ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ վարժարաններուն օգնութեան, Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակի նշման, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերին եւ Նոյեմբերին, երեք թեմերու միջեւ գործակցութեան սերտացման, մասնաւորաբար կրթական, հրատարակչական եւ ծիսական մարզերէն ներս, թեմերը նոր հոգեւոր հովիւներով օժտելու հրամայականին եւ այլ ծրագիրներու մասին:

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց յիշեալ թեմերուն կողմէ մեր ժողովուրդին հոգեւոր, ընկերային ու կրթական կարիքներուն գծով կատարուած աշխատանքներուն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսին եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովին հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Սուրբ Խաչ աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Յայտնենք, որ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովը այս հանդիպումին նշեց երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով Ամերիկայի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան մասին։ Ան Հայրապետը կը ճանչնայ միջ-եկեղեցական ժողովներէն։ Արքեպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Նորին Սուրբ Օծութիւնը երկար տարիներու փորձառութեամբ հեղինակութիւն դարձած է միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս եւ մեծ յարգանք կը վայելէ բոլորին կողմէ: Արքեպոսկոպոսին խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին յանձնաժողովի համա-ատենապետները եւ աստուածաբանական ճեմարանի տեսուչը:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը, ներկայ ժամանակներուն, լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ եւ բազմաբեւեր էքիւմէնիզմը սկսած է նահանջել ու աստուածաբանական երկխօսութիւնները սկսած են առաւել լայն տեղ գրաւել միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ: Նորին Սրբութիւնը պարզեց այս երեւոյթին դրդապատճառները եւ ապա շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութիւնները նոր օրակարգով ու մօտեցումով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորութեամբ նշենք, որ Սուրբ Խաչ ճեմարանի տեսուչին որոշումով, Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի դառնայ միջ-եկեղեցական դասընթացքի ուղեցոյցներէն մէկը:

Հայրապետին կողքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles