«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ 50,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ Հ.Յ.Դ. ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ

0 0
Read Time:45 Second

arkhiv_19-1-09Մամլոյ Հաղորդագրութիւն – Մայիս 13, 2009

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ընդառաջելով վերջերս Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արխիւներու Հիմնարկին կողմէ կատարուած դիմումին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը որոշեց 50,000 (յիսուն հազար) ամերիկեան տոլար նուիրել Հ.Յ.Դ. Արխիւներու Հիմնարկին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինին, Հ.Յ.Դ. Արխիւներու Հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան եւ արխիւներու հրատարակութեան պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան միաժամանակ ողջունեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան այս որոշումը, ընդգծելով անոր հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի յանձնառութիւնը հայ մշակութային եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Անոնք աւելցուցին, թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»էն ներս իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, դոկտ. Զաւէն Եկաւեան աչքառու դերակատարութիւն ունեցած է հայ գիր ու գրականութեան, մամուլին, եւ առհասարակ հայկական ազգային ու մշակութային հաստատութիւններուն նիւթական յաւելեալ զօրակցութիւն ապահովելու իմաստով, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ այս ազգօգուտ ընթացքը կը շարունակուի ապագային եւս:

Վաչէ Բրուտեան յայտնեց նաեւ, թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի այս նուիրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն յաւելեալ արդիական սարքաւորումներով օժտել մեր հիմնարկը, այլեւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել անոր աշխատանքները»:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles