Անդրադարձ.- Տարածաշրջանային Պատերազմներու Վտանգը Միջին Արեւելքի Մէջ – Հնդկաստանի Դիտանկիւնէն

2 0
Read Time:7 Minute, 6 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
8 Դեկտեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Ծ․Խ․- Այս է խորագիրը Ռուբալ Միշրայի, Rupal Mishra, 3 Դեկտեմբեր 2024-ի յօդուածին, որ ներկայացուցած է Ռուսիոյ մէջ կիսապաշտօնական մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայյ» միջազգային քննարկումի ակումբին (1): Ստորեւ Վալտայյի կայքէջէն անգլերէնէ կը թարգմանեմ լրիւ յօդուածը. –
 
Նախաբան – «Քանի որ Միջին Արեւելքի լարուածութիւնը կը շարունակէ սաստկանալ, Հնդկաստանը ինքզինք գտած է տնտեսական, ռազմավարական եւ ապահովական խնդիրներու բարդ ցանցի մը մէջ: Այն ինչ, որ սկսաւ իբրեւ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւն, այժմ վտանգուած է վերածուիլ աւելի լայն տարածաշրջանային բռնկումի, որ կը ներառէ Իրանը եւ անոր դաշնակիցներու ցանցը: Հնդկաստանի զգալի կապերը Միջին Արեւելքի հիմնական երկիրներուն հետ կը նշանակէ, որ գրաւները մեծ են Նիու Տելհիի համար: Իր շահերը պաշտպանելու համար, Հնդկաստանը պէտք է հաւասարակշռէ անմիջական մարտահրաւէրները ռազմավարական մտահոգութիւններու հետ՝ կեդրոնանալով թէ՛ կարճաժամկէտ կայունութեան, թէ՛ ալ կայուն երկարաժամկէտ մօտեցումի վրայ, կը գրէ «Վալտայյ-Նոր սերունդ» նախագիծին այս մասնակիցը:
Պաղեստինի համակիր Հնդիկ ցուցարարներ:
Արաբ-Հնդկական գործակցութիւն:
«Անմիջական մարտահրաւէրներ.
«Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող հակամարտութիւններուն ամենէն անմիջական եւ նշանակալի ազդեցութիւնը Հնդկաստանի համար, նաւթային հատուածն է, քանի որ տարածաշրջանը կ՚ապահովէ Հնդկաստանի նաւթի մատակարարումներուն հիմնական մասը: Մի՛այն Քաթարը կը հայթայթէ հեղուկ բնական կազի՝ ՀԲԿ կէսէն աւելին: Երկարատեւ անկայունութիւնը Հնդկաստանի տնտեսական եւ ընթացիկ հաշիւին բացը աւելցնելու զգալի վտանգ կը ներկայացնէ, գնաճ յառաջացնելով՝ պետական նպաստի յաւելում, արդիւնաբերութեան համար ծախսերու յաւելում եւ պարարտանիւթերու գիներու աճ, որոնք կրնան ծանրաբեռնել երկրագործական հատուածը: Աւելի՛ն, Հնդկաստանի տնտեսութեան մէջ արաբական տարբեր երկրներու ներդրումային ռազմավարութիւնները կրնան զգալի դժուարութեան հանդիպիլ, եթէ հակամարտութիւնը սաստկանայ:
«Զգալի ազդեցութիւն ունեցան նաեւ բեռնափոխադրումները եւ առեւտուրը: Հութի ապստամբներուն կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները հանգեցուցին նաւագնացութեան ուղիներու խափանումին՝ ստիպելով նաւարկել Ափրիկէի շուրջ: Այս երկարած երթուղին աւելցած է շուրջ 4575 ծովային մղոն եւ 12-էն 14 օր աւելի նաւարկում, որ պատճառած է բեռնափոխադրումներու համաշխարհային սակագիներու կրկնապատկումին եւ ապահովագրական ծախսերու յաւելումին՝ ընդհանուր առաքման արժէքին կէսէն մինչեւ 2 տոկոս:
«Այս մարտահրաւէրները ազդած են Հնդկաստանի ցած ծաւալի արտածումին վրայ, ինչպիսիք են հիւսուածեղէնը եւ արհեստագիտական ապրանքները՝ սպառնալով անոնց շահաբեր ըլլալուն: Հնդիկ արտածողները նաեւ կը յայտնեն, որ միջազգային բեռնափոխադրումներու ուղիներուն միջեւ աճող դժկամութիւն կայ բեռներու տեղաբաշխման մէջ, որ ծախսերու յաւելում պատճառած է:
«Արաբական Ծոցին մէջ բնակող շուրջ 9 միլիոն հնդիկներուն ապահովութիւնը նաեւ հրատապ մտահոգութիւն է, հաշուի առնելով, որ այս արտագաղթողները մեծ դեր ունին Հնդկաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ, իրենց դրամական փոխանցումներուն միջոցով: Հակամարտութեան սաստկացումը կրնայ լուրջ վտանգներ ստեղծել անոնց եւ կրնայ նուազեցնել դէպի տուն դրամական փոխանցումներուն հոսքերը, որոնք օտար դրամանիշի հիմնական աղբիւրներն են: «Բացի այդ, Լիբանանի ՄԱԿ-ի խաղաղապահներուն UNIFIL մէջ կը ծառայեն շուրջ 900 հնդիկներ, որոնք վտանգի տակ են, քանի որ հակամարտութիւնը կը սաստկանայ: Իսրայէլի շարունակուող ցամաքային յարձակումը կը բարդացնէ այդ վտանգը՝ աւելցնելով ինչպէս հնդիկ աշխատողներուն, այնպէս ալ խաղաղապահներուն ապահովութեան շուրջ անորոշութիւնը:
«Ռազմավարական մտահոգութիւններ
«Միջին Արեւելքի մէջ Հնդկաստանի ռազմավարական բնավայրը, որ խնամքով կառուցուած է վերջին տասնամեակին, կը բախի զգալի մարտահրաւէրներու, քանի որ շարունակուող ճգնաժամը կը խանգարէ երկարաժամկէտ նպատակները: Դիւանագիտական եւ տնտեսական նախաձեռնութիւնները, որոնք զօրացուցած են Հնդկաստանի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը, այժմ կը բախի լուրջ խոչընդոտներու՝ շրջանային ուժականութեան փոփոխութեան եւ յետագայ հաւանական հակամարտութիւններու սաստկացումով:
«Այս նախաձեռնութիւններէն են առանցքային գործընկերութիւնները, ինչպիսիք են Հնդկաստան, Իսրայէլ, ԱՄԷ ու ԱՄՆ՝ I2U2, եւ՝ Հնդկաստան-Միջին Արեւելք-Եւրոպա տնտեսական միջանցքը (IMEC): I2U2-ն հիմնուեցաւ թեքնիք՝ արուեստագիտական համագործակցութիւնը խորացնելու եւ անձնական հատուածին ներդրումները խրախուսելու, ԱՄԷ-ի տնտեսական դրամագլուխը, իսրայէլեան եւ ամերիկեան արուեստագիտութիւնը ու Ուաշինկթընի ռազմավարական աջակցութիւնը օգտագործելու նպատակով:
«Միւս կողմէ, IMEC-ը նախատեսուած էր իբրեւ Սուէզի ջրանցքէն աւելի արագ այլընտրանք՝ ապահովելով երթուղի, որ կրնար կրճատել տարանցումի ժամանակը 40 տոկոսով եւ ծառայել իբրեւ Չինաստանի «Գօտի եւ երթուղի»-ի՝ Belt and Road Initiative նախաձեռնութեան ռազմավարական հակակշիռ: Այս ծրագիրներուն նպատակն էր ամրապնդել տարածաշրջանին մէջ Հնդկաստանի դիրքը եւ ընդլայնել անոր հասանելիութիւնը: Սակայն, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ աճող լարուածութիւնը այժմ կը սպառնայ տապալել այդ ծրագիրները»: *Պէտք է նշել, որ այս ուղիները տակաւին չգործադրուած ծրագիրներ են*:
«Իրանի հետ Հնդկաստանի ռազմավարական յարաբերութիւնները, օրինակ՝ Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքը (INSTC) եւ Չապահար նաւահանգիստի նախագիծերը նաեւ, մտահոգութեան այլ պատճառներ են: Այս ծրագիրները հիմնական են Կենդրոնական Ասիոյ հետ աւելի խոր կապի եւ Փաքիստանի առեւտրային ուղիներէն կախեալ չըլլալու Հնդկաստանի ձգտումներուն համար: Քանի որ Իրանը արդէն ենթակայ է միջազգային խիստ պատժամիջոցներու, այդ ծրագիրներուն զարգացումը դանդաղած է: Իրանի մասնակցութեամբ ռազմական գործողութիւններուն սաստկացումը կը սպառնայ, ալ աւելի հետաձգել այդ ծրագիրները՝ խոչընդոտելով տարածաշրջանային կապի եւ տնտեսական լրացումի ուժեղացման Հնդկաստանի տեսլականը:
«Միջին Արեւելքի առաջնորդները Հնդկաստանը չեն համարեր իբրեւ հաւանական հակակշիռ Ուաշինկթընին, ո՛չ ալ իբրեւ անոր փոխարինող: Չինաստանը աւելի կը յարմարի այս դերին: Միջին Արեւելքի առաջնորդները պատրաստ են զարգացնել իրենց տնտեսական կապերը Հնդկաստանի հետ, սակայն, հակառակ իր մեծութեան՝ Հնդկաստանը Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի կամ Եւրոպական Միութեան տեղը չի կրնար առնել, կը գրէ Ռուսլան Մամետով (2):
«Հաւասարակշռուած դիւանագիտական դիրքորոշումի պահպանումը եղած է Հնդկաստանի Միջինարեւելեան քաղաքականութեան հիմնաքարը, որ կը բնութագրուի Իսրայէլի, արաբական երկիրներու եւ Իրանի հետ սերտ կապերով: Պատմական դէպքերը, ինչպիսիք են 2012-ին Տելհիի Իսրայէլի դիւանագէտին կնոջ վրայ յարձակումը եւ Թեհրանի ենթադրեալ մեղսակցութիւնը, ցոյց կու տան այս հաւասարակշռութեան նուրբ բնոյթը: Այժմ, սակայն, ճգնաժամը աւելի լուրջ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ։ Եթէ հակամարտութիւնը ընդլայնուի, եւ աւելի երկիրներ ներքաշուին, Հնդկաստանի երկարատեւ չէզոք քաղաքականութիւնը կրնայ զգալի դժուարութեան հանդիպիլ՝ փորձելով Նիու Տելհիի դիւանագիտական ճկունութիւնը եւ բոլոր կողմերուն հետ յարաբերութիւնները կառավարելու անոր կարողութիւնը:
«Անվտանգութեան մտահոգութիւնները, դիւանագիտութենէն եւ տնտեսական շահերէն դուրս կը մնան, նկատի առնելով ներքին եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը: Միջին Արեւելքը երկար ատենէ ծայրայեղական խմբաւորումներ բուծանելու վայր եղած է, ինչպիսիք են ՏԱԷՇ-ը եւ Ալ-Քաիտան, որոնց ազդեցութիւնը կրնայ տարածուիլ Հարաւային Ասիոյ մէջ, սաստկացած հակամարտութիւններու ժամանակ:
«Այս վտանգը վերջերս մեծցաւ՝ Քերալայի եւ կրօնական բարդ վիճակով Քաշմիրի մէջ, Պաղեստինի զօրակցող ցոյցերով: Հնդկաստանի հետախուզութեան փոխանակման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համագործակցութիւնը Պարսից ծոցի գործընկերներուն հետ, ինչպիսիք են Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն, ամրապնդեցին շրջանային անվտանգութիւնը: Սակայն, տարածաշրջանին մէջ շարունակուող անկարգութիւնները կրնան առաջնահերթութիւնները փոխել՝ տկարացնելով այդ գործակցութիւնը, մէկդի դնելով անվտանգութեան համագործակցութեան ջանքերը։
«Հնդկաստանի դիրքը
«Վերջերս տեղի ունեցած քննարկումի մը ժամանակ, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ դոկտ. Ս. Ճայիշանքար ընդգծեց Հնդկաստանի նուրբ դիրքորոշումը Միջին Արեւելքի հակամարտութեան վերաբերեալ: Ան դատապարտեց հոկտեմբերի 7-ի ՀԱՄԱՍ-ին յարձակումը Իսրայէլի վրայ, իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւն եւ հաստատեց Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը՝ շեշտելով, որ որեւէ ռազմական պատասխան պէտք է համապատասխանէ միջազգային մարդասիրական օրէնքին՝ պաշտպանելով խաղաղ քաղաքացիներուն կեանքը:
«Երկու պետութիւն լուծումը՝ Հնդկաստանի հետեւողական դիրքորոշումը կ՚ընդգծէ եւ իր հաւասարակշռուած եւ գործնական մօտեցումը: Այս յանձնառութիւնը կ՚արտացոլայ անոր մարդասիրական օժանդակութեան մէջ, ինչպիսին է՝ անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ եւ պարէնային օժանդակութիւն տրամադրել Պաղեստինին, ամրապնդելով Հնդկաստանի նուիրումը տարածաշրջանային կայունութեան:
«Ռանճան Մաթայյ՝ Նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ 1990-ականներուն Իսրայէլի մէջ Հնդկաստանի դեսպանը, նոյնպէս նշած է, որ կայուն լուծումը երկու պետութիւն մօտեցումին մէջ է: Ան շեշտած է, որ նոյնիսկ վճռական ռազմական արդիւնքը, հաւանաբար, կը բերէ մի՛այն ժամանակաւոր դարման, այլ ոչ թէ, հակամարտութեան տեւական լուծում: Դեսպան Մաթայյ նշած է, որ թէեւ անմիջական միջնորդութիւնը դժուար է՝ արմատացած դիրքերուն պատճառով, հաւանական ուղի կրնայ ըլլալ պաղեստինցիներուն ժամանակաւոր ինքնավարութիւնը՝ զարգանալու համար դէպի լիարժէք անկախութիւն:
«Ռազմական գործողութիւններուն սահմանափակ ըլլալը, հետագային նշեց Իսրայէլի բանակին խօսնակը, որ հաստատեց. «Համասը գաղափար է… արմատացած մարդոց սիրտերուն մէջ. ով որ կը կարծէ, թէ՝ մենք կրնանք բնաջնջել Համասը, կը սխալի»: Այս մէկը կ՚ընդգծէ, որ ռազմական միջոցները միայն կարճաժամկէտ դադար կը շնորհեն:
«Ռազմավարական վերլուծաբան Ռաժա Մոհան, C. Raja Mohan կը շեշտէ չափաւոր արաբական պետութիւններուն կենսական դերը, տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման մէջ՝ Հնդկաստանի շահերուն համահունչ: ան ջատագովն է Հնդկաստանի կողմէ արաբական երկրներու, Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ ընդգծելով խաղաղութեան համապարփակ ջանքերու կարեւորութիւնը:
«Ի վերջոյ, Հնդկաստանի բարգաւաճումը եւ ռազմավարական շահերը սերտօրէն կապուած են կայուն Միջին Արեւելքի մը հետ: Հաւասարակշռելով անմիջական տնտեսական առաջնահերթութիւնները երկարաժամկէտ դիւանագիտական եւ ապահովութեան ռազմավարութիւններու հետ, եւ աշխուժօրէն մասնակցելով տարածաշրջանային գործընկերներուն հետ՝ Հնդկաստանը կրնայ ճկունութեամբ նաւարկել այս անհանդարտ ժամանակները: Այս բազմակողմ մօտեցումը էական նշանակութիւն ունի մարտահրաւէրներով լեցուն տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը պահպանելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»: Վերջ:
Երկու յօդուածներով նախատեսած էի Սուէզի ջրանցքին հաւանական փակումին մասին՝ 17 Հոկտեմբեր 2023-ին (3) եւ 5 Դեկտեմբեր 2023-ին (4), սակայն կը պատկերացնէի, որ Ամերիկեան-Իսրայէլեան միջոցով պիտի ըլլար այդ խափանումը, քանի որ վերոնշեալ այլընտրանքային ուղիները IMEC-ը որ Աբրահամ ծրագիրն է եւ I2U2-ն, երկուքը ամերիկեան հսկողութեան տակ պիտի իրականացուէին: Սակայն «անակնկալօրէն» Եմէնի Հութիներն էին որոնց հսկողութեան տակ անցաւ Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու երթեւեկելու արտօնութիւնը: Արդեօ՞ք այս մէկը պատահական էր:
Սէուտական Արաբիայէն եւ Յորդանանէն անցնելիք այս ուղիները, առայժմ, առաջինը սառեցուց՝ Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան պատճառով: Իսրայէլ ցարդ աւելի քան 45 հազար խաղաղ բնակիչ սպաննեց, որոնց 17 հազարէն աւելին երեխաներ, եւ վիրաւորեց շուրջ 106 հազար՝ շարունակելով անխնայ ռմբակոծել բնակելի շէնքեր եւ թաղամասեր:
1948-ին պաղեստինի հողին վրայ ստեղծուած ցեղասպան Իսրայէլի հետ կարելի չէ ապագայ ծրագրել, ինչպէս հեղինակը նշած է. «Համասը գաղափար է… արմատացած մարդոց սիրտերուն մէջ. ով որ կը կարծէ, թէ՝ մենք կրնանք բնաջնջել Համասը, կը սխալի»:
* Ընդգծումներն ու լուսաբանութիւնները հեղինակին:
1. https://valdaiclub.com/a/highlights/risks-of-regional-wars-in-the-middle-east/?utm_source=newsletter&utm_campaign=458&utm_medium=email
2. https://valdaiclub.com/a/highlights/silk-road-vs-spice-route-india-in-the-middle-east/
3. https://www.aztagdaily.com/archives/595835
4. https://www.aztagdaily.com/archives/600563
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles