Յայտարարութիւն 

0 0
Read Time:34 Second

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։ Մեր մտահոգութեան եւ ուշադրութեան հիմնական կեդրոնը յատկապէս Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տարածքին հայ համայնքին անվտանգութիւնը ապահովելն ու առօրեայ տանելի պայմաններ ստեղծելն է։ Այս նպատակով Հ.Յ.Դ. Բիւրոն մշտական կապի մէջ է համայնքին տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն այս ուղղութեամբ։ Նոյն նպատակով կապի մէջ ենք նաեւ հայ հոգեւոր պետերուն եւ տարբեր քաղաքական շրջանակներու հետ։

Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ կացութիւնը յարափոփոխ է։ Կոչ կ՚ուղղենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին ըլլալ զգօն եւ պատրաստ՝ ամէն ձեւի օժանդակութիւն տրամադրելու սուրիահայ համայնքին։

Յաջորդ օրերուն յաւելեալ բացատրականով ու նախաձեռնութեամբ կը դիմենք մեր ժողովուրդին։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

1 Դեկտեմբեր 2024

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles