ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՍԱ ԵՐԵՒԱՆՆ Է, ԱՅՍՏԵՂ ԴՈՒ ՏԱՆՆ ԵՍ…

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

p5-5

 

 Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

Մայիս 31ին, Երեւանցին պիտի ընտրէ իր քաղաքապետարանի աւագանին: Հետաքրքրական է նշել թէ այս նոր քաղաքապետը պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի պատմութեան 53րդ քաղաքապետը…եւ Հայաստանի

Հանրապետութեան առաջին ընտրուած քաղաքապետը:
Յոբելինականներ շատ կը նշուին: Իւրայատուկ յոբելինական մըն ալ այն է թէ, Երեւանի վերջին ընտրուած քաղաքապետի 130ամեակն է այս տարին…
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը «Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես» կարգախօսով սկսաւ այս ընտրարշաւին: Արդէն իսկ, քանի մը շաբաթ առաջ, Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը,  ներկայացուեցաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակն ու նախընտրական ծրագիրը:
Մայիս 31ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեան մանրամասնօրէն ներկայացուց կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կ’անդրադառնայ Երեւանի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդրահարոյց խնդիրներու՝ բնապահպանական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ այլն:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, սոյն  ընտրութիւններու նախընտրական իր քարոզարշաւին սկսաւ ծառատնկումով, որ կատարուեցաւ Երեւանի Նուպարաշէն շրջանէն ներս: Հ.Յ.Դաշնակցութեան թեկնածու Արծուիկ Մինասեան, այս գծով յայտնեց. «Այս ծրագիրը խորհրդանշական է՝ Երեւանը բարեկեցիկ դարձնելու մեր ծրագիրին սկիզբը: Այսպէս, կþուզենք վերականգնել բոլոր այն տարածքները, որոնք կանաչապատ էին:

p5-12

Դժբախտաբար, վերջին 1819 տարիներուն ընթացքին Երեւանը կորսնցուցած է իր կանաչապատ տարածքներուն շուրջ քառասուն առ հարիւրը:… Այս խորհրդանշական գործունէութեամբ կը սկսինք Երեւանը բարեկեցիկ դարձնելու եւ Երեւանի կառավարման նոր մշակոյթ ձեւաւորելու մեր քաղաքական ծրագիրը»: Ան աւելցուց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ այս ընտրութիւններուն նշանակութեան ճիշդ ընկալումը երեւանցիներուն կողմէ: Իշխանութիւնն ու արմատական ընդդիմութիւնը երկու ծայրայեղ մօտեցումներ կը ներկայացնեն. առաջինը այս ընտրութիւններուն քաղաքական նշանակութիւնը զերոյի կը հաւասարեցնէ՝ նշելով, որ բացառապէս կենցաղային խնդիրները պիտի լուծուին, իսկ ընդդիմութիւնը ծայրայեղօրէն կը քաղաքականացնէ զանոնք՝ անոնց վերագրելով համապետական նշանակութիւն:

p5-31
Մինասեան յայտնեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ այն հանգամանքը, որ մայրաքաղաքի կառավարման համակարգին մէջ քատրային խնդիրներ լուծելու ընթացքին պէտք է առաջնորդուիլ արհեստավարժութեան սկզբունքներով: Ըստ Ազգային ժողովի պատգամաւորին, այսօր ընթացող քարոզարշաւին ընթացքին որոշ քաղաքական ուժեր, նաեւ հանրութիւնը կրաւորական են: Սակայն Ա. Մինասեան յոյս ունի, որ ժամանակի ընթացքին քարոզարշաւը աւելի աշխուժ դառնայ, եւ գաղափարական պայքար ծաւալի: Ան նշեց, թէ այս ժամանակաշրջանին այլ քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութիւնը կարելի է միայն ընտրութիւնները ազատ եւ արդար կայացնելու նպատակով, իսկ ընտրութիւններէն ետք կարելի է համագործակցիլ եւ փոխադարձ վերահսկողութիւն իրականացնել քաղաքապետական կառավարման գործին մէջ: Մինասեան միշտ ալ կրկնած է, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մինչեւ վերջ պիտի պայքարի, եւ բացառած է ընտրապայքարէն դուրս գալու եւ որեւէ այլ ուժի միանալու կարելիութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ խօսք առած էր այդ հաւաքին, վերոնշեալ երկու մօտեցումներն ալ Դաշնակցութեան համար անընդունելի նկատեց, որովհետեւ անոնք կոչուած են ընտրողները մոլորեցնելու եւ զանոնք ծառայեցնելու տարբեր քաղաքական նպատակներու:
«Այն ինչ որ կը խոստանանք մեր ընտրապայքարին ընթացքին, հաւատացէ°ք, մեր ուժերէն վեր չէ: Մեր ցանկին ամէն մէկ անդամը իր գործը գիտէ, իր կենսագրութեամբ ցոյց տուած է, որ այս խնդիրներուն լուծման համար կրնայ լաւագոյնս իր նպաստը բերել», յայտնեց Ռուստամեան, որ հաւաստիացուց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, կը ներկայանայ այնպիսի խումբով մը, որ ամբողջութեամբ ծանօթ է մայրաքաղաքի խնդիրներուն եւ զանոնք կրնայ լուծել:

p5-41
Ռուստամեան եւ Մինասեան նշեցին թէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան յաղթանակին պարագային Երեւանի կառավարման համակարգին մէջ պիտի ընդգրկուին մարդիկ, որոնք արհեստավարժ են եւ հանրութեան վստահութիւնը կը վայելեն: Անոնք յայտնեցին թէ զանազան բնագաւառներէ ներս, Հ.Յ.Դ. նախընտրական ծրագիրը, կþառաջարկէ բարեփոխման ճիշդ ուղիներ, եւ կարելի է այդ ծրագիրը իրականացնել, եթէ համապատասխան կամք եւ վճռականութիւն գոյութիւն ունենայ: 
«Մենք դուրս եկած ենք արշաւի՝ յաղթելու տրամադրութեամբ: Որեւէ նահանջ պէտք չէ ըլլայ այս տրամադրութեան մէջ: Գործը նպատակի իրականացումը կþապահովէ եւ Դաշնակցութիւնը ընդառաջ կþերթայ այդ գործին», նշեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան թեկնածուն մատնանշելով այդ հիմնախնդիրները՝ Դաշնակցութիւնը իւրաքանչիւրին լուծման տարբերակները կը ներկայացնէ:
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու քարոզչական ընտրարշաւին, մայրաքաղաքի  կեդրոի բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան իր կարգին ներկայ եղած էր եւ մասնակցած հաւաքին ու զրոյցին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles