ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԷՆ…ՄԱՐՏ ՄԷԿԵԱՆ ՀՈԳԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

 Սում­կա­յի­թի եւ Պաք­ուի հա­յու­թեան ոչն­չա­ցու­մը խորհր­դան­շող օր յայ­տա­րար­ուած է Փետր­ուար 28-ը: Օր մը, որ հա­մա­պա­տաս­խան ու ազ­դե­ցիկ ճի­գե­րով, իրա­զեկ կը պա­հէ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծիքն ու բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը, մատ­նան­շե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի բո­լոր տե­սա­կի` անց­եալ եւ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­յու­թեան հան­դէպ վա­րած ոճ­րա­յին ու սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը: Այս  23-ամ­եա­յ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու խե­ղա­թիւ­րու­մին դէմ, հա­յու­թեան մի­աս­նա­կան բո­ղո­քի նպա­տակն է մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քին առ­ջեւ բա­ցա­յայ­տել ճշմարտութիւնը:

Կարճ սլացք մը կա­տա­րե­լով, Փետր­ուար 1988-ին, ամէ­նադժն­դակ պայ­ման­նե­րու տակ, ծայր առաւ Ար­ցախ­եան ինք­նո­րոշ­ման պայ­քա­րը: Փետր­ուար 28-ին, հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան խա­ղաղ ցոյ­ցե­րէն հա­զիւ քա­նի մը օր ետք, Սում­կա­յի­թի մէջ, Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նը պա­տաս­խա­նեց ջար­դե­րով եւ սպան­դով: Յա­ջոր­դե­ցին Պաք­ուի եւ Կի­րո­վա­պա­տի ջար­դե­րը, որոնց զոհ գա­ցին ան­մեղ հա­յոր­դի­ներ եւ որոնց հե­տե­ւան­քով բռնի հա­յա­թափ­ման են­թարկ­ուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի բո­լոր հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րը:

Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ար­դար պայ­քա­րը, հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու անձ­նա­զո­հու­թեան գնով եւ ամէն քայ­լա­փո­խին պար­տու­թեան մատ­նե­լով ազե­րի  նա­խա­յար­ձա­կում­նե­րը, հետզ­հե­տէ աւե­լի ծա­ւա­լե­ցաւ եւ ի վեր­ջոյ հրա­շա­կեր­տեց այն յաղ­թա­նա­կը, որուն կեն­դա­նի ապա­ցոյցն է այ­սօր, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւնը:

Ակն­թարթ մը մէկ­դի դնե­լով նա­հանջ (…կամ ան­նա­հանջ) տար­ուան ստեղ­ծած յա­ւել­եալ մէկ օրը, Փետր­ուար 28-ին կը յա­ջոր­դէ Մարտ 1-ը…այլ պատ­մա­կան օր մը, որ հա­զիւ երեք տար­ուայ պատ­մու­թիւն ու­նի:  Բո­լո­րո­վին տար­բեր պատ­մու­թիւն, դէպք, իրա­դար­ձու­թիւն, լուռ ցա­ւեր եւ ամօ­թա­լի տե­սա­րան­ներ…Վայր.- Հա­յոց Պե­տա­կան Տան սիր­տը` Երե­ւան, ուր նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը հա­զիւ աւար­տած, ծայր առած էր խռո­վու­թիւն, ցոյց եւ կո­ղո­պուտ: Պա­տա­հա­ծը հա­յա­հոծ գա­ղու­թէ մը ներս, տար­բեր շրջան­նե­րէ ժա­մա­նած հա­յոր­դի­նե­րու մի­ջեւ ստեղծ­ուած ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւնն ու ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւնը չէր: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն էր որ այ­լան­դակ­ուած, սայ­թա­քած, խծբծուած ու մէկ­դի շպրտուած էր: Այս ան­գամ, հա­յը` հա­յուն չէր հան­դուր­ժեր եւ այդ ալ իր եր­դի­քին տակ: Հար­ցը ազ­գա­յին եւ ներ­քին բնոյթ ու­նէր…ներ­քին խռո­վու­թիւն ու ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն:

Իսկ այ­սօր, այդ զար­հու­րե­լի, գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ ու սահմռ­կե­ցու­ցիչ տե­սա­րան­նե­րու եր­րորդ տա­րե­լի­ցը շատ աւե­լի շեշ­տա­կի ձե­ւով ահա­զանգ կը հնչէ…նկա­տի ու­նե­նա­լով Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած ու հրաբ­խա­յին հա­մա­ճա­րակ-յե­ղա­փո­խու­թիւնը:…Ժա­մա­նակն է զգաս­տա­նա­լու, են­թա­գի­տակ­ցե­լու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տար­րա­կան կա­նոն­ներու եր­բեք չխախ­տե­լու:

՛՛Հայրենիք՝՝ Մարտ 3, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles