Գլխաւոր

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 70-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, Հոկ­տեմ­բեր 13, 2011-ին, աւարտին հասաւ Հ.Օ.Մ.-ի 70-րդ Համահայկական ժողովը: Հինգ օրերու ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկուեցան Հ.Օ.Մ.-ի հսկայական գործունէութեան վերաբերող բոլոր հարցերը:  Որոշուեցաւ նախահաշիւ եւ կայացան զանազան որոշումներ:

«100 եւ 1 տարի նուիրեալ ծառայութիւն» կարգախօսով կայացած ժողովը, նոր հանգրուան մը կը բանայ աշխարհասփիւռ միութեան միաւորներուն եւ անդամներուն առջեւ, ու նոր մեկնարկներով կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ  յառաջիկայ քառամեակի գործունէութիւնը վարող ու համադրող 11-անդամ Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերուհիներէն.-
Վիքի Մարաշլեան, Ռոզի Պետրոսեան եւ Անի Քեշիշեան (Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.), Գարոլին Շմաւոնեան, Փոլին Կեցոյեան եւ Սոնա Ագէլեան (Արեւելեան Ա.Մ.Ն.), Նայիրի Շահինեան (Գանատա), Ալիս Բեջանեան (Հայաստան), Լիզա Աւագեան (Եւրոպա), Զեփիւռ Ռէյիսեան (Սուրիա), Կրասիէլա Գէորգեան (Հարաւային Ամերիկա):
Փոխ անդամներ ընտրուեցան՝ Նարդուհի Ապրիմեան եւ Անի Աթար (Արեւելեան Ա.Մ.Ն.), Նանիկ Քիւփէլեան եւ Քրիսթին Յովհանեան (Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.), Վարսենիկ Սարգիսեան (Գանատա), Ոսկեհատ Մուրատխանեան (Հայաստան), Աննա Տէր Յակոբեան (Միջին Արեւելք), Լիւսի Շանկայեան (Եւրոպա), Մարալ Թորիկեան (Հարաւային Ամերիկա):

Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 9-ին, Աթէն­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր այս պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը:

Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Առաջ­նորդ Խո­րէն եպս. Տող­րա­մաճ­եան եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ առաջ­նորդ Նշան արք. Քա­րա­քէ­հէյ­եան: Նա­եւ, ներ­կայ էր Յու­նաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Գա­գիկ Ղա­լաչ­եա­նը, Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն, “Հա­յաս­տան“ հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, “Հա­մազ­գա­յին“ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Նա­եւ ներ­կայ էին Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ Մա­կե­դոն­իոյ եւ Թրակ­իոյ Հայ Գթու­թեան Խա­չի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, Հայ Կա­պոյտ Խա­չի տե­ղա­կան վար­չու­թեանց ան­դամ­նե­րը եւ մեծ թիւով հայ­րե­նա­կից­ներ:

Ժո­ղո­վին նա­խոր­դած բաց­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին խօսք առին Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Լի­զա Աւագ­եան, Յու­նաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Գա­գիկ Ղա­լաչ­եան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Վի­քի Մա­րաշլ­եան, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գէ­որգ Գո­լան­եան եւ Յու­նա­հա­յոց թե­մի Առաջ­նորդ Խո­րէն եպս. Տող­րա­մաճ­եան:

Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս եկաւ Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկ. Լի­զա Աւագ­եա­նը, որ նշեց թէ ու­րա­խու­թեան եւ հպար­տու­թեան առիթ է բո­լո­րիս հա­մար Հա­մա­հայ­կա­կան Ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը Յու­նաս­տա­նի մէջ: Ու­րա­խու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն, որով­հե­տեւ մե­զի կը տրուի բա­ցա­ռիկ առի­թը հիւ­րըն­կա­լե­լու եւ մեր շուն­չին տակ զգա­լու հա­յու­թեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի հա­մար տրո­փող այս­քան սրտե­րու մտեր­մու­թիւնն ու ջեր­մու­թիւնը“:
Ըն­կե­րու­հի Լ. Աւագ­եան դի­տել տուաւ, թէ աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րէն հոս հա­ւաք­ուած ենք յա­ռա­ջի­կայ հինգ օրե­րուն ըն­թաց­քին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ քսան­եօթ եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող տասն­եակ մի­ա­ւոր­նե­րուն կող­մէ տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ձեռք բեր­ուած նուա­ճում­նե­րուն, միու­թեան դէմ ցցուող դժուա­րու­թիւն­նե­րուն կամ խո­չըն­դոտ­նե­րուն, մէկ խօս­քով աշ­խար­հա­տա­րած ու լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մը ամ­բող­ջու­թեան:

Ներ­կա­յիս, հա­րիւր տար­ուան փոր­ձա­ռու­թե­նէ, հեւ ի հեւ տար­ուած աշ­խա­տան­քէ ետք, Հ.Օ.Մ.ը ինչ­պէս ամ­բողջ աշ­խար­հը, կ՛անց­նի լուրջ եւ դժուա­րին պայ­ման­նե­րէ: Տնտե­սա­կան տագ­նապ, հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի ամէ­նօր­եայ նո­րու­թիւն­ներ կը մղեն, որ Հ.Օ.Մ.ը եւս իր օրա­կար­գին վրայ բե­րէ եւ ար­դէն բե­րած է ամ­բողջ աշ­խար­հը տագ­նա­պեց­նող հար­ցե­րու հե­տե­ւանք եղող նո­րաս­տեղծ դժուա­րու­թիւն­նե­րը ու անոնց քննար­կու­մը: Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ է, որ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն, մի­աս­նա­բար պի­տի որո­նենք ճամ­բա­նե­րը դուրս գա­լու դժուա­րու­թիւն­նե­րէ, միշտ մեր շուրջ ներգ­րա­ւե­լով եկող սե­րունդ­նե­րը, որ­պէս­զի անոնք եւս բո­լոր­ուին Հ.Օ.Մ.ի նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շուրջ, եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու կող­քին նոր շունչ ու աշ­խա­տե­լա­ձեւ որո­նեն մեր միու­թեան երկ­րորդ հա­րիւ­րամ­եա­կի գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մար ըսաւ ատե­նա­պե­տու­հին եւ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ Հ.Օ.Մ.ի ժո­ղո­վին հա­մար յատ­կա­պէս ժա­մա­նած դի­տորդ-հիւ­րե­րուն:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկ. Վի­քի Մա­րաշլ­եա­նը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նա­խոր­դած եռամ­եա­կին, երբ միու­թիւնը նշեց իր հա­րիւ­րամ­եա­կը բո­լոր քսան­եօթ եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր կան Հ.Օ.Մ.ի մի­ա­ւոր­նե­րը: Այդ ծրա­գի­րը ամ­բող­ջա­ցաւ քա­նի մը օր առաջ, Հա­յաս­տա­նի մէջ կանգ­նեց­ուած խորհր­դան­շա­կան յու­շար­ձա­նով:

Անց­նող եռամ­եա­կը յատ­կանշ­ուե­ցաւ նա­եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ֆի­նան­սա­կան տագ­նա­պով, որ բնա­կա­նա­բար իր ազ­դե­ցու­թիւնն ու հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­ցաւ միու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան վրայ: Սա­կայն այդ տագ­նա­պը միայն պատ­ճառ դար­ձաւ մեր ճի­գե­րը յա­ւել­եալ լա­րե­լու, որով­հե­տեւ կը հասկ­նանք, որ տագ­նա­պա­լի պայ­ման­նե­րու մէջ է, որ մեր կա­րի­քը աւե­լի զգա­լի կը դառ­նայ:

Հա­րիւ­րամ­եա­կը մե­զի հա­մար միայն տօ­նախմ­բու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան առիթ չե­ղաւ այլ մեր ան­ցած ճամ­բան քննա­կան ակ­նո­ցով դի­տե­լու պա­տե­հու­թիւն, քսան­մէ­կե­րորդ դա­րու պայ­ման­նե­րուն ու պա­հանջ­նե­րուն, լոյ­սին տակ մեր աշ­խա­տե­լա­ձե­ւին ու մտա­ծե­լա­կեր­պին մէջ անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը մտցնե­լու, կա­րե­նալ յար­մա­րե­լու հա­մար աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դի եւ ան­կա­խու­թեան քսա­նամ­եա­կը նշող մեր հայ­րե­նի­քի նոր պայ­ման­նե­րուն ու պա­հանջ­նե­րուն“:Ըն­կե­րու­հի ատե­նա­պե­տու­հին նշեց թէ միու­թիւնը ապ­րած է բազ­մա­թիւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգր­ուան­ներ: Հիմ­նադ­րու­թե­նէն միայն հինգ տա­րի ետք, մեր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րե­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը: Մի քա­նի տա­րի յե­տոյ Հ.Օ.Մ.ը դար­ձաւ վտա­րան­դի կազ­մա­կեր­պու­թիւն: Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տը եւ պաղ պա­տե­րազ­մի շրջա­նը մէկ այլ հանգր­ուան դար­ձան, որոնց յա­ջոր­դե­ցին Մի­ջին Արե­ւել­քի վե­րի­վայ­րում­ներն ու սփիւռ­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը: Իսկ Հա­յաս­տա­նը հար­ուա­ծած երկ­րա­շար­ժի ու Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը տար­բեր տե­սա­կի զօ­րա­կո­չի են­թար­կե­ցին Հ.Օ.Մ.ի բո­լոր մի­ա­ւոր­նե­րը:
Այ­սօր նոր պայ­ման­ներ են: Հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման հանգր­ուանն է, ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ նոր մթնո­լորտ ու պայ­ման­ներ են: Նոյ­նը չեն սփիւռ­քա­հայ հա­մայնք­նե­րը, ոչ ալ անոնց կա­րիք­նե­րը: Մեր ժո­ղո­վուր­դը օգ­նու­թեան, կա­րեկ­ցու­թեան կա­րիք չու­նիանց­եա­լի չա­փե­րով ու ձե­ւե­րով, սա­կայն կա­րիք ու­նի հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման ու այդ ճամ­բով սփիւռ­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու ամ­րաց­ման ու ամ­րապնդ­ման շի­նա­րար աշ­խա­տան­քի, հան­րա­յին հայ կեան­քի մէջ հայ կնոջ դե­րի բարձ­րաց­մանՍփիւռ­քի թէ հայ­րե­նի­քի մէջ, մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ կնո­ջա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան խնդիր­նե­րու մէջ գոր­ծօն դե­րի ստանձն­ման, այս հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ, մեր հա­ւա­քա­կան թէ ան­հա­տա­կան փոր­ձա­ռու­թեան վրայ հիմն­ուե­լով երի­տա­սարդ տար­րի մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ներգ­րաւ­ման“:

Ըն­կե­րու­հի ատե­նա­պե­տու­հին մաղ­թեց, որ ժո­ղո­վը կա­ռու­ցո­ղա­կան ոգի­ով կը քննէ բո­լոր հար­ցե­րը եւ բար­ւոք լու­ծում­նե­րու կը յան­գի, ի խնդիր Հ.Օ.Մ.ի կազ­մա­կեր­պու­թեան նոր յա­ռա­ջըն­թա­ցին, նոր հա­րիւ­րամ­եա­կի նո­րա­նոր նուա­ճում­նե­րով թէ՛ Հ.Օ.Մ.ին եւ թէ՛ անոր ճամ­բով հայ կնոջ հա­մար: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չին, որոնք սքան­չե­լի ձե­ւով կազ­մա­կեր­պե­ցին աշ­խա­տանք­նե­րը եւ բա­ցա­ռիկ հիւ­րըն­կա­լու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն եկած ըն­կե­րու­հի­նե­րուն նկատ­մամբ:

Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան պրն. Գա­գիկ Ղա­լաչ­եան ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը, մաղ­թե­լով ար­գա­սա­բեր աշ­խա­տանք, կա­ռու­ցո­ղա­կան քննար­կում­ներ եւ բա­րե­յա­ջող ըն­թացք:

Ձեր հա­ւա­քը տե­ղի է ու­նե­նում մեր ժո­ղովր­դի հա­մար ար­ժա­նա­յի­շա­տակ յո­բել­եա­նի` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան քսա­նամ­եա­կի հան­դի­սանշ­ման տա­րում: Ակն­թար­թի պէս ան­ցած այդ եր­կու տաս­նամ­եա­կը, որ­քան էլ կար­ճա­տեւ, սա­կայն բա­ւա­րար եղաւ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը յա­ջո­ղու­թեամբ ­դի­մագ­րա­ւի իր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած բար­դա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, փայ­լուն յաղ­թա­նակ­ներ տա­նի, ու­նե­նայ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու ձեռք­բե­րում­ներ, կա­յա­նայ որ­պէս ան­կախ ու ինք­նիշ­խան պե­տու­թիւն. վստա­հե­լի, յարգ­ուած ու իրա­ւա­հա­ւա­սար մա­սը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին ամ­բողջ ըն­կե­րակ­ցու­թեան:

Հա­մայն հա­յու­թիւնը այս տա­րի տօ­նեց նա­եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ծննդեան քսա­նե­րորդ տա­րե­դար­ձը` սա­տար կանգ­նե­լով ազա­տագր­ուած Ար­ցա­խին ու նրա հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դին, որ ար­դէն եր­կու տաս­նամ­եակ է, շե­նաց­նում է իր իսկ նախ­նի­նե­րի պա­պե­նա­կան եր­կի­րը` թօ­թափ­ուած օտա­րի լծից եւ թե­լադ­րան­քից:

Այս զոյգ յո­բել­եան­նե­րը, ահա, առիթ են ամէն­քիս հա­մար ամ­փո­փե­լու կա­տար­ուած գոր­ծե­րը, իմաս­տա­ւո­րե­լու եւ վե­րազն­նե­լու ան­ցած գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, եւ ճշդո­րո­շում­ներ անե­լու ապա­գա­յի մեր անե­լիք­նե­րում` դրանց հա­ղոր­դե­լով նոր թափ, նոր շունչ, նոր բո­վան­դա­կու­թիւն: Սա հրա­մա­յա­կան է յա­րա­փո­փոխ ու նոր ժա­մա­նակ­նե­րի, որոնց այ­սօր­ուայ ելե­ւէ­ջ­նե­րում ապ­րում, ստեղ­ծա­գոր­ծում ու մա­քա­ռում են Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցախն ու Սփիւռ­քը` իրենց հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րում ամ­փո­փե­լով հայ ժո­ղովր­դի ան­պար­տե­լիու­թեան եռա­մի­սա­նա­կան խոր­հուր­դը“:

Պրն. դես­պա­նը յի­շա­տա­կեց Նժդե­հի այն խո­րի­մաստ միտ­քը, թէ մայ­րե­րու ափե­րուն մէջ պէտք է փնտռել ազ­գե­րու ճա­կա­տա­գի­րը: Ան լա­ւա­գոյն յար­մար խօս­քը նկա­տեց այդ` Հ.Օ.Մ.ի հա­մար ու միու­թեան աւե­լի քան մէկ դա­րու գոր­ծու­նէ­ու­թեան:

Ամե­նե­ւին էլ պա­տա­հա­կան չէ, որ նոր ժա­մա­նակ­նե­րում Հ.Օ.Մ.ը իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը հայ­րե­նի­քում սկսեց հէնց ար­ցախ­եան գո­յա­մար­տի օրե­րին, երբ հայ կա­նանց, մայ­րե­րի, քոյ­րե­րի կա­րե­կից վե­րա­բեր­մուն­քին ու հո­գա­ծու­թեա­նը կա­րիք ու­նէր վի­րա­ւոր հայ զի­նուո­րը, զոհ­ուած ազա­տա­մար­տի­կի այ­րին, ան­հայր մնա­ցած զա­ւա­կը, ըսաւ Հ.Հ. դես­պա­նը, որ աւել­ցուց, թէ Հ.Օ.Մ.ը այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ իր բա­րե­գոր­ծա­կան եւ այլ ծրագ­րե­րը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր սկզբուն­քին` ծա­ռա­յե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Յու­նա­հա­յոց Առաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը պատ­մա­կան որ­պէս օր բնո­րո­շեց Հ.Օ.Մ.ի հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղո­վի բա­ցու­մը, նկա­տի առ­նե­լով որ 100ամ­եա­կի ոգե­կո­չու­մէն ետք առա­ջին ժո­ղովն է, որ դէ­պի նոր դա­րաշր­ջան պի­տի ուղ­ղէ միու­թիւնը: Քսան­եօթ եր­կիր­նե­րէ, տար­բերտար­բեր շրջան­նե­րէ եկած էք ծրագ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու, առա­ջար­կե­լու: Հի­մա է առի­թը որ­պէս­զի նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց պատ­րաստ­ուիք եւ Հ.Օ.Մ.ի մեր բո­լո­րէն սիր­ուած միու­թեան նոր թեւ ու թռիչք տաք:

Հ.Օ.Մ.ը իւ­րա­յա­տուկ միու­թիւն է, դուք իւ­րա­յա­տուկ էք մեր պատ­մու­թեան մէջ, ոչ միայն որով­հե­տեւ մայ­րեր էք, այլ որով­հե­տեւ դուք միշտ գոր­ծին հա­ւա­տա­ցած էք, եւ ոչ թէ խօս­քին: 70րդ հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղո­վը թող ըլ­լայ այն առի­թը, որ միու­թիւնը դէ­պի 7րդ եր­կինք պի­տի բարձ­րաց­նէըսաւ սրբա­զան հայ­րը:
Ան դրուա­տեց միու­թեան ան­դա­մագր­ուած` նուիր­ուած ծա­ռա­յող­նե­րու բա­նա­կը, որ իրա­կան ջան­քով ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով միշտ զո­հա­բեր­ուած է` ի շահ միու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան:

Անց­նող հա­րիւր տա­րին ինք­նա­բե­րա­բար փոր­ձա­ռու­թեան դա­րաշր­ջան եղած է: Հի­մա պահն է անց­եա­լը տես­նե­լու եւ դէ­պի ապա­գայ ուղղ­ուե­լու, հսկա­յա­ծա­ւալ, ծով կա­րիք­նե­րու հաս­նող ճա­կա­տագ­րա­կան այս պա­հե­րուն““: Նոյն­չափ կա­րե­ւոր են բո­լո­րը, ըսաւ սրբա­զան հայ­րը, Հա­յաս­տան- Ար­ցախ -Ջա­ւախք, նոյն­պէս Սփիւռք` որով­հե­տեւ եթէ Սփիւռ­քը տկա­րա­նայ` Հա­յաս­տա­նը չի զօ­րա­նար, եզ­րա­փա­կեց Սրբա­զան հայ­րը:

Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Գէ­որգ Գո­լան­եան ող­ջոյ­նի իր խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կայ Հ.Օ.Մ.ական­նե­րուն, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով բո­լո­րին թէ Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի, թէ շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու եւ ըն­կեր­նե­րու կող­մէ: Ան հպար­տան­քով նշեց, թէ Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Օ.Մ.ի եր­կու մի­ա­ւոր­ներ կը գոր­ծեն, իրենց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւն­նե­րով եւ հնգա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րով:

Մենք հպարտ ենք, ոչ միայն իբ­րեւ այս գա­ղու­թի ան­դամ­ներ, այլ իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ, ու­նե­նա­լով հա­րիւր­մէկ տա­րե­կան երի­տա­սարդ, աշ­խուժ եւ հո­գա­տար մայր մը` Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը, մեր սի­րե­լի Հ.Օ.Մ.ը:

Հա­զիւ եր­կու շա­բաթ առաջ, տօ­նե­ցինք Հա­յա­տա­նի ան­կա­խու­թեան քսա­նամ­եա­կը հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ: Հ.Օ.Մ.ը իր բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան բազ­մա­զան հայ­րե­նան­ուէր գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ, վառ պա­հեց սե­րունդ­նե­րու մէջ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը եւ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը: Պատ­մու­թիւնը այդ­պէս վի­ճա­կեց, որ Հ.Օ.Մ.ը ներ­կայ ու օգ­տա­կար ըլ­լայ, հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րածն­ման եր­կու ճա­կա­տագ­րա­կան վայրկ­եան­նե­րուն, 1918ի առա­ջին ազատ եւ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան եւ մեր այ­սօր­ուայ 20ամ­եայ ազատ եւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նին:

Այ­սօր աշ­խա­տան­քի լայ­նա­ծա­ւալ դաշտ մը բաց­ուած է ձեր առ­ջեւ: Կա՛յ Հա­յաս­տա­նը, կա՛յ Ար­ցա­խը, կա՛յ Սփիւռ­քը եւ կա՛յ Ջա­ւախ­քը: Ձեր որո­շում­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը պի­տի ընդգր­կեն հայ ժո­ղո­վուր­դի այս բո­լոր թիւե­րը:

Ծա­նօթ է Հ.Օ.Մ.ի հա­րիւ­րամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Հ.Օ.Մ.Ը հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գո­յա­տեւ­ման կա­րե­ւոր ազ­դակ­նե­րէն մէկն է: Այս պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւնը ոչ ոք չի կրնար ու­րա­նալ: Մե­րօր­ուայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը տար­բեր են, բարդ ու բազ­մա­պի­սի հար­ցեր ու կա­րիք­ներ: Բայց եւ այն­պէս նպա­տա­կը յստակ է` հայ­րե­նի­քի վե­րելքն ու բար­գա­ւա­ճու­մը, սփիւռ­քի պահ­պա­նու­մը ու այ­լա­սեր­ման դէմ պայ­քա­րը, Ար­ցա­խի զար­գա­ցու­մը, Ջա­ւախ­քա­հա­յու­թեան աջակ­ցու­թիւնը եզ­րա­փա­կեց ընկ. ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ առի­թը տուաւ ներ­կա­նե­րուն եւ հիւ­րե­րուն` պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ ժո­ղո­վի յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­լու:

Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, մի­ա­ւոր­նե­րու մօտ վաթ­սուն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ հա­րիւր քսա­նի մօտ դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:
Ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Յու­նաս­տա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկ. Լի­զա Աւագ­եան: Ապա բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ երգ­ուե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի քայ­լեր­գը:
Յա­ջոր­դա­բար Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկ. Վի­քի Մա­րաշլ­եան մատ­նան­շեց ար­դիւ­նա­բեր ժո­ղով մը իրա­գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, օգ­տա­կար ու հե­ռա­տես առա­ջարկ­նե­րու կա­տար­մամբ:

Ընտր­ուե­ցաւ առ­ժամ­եայ դիւա­նի կազ­մը, յան­ձինս ատե­նա­պե­տու­հի­ներ Ան­նա Պուլ­կար­եա­նի (հա­յե­րէ­նի) եւ Սիլ­վա Գու­յումճ­եա­նի (անգ­լե­րէ­նի) եւ քար­տու­ղա­րու­հի­ներ` Փե­կի Պա­պօղլ­եա­նի (հա­յե­րէ­նի) եւ Ռի­թա Հինդլ­եա­նի (անգ­լե­րէ­նի):

Յա­ջոր­դա­բար իրա­ւա­սու­թիւն­ներ ճշդող յանձ­նա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նար Սե­դա Մալ­խաս­եա­նէ, Սե­դա Խո­ճայ­եա­նէ եւ Սան­դուխտ Հեր­կէլ­եա­նէ զե­կու­ցեց ժո­ղո­վի օրի­նա­ւո­րու­թեան մա­սին, յայտ­նե­լով թէ ներ­կայ են տաս­ներ­կու շրջան­ներ եւ տաս մե­կու­սի շրջան­ներ, ընդ­հա­նուր թիւով յի­սուն­հինգ ներ­կայ: Կը բա­ցա­կա­յէ­ին Քուէյթ, Մոսկ­ուա, Հայ­ֆա եւ Ճա­ֆա:

Ինչ­պէս յայտ­նի դար­ձաւ քա­ռա­սուն­եօ­թը կա­նո­նա­ւոր քուէ­ներ ներ­կայ էին ժո­ղո­վին եւ վաթ­սու­նու­թը դի­տող­ներ:
Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հե­տեւ­եալ շր­ջան­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ­ին` Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա, Ֆրան­սա, Պուլ­կար­իա, Աւստ­րալ­իա, Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, Լի­բա­նան, Գա­նա­տա, Սուր­իա, Անգլ­իա, Սթոք­հոլմ, Տու­պայ-Շար­ժա, Կիպ­րոս, Քուէյթ, Գեր­ման­իա, Զուի­ցեր­իա, Յոր­դա­նան, Երու­սա­ղէմ, Մոսկ­ուա, Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, Ջա­ւախք եւ Յու­նաս­տա­նէն Աթէնք եւ Թե­սա­ղո­նի­կէ: Անց­նող եռամ­եա­կի ըն­թաց­քին Հ.Օ.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին եկան մի­ա­նա­լու Տու­պայ եւ Վաս­թե­րո­սի (Շուէտ) շրջան­նե­րը: Հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քէ ետք Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը յա­ռա­ջա­ցաւ մե­կու­սի այս եր­կու շրջան­նե­րու հիմ­նադ­րու­թեան, որ ներ­կա­յիս լրիւ կազ­մա­ւո­րու­մի մէջ են եւ հիմ­քե­րը կը դնեն իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան:

Ըն­թերց­ուե­ցաւ նա­եւ Հ.Մ. Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թե­նէն ու­ղարկ­ուած ող­ջոյ­նի նա­մա­կը: Մնա­յուն դիւա­նիհա­մար առա­ջարկ­ուե­ցաւ պա­հել նոյն կազ­մը` ատե­նա­պե­տու­հի­ներ Ան­նա Պուլ­կար­եան (հա­յե­րէ­նի) եւ Սիլ­վա Գու­յումճ­եան (անգ­լե­րէ­նի) եւ քար­տու­ղա­րու­հի­ներ` Փե­կի Պա­պօղլ­եան եւ Սիլ­վա Թիւ­ֆէնքճ­եան (հա­յե­րէ­նի) եւ Ռի­թա Հինդլ­եան եւ Թա­լին Մկրտիչ­եան (անգ­լե­րէ­նի):

Ընտ­րո­ղա­կան յանձ­նա­խում­բի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ճշդուե­ցան ըստ կա­նո­նագ­րի պար­տադ­րած եղա­նա­կին:
Հնգան­դամ ընտ­րո­ղա­կան յանձ­նա­խումբ մը կազմ­ուե­ցաւ, որ կը բաղ­կա­նար Նա­յի­րի Շա­հին­եա­նէ, Սիլ­վա Գաղ­թալ­եա­նէ, Նա­րի­նէ Գալստ­եա­նէ, Սիւ­զան Պար­սում­եա­նէ, Ան­նա Տէր Յա­կոբ­եա­նէ, որ ներ­կա­յա­ցուց հաշ­ուեքն­նիչ եւ բա­նա­ձե­ւե­րու յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րու առա­ջարկ­նե­րը:
Հաշ­ուեքն­նիչ յանձ­նա­խում­բը երեք տար­ուան ըն­թաց­քին քննած եւ հե­տե­ւած է հաշ­ուեկշ­ռի գոր­ծադ­րու­թեան ու իր զե­կու­ցու­մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ժո­ղո­վին: Նա­խա­հաշիւի յանձ­նա­խումբ ընտր­ուե­ցաւ ինչ­պէս եւ բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խումբ:

Ժո­ղո­վը ըն­թա­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Հա­մա­հայ­կա­կան 69րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վէն ընտր­ուած Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եռամ­եայ տե­ղե­կագ­րի ըն­թեր­ցու­մով:

Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կը հա­ւա­տայ, որ այս հանգր­ուա­նին քննար­կում­նե­րը եւ ծրագ­րում­նե­րը պէտք չէ բա­ւա­րար­ուին յա­ռա­ջի­կայ եռամ­եա­կի ան­մի­ջա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով, այլ հիմ­քե­րը դնել Հ.Օ.Մ.ի նոր հա­րիւ­րամ­եա­կի գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ղե­կա­վա­րող մտայ­նու­թեան: Աշ­խար­հա­տա­րած միու­թեան զա­նա­զան մի­ա­ւոր­նե­րը պէտք է ըն­կա­լել որ­պէս մէկ ու մի­ա­կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն. վկայ` Հ.Օ.Մ.ի հե­ռա­ւոր թէ մօ­տիկ անց­եա­լի պատ­մու­թիւնն ու իրա­գոր­ծում­նե­րը, որ երբ հա­ւա­քա­բար դի­մագ­րաւ­ուած են` լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագր­ուած են:

Անց­նող մէկ դա­րուն ըն­թաց­քին միու­թիւնը եղած է աւան­դա­պահ, գործ­նա­պաշտ ու ար­դի, ու անոր շար­քե­րուն մէջ կողք կող­քի գոր­ծած են մեծ մայ­րը, մայրն ու երի­տա­սար­դը. երեք սե­րունդ­ներ հա­ւա­սա­րա­պէս նե­րա­ռած միու­թիւն:
Նոր դա­րաշր­ջա­նին մէջ Հ.Օ.Մ.ը պէտք է շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ աւան­դա­պահ, սա­կայն առանց անց­եա­լի մէջ քա­րա­նա­լու. ըլ­լալ գործ­նա­պաշտ ու ար­դի, քայլ պա­հե­լով հայ­կա­կան եւ հա­մա­մարդ­կա­յին խնդիր­նե­րուն:

Հ.Օ.Մ.ը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ մի­ակն է հայ կի­նը հա­մախմ­բե­լու իր ու­նա­կու­թեամբ ու տա­րո­ղու­թեամբ: Թէ՛ ժա­մա­նա­կի, թէ՛ տա­րա­ծու­թեան իմաս­տով Հ.Օ.Մ.ի ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւնը դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ գտնել հայ­կա­կան այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ: Մ.Ա.­Կ.ի կող­մէ որ­պէս մի­ջազ­գա­յին ոչ կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ճա­նա­չու­մով ան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի իր դի­մաց:
Հ.Օ.Մ.ի կա­ռոյ­ցին հետ կապ­ուած ու­ժի այս աղ­բիւր­նե­րուն վրայ անհ­րա­ժեշտ է աւելց­նել նա­եւ ան­հատ Հ.Օ.Մ.ական­նե­րու աշ­խա­տան­քի, ծա­ռա­յու­թեան եւ զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը որ իւ­րա­յա­տուկ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն կու­տայ միու­թեան:
Հոս պէտք է աւելց­նել նա­եւ այն իրո­ղու­թիւնը, որ Հ.Օ.Մ.ը կա­նանց կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, եւ իր նե­րու­ժի լա­ւա­գոյն ապա­ցոյցն է իր ընդ­հա­նուր ներդ­րու­մը:

1977էն ի վեր Հ.Օ.Մ.ը ան­դամ է Մ.Ա.Կ.ի Ոչ կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու (ՈԿԿ) Հան­րա­յին տե­ղե­կա­տուու­թեանց բաժ­նին (NGO/DPI – Non-Governmental Orga-nizations / Department of Public Information), իսկ 1998էն ի վեր ան­դամ է Տն­տե­սա­կան եւ Ըն­կե­րա­յին Խոր­հուր­դին (ECOSOC – Economic and Social Council): Այս կա­ռոյց­նե­րու ճամ­բով Հ.Օ.Մ.ը իր աշ­խա­տան­քի ծի­րը ընդ­լայ­նած է` մաս­նա­կից դառ­նա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ ըն­կե­րա­յին, բա­րե­սի­րա­կան եւ մարդ­կա­յին իրա­ւանց յար­գու­մի ու պաշտ­պա­նու­թեան բազ­մա­զան աշ­խա­տանք­նե­րու: Այս ծի­րին մէջ Հ.Օ.Մ.ը կ՛ան­դա­մակ­ցի Ո.Կ.Կ. Կնո­ջա­կան Իրա­վի­ճա­կի Յանձ­նա­խում­բին, Խոր­հըր­դա­ժո­ղով­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին, UNICEF-ին, ՈԿ­Կե­րու Մտա­յին Առող­ջու­թեան Յանձ­նա­խում­բին (NGO Committee on Mental Health), HIV/AIDS յա­տուկ յանձ­նա­խում­բին, ինչ­պէս եւ վեր­ջերս ՄԱ­Կէն ներս հաս­տատ­ուած Կնո­ջա­կան բա­ժան­մուն­քի UN women, որու հիմ­նադ­րու­թեան օրէն Հ.Օ.Մ.ը ան­դա­մակ­ցած է անոր:

Հ.Օ.Մ.ը Մ.Ա.Կ.ի ծի­րէն ներս աշ­խա­տանք կը տա­նի իր զոյգ գրա­սեն­եակ­նե­րով.- Պոս­թը­նի գրա­սեն­եա­կէն աշ­խա­տանք կը տար­ուի Մ.Ա.­Կ.ի Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նա­տեղի­ին ուղ­ղու­թեամբ, իսկ Երե­ւա­նի գրա­սեն­եա­կէն` Հ.Օ.Մ.ի զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցա­բար, Հա­յաս­տա­նի մէջ ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման կամ ծրա­գիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն կան խնդիր­ներ, որոնք նիւ­թա­կան մար­զին հետ կապ­ուած են: Այս իմաս­տով, պէտք է ամ­րապն­դել ֆի­նան­սա­կան կռուան­նե­րը, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Հ.Օ.Մ.ի առա­քե­լու­թեան ծա­ռա­յու­թիւնը:

Ան­կէ զատ` աշ­խա­տան­քա­յին պատ­կե­րա­ցում­նե­րը բա­րե­փո­խե­լու կա­րիք կը դի­մագ­րաւ­ուի Հ.Օ.Մ.ի շար­քե­րէն ներս, դուրս գա­լու հա­մար սո­վո­րա­մո­լու­թե­նէ: Կա­րե­ւոր է քսան­մէ­կե­րորդ դա­րուն հա­մընկ­նող մտայ­նու­թեան եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւի զար­գա­ցում: Այս իմաս­տով անհ­րա­ժեշտ է կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­ռոյ­ցի ամ­րապն­դում, հա­մա­հայ­կա­կան տես­լա­կա­նի ամ­բող­ջա­կան ըն­կա­լում, կազ­մա­կերպ­չա­կան ու վար­չա­կան մե­քե­նա­նե­րու եւ գոր­ծե­լա­ո­ճի արդ­ի­ա­կա­նա­ցում, մտա­ւո­րա­կան խո­րունկ քննար­կում­նե­րով յա­ռա­ջի­կայ տաս­նամ­եա­կի նպա­տա­կա­կէ­տե­րու եւ թի­րախ­նե­րու բիւ­րե­ղա­ցում:

Հ.Օ.Մ.ի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ընդ­լայն­ուած ըլ­լա­լով` զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու պե­տա­կան օղակ­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­ներ ընդգր­կեց, ինչ­պէս նա­եւ զա­նա­զան հա­մա­մարդ­կա­յին ծրա­գիր­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: Յա­ջող ու ար­դիւ­նա­ւէտ էին բա­րե­սի­րա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ Հ.Օ.Մ.ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, որոնք անց­նող երեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին առիթ ըն­ծա­յե­ցին աւե­լի քան չորս հա­րիւր հա­զար ամե­րիկ­եան տո­լա­րի ար­ժո­ղու­թեամբ դե­ղօ­րայք հասց­նե­լու Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ:

Նոյն ատեն, այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մի­ա­կող­մա­նի չեն, իսկ Հ.Օ.Մ.ը որ­պէս բա­րե­սի­րա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ կը վերց­նէ որ­պէս մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի լի­ար­ժէք կողմ ու խօ­սա­կից: Այս ծի­րէն ներս տես­նել Հա­յիթիի, Ճա­փո­նի եւ Սո­մալ­իա­յի մէջ բնա­կան աղէտ­նե­րու եւ մարդ­կա­յին տագ­նապ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ կա­տար­ուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, որոնք դրա­կան ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցան: Կրթա­կան մար­զէն ներս շա­րու­նակ­ուե­ցան մնա­յուն ծրա­գիր­նե­րը, որոնք կը նե­րառ­նեն Երեմ­եան կրթա­թո­շա­կը, լա­ւա­գոյն ու­սա­նո­ղի ծրա­գի­րը, “Սօ­սէ“ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, Ջա­ւախ­քի մէջ հա­յոց պատ­մու­թեան եւ շա­րադ­րու­թեան մր­ցոյթ, Պուլ­կար­իոյ ման­կա­պար­տէզ­ներ:

Այս ծի­րէն ներս են նա­եւ պա­տա­նի­նե­րու փո­խա­նակ­ման ծրա­գիր­նե­րը:

Խնա­մա­տա­րա­կան մար­զէն ներս շա­րու­նակ­ուած է որ­բե­րու խնա­մա­կա­լու­թեան ծրա­գի­րը, որ­բե­րու ուս­ման ծրա­գի­րը, ման­կա­տու­նե­րու մի­օր­եայ ճա­շի ծրա­գի­րը, Հ.Օ.Մ.ի Ամա­նոր ծրա­գի­րը:

Ման­րա­մաս­նե­լով այս ծրա­գիր­նե­րը նշենք, որ Հ.Օ.Մ.ի Որ­բախ­նա­մի ծրա­գի­րը, սկսած օրէն մին­չեւ այ­սօր Հ.Օ.Մ.ի հո­վանի­ին տակ բե­րած է շուրջ 7383 երե­խա­ներ: Ծրա­գի­րը սկսած է 1992ին, որ­պէս հե­տե­ւանք Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժին ու Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին: Եր­կու աղէտ­ներ, որոնք պատ­ճառ դար­ձան հա­զա­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րու որ­բաց­ման: Հ.Օ.Մ.ի գրե­թէ բո­լոր շրջան­նե­րը իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րեն այս ծրագ­րի իրա­գործ­ման` հո­վա­նա­ւոր­ներ ապա­հո­վե­լով եւ տա­րե­կան գու­մար­նե­րը հա­ւա­քե­լով ու փո­խան­ցե­լով Կեդր. վար­չու­թեան: Կեդր. վար­չու­թեան Երե­ւա­նի գրա­սեն­եա­կը կը կա­տա­րէ գու­մար­նե­րու բաշ­խու­մը: Բա­ւա­կան մեծ ճիգ ի գործ ադր­ուած է, անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, այս ծրագ­րի դի­մագ­րա­ւած այ­լե­ւայլ դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:

Հաս­տատ­ուած է նա­եւ Որ­բե­րու ուս­ման ծրա­գի­րը, հա­մալ­սա­րան յա­ճա­խող ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար:

Պա­տա­նի­նե­րու փո­խա­նակ­ման ծրա­գի­րը սկսած է 1987ին, առիթ ըն­ծա­յե­լու հա­մար կա­րի­քա­ւոր հայ պա­տա­նի­նե­րու, որ իրենց ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը ան­ցը­նեն հա­յա­հոծ այլ գա­ղու­թի մը պա­տա­նե­կան ճամ­բա­րէն ներս:

Առող­ջա­պա­հա­կան ծրա­գիր­նե­րու ծի­րէն ներս նե­րառն­ուած է Ախուր­եա­նի “Մօր ու Ման­կան“ առող­ջու­թեան կեդ­րո­նի եւ ծննդա­տան մա­տա­կա­րա­րու­մը եւ խնա­մա­տա­րու­թիւնը:

1997ին, Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Հ.Օ.Մ.ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հիմն­ուե­ցաւ Ախուր­եա­նի “Մօր ու Ման­կան“ առող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րո­նը, որուն յան­ձանձ­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը 1998ին փո­խանց­ուե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան: Սկզբնա­կան շրջա­նին Կեդ­րո­նը կը ծա­ռա­յէր շրջա­նի վեց գիւ­ղե­րու 22.000ի հաս­նող բնակ­չու­թեան, որուն 4500ը մէկ տա­րե­կա­նէն հինգ տա­րե­կան երե­խա­ներ էին, իսկ 5000ը` բեր­րի տա­րի­քի կա­նայք: Ներ­կա­յիս այս կեդ­րո­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն կ՛օգտ­ուին աւե­լի լայն շրջա­նա­կի մը մէջ ապ­րող աւե­լի քան 67,000 հո­գի:

Կեդ­րո­նը ու­նի 3 ման­կա­բու­ժա­կան եւ 2 կնո­ջա­կան բուժ­ման բա­ժին­ներ, տար­րա­լու­ծա­րան, ձայ­նազն­նու­թեան (ultrasound) եւ ստին­քազն­նու­մի սար­քա­ւո­րում, ct¬scan, շտապ օգ­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն եւ դե­ղա­տուն: 2005 Ապ­րի­լին բաց­ուած ծննդա­տու­նէն ներս 2006 Յուն­ուա­րէն մին­չեւ 2007 Դեկ­տեմ­բեր լոյս աշ­խարհ եկած են 2019 երե­խա­ներ: Կեդ­րո­նը կը կա­տա­րէ կնո­ջա­կան կարգ մը վի­րա­բու­ժա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, պատ­ուաս­տում, կա­նա­ցի քննու­թիւն­ներ: 2007ի վեր­ջե­րուն կեդ­րո­նէն ներս սկսաւ գոր­ծել նոր դրու­թիւն մը` ըն­տա­նե­կան բժիշ­կի ծա­ռա­յու­թիւնը: Կեդ­րո­նէն ներս հաս­տատ­ուած է նա­եւ ատամ­նա­բու­ժա­կան ծա­ռա­յու­թիւն:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button