Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար` Ահմէտ Տաւութօղլուն, քանի մը օր առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին ամէնայն հպարտութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ յոխորտանքով յայտնեց թէ շարունակելով ներքին գետնի վրայ, իր ղեկավարութեան հանդուրժողական եւ “թափանցիկ“ քաղաքականութիւնը, Անգարա արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս ալ կը շարունակէ “զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ“ քաղաքականութեան որդեգրումը:
Վայրկեան մը մէկդի դնելով, իր յատուկ արտաքին գործերու մէջ մասնագիտացած պաշտօնը, տեղին է հարցը` այսինքն “զերօ խնդիրներ բոլորին հետ“ նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ քննարկել սոյն քաղաքական գործելաձեւն ու մօտեցումը:
Նմանօրինակ “զերօ խնդիրներ“ու քաղաքականութեան լոյսին տակ, տեղին է քանի մը հարցադրումներ կատարել.-
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել փոքրամասնութիւններու հանդէպ ապահովական միջոցառումներու պակասն ու լուսանցքային եւ բազմիցս արհամարհական մօտեցումը:
Ինչո՞ւ հետեւողական ձեւով եւ բռնի ուժով պատմութեան անցեալի մօտիկ էջեր “շոգիացած“ ու աղաւաղուած են, այդ նոյնինքն մարդկային իրաւունքներու համար պայքարած` Թուրքիոյ կողմէ, որ ամիսներ առաջ, քաղաքակրթուած Աշխարհին, տիպար օրինակ դառնալու համար, “Ֆլոթիլա“ մը կազմակերպած էր, օժանդակելու համար Կազայի պաշարուած պաղեստինցիներուն:
Ինչո՞ւ…թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման եւ հատուցման գծով ոչ մէկ լուրջ ու միայն պատեհական եւ ցիր ու ցան աշխատանքներ կը կատարուին, սկսելով քանի մը եկեղեցիներու (սկսելով Վանի Աղթամարի վանքէն մինչեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին) վերանորոգման աշխատանքներէն մինչեւ….դեռ քանի մը օր առաջ առնուած, 1936-էն ի վեր խլուած կալուածներու վերայանձնումը` երկրի փոքրամասնութիւններուն:
Եւ դեռ այս բոլորին լոյսին տակ.- “Զերօ խնդի՞ր թէ հազիւ…զերոյէն սկսած խնդիր“:
Ճարպիկ ու խորամանկ Ահմէտ Տաւութօղլուին եթէ հարցադրուէին վերոյիշեալ կետերը, վստահաբար ան պիտի բաւարարուեր նշելով եւ մատնանշելով իր Արտաքին Գործոց նախարարութեան գործունէութեան դաշտն ու “զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ“ լոզունքը: Սակայն, հարցը ընդհանուրն է, որ կը համապարփակէ ներքինն ու արտաքինը…կամրջելով անցեալն ու ներկան:
Մինչ այդ, նոյնքան զարմանքով, շարունակենք հարցադրել.- “Զերօ խնդի՞ր“:
“Հայրենիք“
Օգոստոս 30, 2011