Մարտ 16, 2011-ին կը լրանայ Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ 16 Մարտ 1921-ին կնքուած տխրահռչակ համաձայնագիրին 90-ամեակը: Այս առիթով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նշեալ համաձայնագիրով կողմերը, ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ տարրական սկզբունքները, առանց հայկական կողմի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը որոշեցին նուիրաբերել Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանի երկրամասը` իբրեւ ինքնավար «տարածք», յանձնել Ատրպէյճանի խնամակալութեան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ Հայաստանի վերաբերող մասը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է, քանի որ համաձայնագիրները կրնան վերաբերիլ միայն համաձայնագիրը ստորագրող կողմերուն եւ որեւէ պարտաւորութիւն կամ իրաւունք չեն ստեղծեր երրորդ կողմին համար` առանց վերջինիս համաձայնութեան: Բացի անկէ, համաձայնագիրը կնքելու ժամանակ չկար Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութիւն ճանչցուած պետութիւն, հետեւաբար միջազգային իրաւունքի ենթակայ եւ բնականաբար անոր կառավարութիւնը իրաւասութիւն չունէր որեւէ միջազգային համաձայնագիր կնքելու:
Իսկ թրքական կողմը ներկայացնող այսպէս կոչուած «Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը» ընդամէնը հասարակական կառոյց մըն էր թրքական օրինական իշխանութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ: Աւելի՛ն. թրքական կողմը յայտարարութիւններ կը կատարէր Մուսթաֆա Քեմալի անունով, որ այդ ժամանակ փախուստի մէջ գտնուող ոճրագործ էր եւ որուն նկատմամբ մահուան դատավճիռներ արձակած էին թրքական զինուորական դատարանը եւ կայսրութեան բարձրագոյն կրօնաւորը:
Ըստ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին, Մոսկուայի համաձայնագիրը անօրինական է եւ միջազգային իրաւունքին տեսանկիւնէն ուժ չունի: Ուստի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ չի ճանչնար 16 Մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը, իսկ վերջինիս հիման վրայ Հոկտեմբեր 13, 1921-ին Հայաստանի պոլշեւիկեան իշխանութեան պարտադրուած Կարսի համաձայնագիրը անվաւեր է:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է անյապաղ հրաժարի հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, որոնցմով թրքական կողմը նպատակ կը հետապնդէ օրինականացնել Լենին- Աթաթուրք յանցաւոր գործարքը: Ըստ Գերագոյն մարմինին, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն իրողութիւնը, որ ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ նոր համաձայնութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական բարեկամութեան ամրապնդման ու զարգացման վստահեցումներու խորապատկերին վրայ, վերոնշեալ անօրէն եւ հակահայ համաձայնագրի ստորագրման 90-ամեակի այս օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «բարձրագոյն մակարդակի համագործակցութեան ռուս-թրքական խորհուրդ»ի նիստը:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը հաւատայ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան բարեկամութեան հիմք ծառայել, եթէ հիմնուած են արդարութեան վրայ եւ ուղղուած չեն երրորդ կողմի դէմ:
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՌԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ