ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ.- ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:8 Minute, 36 Second

Ուր էլ քայլեմ, ուր էլ գնամ` նոյն արեւն է հսկում երգիս,

Արարատի ստուերները դրօշի պէս ընկած գրքիս,

Արագածի գագաթները աչքերիս մէջ յաւէտ կանգուն,

Մեր զեփիւռը դէմքիս վրայ, եւ մեր գինու թասը ձեռքիս:

 Մի­աց­եալ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, այս մեծ ոս­տա­նի Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին եւ Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րուն Փետր­ուար 20, Կի­րա­կի երե­կոյ­եան, Նիւ Եոր­քի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Հայց. Եկե­ղեց­ւոյ »Գա­լուստ­եան« սրա­հին մէջ նշուե­ցաւ խորհր­դա­հայ շրջա­նի բա­նաս­տեղծ, վի­պա­սան, թարգ­մա­նիչ եւ բա­նա­սէր Խա­չիկ Դաշ­տեն­ցի 100ամ­եա­կը:

Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւնը եւ Դաշ­տեն­ցի գրա­կա­նու­թիւնը գնա­հա­տող ազ­գա­յին­նե­րուն կող­քին, մեծ թիւ մը նկա­տե­լի էր` երի­տա­սարդ եւ պա­տա­նի հան­դի­սա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ` Հա­յաս­տա­նէն այս ափե­րը հաս­տատ­ուած հա­յոր­դի­նե­րու, որոնք եկած էին այս առ­թիւ ծա­ռաւ իրենց հո­գի­նե­րը լեց­նե­լու հա­յու ոգի­ով, հայ­րե­նի շուն­չով ու գրա­կան մթնո­լոր­տով: Եր­կա՛ր ատե­նէ ի վեր նման որակ­եալ գրա­սէր, այս­քան մեծ թիւով, հա­սա­րա­կու­թիւն մը չէր հա­մախմբ­ուած գրա­կան երե­կո­յի մը:

 Զոյգ միու­թիւն­նե­րէն բխած կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը ամէն կա­րե­լին ըրած էր մե­ծար­եա­լին վաս­տա­կին վա­յել հան­դի­սու­թիւն մը հրամց­նե­լու  այդ օր: Ըսենք նա­եւ որ անց­եա­լին, յա­ճախ, լայն գոր­ծակ­ցու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած էր այս զոյգ միու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, երբ զա­նա­զան առիթ­նե­րով կազ­մա­կեր­պած էին յո­բել­եա­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­ներ նուիր­ուած հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քա­հայ զա­նա­զան գրող­նե­րու:

Դաշ­տեն­ցի այս հան­դի­սու­թեան առ­թիւ, հրա­ւիր­ուած էր հայ­րե­նի­քէն Հ.Հ. ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ, Երե­ւա­նի Սուն­դուկ­եա­նի ան­ուան պե­տա­կան թատ­րո­նի դե­րա­սան, պե­տա­կան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր, Մով­սէս Խո­րե­նացիի ան­ուան շքան­շա­նա­կիր եւ ծա­նօթ աս­մուն­քող` Ազատ Գաս­պար­եան:

Հան­դի­սու­թեան բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի վար­չու­թեան եր­կա­րամ­եայ ատե­նա­պե­տը` դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եան, որ զոյգ միու­թիւն­նե­րու կող­մէ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ ծա­նօ­թա­ցուց հայ­րե­նի հիւ­րը:

Յայ­տագ­րին առա­ջին բա­ժի­նը` վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մըն էր, 45 վայրկ­եան տե­ւո­ղու­թեամբ, ուր գե­ղար­ուես­տա­կա­նօ­րէն ներ­կա­յաց­ուած էին հատ­ուած­ներ Դաշ­տեն­ցի կեան­քէն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն: »Բրաբի­ոն Ծա­ղիկ Որո­նո­ղը« տե­սա­ե­րի­զը ըմ­բոշխն­ուե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ: Հայ­րե­նի ծա­նօթ գրա­կա­նա­գէտ­ներ եւս ժա­պա­ւէ­նին մէջ բե­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը, վեր առ­նե­լով Խա­չիկ Դաշ­տեն­ցի մեծ գոր­ծը:

Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Ամէ­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նի երգ­չա­խում­բը եր­գեց հե­ղի­նա­կին »Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին« քերթ­ուա­ծը, երաժշ­տու­թիւնը` Զա­րեհ Արք. Ազ­նա­ւուր­եա­նի եւ »Խօ­սինք հա­յե­րէն« գոր­ծը, երաժշ­տու­թիւնը` Պերճ Թիւ­րապ­եա­նի: Խմբա­վարն էր Անա­հիտ Պօ­ղոս­եան:

Այ­նու­հե­տեւ, Ազատ Գաս­պար­եան անս­պառ եռան­դով ու լե­ցուն յայ­տագ­րով ներ­կա­յա­ցուց Դաշ­տեն­ցի գոր­ծը: Մերթ աս­մուն­քով, մերթ անձ­նա­կան յի­շա­տակ­նե­րով, եր­բեմ­նի հիւ­մու­րով, տխրու­թեամբ ու ծի­ծա­ղով տուաւ զա­նա­զան երես­նե­րը կեան­քին այս մեծ գրո­ղին: Քա­ջա­ծա­նօթ յո­բել­եա­րին ու անոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կին, եղած է յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լուն սա­սուն­ցի այս որ­բին, որ ծնած էր 1910ին Դաշ­տա­դէմ գիւ­ղը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւա­նքով զրկուած ծնող­նե­րէ ճա­շա­կած է որ­բա­նո­ցա­յին կեան­քը մին­չեւ 1926 թուա­կա­նը, անց­նե­լով` որ­բա­նո­ցէ որ­բա­նոց եւ Լե­նի­նա­կա­նի մէջ ի վեր­ջոյ դար­ձած է ու­սու­ցիչ: Եկած է Երե­ւան ու բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­ցած ու ապա` Մոսկ­ուա­յի օտար լե­զու­նե­րու ինս­տի­տու­տի անգլ­ի­ա­կան բա­ժի­նէն շրջա­նա­ւարտ հա­րուստ թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թիւն մը ժա­ռանգ թո­ղած է հայ բե­մին, մա­նա­ւանդ` թարգ­մա­նե­լով Շէյքս­փի­րէն 17 թա­տե­րա­խա­ղեր:

Ազատ Գաս­պար­եան կը ծան­րա­նայ նա­եւ Դաշ­տեն­ցի եր­կու գլուխ գո­ծոց վէ­պե­րուն` »Խո­դե­դան« (1956) եւ »Ռանչ­պար­նե­րի Կան­չը« (1979): Հե­ղի­նակ է բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղովածու­նե­րու, բա­նա­սի­րա­կան գոր­ծե­րու, պատ­մա­կան թա­տե­րա­խա­ղի մը` »Տիգ­րան Մեծ« (1947) եւ բազ­մա­թիւ դա­սա­գիր­քե­րու: Ըսենք որ ան դա­սա­խօ­սած էր Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս:

Աւե­լի քան քսա­նամ­եակ մը ար­դէն Դաշ­տեն­ցի դուստ­րը` շնոր­հա­լի գրա­գի­տու­հի ինք եւս` Անա­հիտ Դաշ­տենցևԹիւ­րապ­եան կ՛ապ­րի Նիւ Եորք: Անց­եալ տա­րի Երե­ւա­նի մէջ Դաշ­տեն­ցի 100ամ­եա­կի հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էր գտնուած նման յո­բել­եա­նա­կան հան­դի­սու­թեան մը, որ տե­ղի ու­նե­ցած Սուն­դուկ­եա­նի թատ­րո­նէն ներս: Յայ­տագ­րին այս բա­ժի­նով հրա­ւիր­ուե­ցան ՅուշևԶրոյց մը ու­նե­նա­լու Անա­հիտն ու շրջա­նի երեք հայ գրող­ներ` Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եա­նի, Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եա­նի եւ Աւե­տիս Հաճ­եա­նի: Ներ­կա­յաց­ուած հար­ցում­նե­րուն Անա­հիտ պա­տաս­խա­նեց սրտա­բա­ցօ­րէն, մերթ ընդ մերթ յի­շա­տա­կի յու­զում­նա­լից պա­հեր ապ­րե­լով:

Աւե­լի քան եր­կու ժամ տե­ւող յայ­տա­գի­րը կրնար կրկնա­պա­տիկ ժա­մով յա­ռա­ջա­նալ առանց ձանձ­րոյ­թի, մա­նա­ւանդ երբ ներ­կա­նե­րը ծա­ռաւ էին նման բար­ձո­րակ գրա­կան հան­դէս­նե­րու, սի­րով պի­տի ու­զէ­ին մնալ:

Փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց Մեծն Նիւ Եոր­քի Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ատե­նա­պետ Յա­կոբ Վար­դի­վառ­եան, որ վեր առաւ զոյգ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու տաս­նամ­եակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող գե­րա­զան­ցա­պէս հա­յա­շունչ ձեռ­նարկ­նե­րը եւ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց օր­ուան հան­դի­սու­թեան ստեղ­ծած մթնո­լոր­տը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով յայ­տագ­րին մաս­նա­կից­նե­րուն:

Տե­ղի ու­նե­ցաւ ճոխ ըն­դու­նե­լու­թիւն, ուր ներ­կա­նե­րը եր­կար պա­հեր հա­մե­ցան  սրա­հին մէջ: Գրա­սէր տղաք, որոնք եր­կար ատե­նէ ի վեր չէ­ին հան­դի­պած զի­րար, առիթ եղաւ այս երե­կոն, անոնց եւս առիթ տալ վեր­յի­շե­լու անց­եա­լի ու բաղ­ձա­լի օրե­րը երբ շրջա­պատ­ուած էին այդ օրե­րու մտա­ւո­րա­կան­նե­րով ու գրող­նե­րով:

Յա­ւարտ պաշ­տօ­նա­կան երե­կո­յին, զոյգ միու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ներ­կայ գտնուող ազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ ու յայ­տագ­րին մէջ բա­ժին  վերց­նող­ներ հա­ւաք­ուե­ցան հայ­կա­կան »Սե­ւան« ճա­շա­րա­նը, ուր տոհ­միկ հայ­կա­կան սե­ղա­նի շուրջ, երե­ւան­եան գի­շեր­նե­րը յի­շեց­նող մթնո­լոր­տով շա­րու­նակ­ուե­ցաւ դաշ­տենց­եան տա­քուկ երե­կոն: Թա­մա­տա­յու­թիւնը կա­տա­րեց Յ. Վար­դի­վառ­եան:  Հոն եւս Ազատ Գաս­պար­եան եր­գով, աս­մուն­քով ու խօս­քով երե­կոն ճո­խա­ցուց: Սրտի խօս­քով հան­դէս եկան Անա­հիտ Դաշ­տենց եւ իր ամու­սի­նը` տա­ղան­դա­ւոր երա­ժիշտ Պերճ Թիւ­րապ­եա­նը, իրենց զա­ւա­կը` Խա­չօն, որոնք պատ­մե­ցին մտեր­միկ ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ Դաշ­տենց­նե­րէն: Խօսք առին նա­եւ` դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եան, Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եան, Մի­սաք Պօ­ղոս­եան, բե­մադ­րիչ` Վար­դան Յով­հան­նիս­եան, տոքթ. Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան եւ ու­րիշ­ներ:

Վստա­հա­բար,  այդ երե­կոյ, Դաշ­տեն­ցի 1932ին գրած մէկ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, ներ­կայ ըն­կեր­ներ բաժն­ուե­ցան իրար­մէ, յի­շե­լով`

Էր­նում եմ ես էլ եր­գերս հի­նի,

Իմ ամ­բողջ կա­լը բռնել եմ

                         քա­մուն.

Ինչ որ չի մնայ` կը տա­նի

                          քա­մին

Յար­դը գնում է, ցո­րենն է

                          մնում:

Այո՛, այս մեծ ոս­տա­նէն շատ բան պի­տի եր­թայ, սա­կայն, վստա­հա­բար, Դաշ­տեն­ցի այս յուշևերե­կոն, ան­պայ­մա­նօ­րէն, ար­ձա­նագր­ուած պի­տի մնայ ամե­րի­կա­հայ տա­րեգ­րու­թեան էջե­րուն մէջ: Յարդը կ՛եր­թայ …. ցո­րե­նը կը մնայ:

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles