Լաւատեղեակ ենք, թէ անորոշ եւ անստոյգ օրեր կ՛ապրի Սուրիան եւ իր հետ նաեւ հոն ապրող մեր հայութիւնը: Սակայն, ո՞վ տեղեակ չէ, թէ սուրիահայութիւնը պատմութիւն ունեցող եւ մանաւանդ համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մըն է, բայց այս օրերուն ճակատագրի բերումով, իրեն համար լոյսի եւ օդի չափ եւ աւելի, անհրաժեշտ է նիւթական օժանդակութիւնը: Մէկ խօսքով, գուշակ ըլլալու կարիք չկայ: Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ տառապող գաղութ մը կայ…սուրիահայութիւն:
Յիշեցնեմ, որ ե՛ւ սփիւռքահայ, ե՛ւ պատմական մայր գաղութ է Սուրիան, նաեւ իր պատմական Հալէպով ու հայութեամբ, որ այս օրերուն դժբախտաբար իրմէ անկախ, դարձեալ անորոշ մթնոլորտի մը մէջ կ’ապրի: Չափազանց բարդ: Անակնկալ: Անհասկնալի: Անհաւատալի: Անգուշակելի: Եւ Սուրիան՝ իր Հալէպով, Դամասկոսով, Լաթաքիայով եւ հայաշատ միւս բոլոր քաղաքներով, մեր լինելիութեան հետ ամրօրէն կապուած է: Այս գաղութը ունի մեծ արժէք ու նոյնիսկ շատերուս համար սուրիական հողը, մեր երկրորդ հայրենիքը նկատուած է: Հող մը, որ հայերուս համար փրկութեան լաստ եղած էր, յատկապէս ասկէ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ: Իսկ այսօր՝ իր ներկայ մթնոլորտը, մեզ բոլորս կը դնէ համազգային
օգնութեան փութալ:
Նաեւ աւելցնենք, որ սուրիահայութիւնը, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, իր եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ մարզական փորձառութեամբ, որոշ ու նախանձելի աշխուժութեամբ հաստատուն գաղութ մը կը ներկայացնէ: Ահա թէ ինչո՞ւ անոր պահպանումն ու գոյատեւումը առաջնահերթ է, թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ ալ սփիւռքի տարածքին ապրող հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ հաւասարապէս: Իր բոլոր շրջաններէն ներս, յատկապէս Հալէպ՝ կայ եւ տակաւին կը մնայ հայուն ինքնատիպ նկարագիրը:
Հալէ՛պ, կ’ըսեմ ու կը շեշտեմ… այս պատմական քաղաքը դարձած է սփիռքահայ աւանդապահ այն քաղաքը, որ հարուստ է հայրենի մեր սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով:Անոր համար անոր գոյութիւնը կենսական է ու պէտք է որ ան գոյատեւէ՛, յանուն հայու մեր ինքնութեան: Ու թող տարօրինակ չթուի, եթէ մատնանշեմ, թէ շատերուս մօտ տակաւին մեր Հալէպի հողին ջերմութիւնը մնացած է կարօտով:
Արդ, այս նախաբանէն ետք, կու գանք նաեւ յիշեցնել, թէ տակաւին տարիներ առաջ, Սուրիոյ երկար եւ քանդիչ ու աւերիչ պատերազմի սկիզբին, մեր այս շրջանէն ներս կեանքի կոչուած էր SARF-ը՝ «Սուրիահայ Օգնութեան
Ու պէտք է ըսել, որ պատմութիւնը վկայ, մեր ժողովուրդի արեան կանչին մէջն է օժանդակելու, շուտափոյթ օգնութեան հասնելու իրագործ ոգին, որովհետեւ զայն նկատած է իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն:
Յիշենք նաեւ, թէ խրախուսիչ ու երախտապարտ այդ ձեռնարկներուն, մեր գաղութը ո՛չ միայն իբրեւ պարզ հանդիսատես ներկայ գտնուած էր, այլ՝ իրազեկ դարձած օրուան սրբազան նպատակին ու դրական կերպով նուիրաբերելով, իր զօրակցութիւնը յայտնած սուրիահայութեան, որովհետեւ զայն նկատած էր սփիւռքի հայութեան գլխաւոր ողնասիւններէն մէկը: Ու այս ոգիէն մեկնած, օրին հայրենիքի կողքին, սփիւռքեան բազմաթիւ գաղութներ այս ուղղութեամբ ալ սկսած էին շարժիլ, գործել եւ նիւթապէս օժանդակել:
Տեղին է յիշել, թէ օրեր առաջ, Կիլիկիոյ Աթոռի Գահակալ՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրախնամ հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան գլխաւորութեամբ, առանց յարանուանական խտրութեան, ընթացք առած էր հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումի ծրագիրն ու իրագործումը: Այս ինքնին արդէն օրինակելի նախաձեռնութիւն մըն էր, օրհնեալ ըլլալով միատեղ:
Արդ, կարեւոր, հրատապ ու կենսական ալ է SARF-ը կեանքի կոչելը: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ հեռուներէն միայն յոյս ներշնչելը իմաստազուրկ է: Անհեթեթ: Որովհետեւ, սուրիահայութեան ներկայ կարիքները անսահման են։
Ուստի, այս տխուր իրավիճակէն մեկնած, Սուրիոյ մեր հայ գաղութին շտապ եւ անյապաղ նիւթական օգնութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը դասելով այժմէական եւ առաջնահերթ, մեր շրջանէն ներս կենսական է փոյթով կեանքի կոչել, վերակենդանացնել նախապէս ներկայացուցչական բնոյթ կրող կազմակերպիչ գլխաւոր յանձնախումբ՝ SARF-ը- «Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտ»-ը ու անոր ծրագրելիք բոլոր հրապարակային ձեռնարկներուն մեր դրական մասնակցութիւնն ու քաջալերանքը:
Սակայն այս բոլորը գիտնալը բաւարար չէ: Կարեւորը՝ դրական եւ գործնականապէս մասնակից դառնալն է մեր գաղութէն ներս ծրագրուելիք հանգանակութիւններուն: Էականը՝ նուիրաբերելն է:
Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին գերագոյն պարտականութիւնն է մեր գաղութէն ներս եւ նոյնիսկ բոլոր գաղութներէն ներս, ողջունել SARF-ի ծնունդը ու միասնաբար, համադրուած աշխատանքով եւ արագութեամբ կատարենք մեր խղճի ու մանաւանդ ազգային պարտականութիւնը:
Օրին լաւատեղեակ եղանք եւ նոյնքան ալ ականատես, թէ ինչպէ՞ս մեր գաղութէն ներս խումբ մը հայորդիներ, անձնազոհ մարդիկ, ազնիւ ոգիով գիտակից ազգայիններ, միշտ պատրաստ եղած էին եւ իրենց լուման եւ օժանդակութիւնը անսակարկ ի սպաս դրած SARF- ի բոլոր ծրագրումներուն: Պարտաճանաչ հայու վայել եւ օրինակելի կեցուածք, որուն համար գաղութը միշտ երախտապարտ պիտի մնայ:
Ու գիւտ մը ըրած չենք ըլլար, երբ նշենք, որ այս մեր ապրած հայահոծ գաղութին ուսերուն կ’իյնայ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին խիղճէն եւ գիտակցութենէն կախեալ է SARF-ի վերակենդանացումն ու յաջողութիւնը: Ճիշդ է, որ մեր կեանքին նպատակները բազմազան են, իսկ ընտրութիւնը՝ կախում ունի մեր կամքէն, սակայն այս պարագային կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական վիճակներու եւ պայմաններու մասին:
Նաեւ ազգովին կը հաւատանք, որ նուիրումի եւ զոհաբերութեան տակ ապրող ժողովուրդ մը եղած ենք եւ կը մնանք: Այս պարագային, մեզի կը մնայ նախ սթափիլ, ապա նիւթապէս զոհաբերել: Յուսահատիլը արդէն ողբ է: Պէտք չէ մնալ պարզ հանդիսատեսի դիրքին վրայ: Մեր բոլորին պատասխանատու կեցուածքն է պէտք: Որովհետեւ շեշտաւորուած իրականութիւն մը կայ: Վտանգուած է մեր մայր գաղութը: Տագնապը մեծ է՝ ըսինք: Ուստի նախապայման է վերստեղծել SARF-ը եւ ապա՝ դրական կերպով զօրակցիլ անոր հրապարակային բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ա՛յս է ահա, այս օրերու հրամայականը: