ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- «ԼՈՒՌ ԱՂՕԹՔ»՝ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7-ի առաւօտեան, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Լուռ կամ կեդրոնասոյզ աղօթք»-ի աշխատանիստը՝ հովանաւորութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին։

Յայտագիրը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեամբ, որուն հետեւեցաւ լռութեան մէջ ինքնամփոփման պահ մը։ Ապա, ներկաները փոխադրուեցան «Ճան Բաշալեան» սրահ։

Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, բացման խօսքը կատարելով, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով նման հաւաք մը տեղի կ՚ունենար առաւել եւս զարգացնելու համար հոգեւոր մեր կեանքը աղօթքի փորձառական եւ գործնական մեթոտով Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու համար։ Ան բարձրօրէն գնահատեց իր հրաւէրով Մոնրէալէն ժամանած Կարօ Սրկ. Նոխուտեանը, որ իր անձնական փորձառութեամբ հաստատած էր կեդրոնասոյզ աղօթքի այս խիստ օգտաշատ ձեռնարկը Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան գնահատեց տիար Րաֆֆի Արտհալճեանը, որ Գալիֆորնիայէն ժամանած էր գործնականապէս քաջալերելու հոգեւոր այս սեմինարը։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին, որ սիրայօժար տրամադրած էր եկեղեցւոյ սրահը այս նպատակին համար, ինչպէս նաեւ Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանին, որ իր գործօն ներդրումը ունեցած էր կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ։ Ներածականի այս բաժինէն ետք, իւրաքանչիւր մասնակից ինքզինք ներկայացուց, եւ յայտնեց, թէ ի՞նչ ակնկալութեամբ փափաքած էր ներկայ ըլլալ հոգեգրաւ այս դասախօսութեան։

Այնուհետեւ, Կարօ Սրկ. Նոխուտեան սկսաւ աշխատանիստի ներկայացման, որ կը բաղկանար չորս զրոյցներէ՝ «Աղօթքը որպէս յարաբերութիւն», «Կեդրոնասոյզ աղօթքի մեթոտը», «Մտածումներու տնօրինում» եւ «Աստուծոյ հետ յարաբերութեան խորացում»։ Իւրաքանչիւր զրոյցի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու։

Քրիստոնէկան այս լուռ աղօթքի մեթոտը սորվելէ ետք, 2-0ական վայրկեանի տեւողութեամբ երկու տարբեր պահերով ներկաները զայն փորձարկելով, նկատեցին թէ աղօթական այս մեթոտը ինչպէս կրնայ դրական կերպով պատասխանել աշխարհի ժխորին։

Յետ միջօրէի ժամը 3-ին, Արժպ. Տէր Վահանի փակման խօսքէն ետք, ներկաները, հոգեւորապէս լիացած ու շնորհակալ սրտով, բաժնուեցան՝ վերանորոգուած քրիստոնէական շունչով եւ ներկայացուած աղօթքի մեթոտը առօրեայ վարժանքի վերածելու խոստումով։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, շուտով Կեդրոնասոյզ Աղօթքի խումբ մը պիտի յառաջանայ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի մէջ, որ 2025-ի Յունուարէն սկսեալ շաբաթական հանդիպումներով նեցուկ պիտի կանգնի մասնակիցներու առօրեայ վարժանքին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles