Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 5-ին, Ծաղկաձորի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ միութեան 16 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու շուրջ հարիւր պատգամաւորներու:
Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան, Հայաստանի փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Արթուր Պետրոսեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան, սփիւռքի նախարարի ներկայացուցիչ Ա. Անդրէասեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեան, Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, հիւրեր, հրաւիրեալներ եւ Պատգամաւորական ժողովի կազմի անդամներ:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Բագրատ Եսայեան: Ան բարի գալուստ յայտնեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովի աշխատանքներուն: Ան ըսաւ, որ “աւելի քան 70 տարի Սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանք տանելով, Հ.Մ.Ը.Մ. վերադարձաւ Հայաստան եւ իր գործով արժանացաւ բոլորին գնահատանքին, որուն ապացոյցը կու տան այսօր հանդիսութեան ներկայ պետական ներկայացուցիչները: Այսօր Հ.Մ.Ը.Մ. իր արժանի տեղը ունի ոչ միայն սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութիւններուն շարքին“:
Ապա, ողջոյնի խօսք արտասանեց Իրանի Հայ մշակութային “Արարատ“ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Զարիֆեան: Ան ըսաւ, որ միշտ սերտ եղած են գաղափարակից քոյր միութիւններուն` Հ.Մ.Ա.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յարաբերութիւնները ու Հ.Մ.Ա.Կ. վայելած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին ջերմ վերաբերումը: “Նկատի ունենալով աշխարհի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ երիտասարդութեան յառաջընթացը այդ ուղղութեամբ` պէտք է նոր միտքերով աշխատանքներու հորիզոններ բանալ երիտասարդութեան առջեւ եւ օգտուիլ անոնց մտքերէն կազմակերպչական աշխատանքներու մէջ, ու նաեւ ուշադրութիւն դարձնել ժամանակակից հարցերու նկատմամբ“, շեշտեց ան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան անդրադարձաւ հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մերօրեայ դժուարութիւններուն ու տագնապներուն եւ նշեց Հ.Մ.Ը.Մ-ի դերն ու առաքելութիւնը‘ երիտասարդութիւնը առաջնորդելու մարզական եւ սկաուտական նորանոր իրագործումներու, ի խնդիր հայակերտման ու հայապահպանման վեհ նպատակին: “Կատարուելիք աշխատանքները իրենց տարողութեամբ եւ ապագայի հաշուոյն ունենալիք անդրադարձով շատ ծանր բեռ մը կը դնեն Պատգամաւորական 10-րդ ժողովի մասնակիցներուն ուսերուն: Կը հաւատանք, որ մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը, զինուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վսեմ գաղափարախօսութեամբ եւ խորապէս գիտակից իրեն վստահուած առաքելութեան, լաւագոյնս պիտի կատարէ իրմէ պահանջուածն ու ակնկալուածը“, յայտնեց Պողարեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Լեւոն Մկրտչեան: Ան ողջունեց միութեան Պատգամաւորական ժողովին գումարումը Հայաստանի մէջ եւ նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի նախօրեակին տեղի ունեցող այս ժողովը կոչուած է գոհացում տալու մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին եւ մեր երիտասարդութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրներուն: Հ.Մ.Ը.Մ. երիտասարդական մեծ ու աշխուժ միութիւն մըն է, որ ունի փառաւոր անցեալ եւ պայծառ ապագայ` շնորհիւ իր մնայուն կենսունակութեան եւ հայանուէր աշխատանքներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը Ընդհանուր ժողովին ընթերցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան: Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս նկատել կու տար, որ “Հ.Մ.Ը.Մ. դարձաւ հայ ժողովուրդի հարազատ ոգիին, ամուր կամքին ու պայծառ տեսիլքին շօշափելի արտայայտութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան դարձաւ դէպի յաղթանակ ընթացող մեր հաւաքական երթին ջահակիրը: Ան դարձաւ մեր բարոյական, մշակութային ու ազգային բիւրեղ ապրումներուն ու արժէքներուն անլռելի զանգակատունը` իր կեանքին ու ծառայութեան մէջ կեդրոնական ներկայութիւն դարձնելով հայ եկեղեցին, իր հոգեմտաւոր աւանդութիւններով, հայ մշակոյթը` իր հարազատ արժէքներով, Հայաստանը` իր վառ երազներով“: Շարունակելով, Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէր, որ “Հ.Մ.Ը.Մ.-ը երբեք չդաւաճանեց իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու նպատակներուն, հակառակ սփիւռքի դժուար ու տխուր պայմաններուն: Ան գործեց ու ծառայեց ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանին հաւատքով ու տեսիլքով“:
Ժողովին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքերը փոխանցեց Նաթան եպս. Յովհաննիսեան: Ան ըսաւ, որ 70 տարի շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ. արգիլուած էր Հայաստանի մէջ: Ան կը յիշուէր իբրեւ հայ սկաուտներու կազմակերպութիւն եւ կը հակադրուէր պիոներներու շարժումին: Այսօր պիոներները չկան, սակայն կայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, որ 20 տարիէ կը գործէ անկախ հայրենիքի մէջ: 90-ամեայ այս միութիւնը կանգնած է մեծաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ան մեծ դեր ունի հայ ժողովուրդի ճակատագիրի ճշդումին` մեր երիտասարդութեան նկարագիրի կերտումին մէջ, ըսաւ ան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մասիս Պաղտասարեան յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը շատոնց բարձր գնահատած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կատարած աշխատանքը` լայն շարքերով մասնակցելով անոր աշխատանքներուն: “Մեր ժողովուրդը հաւատացած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արժէքներուն, ամէն ձեւով աջակցած ու խրախուսած է զայն` Հ.Մ.Ը.Մ.-ը նկատելով իրը“, ըսաւ ան:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի խօսքը փոխանցեց աշխատակազմի ղեկավարը: Ան փոխանցեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ողջոյնները եւ մաղթանքները` համագործակցելու եւ աջակցելու Հ..Մ.Ը.Մ.-ին:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը կարդաց նախարարի ներկայացուցիչ Ա. Անդրէասեան: Ան ըսաւ, որ “Հ.Մ.Ը.Մ. ստեղծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները համախմբելու համար եւ աւելի քան 9 տասնամեակի ընթացքին հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ ծաւալեց մարզամշակութային բեղուն գործունէութիւն եւ առողջ մարմին կոփելով դաստիարակեց մայր հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրի եւ ժառանգութեան նկատմամբ սիրոյ ու նախանձախնդրութեան զգացում“:
Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց Հայաստանի Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան: Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի անունով ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ “երիտասարդութիւնը այն ուժն է, որ իւրաքանչիւր երկրի եւ հասարակութեան կեանքին մէջ թարմութիւն ու աշխուժութիւն կը բերէ“: Ան նշեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը ստեղծած է երիտասարդական խորհրդարան, որուն կրնան մաս կազմել նաեւ սփիւռքէն երիտասարդներ խորհրդարանի յաջորդ ընտրութիւններուն:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գումարուող այս երրորդ Պատգամաւորական ժողովը կոչուած է քննելու միութեան անցնող չորս տարիներու գործունէութիւնը եւ օրուան մարտահրաւէրներուն համապատասխան ճշդելու հայկական երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութեան յառաջիկայի ծրագիրները: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ “Յառաջ նահատակ“ քայլերգով: Յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որմէ ետք Պատգամաւորական ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն: