ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԵՒ …ՄԵՐԺՈՒՄ

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

Մարտ 22-ի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նիս­տին, Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թիւնը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի ընտ­րա­կան օրէնս­գիր­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու նա­խա­գիծ մը: Քա­նի մը օր ետք, այդ մի­եւ­նոյն Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը ըն­դու­նած էր ընտ­րա­կան օրէնսդ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­գի­ծը եւ յա­տուկ քու­է­ար­կու­թեամբ մըն ալ, մեր­ժած, այդ ընտ­րա­կան օրէնսգր­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած օրի­նա­գի­ծը:

Այս­պէս, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը վա­ւե­րաց­նե­լէ ետք թէ պե­տա­կան եւ տե­ղա­կան սրահ­նե­րը անվ­ճար հի­մունք­նե­րով, պէտք է յատ­կաց­նել քա­րոզ­չու­թիւն իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար եւ քա­րո­զար­շա­ւի փու­լին, ար­գի­լե­լով այն բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, որոնց ան­ուա­նու­մը կը յի­շեց­նէ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, մեր­ժեց խորհր­դա­րա­նի հա­րիւր տո­կոս հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով ձե­ւա­ւո­րու­մը, այ­սինքն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թիւնը կա­տա­րել առանձ­նա­բար, հա­րիւր տո­կո­սով հա­մա­մաս­նա­կան հի­մունք­նե­րովկու­սակ­ցու­թեանց ցու­ցակ­նե­րով:

Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին հա­մար նա­եւ անըն­դու­նե­լի էր ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու մէջ իշ­խա­նու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կէս առ կէս (այ­սինքն յի­սուն տոկ­ոս­ով ընդ­դի­մու­թեան եւ յի­սուն տո­կո­սով իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն) կազ­մու­թիւնը:

Դեռ աւե­լին, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը առա­ջար­կած էր հրա­պա­րա­կել քու­է­ա­մատ­եան­նե­րը, նկա­րա­հա­նել քու­է­ար­կու­թեան եւ ձայ­նե­րու հաշ­ուար­կի գոր­ծըն­թաց­նե­րը, սա­կայն հոս ալ ար­դա­րու­թեան.ձայ­նը ‘’բար­բա­ռոյ յա­նա­պա­տի’’ իրա­վի­ճա­կին մէջ գտնուե­ցաւ:

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նա­եւ առա­ջար­կած էր փաս­տա­թուղ­թով գնել ելեկտ­րո­նա­յին քու­է­ա­տու­փեր, որոնք ցոյց պի­տի տան, թէ որ­քան թեր­թիկ (այ­սինքն քուէ) կայ տու­փին մէջ: Այս­պէս պար­զու­մէ­կին, թա­փան­ցիկ կեր­պով կեղ­ծի­քէ եւ զեղ­ծա­րա­րու­թե­նէ հե­ռու, ժա­մա­նա­կա­կից եւ­րո­պա­կան մի­տում­նե­րով եւ մա­կար­դա­կով կրնար պա­տա­հիլ ընտ­րար­շա­ւը, սա­կայն ըստ երե­ւոյ­թին, ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մը կրնայ դուռ բա­նալ լուրջ խախ­տում­նե­րու եւ այս­պէս կրնայ յայտ­նա­բեր­ուիլ ար­դէն իսկ ան­դէ­նա­կան մեկ­նած­նե­րու եր­կար ան­ուա­նա­ցանկ մը:

Վեր­ջա­պէս Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը առա­ջար­կած էր ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րուն մէջ կա­նանց շօ­շա­փե­լի տո­կո­սի մաս­նակ­ցու­թիւն: Նիւթ մը, որուն մա­սին անդ­րա­դառ­նալն ան­գամ դուռ կը բա­նայ լուրջ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու: Արդ­եօք, թօ­թա­փած չե՞նք նա­խա­պա­շար­ման շղթա­ներն ու փա­փուկ սե­ռի հան­դէպ ստո­րա­դա­սու­թեան սին եւ սնո­տին բար­դոյթ­նե­րը:

 ‘’Հայրենիք’’

Մարտ 28, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles