Իսթամպուլ (’’Միլիյէթ ’’, ’’Հիւրիյէթ ’’).- Վերջերս, Պոլսոյ մէջ կայացած ’’Ժամանակակից աշխարհի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը’’ գիտաժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, յայտնած էր թէ Փարիզի մէջ, դիւանագիտական բարձր պաշտօնի մը համար, առաջարկած էր Պոլսահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի անունը:
Այս գծով, Երեւանի մէջ, լոյս տեսնող »Ազգ« օրաթերթը տեղեկացուցած էր թէ, Պոլսահայ տնտեսագէտին առաջարկուած է Ֆրանսայի մօտ, դեսպանի պաշտօնը: Մինչդեռ, թրքական այլ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն թէ Աճեմօղլուին առաջարկուած է Ֆրանսայի մէջ, տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը:
Տարօն Աճեմօղլու, Մասաչուսէցի հանրածանօթ ’’M.I.T. ’’ Համալսարանի տնտեսագիտական բաժնի պատասխանատւ վարիչն է: Բացառիկ կարողութիւններու տէր, ան կը ղեկավարէ մասնագիտական խմբակ մը եւ հետախուզութիւններ կատարելով, երկու անգամ ներկայացած է Նոպէլեան մրցանակի:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու հաստատած է այս տեղեկութիւնը` աւելցնելով թէ Աճեմօղլուի դեսպան նշանակման առնչութեամբ խորհրդակցած է Թուրքիոյ նախագահ Կիւլի եւ վարչապետ Էրտողանի հետ:
‘’Անատոլու’’ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Աճեմօղլու յայտնած է, թէ ‘’իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ ակադեմիկոս այդ առաջարկը ստանալն ու այդ պատուական առաքելութիւնը ստանձնելը պատիւ մըն է իրեն համար: Սակայն ան նշեց, թէ իր ակադեմական աշխատանքներու պատճառով այս առաջարկին դրական գնահատական մը պիտի տայ հետագայ հանգրուանի մը ընթացքին’’:
»Հիւրիյէթ« օրաթերթը ընդգծած է, որ հայազգի տնտեսագէտը այդպիսով չէ ընդունած ամիսներ առաջ իրեն կատարուած առաջարկը եւ եզրակացուցած.-’’Ես իմ ասպարէզիս հետ կապուած ունիմ որոշ ծրագիրներ, որոնց աւարտէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ հետագայ քայլերու մասին մտածել’’:
Նշենք թէ, խմբագրութիւնս փորձեց կապ հաստատել (հեռաձայնով եւ ելեկտռանամակով) Աճեմօղլուի հետ: Մինչեւ, տպարան ուղղարկելը ոչ մէկ պատասխան կարելի էր ստանալ: