Դեկտեմբեր 1988-ի Այս Օրը․․․ Սպիտակի Երկրաշարժը

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Դեկտեմբեր 7, 1988․․․ ժամը ճիշդ 11:41-ին, Խորհրդային Միութեան լուծին տակ գտնուող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները` մասնաւորապէս Սպիտակը ծանրօրէն ցնցուեցան։

Երկրաշարժին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած ուժգնութիւնը։ Արդարեւ, 6,9 աստիճանի երկրաշարժը անխնայ եղաւ մանաւանդ, որ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած չէր, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած չէին եւ պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ու պատրաստ չէին բնական աղէտներուն արագօրէն ընդառաջելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու յարմարութիւններով:

Երկրաշարժին կեդրոնը Սպիտակի մօտակայ Նալպանտ գիւղն էր, որուն բնակչութեան մեծ մասը զոհուեցաւ: Սպիտակի 18,500 բնակիչներէն` 4 հազար, իսկ Գիւմրիի 230 հազար բնակիչներէն 17 հազարը զոհուեցան:

Սպիտակի աղէտը յառաջացուց միջազգային սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով` մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը կը շարունակեն խորհրդանշել իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ոգին:

Երկրաշարժի ճիշդ յաջորդ օրը Մոսկուայէն Հայաստան ժամանեց յատուկ յանձնաժողովը` Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահին ղեկավարութեամբ: Յանձնաժողովը հոգատարութեամբ ու մեծ եռանդով կազմակերպական վիթխարի աշխատանք կատարեց ազգաբնակչութեան օգնութիւն ցոյց տալու, աղէտի հետեւանքները վերացնելու համար: Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովը դադրեցուց իր պաշտօնական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ եւ ժամանեց Հայաստան:

Օգնութեան փութացին հարիւրաւոր փրկարարներ եւ բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել դեղորայք, բժշկական եւ  շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինուորներ:

Երկրաշարժի առաջին ժամերէն սփիւռքի հայութիւնը համախմբուեցաւ եւ բազմակողմանի օգնութիւն ցոյց տուաւ իր հայրենակիցներուն: Անոնց կողմէ ստեղծուեցան «ՍՕՍ Արմենի», «Ազնաւուրը Հայաստանին» եւ տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր շտապեցին հայրենիք` իրենց հետ տանելով սննդամթերք, հագուստ, դեղորայք: Անոնցմէ շատեր` բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ եւ  ճարտարապետներ մնացին Հայաստան եւ անմիջականօրէն մասնակցեցան փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն:

Այսպէս, Սպիտակի երկրաշարժին յիշատակելի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, եղաւ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը: Համազգային զօրաշարժը, միջազգային միասնականութեամբ, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան կամրջումն ու ամրացումը:

Երկրաշարժէն տարիներ ետք եւ Արցախի կորուստի ծանրութեան տակ ցնցուած է հայութիւնը, որ պիտի շարունակէ գոյատեւել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles