ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»  

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second

   Ա.Ա.

Ատրպէյճանի խօսքի ազատութեան հարուստ օրագրութեան ցանկերուն վրայ աւելցան անունները   Այնուր Ղանպարովայի, Այթաճ Ահմատովայի, Խայալա Աղաեւայի, Նաթիգ Ջաւալտիի եւ Այսէլ Ումուտովայի, որոնք ընդդիմադիր Մէյտան Թի Վիի հետաքննիչ լրագրողներէն են։

Պաքուի իշխանութիւններուն հրահանգով՝ մէկ օրուան ընթացքին հինգ լրագրողներու ձերբակալութիւնը մեծ հարցականներ կը գծէ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութիւններու յարգման եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման մարզերուն շուրջ, մանաւանդ երբ ի մտի ունենանք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական պետութիւններ օրն ի բուն կը պահանջեն, որ յարգուին ընդդիմադիրներու իրաւունքները եւ ազատ արձակուին այն բոլոր լրագրողները, որոնց ձերբակալութեան պատճառները մութ եւ կասկածելի բովանդակութիւն ունին։

Վերջին տուեալներուն համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած կը մնան աւելի քան երեք հարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց շարքերուն մէջ մեծ է թիւը ընդդիմադիր լրագրողներու։ Կաշառքի, դրամ լւալու, պոռնկագրութեան, լրտեսութեան եւ այլ շինծու պատճառներով ձերբակալուած լրագրողներ ամիսներ արգելափակուած կը մնան առանց դատավարութեան։Ապա արագ եւ բեմադրուած դատավարութիւններու ընթացքին անոնք կը ստանան բանտարկութեան վճիռներ եւ վարագոյրը կ՛իջնէ կասկածելի դատավարութիւններու վրայ, Ատրպէյճանի մէջ առաւել խորացնելով մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութիւններու բաւական խոցելի վէրքը։

Երբ կը խօսինք Ատրպէյճանի մասին, առաջին հերթին մեր մտապատկերին վրայ կ՛ուրուագծուին բռնատիրական վարչակարգին նկատմամբ ազատ խօսքի եւ ժողովրդավար պետութիւններու իշխանութիւններուն սին խօսքերն ու զգուշացումները, որոնք դժբախտաբար կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ եւ ոչ մէկ կերպով գործնապէս կը թարգմանուին՝ զսպելու համար Ալիեւ բռնատէրը, անոր խամաճիկ իշխանութիւնները եւ պետական կառոյցները, որոնք անսալով բռնատէրին հրահանգներուն, ամբողջովին կ՛անտեսեն միջազգային ուխտերն ու այն բոլոր յանձնառութիւնները, որոնք ստանձնած են՝ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ։ Բնականաբար ոչ մէկ պետութիւն խօսքէն գործի կ՛անցնի՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու համար, որովհետեւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն շատ աւելի ծանր կը կշռեն քաղաքական եւ տնտեսական շահերը, որոնք հազար թելերով կապուած են քաղաքական սակարկութիւններու, ակնկալութիւններու, ծրագրերու եւ յատկապէս ռազմաքաղաքական շահերուն, անհեթեթի թատրոն մը խաղալու վիճակին մէջ դնելով ժողովրդավար առաջատար պետութիւնները։

Ատրպէյճանի նախագահը բռնատէր մըն է։ Որոշումի մայրաքաղաքները առիթ չեն փախցներ քննադատելու եւ նոյնիսկ սպառնական ոճի յայտարարութիւններ կատարելու Ալիեւի իշխանութիւններուն դէմ, որոնք նոյնիսկ չեն խպնիր եւ կը ձերբակալեն ընդդիմադիր լրագրող մը, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կողմէ պիտի ստանար յատուկ մրցանակ մը՝ հետաքննական իր աշխատանքին համար։ Ատրպէյճան ահաւասիկ այսչափ լկտի քաղաքականութիւն մը կը վարէ եւ միջազգային ընտանիքին ասպարէզ կը կարդայ։ Սակայն ինչպէս նկատեցինք ռազմաքաղաքական շահերը շատ աւելի ծանր կը կշռեն արդարութենէն։Այս իրողութիւնն ալ խարան մըն է՝ յառաջադէմ եւ ժողովրդավար պետութիւններու ճակտին։

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles