ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 54 Second

Կի­րա­կի Հոկ­տեմ­բեր 2, 2011-ին, Նիւ Եոր­քի “Սէնթ Ճէյմս“ Կա­թո­ղի­կէ Պատր­ի­ար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի նոր Առաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նի ստանձն­ման արա­րո­ղու­թիւնը:

Նշենք թէ, նա­խա­պէս յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­ուէր թէ նախ­կին Ար­ժա­նա­պա­տիւ Առաջ­նորդ Տ. Ման­ուէլ Պա­թաք­եան, յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի բե­րու­մով, որո­շած էր հե­ռա­նալ իր պաշ­տօ­նէն եւ փո­խա­րէն նոր առաջ­նորդ նշա­նակ­ուած էր, Արհ­ի­ա­պա­տիւ Մի­քա­յէլ Եպս. Մու­րատ­եա­ն:

Զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ժա­մա­նած էին մօտ 200 ան­ձեր, ներ­կայ գտնուե­լու հա­մար սոյն արա­րո­ղու­թեանց:

Պա­տա­րա­գը սկսաւ թա­փօ­րով, որուն կը մաս­նակ­ցէ­ին հին եւ նոր Առաջ­նորդ­նե­րը նա­եւ սոյն արա­րո­ղու­թեանց մաս­նա­ւոր ժա­մա­նած Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի Առաջ­նորդ Արհ­ի­ա­պա­տիւ Ռա­ֆա­յէլ Եպս. Մի­նաս­եան, Լի­բա­նա­նէն Ար­ժա­նա­պա­տիւ Յով­հան­նէս Եպս. Թէյ­րուզ­եան:

Նախ­քան հա­ւա­տամ­քի եր­գե­ցո­ղու­թիւնը, Հայր Ռա­ֆա­յէլ Ան­տոն­եան հրա­ւի­րեց Կա­թո­ղի­կէ տի­ե­զե­րա­կան հայ­րա­պետ Պե­նե­տի­քոս 16-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հայր Ան­ժե­լօ Քան­րի­նօն, որ կար­դայ հայ­րա­պե­տին նա­մա­կը, որուն մէջ ան Արժ. Մի­քա­յէլ Եպս. Մու­րատ­եան կը նշա­նա­կէր Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի առաջ­նորդ:

Կար­դաց­ուե­ցաւ նա­եւ Պոս­թը­նի Կար­տի­նալ Շան Օմալիի շնոր­հա­ւո­րա­գի­րը:

Ապա Տ. Ման­ուէլ Պա­թաք­եան, նոր առաջ­նոր­դին փո­խան­ցեց գա­ւա­զա­նը, որ մեծ ծա­փա­հա­րու­թեամբ դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ ներ­կա­նե­րու կող­մէն:

Սոյն արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Ամենայն Հա­յոց եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ եկե­ղե­ցի­նե­րը: Ներ­կայ էին նա­եւ այլ եկե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Արա­րո­ղու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որուն յա­ջոր­դեց, այս առ­թիւ կազ­մա­կերպ­ուած ընթ­րիք մը:

Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի “Ա. Գա­րօ“ եւ “Դրօ“ կո­մի­տէ­ու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կող­քին, նա­եւ ներ­կայ էր Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրայր Պա­րոն­եան:

Նշենք թէ Արհ­ի­ա­պա­տիւ Մի­քա­յէլ Եպս. Մու­րատ­եան ծնած է Պէյ­րութ` Յու­լիս 5, 1961ին: Ան զա­ւակն է Սար­գիս եւ Թե­րէզ Մու­րատ­եա­նի: Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Զահ­լէի Անա­րատ Յղու­թեան Հայ Քոյ­րե­րու դպրո­ցը: 1973ին աշա­կեր­տած է Զմմա­ռու Պատր­ի­ար­քա­կան Մի­ա­բա­նու­թեան կղե­րա­նո­ցին, հոն ստա­նա­լով միջ­նա­կարգ ու երկ­րոր­դա­կան կրթու­թիւնը: 1981-1986 տա­րի­նե­րուն ու­ղարկ­ուած է Հռոմ` Լե­ւոն­եան Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Հայ Վար­ժա­րան, եւ ստա­ցած է փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ Աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան վկա­յա­կան­նե­րը` յա­ճա­խե­լով Տո­մի­նիկ­եան Հայ­րե­րու “Angelicum“ Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը: 1986-1987ին, Ֆրան­սա­յի Լի­ոն քա­ղա­քի կա­թո­ղի­կէ հիմ­նար­կին  մէջ հե­տե­ւած է երի­տա­սարդ­նե­րու հով­ուա­կա­նի մաս­նա­գի­տա­կան դա­սըն­թացք­նե­րուն:

Ան քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւնը ստա­ցած է Փա­րի­զի մէջ, Հոկ­տեմ­բեր 24, 1987ին, ձե­ռամբ Արհ. Գրի­գոր Եպս. Ղապ­րոյ­եա­նի, որ­պէս ան­դամ Զմմառ­եան Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Մի­ա­բա­նու­թեան:

Հայր Մի­քա­յէլ Մու­րատ­եան ստանձ­նած է զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ, որոնց կար­գին` 1987-1988 Փոխ տե­սուչ Զմմա­ռու ըն­ծա­յա­րա­նին, 1988-1989` Փոխ տե­սուչ Հա­լէ­պի Դպրե­վան­քին, 1989-1990 ժո­ղովր­դա­պետ Դա­մաս­կո­սի Թա­գու­հի Տի­ե­զե­րաց եկե­ղեց­ւոյ, 1991ին Փոխ ժո­ղովր­դա­պետ Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ, Զալ­քա, Լի­բա­նան, 1992-2001 եղած է ժո­ղովր­դա­պետ Հա­յաս­տա­նի Շի­րակ եւ Լո­ռի մար­զե­րու զա­նա­զան գիւ­ղե­րուն մէջ: 1995-2001 թուա­կան­նե­րուն, ան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի եւ գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նի պաշ­տօն ստանձ­նած է  Հա­յաս­տա­նի Քա­րի­թաս Բա­րե­սի­րա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թեան: Հոկ­տեմ­բեր 2000-ին, ան ստա­ցած է պատ­ուա­կալ փրո­ֆե­սո­րի կո­չու­մը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Կրթու­թեան եւ Գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Մ. Նալ­պանտ­եան ան­ուան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն:

Լի­բա­նան վե­րա­դար­ձին, 2001-2004, ան հո­գե­ւոր Հայրն էր Զմմա­ռու ըն­ծա­յա­րա­նին եւ հո­գե­ւոր վա­րիչ պատր­ի­ար­քա­կան թե­մի երի­տա­սար­դաց յանձ­նա­խում­բին: Նոյն տա­րի­նե­րուն եղած է նա­եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Պատր­ի­ա­րա­քա­րա­նի “Աւե­տիք“ պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ:

2005-2007 Գերյ. Մի­քա­յէլ Ծ. Վ. Մու­րատ­եան եղած է Մե­ծա­ւոր Հռո­մի Լե­ւոն­եան քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան վար­ժա­րա­նին, ինչ­պէս նա­եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Պատր­ի­ար­քու­թեան գոր­ծա­կալ` Սուրբ Աթո­ռին մօտ, Վա­տի­կան:

2007ի Սեպ­տեմ­բե­րին Գերյ. Մի­քա­յէլ Մու­րատ­եան ընտր­ուած էր Պատր­ի­ար­քա­կան Փո­խա­նորդ Զմմառ­եան, Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Մի­ա­բա­նու­թեան եւ Մե­ծա­ւոր Զմմա­ռու Մայ­րա­վան­քին, մին­չեւ իր ընտ­րու­թիւնը իբր Առաջ­նորդ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց, Մա­յիս 20, 2011-ին:

 

Թղթա­կից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles