ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 14-ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

0 0
Read Time:15 Minute, 16 Second

Լուսանկարները` Պետօ Տէր Պետրոսեանի

Ամե­րի­կա­յի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած 14-րդ տա­րե­կան 7-օր­եայ նա­ւապ­տոյ­տը ճամ­բայ ելաւ Ֆլո­րի­տա­յէն Յուն­ուար 21ին: Աւե­լի քան 1.100 հա­յոր­դի­ներ, փա­խուստ տա­լով ձմեռ­ուայ սառ­նա­մա­նի­քէն ու ամե­նօր­եայ թոհ ու բո­հէն, բարձ­րա­ցան Costa ըն­կե­րու­թեան իտա­լա­կան դա­սա­կան ոճով կա­ռուց­ուած Atlantica շքեղ նա­ւը, որը փաս­տօ­րէն վե­րած­ուե­ցաւ «Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի» Քա­րիպ­եան Ծո­վի վրայ: Մէկ շա­բակ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը անընդ­հատ կա­տար­եալ երա­նու­թեան մէջ էին, միշտ գոհ ու եր­ջա­նիկ: Նա­ւը կանգ առաւ հե­տեւ­եալ կղզի­նե­րը` Nassau, Grand Caicos Islands, Tortola եւ Prince Cay:

Հա­յեր` 7 օրե­րու ըն­թաց­քին վե­րա­նո­րո­գե­ցին հին բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, նոր բա­րե­կամ­նե­րու հան­դի­պե­ցան, ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին, զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն ներ­կայ եղան, հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւն ունկնդ­րե­ցին, պա­րե­ցին, հա­մա­դամ ու­տե­լիք­ներ վա­յե­լե­ցին եւ ու­րախ օրեր ան­ցու­ցին ջերմ արե­ւի ու հայ­կա­կան տա­քուկ մթնո­լոր­տի ներ­քոյ:

Աւելի քան 150 Հ.Օ.Մ.ականներ մասնակցեցան հաւաքին

Ճամպ­րուկ­ներ կա­պած մեր բա­րե­կամ­բե­րը եկած էին հե­տեւ­եալ աշ­խար­հա­տա­րած եր­կիր­նե­րէն` Ար­ժան­թին, Հա­յաս­տան, Աւստ­րալ­իա, Գա­նա­տա, Անգլ­իա, Ֆրան­սա, Գեր­ման­իա, Ու­րուկ­ուայ, Վե­նեզ­ուե­լու, ինչ­պէս նա­եւ Ա.Մ.Ն.ի 26 նա­հանգ­նե­րէն:

Երեք բա­ռե­րով կա­րե­լի է բնո­րո­շել նա­ւապ­տոյ­տը` Սքան­չե­լի, Շքեղ եւ Հայ­կա­կան:

Իւ­րա­քան­չիւր ճամ­բոր­դող Armenian Heritage Cruise Committee-ի եւ Travel Group International-ի կող­մէ ան­մի­ջա­պէս ստա­ցաւ եռա­գոյ­նով զար­դար­ուած յար­մա­րա­ւէտ տոպ­րակ մը եւ քարտ մը, վեր­ջինս թէ՛ իբ­րեւ սեն­եա­կի բա­նա­լի թէ՛ ալ իբ­րեւ մուտ­քի տոմս ծա­ռա­յեց բո­լոր հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­մար: Ամէն առա­ւօտ օտար լե­զու­նե­րով եղած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու կող­քին հա­յե­րէն լե­զուով կը լսուէր ծա­նու­ցում­ներ հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մա­սին: Նոյն­պէս, ամէն օր նա­ւի մա­տու­ռի մէջ առա­ւօտ­եան ժա­մեր­գու­թիւն կը կա­տար­ուէր Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ` Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որուն կը մաս­նակ­ցէ­ին մեծ թիւով հա­ւա­տաց­եալ­ներ:

Ամ­բողջ շաբթ­ուան տե­ւո­ղու­թեան, մեր հիւ­րե­րը` նստած լո­ղա­ւա­զա­նի շուր­ջը վա­յե­լե­ցին Քա­րիպ­եա­նի ջերմ օդն ու արե­ւը, մինչ ու­րիշ­ներ մար­զանք­նե­րու կը հե­տե­ւէ­ին, Bingo կը խա­ղա­յին հայ­կա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կ՛ուն­կընդ­րէ­ին, կամ հայ­կա­կան գե­ղար­ուես­տա­կան ինչ­պէս նա­եւ փաս­տագ­րա­կան ժա­ւա­պէն­ներ կը դի­տէ­ին: Իրենց սնեակ­նե­րը մնալ նա­խընտ­րող­նե­րը կ՛օգտ­ուէ­ին հե­ռա­տե­սի­լի եր­կու ալիք­նե­րով պատ­կե­րասփռ­ուած եր­գի, պա­րի ժա­պա­ւէն­ներ` օրը 24 ժամ: Առա­ւօտ­նե­րը տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին սկսնակ­նե­րու հա­մար նա­խա­տես­ուած խօ­սակ­ցա­կան հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք­ներ` Տոքթ. Արա Գաբրի­էլ­եա­նի կող­մէ, մինչ Մար­գօ Քաֆ­թաճ­եան հայ­կա­կան աւան­դա­կան ազ­գա­յին պա­րեր (թամ­զա­րա, շուրջ պար, հա­լայ եւն.) կը սոր­վեց­նէր մե­ծա­թիւ փա­փա­քող­նե­րուն: Մի­ա­ժա­մա­նակ Անդ­րա­նիկ Պու­տաք­եա­նի եւ Արա Փա­փազ­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին թաւլ­ուի (նար­տի) եւ Պը­լօ­թի մրցա­խա­ղեր, որոնց յաղ­թող­նե­րը ստա­ցան յա­տուկ մրցա­նակ­ներ:

Նաւապտոյտը կազմակերպող Մարմնի խմբանկար

Մաս­նա­ւոր գրա­սե­ղան մը յատ­կաց­ուած էր ճիշդ նա­ւի կեդ­րո­նը, ուր մեր ժո­ղո­վուր­դը կրնար ար­ձա­նագր­ուիլ 2011-ի աշ­նա­նը դէ­պի Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ տե­ղի ու­նե­նա­լիք շրջապ­տոյ­տին (Սեպտ. 16-27), Մա­րօ Ասա­տուր­եա­նի առաջ­նոր­դու­թեամբ: Սե­ղա­նի շուրջ մեր յանձ­նա­խում­բի եւ ճամ­բոր­դա­կան ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ ու բա­րի ժպի­տով կը պա­տաս­խա­նէ­ին ճամ­բոր­դու­թեան հետ կապ­ուած բո­լոր հար­ցում­նե­րուն: «Հայ­րե­նիք» գրա­խա­նու­թը վե­րած­ուեր էր աշ­խոյժ փե­թա­կի մը, ուր­կէ կա­րե­լի էր գնել բազ­մա­թիւ տե­սա­նե­րիզ­ներ, տե­սա­հո­լո­վակ­ներ, գիր­քեր, ձե­ռար­ուես­տի սքան­չե­լի իւ­րօ­րի­նակ գոր­ծե­րու բազ­մա­պի­սի այլ յու­շան­ուէր­ներ` մատ­չե­լի գի­նե­րով:

Ու­րա­խու­թիւնը կր շա­րու­նակ­ուէր նա­եւ երբ արե­ւի փո­խա­րէն եր­կին­քը կը ցո­լար փայ­լուն աստ­ղե­րով: Երե­կո­նե­րը կ՛անց­նէ­ին հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս­նե­րով, ուր ելոյթ կ՛ու­նե­նա­յին Խո­րէն Մու­րատ­եա­նի «D-On-Knowns» նուա­գա­խում­բը, All Star Traditional նուա­գա­խում­բը (Մէլ Պար­սամ­եան, Րի­չըրտ Պէր­պէր­եան, Խա­չիկ Ճին­կիր­եան, Անդ­րա­նիկ եւ Ճիմ Քզիր­եան) եւ Ներ­սիկ Իս­պիր­եա­նը «Տա­րօն» նուա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, վեր­ջինս կը հրամց­նէր հայ­կա­կան աւան­դա­կան ճոխ երաժշ­տու­թիւն:

Առա­ջին երե­կոն բա­րի գա­լուս­տի ըն­դու­նե­լու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մար­իա Դա­ւի­թեա­նի եւ Ար­փի Աչ­քար­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ուր մեր յանձ­նա­խում­բի «դես­պան­նե­րը» խօ­սե­ցան շա­բաթ­ուան ձեռ­նարկ­նե­րու մա­սին, որ­մէ յե­տոյ գոր­ծադր­ուե­ցաւ եր­գի եւ պա­րի կարճ յայ­տա­գիր մը:

Մեր առա­ջին ացե­լու­թիւնը Nassau կղզին էր: Ոմանք խան­դա­վառ­ուած, տուր­քէ զերծ գի­նե­րով գնում­ներ կա­տա­րե­ցին, մինչ ու­րիշ­ներ այ­ցե­լե­ցին հան­րա­յայտ Atlantis պան­դո­կը, լո­ղա­ցին ու իրենց բաղ­դը փոր­ձե­ցին խա­ղաս­րա­հի մէջ: Այս զար­մա­նահ­րաշ շքեղ պան­դո­կը աշ­խար­հին յայտ­նի է իր փար­թամ պար­տէզ­նե­րով եւ ծո­վա­յին աշ­խար­հի գրե­թէ անգ­տա­նե­լի ձու­կե­րու տե­սակ­նե­րով:

Նաւապտոյտի մասնակցող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու խմբանկար

Շա­բաթ երե­կոյ, ընթ­րի­քէն յե­տոյ, երի­տա­սարդ ամու­րի­նե­րու հա­մար յա­տուկ ըն­դու­նե­լու­թիւն (Singles/Mingles cocktail Party) կազ­մա­կերպ­ուած էր Ար­մէն Գաբրի­էլ­եա­նի եւ Մար­իա Դա­ւի­թեա­նի կող­մէ, ուր 21էն 39 տա­րե­կան հա­յեր, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, առիթ ու­նե­ցան իրա­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լու, շփուե­լու …. Ի դէպ, անց­նող 14 նա­ւապ­տոյտ­նե­րէն 20 զոյ­գեր այս մի­ջո­ցաւ իրա­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լով ի վեր­ջոյ ամուս­նա­ցան:

Կի­րա­կի օրը Պար­պա­րա Յա­րու­թիւն­եա­նի եւ իր յանձ­նա­խում­բի ջան­քե­րով փա­ռա­տօն կազ­մա­կերպ­ուած էր լո­ղա­ւա­զա­նի շուր­ջը, ուր մրցա­նակ­ներ շնորհ­ուե­ցան եռա­գոյ­նով կար­ուած լա­ւա­գոյն հայ­կա­կան տա­րա­զի հա­մար եւ լա­ւա­գոյն հայ պա­րո­ղին: Այս ամե­նամ­եայ մրցոյ­թին շա­տեր կը մաս­նակ­ցին նա­խա­պէս պատ­րաս­տե­լով իրենց տա­րազ­ներն ու տոհ­միկ պա­րե­րը: Կէ­սօ­րին, բո­լո­րը հիւ­րա­սիր­ուե­ցան հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շե­րով: Աւե­լի ուշ, մեր բա­րե­կամ­նե­րը վա­յե­լե­ցին Grand Caicos կղզիի զու­լալ ջուրն ու ալիւ­րի նման փա­փուկ աւա­զը:

Ձախէն աջ` Անժէլ Մանուկեան, Մէյրի Փափազեան եւ Արմինէ Կարապետեան

Երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա.Մ.Ն.ի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան եւ Travel Group International-ի շքեղ քոք­թէյ­լի հիւ­րա­սի­րու­թիւնը, ուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խանց­ուե­ցան նա­ւապ­տոյ­տի հե­տապն­դած ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու եւ գալ տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տի մա­սին: Ընթ­րի­քին, ճամ­բոր­դող­նե­րը վա­յե­լե­ցին յանձ­նա­խում­բիս տի­կին­նե­րու ցուց­մունք­նե­րով պատ­րաստ­ուած հայ­կա­կան յա­տուկ ճա­շեր:

Իւ­րա­քան­չիւր օր ժա­մա­նա­կա­կից լուրջ հար­ցե­րու վե­րա­բեր­եալ յայ­տա­գիր­ներ հրամց­ուե­ցան ներ­կա­նե­րուն, գա­ղու­թիս կող­մէ յարգ­ուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու կող­մէ: Առ այդ, հե­տեւ­եալ ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան`

1) Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մա­շա­կու­թա­յին Միու­թեան թէ­յա­սե­ղան-հա­ւա­քը

2)    Armenian Life եւ հայ կեան­քի հրա­տա­րա­կիչ, խմբա­գիր` Աբօ Ճա­պար­եա­նի դա­սա­խօ­սու­թիւնը` «Հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւնը շար­ժա­պատ­կե­րի եւ հե­ռա­տե­սի­լի աշ­խար­հէն ներս» նիւ­թի շուրջ

3)    «Անա­հիտ» Հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Տոքթ. Նա­զե­լի Չարչ­եա­նի զե­կոյ­ցը` Հա­յաս­տա­նի մէջ բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք­նե­րու կազ­մու­թեա­նը նպաս­տող իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին, տե­սա­ե­րի­զի օգ­նու­թեամբ

Նիւ Եոր­քի «Երազ» պա­րա­յին հա­մոյ­թը

4)    Նիւ Եոր­քի «Երազ» պա­րա­յին հա­մոյ­թի զոյգ ելոյթ­նե­րը, որոնք խե­լա­հեղ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հատ­ուե­ցան

5)    Հ.Օ.Մ.ի թէ­յա­սե­ղա­նը` հայ կա­նանց մե­ծա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրա­գիր­նե­րու զե­կու­ցու­մով հան­դերձ

6)    Հ.Մ.Ը.Մ.ի թէ­յա­սե­ղան հա­ւա­քը

7)    Ա.Մ.Ն.ի Հայ Դա­տի ատե­նա­պետ` Քէն Խա­չիկ­եա­նի զե­կոյ­ցը «Ա.Մ.Ն.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան թիւ 252 ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի վե­րա­բեր­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, պար­տու­թիւն­ներ եւ յաղ­թա­նակ­ներ» նիւ­թի շուրջ

8)    Ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ներշն­չող եր­գե­րու ապ­րու­մով հրամց­ուած հա­մերգ Ներ­սիկ Իս­բիր­եա­նի կող­մէ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ «Տա­րօն» նուա­գա­խում­բի

9)    Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու եւ դստրեց Վար­դա­նան­ցի հա­մա­տեղ թէ­յա­սե­ղա­նը

Elixir դաշ­նա­մու­րա­յին եռ­եա­կ

10)  Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Տոքթ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի զե­կոյ­ցը Ղա­րա­բա­ղի ապա­գայ կար­գա­վի­ճա­կի վե­րա­բեր­եալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին` սա­հիկ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ

11)  Elixir դաշ­նա­մու­րա­յին եռ­եա­կի (Սամ­ուէլ Չի­լին­կիր­եան, Լու­սի Նար­կիզ­եան, Գա­տիք Թէրզ­եան) դա­սա­կան երաժշ­տու­թեան շատ յա­ջող եր­կու հա­մերգ­նե­րը

12)  Զրոյց` կլոր սե­ղա­նի շուրջ, նիւթ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ճա­նաչ­ման պայ­քա­րը եւ հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, որուն կը մաս­նակ­ցէ­ին Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան, Քէն Խա­չիկ­եան, Աբօ Ճա­պար­եան եւ Armenian Courier-ի խմբա­գիր` Յա­րութ Սա­սուն­եան. կլոր սե­ղա­նը վա­րեց Վազ­գէն Այ­վազ­եան

13)  Յա­րութ Սա­սուն­եա­նի զե­կոյ­ցը` «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չո՞ւմ թէ` ար­դա­րու­թեան հե­տապն­դում» նիւ­թի շուրջ, բո­լոր ելոյթ­նե­րուն կը յա­ջոր­դէ­ին հար­ցում-պա­տաս­խա­նի առիթ­ներ:

Երեք­շաբ­թի հա­սանք անգլ­ի­ա­կան Tortola կղզին, իսկ վեր­ջին այ­ցը Princess Cay կղզին, զոյգ վայ­րե­րուն մէջ մեր ճամ­բոր­դող­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մեր ան­ցու­ցին նպաս­տա­ւոր գի­նե­րով յու­շան­ուէր­ներ գնե­լով եւ լո­ղա­լով:

Աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րէն հա­յեր մի­ա­ւոր­ուե­ցան վա­յե­լե­լով նա­ւապ­տոյտն ու առա­ւել չա­փով զգա­լու հայ ըլլա­լու հպար­տու­թիւնն ու բերկ­րան­քը` մի­ա­ժա­մա­նակ սա­տա­րե­լով յանձ­նա­խում­բիս առա­քե­լու­թիւնը որն է` զար­գաց­նել ջերմ փոխ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ` բո­լոր հա­յե­րու մի­ջեւ:

Նա­ւապ­տոյ­տէն գո­յա­ցած հա­սոյ­թով, ինչ­պէս միշտ, Armenian Cultural Association  of America բա­րե­սի­րա­կան, ոչ հա­սու­թա­բեր կազ­մա­կեր­պու­թեան կար­գա­վի­ճակ վա­յե­լող միու­թիւնը պի­տի օժան­դա­կէ հայ­կա­կան նիւ­թե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեանց, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու եւ հայ­կա­կան թեր­թե­րու:

Ամէն տա­րի մէկ շա­բաթ­ուայ ըն­թաց­քին աշ­խար­հա­տա­րած հա­յեր, մէկ կողմ դնե­լով քա­ղա­քա­կան ու դա­ւա­նա­բա­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներ, կը մի­ա­նան իբ­րեւ մէկ ազ­գի զա­ւակ­ներ, որ­պէս­զի լից­քա­ւոր­ուած ու նոր արիւ­նով հե­տապն­դեն ազատ, ան­կախ ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան ամ­րապն­դու­մը եւ Հայ Դա­տի հե­տապն­դու­մը:

Armenian Heritage Cruise պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, Պետ­րոս Պան­տազ­եա­նի գլխա­ւո­րած, վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րով ար­դէն իսկ լծուած են տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քի կազ­մա­կեր­պե­լով 15րդ նա­ւապ­տոյ­տը, որը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յուն­ուար 21էն 28, 2012-ին նա­ւա­յին նոր ըն­կե­րու­թեան եր­կու տա­րի առաջ կա­ռուց­ուած Poesia իտա­լա­կան նա­ւով: Այդ առի­թով պի­տի այ­ցե­լէք St. Thomas, San Juan եւ Nassau  կղզի­նե­րը: Այժ­մէն իսկ ապա­հո­վե­ցէք ձեր նա­խա­սի­րած սեն­եակ­նե­րը հե­ռա­ձայ­նե­լով` (866) 447 0750 թիւին…Ցտե­սու­թիւն:

ՊԱՐ­ՊԱ­ՐԱ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ԵԱՆ

Անգ­լե­րէ­նէ Թարգ­մա­նեց` ԱՐԱ ԳԱԲՐԻ­ԷԼ­ԵԱՆ

ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑՈՂ­ՆԵ­ՐԸ Կ’Ը­ՍԵՆ

»Այս նա­ւապ­տոյ­տը առիթ մը կը ստեղ­ծէ, որ զա­նա­զան գաղ­թօ­ճախ­նե­րէ հա­յոր­դի­ներ ժա­մա­նեն եւ ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մեր անց­նեն: Ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ւել­եալ առիթ մը կը ստեղ­ծեն, որ ազ­գա­յին զա­նա­զան հար­ցե­րու մա­սին յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նանք «

Րաֆ­ֆի Կիւլ­տել­եան

(Քա­րա­քաս, Վե­նեզ­ուե­լա)

»Վե­ցե­րորդ ան­գամն է որ, կը մաս­նակ­ցինք այս նա­ւապ­տոյ­տին: Հին թէ նոր ըն­կեր­նե­րու հետ, յի­շա­տա­կե­լի օրեր բո­լո­րե­ցինք: …Հե­տաքրք­րա­կանը այն է թէ, կ՛ո­րո­շենք ամէն տա­րի  թէ այս մէ­կը` վեր­ջինն է, սա­կայն միշտ ու միշտ վերս­տին կը ժա­մադր­ուինք: Յա­ռա­ջի­կայ տար­ուան հա­մար, առա­ջին ար­ձա­նագ­րուող­ներն ենք…«

Մարիօ եւ Ան­ժէլ Եա­զըճ­եան

(Ֆրանք­ֆորթ, Գեր­ման­իա) 

»23 տա­րե­կան երի­տա­սարդ ըլ­լա­լով, եր­բեք չձանձ­րա­ցայ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ամէն վայրկ­եան, ամէն ակն­թարթկա­տա­րե­լիք բա­ներ կա­յին: Միշտ ալ ձեռ­նարկ մը, կամ այլ յայ­տա­գիր մը կայ: Լա­ւա­պէս կազ­մա­կերպ­ուած ձեռ­նարկ մըն է«

Կար­պիս Գո­լո­գոս­եան

(Սիտ­նի, Աւստ­րալ­իա)

 

»Բա­ցա­ռիկ եւ ան­մոռ­անա­լի օրեր..Բո­լորս ալ պէտք է որ մաս­նակ­ցինք այս հա­մա­հայ­կա­կան նա­ւապ­տոյ­տին…«

Ալիս Կրէ­կը­րի

(Լոն­տոն, Անգլ­իա)

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles