Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը հիւրընկալեց Հիւսիւսային Ամերիկայի Երեք Շրջաններու Միջ-Դիւանային 8-րդ Ժողովը Փետրուար 12, 2011 ին, Հայրենիք շէնքէն ներս, Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց:
Արեւելեան Շրջանի, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ բարի գալուստի խօսքերով ու Յառաջ Նահատակ Քայլերգով բացուած յայտարարեց Միջ-Դիւանային 8-րդ Ժողովը: Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Վահրամ Դանիէլեան խօսք առնելով յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Ժողովականները առիթը օգտագործեցին արագ ծանօթացման ու ընտրուեցաւ Ժողովի Դիւանը հիւրընկալող շրջանի Վարչութեան կազմէն Եղբ. Պետիկ Տէր Վարդանեան Ատենապետ, եւ Եղբ. Լեւոն Սահակեան Ատենադպիր:
Ժողովը կեդրոնացաւ երեք շրջաններու միացեալ կայքէջի պատրաստութեան, որը արդէն Արեւմտեան շրջանը ստանձնած է ու կարելի է օգտագործել զայն: Ինչպէս նաեւ սերտուեցաւ Սքայփի դրութեամբ եռամսեայ երեք շրջաններու հանդիպումներ ունենալ:
Ժողովը արժեւորում կատարեց Համա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ Բանակումին: Շրջանային Վարչութիւններ ու Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդներ մեծապէս գնահատեցին այս առիթը, ուր աշխարհացրիւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կը միանան մէկ բանակավայրի մէջ, մօտէն կը ծանօթանան զիրար ու անմոռանալի յիշատակներով կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը: Ժողովը անդրադարձաւ թիւի սահմանափակումին որը մեծ անպատեհութիւններ ստեղծեց շրջաններէն ներս: Թիւի սահմանափակումը Պատգամաւորական Ժողովի որոշումն էր:
Ժողովի հիմնական օրակարգերէն մէկն էր ՀՄԸՄևի յառաջիկայ տասնամեակի ռազմավարական ծրագրումներն ու ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ երեք շրջաններու միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները ըլլան անոնք Մարզական, Սկաուտական, Դաստիարակչական, եւ կամ Կազմակերպչական: Այս յանձնախումբի աշխատանքը չորս տարիներու վրայ երկարած էր, կեդրոնացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ապագային ու թղթածրար մը պատրաստուած է ներկայացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական Ժողովին:
Շրջանները անդրադարձան նաեւ Դաստիարակչական Սեմինարներու կարեւորութիւնը, պատրաստելու ապագայ պատասխանատուներ, մարզիչներ ու մարզիկներ:
Ժողովականներ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց շրջանները շարունակելու իրենց ուսերուն վստահուած այս ազգային գործը: