” Կինը կրնայ երկար ատեն խորապէս տառապիլ: Այր մարդն անկարող է այդ բանին. կա՛մ տառապանքէն կը մեռնի, կամ կը մոռնայ զայն…”
Սրբուհի Տիւսաբ
Փափուկ սեռը յարգելու, պատուելու եւ անոր արժանիքները նշելու հանդիսաւոր միջազգային օրն է Մարտ 8-ը, որուն յիշատակումը Հայաստանի մէջ, երկարաձգուած է եւ ունի միամսեայ տեւողութիւն: Արդարեւ‘ Մարտ 8-էն Ապրիլ 7, Երեւանի թէ հայրենի ա՛յլ քաղաքներէ ներս, պիտի կատարուին զանազան ձեռնարկներ` նշելու համար այս յիշատակելի Օրը:
Կնոջ ազատագրման խնդիրը դարերէ ի վեր օրակարգի վրայ եղած է միջազգային ատեաններու առջեւ, եւ այս գծով մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են մասնաւորաբար արեւմուտքէն եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթուած երկիրներէ ներս:
Դժբախտաբար, ցայսօր գոյութիւն ունին ասիական (Միջին Առեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյնը) երկիրներ, ուր յետամնաց ու սահմանափակ ընտրանի ղեկավարութիւններ, որոնք կը հետապնդեն եւ ամէն օր կը բացայայտեն իգականին ապօրինի իրաւազրկումը: Հակառակ ասոր, առօրեայ տեղեկութիւններ կը փաստեն թէ Հայաստան ամբողջովին չէ՛ թօթափած այդ վարկաբեկիչ նախապաշարման շղթան: Կը զարմանանք ու կը ցաւինք` ի տես կինը արհամարհող, անոր մայրութեան ազնուագոյն արժանիքը անտեսող հասարակութիւններու եւ ժողովուրդներու ըմբռնողութեան եւ այդ միջավայրերուն մէջ ստեղծուած անասնական, անհանդուրժելի եւ անընդունելի վերաբերմունքին:
Հայ կինը հարց չունի, եւ պէ՛տք ալ չունի ազատագրուելու: Ան ազատագրուած է վաղուց եւ կազմ ու պատրաստ` յետադիմական բռնութիւնները դիմակալելու, անվթար ազգայինը գերադասելու եւ իր ինքնութիւնը պահպանելու: Հայուհին ազա՛տ է բարոյական սկզբունքներու հիմերով, գիտէ՛ վաղանցուկը անտեսել ու կառչիլ ազգայինին եւ հիմնականին, թէ՛ նուիրական աւանդութիւններուն, թէ՛ մերօրեայ յեղափոխութիւններուն եւ եղափոխութիւններուն: Այս գծով, 1880-ականներուն, Սրբուհի Տիւսաբ իր ստեղծագործ գրութիւններով կո՛չ կ՛ուղղէր, որ հայ կնոջ անհատականութիւնը ընկճուած չմնայ կողակիցին բռնատիրութեան ներքեւ: Տիւսաբ, նոյնիսկ բու՛ռն պայքար էր մղած` որպէսզի Նայիրեան հեզաճկուն աղջիկները նաե՛ւ ստանան համահաւասա՛ր կրթութիւն, որպէսզի յետագային կարենային ազատօրէ՛ն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել:
Ահաւասի՛կ ամբողջ ամիս մը, որ կը մղէ հայ կնոջ, հայ մօր, վերանայելու՛ իր պատմութիւնը, դասեր քաղելու անցեալէն եւ հաստա՛տ հիմերու վրայ պատրաստուելու իր լուսաւոր ապագային:
”Հայրենիք”
Մարտ 8 , 2011