«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Իմաստուն ղեկավարը երբեք պէտք չէ պահէ հաւատքը, երբ նկատէ որ ատիկա կը հակասէ իր շահերուն»։
Նիքոլօ Մաքիաւելլի (իտալացի իմաստասէր-գրող-քաղաքագէտ 1469-1527)
Միջին Արեւելքը կ՛եռայ աննախընթաց նորութիւններով։ Կաթսային տակի կրակը զօրացած է, ճաշը կ’եփի այրելու աստիճան, պայթումներ իրարու կը յաջորդեն։ Օրը նոր, դէպքերը նոր, եւ այս բոլորը՝ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ: Իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահելը հիմա շատ աւելի դժուարացած է:
Հանրահռչակ իտալացի պատմաբան, վերլուծաբան եւ կշռադատող փիլիսոփայ Մաքիաւելլի՛ն իսկ, եթէ այս օրերուն ապրէր, պիտի մոլորուէր։ Նոյն վիճակին կրնային մատնուիլ, առաւել կամ նուազ՝ իրմէ ներշնչուած այլ հանճարներ՝ գերմանացի Ֆրիտրիշ Նիչէ կամ ֆրանսացի Ժան Ժագ Ռուսօ։
Լիբանան-Իսրայէլ զինադադարը հազիւ իզօրու դարձած, Սուրիան էր, որ դարձեալ բռնկեցաւ: Եւ այսպէս, տասը օրուան մէջ փուլ եկաւ աւելի քան յիսուն տարուան կեանք ունեցող՝ տեղւոյն «Պաաս» կուսակցութեան եւ Ասատ ընտանիքին «բուրգ»-ը, կառոյց մը, որ իրերայաջորդ հարուածներու հետեւանքով սկսած էր խարխլիլ եւ ի վերջոյ հասաւ վախճանի մը։
Բարեբախտաբար արիւնալի չեղաւ փլուզումը եւ շատ արիւն չհոսեցաւ: Բախումներն ալ կարճատեւ էին եւ համեմատաբար սահմանափակ: Յուսալի է, որ այսպէս ալ շարունակուի, թէեւ Թուրքիա եւ Իսրայլ արդէն իսկ դանակները սրած են եւ պատառներ կը խլեն Սուրիայէն (Կոլան, հիւսիսի սահմանային գօտի), լուրեր կը հասնին քիւրտերու դէմ հալածանքի եւ սպանդի թրքաբարոյ արարքներու մասին…
Առաջին ակնարկով, հմտօրէն եւ ամենայն բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր այս յեղաշրջումը։ Եթէ պահ մը վերջին քանի մը շաբաթներու յայտարարութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները յիշենք, յստակ կ’ըլլայ, թէ Արեւմուտքն ու Թուրքիան (ներկայ կացութեան թիւ մէկ դերակատարն ու մեծագոյն օգտուողը) միասնաբար գործակցելով ձեռք առին Սուրիոյ ղեկը, որոշ դերակատարութիւն վստահելով Իսրայէլի: Բնականաբար կարելի չէ մտահան ընել նախընթաց տարիներու կեցուածքներն ու սպառնալիքները, բարեկամութիւն-թշնամանք երթեւեկները…։
Բացայայտ դարձաւ, որ մինչեւ իսկ Ռուսաստանը, պարզ լեզուով՝ «ձեռքերը լուացած էր» Դամասկոսի վարչակարգէն, մանաւանդ որ կը թուի ապահոված ըլլալ Լաթաքիոյ շրջանի իր նաւային եւ օդային ռազմակայաններուն անձեռնմխելիութիւնը։ Միայն Պարսկաստանն էր, որ պատրաստակամութիւն յայտնած էր ոգի ի բռին օժանդակելու, սակայն ի վերջոյ Ասատ հասկցած էր, թէ նախընտրելի է անարիւն աւարտ մը։
Դարձեալ յիշենք Մաքիաւելլին. անոր ամենածանօթ մէկ խօսքն էր որ կը հնչէր կարծէք․ «Աւելի լաւ է որ վախ սփռես, քան սիրուիս՝ երբ չես կրնար երկուքն ալ ունենալ»:
Մերթ սիրուեցաւ, մերթ վախ սփռեց եւ սակայն ի վերջոյ երկրէն հեռացաւ Ասատ, իր ընտանեկան մօտիկ պարագաներուն հետ։ Վախճան մը՝ որուն չարժանացան Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնն ու Լիպիոյ Մուամմար Քազաֆին (ի շարս այլոց)։ Հիմա, մարդոց կը թելադրուի մոռնալ տագնապին նախընթաց տարիներու բարգաւաճումն ու զայն կործանող ազդակները, կը ցուցահանուին իշխանական դասու բացասական կողմերը:
Անշուշտ երկրէն ներս ստեղծուած անմիջական պատկերը սպասելի էր։ Անդորրութիւնը խախտելէ աւելի՝ անիշխանական վիճակը դարձաւ տիրապետող, յիշեցնելով տարիներ առաջ Լիպիոյ եւ Իրաքի վիճակուած ճակատագիրը։ Սակայն չմոռնանք, որ Սուրիոյ տնտեսական կարողականութեան կողոպուտը՝ Իրաքի սահմանամերձ գօտիին քարիւղի դաշտերուն օտարներու կողմէ շահագործումը սկսած էր աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, դառնալով տնտեսական անկումի պատճառներէն մէկը:
Մութ ամպերուն շուրջ փոքր լուսաւոր երիզ մը կ’երեւի. Սուրիոյ կառավարութիւնը գործակցութեան տարազ մը կը հետապնդէ ընդդիմադիրներուն հետ, իշխանութեդան անցնցում փոխանցման համար: Մարդիկ գրաւ կը դնեն, որ այս ընտրանքը յաջողի:
Յամենայնդէպս, յառաջիկայ շաբաթները ճակատագրական են այս երկրին համար, ուր, հակառակ ահաւոր ու դաժան պայմաններուն, կը շարունակէ գործել յաջորդական ցնցումներու ենթարկուած ու վերստին կանգնած մեր գաղութը։
Պատմութիւն կերտած է սուրիահայ գաղութը, Հայոց Ցեղասպանութեան դաժան օրերէն ի վեր, նաեւ անկէ շատ առաջ։
Սուրիահայ համայնքը միշտ ալ եղած է ու պիտի մնայ ջատագովը երկրի պետականութեան, սատարելով երկրի բարօրութեան ու բարգաւաճումին, նաեւ տարածքային ամբողջականութեան եւ տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան:
Տեղին է մէջբերել Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կոչէն մաս մը, թէ․ «Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն»:
Լիբանանի կողքին, Միջին Արեւելքի ամենէն աշխոյժ այս գաղութը եզակի եւ օրինակելի է։
Արդարեւ, հակառակ այդ ահաւոր պայմաններուն, Հալէպի զանազան եկեղեցիներու մէջ, ի յիշատակ 7 Դեկտեմբեր 1988-ին, Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն՝ սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ։ Նման նախաձեռնութիւն ընդհանուր առմամբ նոյնքան բծախնդրութեամբ եւ լրջութեամբ չկատարուեցաւ նոյնինքն մայր հայրենիքին մէջ։
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տրուած է բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան, առանց յարանուանական խտրութեան։
Ուստի, ժամանակ չկայ կորսնցնելու։
Օշականի նկարագրած ՍՓԻՒՌՔի ծննդոցը կարիքն ունի թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական օժանդակութեան։
Պէտք է ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ դնենք թիկունք կանգնելու եւ օգտակար դառնալու փոթորիկի նորագոյն ալիքներուն մէջ բռնուած մեր հայրենակիցներուն։