Երեւանի Մէջ Միջազգային Խորհրդաժողով՝ «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք, Թէ՞ Հնարաւորութիւն»

0 0
Read Time:4 Minute, 50 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու տարբեր շերտերուն:

Զեկուցումներով հանդէս եկան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկումներ ծաւալեցին հետեւեալ առանցքային նիւթերուն շուրջ.-

-Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը` իբրեւ անվտանգային եւ զսպիչ գործօն։
-Աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. համաթրքականութիւնը շրջանային սպառնալիք։
-Հայ-թրքական տնտեսական յարաբերութիւններ. Կախուածութի՞ւն, թէ՞ հնարաւորութիւն:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ փանթրքութիւնը հնամաշ գաղափարախօսութիւն մը կամ շարժում մը չէ, այլ՝ այժմէական սպառնալիք։

«Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը ապահովական զսպիչ գործօն է: Անհրաժեշտ է հզօրացնել բանակը, որպէսզի անիկա կարենայ հայրենիքին ապահովութիւնը ապահովել, անհրաժեշտ է բարձրացնել յարաբերութիւններու որակը միջազգային ուժերուն հետ, ինչպէս՝ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի», շեշտեց ան։

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Թուրքիա այսօր մեծ ազդեցութիւն ունի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վրայ՝ ընդգծելով, որ ամէն պարագայի այնպէս չէ, որ Թուրքիա անսահմանօրէն ուժեղ է:

Խօսելով փանթրքական սպառնալիքներուն մասին` ան ըսաւ հետեւեալը. «Միայն մենք` հայերս չէ, որ դժգոհ ենք Թուրքիայից, եւ այդ  բոլորի հետ պէտք է գործակցենք»:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը ապագայի հիմնական հարցերէն է՝ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ հայ ազգին համար` նկատի ունենալով, որ Հայաստանը մեր ազգին հայրենիքն է։ Ըստ Փափազեանի՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը նախ կ՛ենթադրէ սահմանի բացումով թրքական աժան ապրանքի ներհոսք, հայկական ընկերութիւններու սնանկացում եւ անոնց վաճառքը թրքական ընկերութիւններուն, Հայաստանէն բնակչութեան արտագաղթ` 10 տարուան ընթացքին 500 հազար անձեր:

«Հայաստանի բնակչութեան մէկ մասը եւ Սփիւռքը չեն ընդունիր Հայաստանի թրքացումը, Այդ պատճառով է, որ Սփիւռքը չի գար Հայաստան», շեշտեց Փափազեան` աւելցնելով, որ այդ պայմաններուն մէջ պանդոկի գործարարութիւնը կը նահանջէ, եւ թրքական ընկերութիւնները կը գնեն զանոնք։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի թրքացումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Հայաստան եւ Սփիւռքը վերածուին երկու առանձին միաւորներու:

Փափազեան յայտարարեց, որ ինք տակաւին չի խօսիր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին եւ փոխհատուցման մասին, որոնց ուղղութեամբ Սփիւռքը զգալի յաջողութիւններու հասած է, ինչ որ կը զայրացնէ Թուրքիան:

Ան նաեւ առաջարկեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով համահայկական հանրաքուէ մը իրականացնել:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան շեշտեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը վերաբերին մեր ժողովուրդին համար կարեւոր հարցերուն եւ իրենց բնոյթով դուրս են զուտ երկկողմ ձեւաչափէ, եւ անոնք ունին աւելի լայն տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Առ այդ, այս կապերուն սպառնալիք եւ կարելիութիւն ըլլալու հանգամանքը ան բնութագրեց հետեւեալ կերպով. «Կախուած է նրանից, թէ որքանով ենք կարողանում բացառել հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովրդի շահերը, լինելիութիւնն ու առաջընթացը վտանգող զիջումները եւ պաշտպանել մեր անժամանցելի իրաւունքները»:

Ան զգուշացուց Հայաստանի թրքացումէն, որ կը դրսեւորուի հանգրուանային կենսական զիջումներով եւ կը յայտնուի հիմնական չորս մակարդակներու վրայ` աշխարհաքաղաքական, իրաւաքաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր, մշակութային, տեղեկատուական ու կրթական:

«Այս պայմաններում, երբ էթնիկ ազգակցութեամբ նոյնացած Թուրքիան եւ Ադրբեջանը հանդէս են գալիս մեզանից կենսական զիջումներ պահանջող վերջնագրերով, պաշտօնական Երեւանի ամէն գնով խաղաղութեան հասնելու ձգտումները միայն մի դէպքում կարող են իրականութիւն դառնալ` թուրք-ատրպէյճանական պահանջները ամբողջութեամբ բաւարարելու պարագայում:

Եւ բոլորովին պատահական չէ, որ այս իշխանութիւնները ձեռնամուխ են եղել այդ պահանջները հիմնաւորելուն եւ կատարելուն: Փաստացի այս վարչախումբը լծուել է թուրք-ադրբեջանական շահերը պաշտպանելու գործին, որովհետեւ այլ կերպ չի պատկերացնում հաշտեցումը նրանց հետ», յայտնեց Ռուստամեան:

Այս կացութեան մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց կենսական զիջումները բացառող եւ հայութեան հաւաքական կամքը արտայայտող նպատակադրումներով առաջնորդուիլ:

Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները միայն քաղաքական կամ դիւանագիտական հարցեր չեն, այլ մեր ազգային-պետական գոյութեան եւ ինքնութեան հարց:

Ան լուսարձակի տակ առաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած ներքին եւ տարածաշրջանային կացութիւնը, Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիքները՝ շեշտելով. «Ի վերջոյ` պէտք է գիտակցենք, որ Ատրպէյճան-Թուրքիա լծակից զոյգին նպատակը միայն տարածքների զաւթումը կամ տնտեսական շահերը չեն: Նրանց վերջնական նպատակը մեր ազգային ինքնութեան ոչնչացումն է»։

Սաղաթէլեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ ինքնութեան ոչնչացման փւլերուն եւ ձեւերուն մասին, որոնք կը վերաբերին որեւէ ազգի կամ ցեղախումբի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային դիմագիծի վերացման՝ լեզուի եւ կրթական համակարգի փոփոխութիւն, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում կամ իւրացում,  պատմական փաստերու կեղծում, բնակչութեան բռնի տեղահանութեան կամ ձուլման քաղաքականութեան գործադրութիւն, ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու նսեմացում կամ արգիլում»:

Ան նշեց, թէ ապազգայնացումը կամ էթնիկ ինքնութեան ոչնչացումը կը ներառէ շարք մը գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են որեւէ ազգի կամ էթնիկ խմբի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային դիմագծի վերացմանը, նշելով, թէ ապազգայնացումը կ՛իրականացուի տարբեր ձեւերով`

  • լեզուի եւ կրթական համակարգի փոփոխութեամբ․
  • մշակութային ժառանգութեան ոչնչացմամբ կամ իւրացմամբ․
  • պատմական փաստերի կեղծումով․
  • բնակչութեան բռնի տեղահանումով կամ ձուլման քաղաքականութեան գործադրմամբ․
  • ազգային արժէքների եւ աւանդոյթների նսեմացմամբ կամ արգելքով:

«Այս շղթայի մաս են կազմում Անկախութեան հռչակագրի նկատմամբ ոտնձգութիւնները, հայկական բանակի վրայ յարձակումները: Այս երեւոյթի դրսեւորումներն են Հ․Հ․ պետական խորհրդանիշերի, զինանշանի եւ օրհներգի դէմ յարձակումները, դրանք փոփոխելու առաջին հայեացքից անտրամաբանական ցանկութիւնները, բայց խորքում հայկականութեան դէմ պայքարը: Այս գործընթացի դրսեւորումն է նաեւ իշխանութեան կողմից դաշտ նետուող` իրակա՞ն, թէ՞ պատմական Հայաստան, Արագա՞ծ, թէ՞ Արարատ արհեստական քննարկումները: Այս համատեքստում է նաեւ Արցախի ժողովրդի հաւաքական իրաւունքների պաշտպանութիւնից եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացից հրաժարումը», դիտել տուաւ Սաղաթէլեան, որ իր խօսքը եզրափակելով՝ շեշտեց, որ հրաժարելով մեր իրաւունքէն, կը հրաժարինք մեր ապագայէն։ «Սա պարզ ընտրութիւն է` դառնալ ազգային պետութիւն, որոշել սեփական ճակատագի՞րը, թէ՞ անվտանգութիւն մուրալ թշնամիներից: Հետեւաբար, մենք չենք կարող հրաժարուել մեր պաշտպանութիւնից «խաղաղութիւն» բառը վերագրում պարունակող ինչ-որ թղթերի դիմաց: Հայաստանի ապագան կարող է կառուցուել միայն ուժի, ազգային արժանապատուութեան եւ մեր անժամանցելի իրաւունքների պաշտպանութեան վրայ։ Հիմա արդէն կարող ենք վստահօրէն ասել` Արցախի գրաւումով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան  ամրապնդեցին իրենց դիրքերը տարածաշրջանում։ Ուժերի հաւասարակշռութեան բացակայութեան պայմաններում Թուրքիան այսօր բացարձակ անպատժելիօրէն է գործում ողջ տարածաշրջանում, եւ դրա վկայութիւնն են վերջին զարգացումները:

Կարծում եմ, արդէն բոլորի համար պարզ դարձաւ, որ հայկական Արցախը զրահաբաճկոնի դեր էր կատարում ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ տարածաշրջանի համար` պահպանելով ուժային հաւասարակշռութիւն եւ տարածաշրջանային կայունութիւն:

Ի վերջոյ` պէտք է գիտակցենք, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նպատակը միայն տարածքների զաւթումը կամ տնտեսական շահերը չեն: Նրանց վերջնական նպատակը մեր ազգային ինքնութեան ոչնչացումն է», հաստատեց Սաղաթէլեան։

Խորհրդաժողովին ընթացքին զեկուցումներով նաեւ հանդէս եկան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles