյս եւ Լոյսը — հա­կա­ռակ Վոլ­թէ­րի կար­ծի­քին — “Gleam of Hope“ի վե­րած­ուե­ցաւ, ոս­տում մը կա­տա­րե­լով Մաշ­տո­ցի Ոս­կեղ­նի­կէն Շէյքս­պի­րի Queen՛s English-ին — յոյ­սով եմ, առա՛նց մեծ կո­րուստ կրե­լու, որով­հե­տեւ, ըստ ամե­րի­կա­ցի մեծ բա­նաս­տեղծ, Րա­պըրթ Ֆրոս­թի՛ ալ կար­ծի­քին` բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը ա՛յն է, ինչ որ կը կորս­ուի թարգ­մա­նու­թեան մէջ… Poetry is what gets lost in translation կ՛ըսէ ան:

Հոս, թե­րեւս տե­ղին է, գէթ նմոյ­շով մը ջա­նալ յայտ­նա­բե­րել այս կար­ծիք­նե­րուն իս­կա­կան տա­րո­ղու­թիւնը թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան փաս­տա­ցի՛ իրա­կա­նու­թե­նէն ներս:  Առ­նենք Աւի­կի Յոյս եւ Լոյս հա­տո­րէն սի­րա­յին քնքոյշ կտոր մը, Այոն, եւ “Gleam of Hope“ հա­տո­րէն` “Yes“ը, եւ ջա­նանք հաս­նիլ տրա­մա­բա­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան մը.

 

      Այո

Ին­չու սի­րե­ցի

          Առանց խոր­հե­լու,

          Կար­ծե­ցի վստահ`

          Իմն ես լի­նե­լու:

          Խոս­տո­վա­նե­ցի

          Ես անեղծ սրտով,

          Սա­կայն վշտաց­րիր

          Ան­փոյթ մեր­ժու­մով:

 

          Յե­տոյ լռե­ցիր,

          Դէմ­քիս նա­յե­ցիր,

          Ան­կեղ­ծու­թեանս

          Դու հա­ւա­տա­ցիր:

          Մեղ­միկ ժպտա­ցիր,

          Շա­ռա­գու­նե­ցիր,

          Ու մի՛այոով

          Կեանքս փո­խե­ցիր

 

Այժմ առ­նենք անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը.

 

“Yes“

 

Why did I love

With such abandon?

I firmly believed you

You were to be mine.

And I did reveal all

That was in my soul,

Yet, you broke my heart

With your dismissal.

 

Then, you were silent,

You looked at my face

And you came to believe

In my simple candor.

And it made you blush

And ending all strife,

With a simple “Yes“

You altered my life

 

Կար­ծեմ, կեան­քը, շատ յա­ճախ կու գայ փաս­տե­լու, թէ նոյն իսկ մե­ծա­տա­ղանդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու — ըլ­լան անոնք գաղղ­ի­ա­ցի թէ ամե­րի­կա­ցի — փի­լի­սո­փա­յա­կան միտ­քե­րը – ինչ­քան ալ իմաս­տուն — չե՛ն կա­րող հա­կա­սել իրա­կա­նու­թեան խօս­քին` որ աւե­լի բարձր կը հնչէ քան որ եւ է տե­սա­բա­նա­կան սահ­մա­նում:

 

Այս, ի՛մ կար­ծի­քով, անհ­րա­ժեշտ նե­րա­ծա­կա­նէն ետք, գանք այս երե­կոյ­եան գի­նե­ձօ­նին իս­կա­կան նիւ­թը հան­դի­սա­ցող, հա­յաս­տան­եան  գե­ղե­ցիկ տպագ­րու­թեամբ նոր լոյս տե­սած քերթ­ուած­նե­րու հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն զոյգ հա­տոր­նե­րուն` Յոյս եւ Լոյս եւ “Gleam of Hope“ եւ անոնց տա­ղան­դա­ւոր հե­ղի­նակ` Աւիկ Տէ­յիր­մէնճ­եա­նին:

 

Առանց տա­տամ­սե­լու, կա­րե­լի է ըսել, թէ Աւի­կի մշա­կած գրա­կա­նու­թիւնը գե­րա­զան­ցօ­րէն ազ­գա­յի՛ն է ու հայ­րե­նա­կան.  Մա՛յր Հայ­րե­նի­քը,  իր հո­ղով, իր ջու­րով, իր լեռ­նե­րով ու դաշ­տե­րով, իր երկ­նա­կա­մա­րով ու մշտա­վառ արե­ւով ներ­կայ է Աւի­կի քերթ­ուած­նե­րուն մէջ: Ներ­կա­յու­թիւն մը, որ ծնունդ կ՛առ­նէ Մա՛յր Հա­րե­նի­քի, հա­րա­զատ Մօ՛ր ար­գան­դէն սնած գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հի մը իրա­կա­նու­թե­նէն:

Այս պա­րա­գա­յին, հարկ է ի մտի ու­նե­նալ այն իրո­ղու­թիւնը` թէ Աւի­կը, ի ծնէ ու նոյ­ն ա­տեն կեան­քի պա­րա­գա­նե­րու բեր­մամբ, իր մէջ կը կրէ Հա­յաս­տանցիի եւ Սփիւռ­քա­հա­յու զոյգ աշ­խար­հայ­եացք­նե­րու զու­գորդ­ուած կշի­ռը, ռիթ­մը որուն վրայ են հիմն­ուած իր քեր­թո­ղու­թեան կա­ռոյ­ցը, չափն ու մե­ղե­դին: Հա­յաս­տա­նը ներ­կայ է անոր գոր­ծե­րուն մէջ թէ՛ որ­պէս ապր­ուած իրա­կա­նու­թիւն եւ թէ՛ որ­պէս այ­րո՛ղ կա­րօտ – ահա՛ բառ մը, որ հասկ­նալի­օ­րէն, իր հա­րա­զա՛տ հո­մա­նի­շը չու­նի օտար լե­զու­նե­րու մէջ…

Առա­ջին ճիչս այս­տեղ է լսուել,

Ճոճքն իմ ման­կա­կան այս­տեղ օրօր­ուել,

Մեր նախն­եաց լե­զուով ու­սում ստա­ցել,

Աւանդ­նե­րով եմ կրթուել, մե­ծա­ցել:

 

Ա՛յս բա­ռե­րով է որ հա­յաս­տա­նա­ծին Աւի­կը կը սկսի ար­տա­յայ­տել բա­ժան­ման իր ցա­ւը` Կա­րօ­տի Եր­կիրը քերթ­ուա­ծին մէջ, ու, որ­պէս օտա­րաբ­նակ` խօ­սե­լով սփիւռ­քա­հա­յու՛ սրտէն, կը վեր­ջաց­նէ հե­տեւ­եալ տո­ղե­րով.-

 

Հի­մա ու­զում եմ մեղ­քերս քա­ւել,

Քո գիր­կը դառ­նալ, քո գրկում ապ­րել,

Աւե­լի լաւ է քեզ հա­մար զոհ­ուեմ,

Քան թէ ամէն օր կա­րօ­տից մեռ­նեմ:

 

 

Աւի­կի նե­րաշ­խար­հին մէջ, մայրն ու հայ­րե­նի­քը հա­ւա­սա­րա­պէս իշ­խող են, ու յա­ճախ նոյ­նա­ցած, ինչ­պէս Հա­յոց լեզ­ուի՛ն մէջ կը նոյ­նա­նան` Մա՛յր Հայ­րե­նիք կո­չու­մով, որ նոյն­պէս, կա­րե­լի՛ չէ բա­ռա­ցի թարգ­մա­նել առանց “Mother Fatherland“ի նման լեզ­ուա­կան ար­տա­ռո­ցու­թիւն մը մէջ­տեղ բե­րե­լու: Ամէն լե­զու ու­նի իր իւ­րա­յա­տուկ մօ­տե­ցու­մը կեան­քի հիմ­նա­կան տու­եալ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու, ըմբռ­նե­լու եւ ար­տա­յայ­տե­լու` որ­պէս տե­սո­ղա­կան ու լսո­ղա­կան ար­ուեստ ու գրա­կա­նու­թիւն, գե­ղագ­րու­թիւն ու քերթ­ուած որ, ինչ­պէս տե­սանք, կա­րե­լի՛ է թարգ­մա­նել հա­րա­զա­տու­թեան որոշ սահ­ման­նե­րու մէջ:

Աւի­կին հա­մար, Հա­յաս­տա­նը Եր­կիր Դրախ­տա­վայրն է — Լոյս եւ Յոյսի բո­վան­դա­կու­թեան առա­ջին մա­սը, իր 79 քերթ­ուած­նե­րով տե­ղադր­ուած է Երկ­նա­յին Դրախտ գլու­խի տակ‘ որ կը սկսի 3 տու­նե­րէ բաղ­կա­ցած հե­տեւ­եալ աշու­ղա­կան հո­գուով գրի առն­ուած բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ.-

 

Իմ Հա­յաս­տան

Դու իմ երգն ես`

Քա­րից պոկ­ուած,

Դու իմ սէրն ես`

Վէր­քից ծնուած

 

Իմ կա­րօտն ես

Յար փայ­փա­յած,

Իմ երազն ես`

Ան­մա­հա­ցած

 

Իմ Հա­յաս­տան,

Իմ քա­րաս­տան,

Իմ յոյս ու լոյս

Յա­ւեր­ժա­կան

 

Եւ ահա՛ մայ­րը, յա­ւերժ նոյ­նա­ցած հայ­րե­նի հո­ղի հետ, կը յայտն­ուի լոյ­սէ դէմ­քով, հե­տեւ­եալ հայ­րե­նա­շունչ – աւե­լի ճիշդ` մայ՛­րե­նա­շունչ – քերթ­ուա­ծին մէջ.-

 

Հո­ղի Սէ­րը

 

Ես իմ ան­յոյս

Մութ օրե­րում,

Երբ թախ­ծել է

Սիրտս կա­րե­վէր,

Միշտ գտել եմ

Լոյ­սի շո­ղեր,

Մա՛յր իմ, անեղծ

Քո սի­րոյ մէջ

 

Սէրն մայ­րա­կան

Անանձ­նա­կան,

Չու­նի սկիզբ,

Չու­նի սահ­ման,

Մե­ծու­թիւն է

Ան­չա­փե­լի,

Սրբու­թիւն է

Ան­մեկ­նե­լի

 

Մօրս սէրն է

Ինձ ներշմ­չել

Մեր մա՛յր հո­ղը

Սի­րել, պաշ­տել

 

 

Մեծ է սի­րոյ բա­ժի­նը Աւի­կի եր­կե­րուն մէջ: Աղ­բիւ­րը իր բո­լոր զե­ղում­նե­րուն. Սէր` մայ­րա­կան սի­րոյ. Սէր` հայ­րե­նի­քի. Սէր` իր բազ­մա­չար­չար` ու մի­ան­գա­մայն ան­պար­տե­լի ազ­գին, որուն մէջ ան կը տես­նէ մարդ արա­րա­ծի աստ­ուա­ծա­տուր յատ­կու­թիւն­նե­րը` եդե­մա­կան օրե­րէն մին­չեւ Մեծ Եղեռն ու Մա­յիս­եան վե­րած­նունդ, մին­չեւ մե­րօր­եայ ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նում` որուն ներշն­չու­մով, հե­տեւ­եա­լը գրի կ՛առ­նէ.-

 

Մեր Եռա­գոյ­նը

Արիւ­նոտ մար­տե­րի

Դաշ­տե­րում ծնուած,

Եր­կար տա­րի­ներ

Գեր­ուած, հա­լած­ուած,

Յաղ­թու­թեան լոյ­սով,

Հրով ճա­ռա­գած`

Հա­յոց դրօշն է

Դարձ­եալ պարզ­ուած:

 

Դու կեան­քի արեւ,

Հա­ւա­տի գա­րուն,

Երեք գոյ­նե­րի

Շքեղ դաշ­նու­թիւն,

Դեռ պի­տի ծփաս

Վեց նա­հանգ­նե­րում

Փող­փո­ղա­ցող յոյս

Դրօշ եռա­գոյն

 

Աւի­կի մէջ, տի­ե­զե­րա­կան այս սի­րոյ կեն­սա­րար լոյ­սը մի­ան­գա­մընդ ­միշտ վտա­րած կը թուի ըլ­լալ ոխի, ող­բի ու ատե­լու­թեան խա­ւա­րը: Հա­տո­րին Քառ­եակ­նե­րու բաժ­նին մէջ, ան հե­տեւ­եալ տո­ղե­րը կ՛ուղ­ղէ ըն­թեր­ցո­ղին.-

 

Ու­րա­խա­ցի՛ր, ու­րա­խաց­րու՛,

Ող­բով ինչ ես փրկե­լու,

Եր­ջան­կա­ցի՛ր, եր­ջան­կաց­րու՛

Նո­րից աշ­խարհ չե՛ս գա­լու:

 

Խոր հա­ւատ­քէ բխող իր լա­ւա­տե­սու­թիւնը, մին­չեւ իսկ ամե­նատ­խուր պա­հե­րու, կը լու­սա­ւո­րէ իր աշ­խար­հը, սի­րո՛յ յա­տուկ ճա­ռա­գայ­թում մըն ալ շնոր­հե­լով իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն.-

 

Այս աշ­խար­հի հեղ­ձուկ մթնում,

Սէ­րը շէն­շող արեւ է:

 

Կ՛ըսէ ան նոյն էջին մէկ այլ քառ­եա­կին մէջ,

 

Ճա­կա­տագ­րի մո­լոր ծո­վում,

Խա­րի՛սխ է ան ու փա­րո՛ս է:

 

Այս­պէս խարսխ­ուած ու սի­րոյ փա­րո­սի հե­ռա­հաս լոյ­սէն առաջ­նորդ­ուած, ան անձ­նա­տուր կ՛ըլ­լայ նա­եւ Եւա­յի կան­չին, եւ Երկ­նա­յին Օրհ­նու­թիւն ան­ուա­նե­լով հե­տեւ­եալ ու­թը տո­ղե­րը.-

 

Ապ­րում եմ քեզ­մով,

Ապ­րում ես ինձ­նով,

Աշ­խարհն է լցւում

Մեր ան­հուն սի­րով:

Օծ­ուած երկ­նա­յին

Օրհ­նու­թեան լոյ­սով,

Ապ­րում ենք միմ­ի­անց

Յոյս երազ­նե­րով

 

Ան կը յանձն­ուի կնո­ջա­կան սի­րոյ քմայ­քոտ ալիք­նե­րուն, ներշն­չու­մով գրուած տո­ղեր նուի­րե­լով բնու­թեան կան­չին ու յա­ճախ ան­մեկ­նե­լի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն: Ու սի­րա­հար սիր­տե­րու ան­ծա­նօթ ջու­րե­րուն վրայ նա­ւար­կող բա­նաս­տեղ­ծը, խօս­քը ուղ­ղե­լով իր սի­րոյ առար­կա­յին, երեք բա­ռե­րով կը սկսի իր աղեր­սը.-

 

Ինձ մի՛ Տան­ջիր, կ՛ը­սէ ան, իչ­պէս իր­մէ առաջ ան­հա­մար տղա­մար­դիք.

 

Բոր­բո­քում ես դու կրակն իմ սրտի

Ան­հո­գու­թեամբ քո սի­րա­խա­ղե­րի

Քո թար­թիչ­նե­րը սրտի թրթռոց,

Քնքոյշ ժպիտդ կրակ է ու բոց:

 

Որ­տեղ որ լի­նեմ դու էլ այն­տեղ ես,

Մերթ ինձ հետ շատ ջերմ, մերթ ան­տար­բեր ես,

Դու գնում ես տուն, անխ­ռով նիր­հում,

Իսկ ես տանչ­ւում, քեզ չեմ հաս­կա­նում:

 

Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու տղա­մար­դոց այս աղեր­սը, թե­րեւս ար­ժէ անգ­լե­րէ­նով ալ ներ­կա­յաց­նել, այս կտո­րին տի­ե­զե­րա­կան բնոյ­թը նկա­տի ու­նե­նա­լով…

 

Do Not Torment Me

You stoke the furnace in my soul

With your careless philandering,

Your eyelashes make my heart stall,

And your smile sears like a sting.

 

I see your sweet face wherever I go,

There you smile at me, here you dont,

Then you go home and go to sleep,

While I seek answers, and weep.

 

Սա­կայն մշտա­վառ, ան­կեղծ սէ­րը եւ հայ քեր­թո­ղի բնա­ծին լա­ւա­տե­սու­թիւնն ու կեան­քի եւ բնու­թեան ըն­ծա­յած գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու հան­դէպ սի­րա­վառ հոգիի մը ան­խառն խան­դա­ղա­տան­քը կը մղեն զայն նո­րա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու` նուիր­ուած իր պաշ­տա­մուն­քի առար­կա­նե­րուն:

Ինչ­պէս հա­ւա­տաց­եա­լը իր աստ­ծու խո­րա­նին` ան կը նուի­րա­բե­րէ քեր­թո­ղի իր սրտա­բուխ խօս­քը իր պաշ­տա­մուն­քի առար­կա­նե­րուն:

Ահա՛ “Յոյս եւ Լոյ­ս“ հա­տո­րի եր­րորդ մաս` Սի­րոյ Շա­ման­դաղէի էջե­րէն կարճ, այ­լեւ զգա­յուն հոգ­ւով գրուած կտոր մը` յա­ւի­տե­նա­կան սի­րոյ մա­սին.-

 

Պաշ­տում եմ քեզ

Յու­շիկ նայ­ուած­քով,

Թա­քուն հայ­եաց­քով

Քաղցր ժպտա­ցիր

Բայց ուր գնա­ցիր:

Սի­րում եմ ես քեզ

Իմ պա­պակ սի­րով,

Այ­րում ես սիրտս

Ան­շէջ կրա­կով

 

Հո­գի ամօ­քող

Համ­բոյ­րի նման,

Զու­լալ կար­կա­չող

Աղ­բիւ­րի նման`

Քեզ պաշ­տե­լու եմ

Յա­ւերժյա­ւիտ­եան

 

Յա­ւեր­ժի ու յա­ւի­տե­նու­թեան թե­ման, մահ­ուան վրայ կեան­քի յաղ­թա­նա­կը աւե­տող, միշտ ներ­կայ է Աւի­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ: Ներ­կայ է առանց երե­ւա­լու, առանց ընդ­մի­ջե­լու երկ­րա­յին կեան­քի ըն­թաց­քը եւ անոր հա­րա­զատ ցո­լա­ցու­մը բա­նաս­տեղ­ծին գոր­ծե­րուն մէջ` անոր հո­գե­ղի­նա­ցած էու­թեամբ: Հա­տո­րին անունն իսկ Յոյս եւ Լոյ­ս ա՛յդ կը փաս­տէ:

Այ­սօր Աւիկ Տէ­յիր­մէնճ­եա­նը ստեղ­ծա­գործ ներ­կա­յու­թիւն մըն է ամե­րի­կա­հայ, ու մաս­նա­ւո­րա­պէս պոս­թը­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս, որ­պէս հայ տա­րա­գիր գրա­կա­նու­թիւնը վառ պա­հող հազ­ուա­գիւտ ան­ձե­րէն մին` որ նոյ­ն ա­տեն գոր­ծուն­եայ կը մնայ ազ­գա­յին կեան­քի այլ մար­զե­րէն ներս:

Իր գրա­կան վաս­տա­կին որակն ու քա­նա­կը այ­սօր ար­ժա­նա­ցած են հայ­րե­նի գրա­կան շրջա­նակ­նե­րու գնա­հա­տան­քին ու մե­ծա­րան­քին: Ներ­կա­յիս, Աւի­կը Պատ­ւոյ Ան­դամ է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան Շի­րա­կի Մար­զա­յին Բա­ժան­մուն­քին` մի­ա­ժա­մա­նակ ստա­նա­լով ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՒՈ­ՐԱ­ԳԻՐ Յոյս եւ Լոյսհա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թեան առի­թով. իր գրա­կան վաս­տա­կին հա­մար ան ար­ժա­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան ՊԱՏ­ՒՈՅ­ԳԻ­Րին, իսկ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը պատ­ուած է զինք ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԿԱ­ԼԱ­ԳԻ­Րով` տրուած իրեն անձ­նա­պէս ու Բոս­տո­նի Հայ­կա­կան Ան­կախ Ռատի­օ­կա­յա­նին` ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐ­ԾԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՆ ԶԱՐ­ԳԱՑ­ՄԱ­ՆԸ, ՍՓԻՒՌ­ՔՈՒՄ ՀԱՅ ԻՆՔ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱՀ­ՊԱՆ­ՄԱՆ ՆՊԱՍ­ՏԵ­ԼՈՒ ԵՒ ԼՐԱԳ­ՐՈՂ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱ­ՄԱ­ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ 5ՐԴ ՀԱ­ՄԱ­ԺՈ­ՂՈ­ՎԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱ­ՄԱՐ:

 

Յոյս եւ Լոյս հա­տո­րի Քառ­եակ­նե­րու բաժ­նին մէջ, Աւիկ կը վեր­ջաց­նէ այս գիր­քի հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թիւնը` հե­տեւ­եալ չորս տո­ղե­րով.-

 

Ես դեռ կի­սատ եր­գեր ու­նեմ,

Չաս­ուած բա­զում խօս­քեր ու­նեմ,

Իմ մօ­տե­ցող աշ­նան մէջ`

Գար­նան երազ­ներ ու­նեմ

 

Սո­նենց-Փա­փազ­եան, իր խօս­քը աւար­տեց յայտ­նե­լով.- Աւիկ ջան, այ­սօր, բո­լորս մեր բա­ժակ­նե­րը կը բարձ­րաց­նենք քո գար­նան երազ­նե­րի իրա­կա­նաց­ման հա­մար: Կե­նա՛ցդ, սի­րե­լի ըն­կեր:

Աւիկ Տէ­յիր­մէնճ­եան, իր կար­գին խօսք առ­նե­լով, նշեց թէ յատ­կա­պէս ներ­կայ օրե­րու դժուար պայ­ման­ներն ու հա­մա­ցան­ցա­յին եւ հա­մա­կարգ­չա­յին քան­դիչ ստեղ­ծա­գոր­ծում­նե­րը, հետզ­հե­տէ կը տկա­րաց­նեն գիրն ու գրա­կա­նու­թիւնը, գրողն ու կար­դա­ցո­ղը: Սա­կայն հա­կա­ռակ, ան յայտ­նեց թէ կա­րե­լի է պայ­քա­րիլ եւ շա­րու­նակ ար­տադ­րել:

Գա­րե­գին Քհնյ. Պե­տուր­եան, իր կար­գին սրտի խօս­քը փո­խան­ցե­լով, շեշ­տեց թէ այ­սօր­ուան ձեռ­նար­կին ներ­կա­նե­րուն թիւը, փաստ մըն է, որ գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ար­ուես­տի հե­տե­ւող­նե­րու թիւը կը մնայ բարձր:

Նշենք թէ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով ելոյթ ու­նե­ցաւ դաշ­նա­կա­հար Լե­ւոն Յով­սէփ­եան եւ երգ­չու­հի Վիք­թոր­իա Աւե­տիս­եան, որոնք հայ­րե­նի գոր­ծեր ներ­կա­յաց­նե­լով, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին: Իսկ օր­ուան աս­մուն­քողն էր Էլի­զա­պէթ Տէր Մես­րոպ­եա­նը:

 

Հան­դի­սա­տես մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles