Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ… ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

 

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեան

Ոտ­նագն­դա­կի «խենթ»եր, յատ­կա­պէս այս մրցու­մին` Հա­յաս­տանՌու­սաս­տան (0-0), մղոն­ներ ճամ­բոր­դած ու նոյ­նիսկ ովկ­ի­ա­նոս­ներ կտրած էին, ժա­մա­նե­լու հա­մար Երե­ւան: Սա­կայն այդ­չափն ալ բա­ւա­րար ու գո­հա­ցու­ցիչ չէր: Երե­ւա­նի մէջ իսկ, կար այլ աւե­լի դժուար իրա­գոր­ծե­լի պար­տա­կա­նու­թիւն կամ սխրա­գոր­ծու­թիւն մը, այդ ալ տոմս ապա­հո­վել, ներ­կայ ըլ­լա­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի Ազ­գա­յին Խում­բե­րու ախոյ­եա­նու­թեան գծով, վե­րո­յիշ­եալ մրցու­մինվայր` Վազ­գէն Սարգս­եա­նի ան­ուան Հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշտ:

Բնա­կա­նա­բար, այս բո­լոր յոգ­նու­թիւնոդի­սա­կա­նէն դուրս գա­լու հա­մար, բազ­մա­թիւ մար­զա­սէր­նե­րու հա­մար նա­խընտ­րե­լի էր պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն կամ հա­մա­կարգ­չա­յին սար­քա­ւորում­նե­րու մի­ջո­ցաւ հե­տե­ւիլ այս մրցու­մին, որուն տոմ­սե­րը ամիս­ներ առաջ իսկ սպա­ռած էին: Այս­պէս Նիւ Եոր­քէն, Լոս Ան­ճե­լը­սէն, Սիտնի­էն, Պուէ­նոս Այ­րէ­սէն, Փա­րի­զէնեւայլն, սփիւռ­քա­հա­յը հե­տե­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի մրցու­մին:

Պաշ­տօ­նա­կան բա­ցում` ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ապա քայ­լերգ­նե­րու ունկնդ­րու­թիւն եւ ահա­ւա­սիկ սո­վո­րա­կան փրո­թո­քո­լա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րու աւար­տէն ետքքա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն բո­լո­րո­վին հե­ռու, տրուե­ցաւ ազ­դան­շա­նը` այս սպաս­ուած մրցու­մին:

Իւ­րա­յա­տուկ մթնո­լորտ մընկա­տե­լի` նոյ­նիսկ մղոն­ներ հեռ­ուէն դիտ­ուած հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ: Զուռ­նան, տհոլն ու սրին­գը տոհ­միկ մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծած էին եւ բա­ւա­կան մը տաք գլուխ հա­մա­կիր­նե­րով կը փոր­ձէ­ին իրենց պարն ու խան­դա­վա­ռու­թիւնը փո­խադ­րել դաշտ եւ յատ­կա­պէս հայ­րե­նի մար­զիկ­նե­րուն մօտ:

Հա­մա­կիրմար­զիկ, այս իւ­րա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւնը տուաւ իր պտու­ղը, յատ­կա­պէս Բ. կի­սա­խա­ղին, երբ հայ­րե­նի մար­զիկ­նե­րը ոչ թէ սկսան իրենց Ա. կի­սա­խա­ղի թմբի­րէն դուրս գալ, այլ նա­եւ ու­նե­ցան իրենց «փե­րեսթ­րոյ­քան»` վե­րա­կա­ռու­ցու­մը, հետզ­հե­տէ տի­րա­պե­տե­լով դաշ­տին կա­րե­ւո­րա­գոյն դիր­քին` կեդ­րո­նին վրայ եւ ապա կա­տա­րե­լով փո­խա­դարձ արագ գրոհ­ներ, շա­րու­նակ գոր­ծի լծե­լով եւ յոգ­նեց­նե­լով մրցա­կից կազ­մի մար­զիկ­նե­րը, որոնք բնա­կա­նա­բար եւ հար­կադ­րա­բար չկրցան Ա. կի­սա­խա­ղի աւե­լի քան երե­սուն վայրկ­եան­նե­րու իրենց եր­բեմ­նի ազատ ու ան­կախ յար­ձա­կո­ղա­կան­նե­րը կազ­մա­կեր­պել: Բ. կի­սա­խա­ղին սկիզբ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նին կոլ նշա­նա­կե­լու  լա­ւա­գոյն առիթն ըն­ծայ­ուե­ցաւ, սա­կայն  Եու­րա Մով­սիս­եան մրցա­կից կազ­մի բեր­դէն հե­ռու հար­ուա­ծեց գնդա­կը:

Ռու­սաս­տա­նի մար­զի­չը, մրցու­մի աւար­տին դժգոհ ու զայ­րա­ցած էր: Ան այդ­չափ ալ գոհ չէր ար­դիւն­քէն եւ մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, յայտ­նեց թէ իր կազ­մը շատ աւե­լի կո­լի առիթ ստեղ­ծեց, քան Հա­յաս­տան: Մինչ­դեռ հայ­րե­նի մար­զիչ Վար­դան Մի­նաս­եա­նի հա­մար, իր կազ­մը կրցած էր ոս­կի կէտ մը խլել, հա­կա­ռակ Երե­ւա­նի մէջ մրցե­լուն:

Վե­րա­դառ­նանք Ա. կի­սա­խաղ, ուր ի բա­ցառ­եալ առա­ջին 15 վայրկ­եան­նե­րուն հայ­րե­նի կազ­մին ստեղ­ծած քա­նի մը առիթ­նե­րուն, ռու­սա­կան գրոհ­ներն էին տի­րա­պե­տո­ղը: Դան­դաղ մրցում մը սկսե­լէ ետք Ռուս­իա ղե­կը սկսաւ իր ձեռ­քին մէջ առ­նել, սա­կայն կոլ նշա­նա­կե­լու անոր առիթ­նե­րը ար­դիւնք չտուին:

Հայ­րե­նի կազ­մին փոր­ձա­ռու բեր­դա­պահ Պե­րե­զովս­քի (վերը ձա­խին) իր դէմ ու­նե­ցաւ Այ­վա­զովսքիի գե­ղան­կա­րած վիթ­խա­րի ալիք­նե­րու նման հար­ուած­նե­րու շարք մը, սա­կայն ան չընկղ­մե­ցաւ եւ շա­րու­նակ ճշգրիտ ու տե­ղին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով կրցաւ դի­մադ­րել եւ նոյ­նիսկ յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նել մրցա­կից կազ­մի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րը:

Հոս, տե­ղին է մնալ դաշտ, սա­կայն խո­շո­ռա­ցոյ­ցի տակ առ­նե­լով անոր ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տը: Զար­մա­նալի­օ­րէն հեռ­ուէն դի­տո­ղին հա­մար այդ տոհ­միկ երաժշ­տու­թեան կշռոյթն ու երանգ­նե­րը լսա­տե­սո­ղա­կան յա­ւել­եալ հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ­ին հայ հան­դի­սա­տե­սին մօտ, որ լսա­կա­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար, տե­սո­ղա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ալ փնտռտու­քի մէջ էր ու կը փոր­ձէր  հա­յե­րէ­նով գրու­թիւն­ներ փնտռել: Ար­դէն իսկ, վե­րո­յիշ­եալ նա­խա­դա­սու­թեան ոճը կը գու­ժէր թէ` երբ կը փնտռուի, ու­րեմն գո­յու­թիւն չու­նէր կամ սա­կա­ւա­թիւ էր 

Դաշ­տին ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տը զե­տեղ­ուած, հսկայ եւ ար­դի օտա­րա­լե­զու (անգ­լե­րէն եւ ռու­սե­րէն) ծա­նու­ցում­նե­րուն քով, հայ հե­ռա­ւոր հան­դի­սա­տե­սը, քա­ջա­տեղ­եակ ըլ­լա­լով իր հա­յե­րէ­նի ու հա­յու­թեան փնտռտու­քի այդ «հայ­տար»ու­թեան (Վա­հէ Պէր­պէր­եան իր մե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը նկա­րագ­րէ այս իւ­րա­յա­տուկ հայ­կա­կան ռա­տա­րը) մար­մա­ջէն, ի վեր­ջոյ նկա­տեց քա­նի մը պարզ­ուած եռա­գոյն դրօշ­նե­րէն մէ­կուն վրայ հա­յե­րէն տա­ռեր: Դժբախ­տա­բար հսկայ օտա­րա­լե­զու այլ ծա­նու­ցում մը ծած­կած էր այս գրու­թիւնը, այն­քան մը որ միայն տո­ղե­րուն քա­նի մը տա­ռե­րը կա­րե­լի էր կար­դալ եւ այդ ալ.- «ՀԱՅՊԱՏ»: Կար­դա­ցո­ղին կը մնար կռա­հել կամ գիտ­նալ, թէ այդ բա­ռե­րուն ետին ի՞նչ տա­ռեր պահ­ուը­տած էին, եւ կամ  ի՞նչ նա­խա­դա­սու­թիւն կը կազ­մէ­ին.- «Հայ­րե­նի կազ­մը պա­տիւն է մեր», «Հայ­կա­կա­նը պատ­ուա­կան է», «Հայ­րե­նի կազ­մին պատ­նէ­շը»: Ոչ մէկ շար­ժում, ոչ մէկ սաս­տիկ փո­թո­րիկ նոյ­նիսկ Ռու­սա­կան կազ­մի եր­բեմ­նի սա­ստիկ յար­ձա­կում­նե­րը շար­ժած էին հա­յե­րէ­նը ծած­կող այդ օտա­րա­լե­զու ծա­նու­ցու­մը:

Այս­պէս Հա­յաս­տան ին­նի­սուն վայրկ­եան շա­րու­նակ պայ­քար մղե­լէ ու ճա­կա­տե­լէ ետք, նա­եւ մրցա­կից կազ­մին կող­մէ, բազ­միցս ստոյգ յար­ձա­կում­ներ զսպե­լէ ետք կրցաւ սպի­տակ հա­ւա­սա­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րել: Մէ­կու­կէս ժամ տե­ւող այս ճա­կա­տու­մին եւ ճակ­տի քրտին­քով, ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­Նի հա­ւա­քա­կա­նին խլած այս կէ­տին դի­մաց, քա­նի մը վայրկ­եան միայն բա­ւա­րար էր հաս­տա­տել որ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­Նը պարտ­ուած էր: 

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button