Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Եորքի Մայր մասնաճիւղի աւանդական Տօնական օրերու ուտեստեղէնի եւ զարդարանքներու վաճառքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Ճան Բաշալեան սրահին մէջ:
Յանուն «Մայր» մասնաճիւղի Վարչութեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ատենապետուհի՝ Մարիա Եփրեմեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոգաբարձութեան որ սիրայօժար սրահը կը տրամադրեն եւ միշտ նեցուկ կը կանգնին Հ․Օ․Մ․-ի բոլոր ձեռնարկներուն, Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն՝ քաջալերանքին եւ մասնակցութեան համար: Վարձքը կատար բոլորին:
Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան,խօսք առաւ շեշտեց թէ Եկեղեցին եւ ՀՕՄ-ը միշտ ձեռք ձեռքի միասնաբար կ’աշխատին համայնքին եւ հայ ժողովուրդին համար: Տէր հայրը նշեց նաեւ որ յառաջիկայՄարտին, Հ․Օ․Մ․-ի մեծ ընտանիքը պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 115-ամեակը, ձեռնարկներու մեկնարկը սկսելով Մայր Եկեղեցիէն:
Ձեռնարկը շատ բարեբեր էր շնորհիւ մեր սիրելի ընկերուհիներուն եւ համակիրներուն: Վարձքը կատար վարչութեան, այս ձեռնարկի յատուկ յանձնախումբին, անդամուհիներուն, եւ բոլոր ներկաներուն իրենց կամաւոր աշխատանքին, նուիրումին, եւ քաջալերանքին:
Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս տարուայ ուտեստեղէնի եւ զարդարանքի վաճառքը: Հասոյթը պիտի տրամադրուի Հ․Օ․Մ․-ի ծրագիրներուն, յատկապէս «Քէմփ Հայաստան»-ին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ
մեր հայրենակիցներուն: