ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԵՑԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

Ատր­պէյ­ճա­նի “1news.az“ կայ­քէ­ջը` վկա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը, կարճ լու­րով մը փո­խան­ցեց թէ, Հա­յաս­տան-Թուրք­իա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, որոնք պէտք է քննարկ­ուէ­ին Թուրք­իոյ նախ­կին խորհր­դա­րա­նի կող­մէ, իրենց իրա­ւա­կան ու­ժը կորսն­ցու­ցած սեպ­ուած են եւ հե­տե­ւա­բար դուրս բեր­ուած` խորհր­դա­րա­նի օրա­կար­գէն: Այս լրա­տուու­թեան հրա­պա­րա­կու­մէն բա­ւա­կան ետք է որ, միայն, թրքա­կան “Անա­տո­լու“ գոր­ծա­կա­լու­թիւնը, իր կար­գին հաս­տա­տեց լու­րը, աւելց­նե­լով թէ որո­շու­մի նա­խա­գի­ծե­րը կրնան վերս­տին օրա­կար­գի մաս կազ­մել:

Թուրք­իոյ կա­տա­րա­ծը պար­զա­պէս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի սա­ռե­ցումն է, իսկ թէ ին­չո՞ւ ազե­րի լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ աւե­լի շուտ տա­րա­ծե­ցին այս լու­րը…Վստա­հա­բար գո­հու­նա­կու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեան արդիւնք:

Պա­քու լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով որո­շու­մին իւ­րա­յատ­կու­թիւն կ՛ու­զէ տալ` Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը յա­ռաջ քշե­լով: Մինչ այդ Ան­գա­րան ալ վա­ւե­րաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւն չտա­լու եւ Մի­ջին Արեւ­ել­քի տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս իր ներ­կա­յու­թիւնը փաս­տե­լու աշ­խա­տան­քը կը շա­րու­նա­կէ, հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով առաջ­նա­հերթ դեր ստանձ­նե­լով Լիպ­իոյ թէ Սուր­իոյ տագ­նապ­նե­րու առն­չու­թեամբ:

Թուրք­իոյ խորհր­դա­րա­նի նոր կազ­մը, կրնայ վեր­ջին վայրկ­եա­նին, որո­շել վերս­տին օրա­կար­գի վե­րա­ծել սա­ռեց­ուած  Հա­յաս­տան-Թուրք­իա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան քննար­կու­մի են­թար­կել եւ ապա .. վա­ւե­րաց­նել:

Միւս կող­մէ, վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի ղե­կա­վար Կի­րօ Մա­նոյ­եան, անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին` յայտ­նած էր, թէ հայ­կա­կան դիւա­նա­գի­տու­թիւնը ձա­խո­ղած էր, այդ պատ­ճա­ռով որ,  Արեւ­մո­ւտ­քը, ընդ­հան­րա­պէս սկսած էր հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը պայ­մա­նա­ւո­րե­լու Ար­ցախ­եան հար­ցին հետ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles