Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
3 Դեկտեմբեր 2024
Վերջին օրերուն, Սուրիոյ ու անոր յատկապէս հիւսիսային գօտիին մէջ – Հալէպի շուրջ – պայթած զարգացումները դարձան լուսարձակներու կեդրոն, լուսանցքի վրայ նետեցին՝ Միջին Արեւելքի տագնապի դաշտին մէջ՝ Կազան ու Լիբանանը, նաեւ յարակից դաշտեր: Քանի մը օրուան մէջ, այսպէս կոչուած՝ «ընդդիմադիր ուժեր» տարածուն յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ… Թուրքիոյ դրօշը բարձրացուցին Հալէպի բերդին ու հրապարակներու վրայ, գրաւեցին օդակայան ու պետական հաստատութիւններ (գրաւող ուժերուն հաստատած պատկերասփիւռի կայանը իր հաղորդումները կը սկսի Էրտողանի եւ գործակիցներու յայտարարութիւններով):
Նորութիւն չէ, որ յառաջացող «ընդդիմադիր ուժեր»ը մէկ մասնիկն են ահաբեկչական այն խմբաւորումներուն, որոնք կը վայելել Թուրքիոյ զինական եւ այլ աջակցութիւնները եւ հովանաւորութիւնը, թէեւ հիմա բեմին վրայ կը ներկայացուի տարբեր բեմադրութիւն. Հալէպը գրաւողները կը ներկայանան հանդուրժողականի պատմուճանով, կը խոստանան բարիք բաշխել՝ երկար ատենէ ի վեր Սուրիոյ տնտեսական եւ քաղաքական պաշարումին հետեւանքով ապրուստի անշնչելի կացութեան մատնուած քաղաքացիներուն (եւ հաւատացողներ ալ կը գտնեն), իսկ անդին, Թուրքիոյ պետական մարդիկը վերջնականապէս վար առած են դիմակները եւ ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Հալէպը Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած է, թուրքերը հիմա իրենց պատմական քաղաքը կը վերադառնան (ինչպէս որ Ալիեւի Ազրպէյճանն ալ կը պատրաստուի ազերիապատկան «Արեւմտեան Ազրպէյճան» վերադառնալու). արդէն զրոյցներ ու մեկնաբանութիւններ շրջան կ’ընեն, թէ թուրքերը «ընդդիմադիրներուն» ձեռքով իրենց դրօշին տակ առած գօտիին մէջ շուտով պիտի ստեղծեն այն իրավիճակը, որ տարիներէ ի վեր ի զօրու է Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային գօտիներուն մէջ, որոնք կը գտնուին թրքական իրողական գրաւման տակ եւ ուր «թրքացումը» յառաջ տարուած է քայլ առ քայլ, կրթական, դրամական եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Պաշտօնական Թուրքիան կը պահպանէ իր դիմակը. Անգարա կը խօսի ահաբեկիչները չհանդուրժելու ոճով, բոլորովին վար չ’առներ Սուրիոյ երկարած՝ գործակցութեան իր ձեռքը, քաղաքականութիւն-բանակցութիւն կը խաղայ, ընդունելով իրանցի պատուիրակներ: Անդին, Թուրքիոյ իսկական «պոս»ը՝ Ուաշինկթըն, կը փորձէ աշխարհին հաւատացնել, թէ ինք աղերս չունի այս զարգացումներուն հետ (եւ աշխարհն ալ պէտք է կլլէ թէ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան եւս կապ չունի զարգացումներուն հետ):
Բացորոշ երեւցող իրականութիւններուն շարքը երկար է, որեւէ շփոթի կամ կասկածի տեղ չեն ձգեր: Լրատու աղբիւները ժամ առ ժամ նորութիւններ կը հաղորդեն Հալէպի եւ ընդհանրէպէս հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ մասին. հոն կան տեղեկութիւններ, թէ սուրիական բանակն ու Սուրիոյ դաշնակից-բարեկամ Ռուսիոյ օդուժը հակայարձակողականի անցած են եւ վճռած՝ նահանջի մատնել «ընդդիմադիրներուն» յառաջխաղացքը: Իրան եւս բացայայտած է Սուրիոյ կողքին մնալու իր դիրքորոշումը, եւ Իրաքէն՝ իր աջակցութիւնը վայելող ուժեր կը հասցնէ յօժանդակութին սուրիական բանակին:
Թուրքիա, գործածելով իր միւս դիմակը, «բնական» կը նկատէ, որ «սուրիացի ընդիմադիրներ» նման շարժւմի կը դիմեն, որովհետեւ Դամասկոսի իշխանութիւնները չեն ընդառաջած անոնց պահանջներուն: Արեւմուտքի քարոզչամեքենան կ’արձագանգէ թրքական այս «տեսութիւններուն» եւ չի մոռնար «մենատիրական-բռնատիրական» որակումներով խօսիլ Դամասկոսի մասին: Անկախ անկէ, թէ որեւէ իշխանութիւնը բացարձակ անթերիութեամբ չի կրնար հպարտանալ, քարզոչական այս արշաւները այլապէս կը բացայայտեն ահաւոր կեղծաւորութիւն: Իսկ այդ ե՞րբ էր, որ Էրտողանի եւ Ալիեւի իշխանութիւնները բռնատիրական չէին, այդ ե՞րբ էր, որ Սէուտական Արաբիա ու դրացիներ (ըստ Արեւմուտքի կամայականներուն) «միապետական բռնատիրութիւն» չէին եւ ահա, եւրոպացի ժողովրդավար դրօշակիրներ իրարու հետ մրցումի ելած եւ քարիւղով հարուստ երկիրը այցելելու…
ՔԻՉ ՄԸ ԼԱՅՆ ՕՂԱԿՆԵՐ
Եթէ պահ մը նորագոյն դէպքերը դիտենք ժամանակի եւ աշխարհագրական տարածքի աւելի լայն օղակի մը մէջ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ տեսնել, թէ «սուրիացի ընդդիըմադիրները» ուրկէ՞ «ներշնչում» առին, նկատի ունենալով, որ Թուրքիան միայն նեղ օղակն է կացութիւնը դիտելու մէջ:
Բնականաբար, կրկնենք, առաջին հերթին պէտք է աչքի առջեւ ունենալ այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա մէկ անդամն է ՆԱԹՕ-ին, այլ խօսքով, ըստ կարիքի, պատրաստ է դառնալու անոր ծրագիրներն ու դաւերը գործադրող մէկ ձեռքը, միաժամանակ իր շահերն ու հաշիւները ներդաշնակելով ՆԱԹՕ-ին եւ անոր գործակիցներուն հետ: Նոյն մօտեցումով, Իսրայէլը թէեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ չէ, սակայն անոր ամէնէն սերտ լծակիցն է, անդամի հանգամանքէն աւելի՛ ներգործօն դեր ունի անոր կողքին: Այլ խօսքով, Թուրքիան եւ Իսրայէլը կը հանդիսանան Արեւմուտքի գլխաւոր «ոտքը տեղերը» շրջանին մէջ: Այս իրականութիւնը երկար բացատրութեան չի կարօտիր: Այս մօտեցումով ալ, պէտք է կոյր ու տխամար ըլլալ, չտեսնելու որ Թուրքիա մէկ սերտ գործակիցն է Իսրայէլի, ի՛նչ ալ որ ըլլան անոր յայտարարութիւնները, պաղեստինցիներուն կամ ընդհանրապէս արաբներուն կողքին ըլլալու ի՛նչ դիմակով ալ ներկայանայ բեմին յառաջամասին: (Չմոռնանք նաեւ, որ Իսրայէլն ալ սերտ գործակիցն է Թուրքիյ «ձագուկ»ին՝ Ազրպէյճանի): Յստակ է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ «նախաձեռնութիւններուն» միջեւ բացայայտ գործակցութիւն, համադրում եւ… նոյն «վերնատուներէն» եկած հրահանգներու համապատասխան գործել կայ: Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան չաւարտող ոճիրները՝ ռմբակոծումներ, ջարդեր ու քանդում՝ երբեմն պատճառ կ’ըլլան, որ Սուրիոյ, Իրանի եւ Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու ոճիրները նոյնքան ուշագրաւ չդառնան (անշուշտ որ արեւմտեան քարոզչական մեքենան մեծ դեր ունի «քողարկման» մէջ), սակայն գոնէ այս փուլին, անծածկելի է այն, որ «Հըզպալլա»ին հետ Իսրայէլի այսպէս կոչուած «զինադուլը» կիսատ-պռատ գործադրութեան դրուեցաւ ճիշդ այն պահուն, երբ թրքական հովանին վայելող «սուրիացի ընդդիմադիրները» արդէն պատրաստած էին դէպի Հալէպ եւ շրջակայքը իրենց արշաւանքը: Եւ այս իրականութիւնը մատնացոյց ընող բոլոր դէտերն ու մեկնաբանները երկար-բարակ փաստեր շարելու պէտք չունին: Հալէպի ճակատին ջերմացումը նաեւ առիթ է, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները՝ զինադուլի բազում խախտումները նետուին լուսանցքի վրայ, թմբուկները կը սկսին հնչել միայն այն ատեն, երբ «Հըզպալլա» կը հակադարձէ ռմբակոծումներուն եւ կրակոցներուն, եւ անմիջապէս… կը մեղադրուի իբրեւ զինադուլ խախտող (Ազրպէյճանն ալ նոյն խաղը կը խաղայ՝ Հայաստանը մեղադրելով իբրեւ սահմանային յարձակումներ նախաձեռնող):
Մեկնաբաններու եւ դիտողներու ուշադրութենէն չէ վրիպած, որ Սուրիոյ ճակատին վերաջերմացումը (եւ, կրկնենք, միշտ ի նպաստ Թուրքիոյ եւ յենարաններու շահերուն) տեղի կ’ունենայ Ուքրանիոյ ռազմաճակատներուն նորագոյն զարգացումներուն զուգընթաց. հոն ալ վերջին շաբաթներուն ռուսական յառաջխաղացքի նժարը սկսած է ծանրանալ, Արեւմուտքը կը շարունակէ մեծագումար զէնքեր հասցնել Զելենսքիի, սակայն նաեւ սկսած է անոր ականջին հասցնել, թէ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան անոր երազները առայժմ իրականանալի չեն: Մէկ խօսքով, Արեւմուտքը առանց բառերը գործածելու կ’ըսէ ուքրանացիներուն: Մենք ձեզի շատ զէնք-զինամթերք կու տանք, նաեւ այլ տեսակի օգնութիւններ կը տրամադրենք, միայն թէ դուք շարունակեցէք կռուիլ ռուսերուն դէմ. կրնաք նաեւ հեռահաս հրթիռներով հարուածել ռուսական ներքին թիրախներ, իսկ եթէ այդ բոլոր պատճառ պիտի ըլլան, որ դուք նոր զոհեր տակ, քանդումներ կրէք, նահանջներ արձանագրէք, մինչեւ իսկ եթէ ռուսական նորահնար հրթիռներու գործածման առիթ տաք, այդ բոլորը մեզի համար երկրորդական են: Փութինի՝ կորիզային զէնք գործածելու սպառնալիքն ալ անմիջականօրէն կը դիտենք իբրեւ ձեզի՝ Ուքրանիոյ ուղղուած զգուշացում…
ԲԱԶՄԱՏԱԽՏԱԿ ՃԱՏՐԱԿ
Դէպքերու յիշեալ ընթացքին հետեւողը դժուարութիւն չ’ունենար նաեւ տեսնելու, որ ՄԵԾ ԽԱՂը կը խաղցուի ճատրակի մրցումի մը «տրամաբանութեամբ», մրցում, որ պարզապէս հանգրուաններ ունի, սակայն հակառակորդները պատրաստ չէ վերջակէտ մը դնելու խաղին, հոգ չէ թէ քանի՞ զինուոր զոհ կու տան, քանի՞ բերդ կամ իշխան կը կորսնցնեն:
Խորքին մէջ, ՄԵԾ ԽԱՂ-ը չի խաղցուիր դասական ճատրակի ոճով, ուր հակառակորդները ունին մէկ տախտակ եւ սեւ ու սպիտակ քարերը: Կան ճատրակի տարբերակներ, որոնք այդքան ալ ընդհանրացած չեն: Ծանօթ մրցաշարքերն ու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները տեղի կ’ունենան դասական դրութեամբ, իսկ տարբերակները բազմաթիւ եւ. կան բազմաթիւ «մակարդակներով» տախտակներ, կան ելեւէջներով տախտակներ, կան նաեւ բոլորակաձեւ տախտակներ (տեսնել նկարներէն մէկը, ուր կ’երեւի, որ սպիտակ քարերով խաղացողը իր դիմաց ունի սեւ քարերու կրկնակի ճակատ մը): Քաղաքական եւ զինուորական պատերազմներ մղող աշխարհը կարծէք թէ որդեգրած է այս տեսակի խաղաձեւ: Հոն, խաղերը կը խաղցուին այնպիսի ձեւով, որ կարծէք թէ առաջին տախտակին վրայ եղողները այդքան ալ տեղեակ չեն, թէ միւս «մակարդակներուն» վրայ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ, ո՞ւր յառաջխաղացք կ’արձանագրուի, ո՞ւր՝ նահանջներ եւ զոհեր կը տրուին: Մէկ բան յստակ է. բուն խաղացողները իրենք ունին խաղին ամբողջական պատկերացումը եւ կը փորձեն խաղը այնպէս մը յառաջ տանիլ, որ տեղ մը նահանջի ստիպողութեան տակ՝ ուրիշ տեղ մը առաւելութիւն մը ապահովեն, ի հարկին, կրկնենք, այս դիրքը կամ այն զինուրը-ձին-իշխանը, մինչեւ իսկ թագուհի՛ն զոհ տալով: Այս «վարպետները» չեն նմանիր Պոթվինիքներու, Տիգրան Պետրոսեաններու, Պոպի Ֆիշըրներու, Սփասքիներու կամ Գասպարովներու (կան նաեւ բազմաթիւ ժամանակակիցներ): Անոնք ունին հնարքներ, որոնց դիմելով՝ կորսուած-«մեռած» քար մը վերստին կեանքի կը կոչեն (մինչդեռ դասական ճատրակի մէջ, կորսուած թագուհի մը կամ այլ իշխող քար կարելի է վերականգնել՝ եթէ յաջողիս զինուորդ մրցակիցիդ առաջին գիծը հասցնել):
Արդ, եթէ աշխարհի այս կամ այն շրջանին, այս կամ միւս երկրին մինչեւ իսկ ներքին իրադարձութիւնները կարելի է դիտել՝ բազմայարկ տախտակներով ճատրակի մրցումի տրամաբանութեամբ, քայլ մը անդին երթալով եւ առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, արձանագրենք քանի մը այլ օրինակ. այլապէս, բազում օրինակներու ցանկագրումը պարզապէս պիտի երկարէ այս սիւնակը:
ԻՐԱՆը կը գտնուի այս մրցումի դաշտին մէջ, ընդհանրապէս իբրեւ ուժեղ քար, երբեմն ալ իբրեւ մրցակից-մրցավար: Զոհասեղանին անոր մասնակցութիւնը ապահովելով համար, կրկին ու կրկին փորձեր կ’ըլլան: Անցեալին, այդ փորձերը աւելի արդիւնաւոր կ’ըլլային (Շահին տապալումը, Իրաք-Իրան պատերազմը…), աւելի ուշ, խաղին օրէնքներու երեւութական փոփոխութեան ենթարկուեցան, թէեւ էութիւնը մնաց գրեթէ անփոփոխ: Հիմա, խաղին մէջ իբրեւ «քար» կը գործածուին հիւլէական ուժանիւթի թղթածրարը, Միջին Արեւելքի մէջ անոր ազդեցութեան տարածումն ու կրճատելու ճիգերը, անշուշտ նաեւ տնտեսական թղթածրարներ (որոնց տարբերակները, ծանօթ է, ահաւոր աղէտներու պատճառ են Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ):
ՎՐԱՍՏԱՆի պարագան նոյնքան ուսանելի է եւ ըստ բաւականին, կրնայ ուղեցոյց եւ ուղենիշ ծառայել ո՛չ միայն Հայաստանին: Վերջին ընտրութիւնները եւ այդ առիթով տաք կրակի վրայ դրուած՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան թղթածրարը բացած են երկփեղկումի եւ նորանոր պատուհասներու դուռներ:
Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքէն, Եւրոպայէն ու Կովկասէն աւելի անդին տարածելով խաղին տախտակը, արդէն կը տեսնենք ՔՈՐԷԱՆԵՐՈՒ հակամարտութիւնն ու ՉԻՆԱՍՏԱՆ-ԹԱՅՈՒԱՆ (եւ այլ) հակադրութիւնը եւ անոնց շահագործումը: Եկէք հասնինք նաեւ ՖՐԱՆՍԱ, որ երկու գլխաւոր գիծերու վրայ տագնապ կը դիմագրաւէ: Արտաքին ճակատի վրայ, ափրիկեան երկիրներ մէկը միւսին ետեւէ ֆրանսացիները կը վտարեն իրենց հողերէն (նկատելի է ռուսական ազդեցութեան յառաջխաղացքն ու չինական ոտքերու շարժումները), իսկ ներքին ճակատի վրայ, կառավարական տագնապ մը անխուսափելի դարձած է: Տարբերակները կարելի է տեսնել ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ, ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ, ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ մէջ եւ այլուր: Անշուշտ ասոնք ընդհանրապէս կը դիտուին-կը ներկայացուին իբրեւ իրարմէ անկախ, իրարմէ չազդուող զարգացումներ, սակայն եթէ զանոնք դիտենք մեր յիշատակած ճատրակի խաղին համայնապատկերին մէջ, աւելի բացորոշ կը դառնայ, որ այս կամ այն ձեւով անմիջական աղերս ունին ՄԵԾ ԽԱՂին, մեծ ախոյեաններուն հետ: Օրինակի համար, Ֆրանսայի կառավարական տագնապին անմիջական շարժառիթը տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրներն են, անոնցմէ բխող եւ աշխատաւորին-սպառողին գլխուն վերեւ կախուող ճնշումները, իսկ այդ բոլորին խորքին՝ կան ուքրանացիներուն ու Իսրայէլի հասցուող հսկայական գումարները (Փարիզի տաճարին վերանորոգութիւնը մանրուք մըն էր այս իմաստով), առանց անտեսելու Աջի-Ձախի հինաւուրց մրցակցութիւնները: Նոյն մանրադիտակին տակ կարելի է դնել Գերմանիան, որ ռուսական կազի խողովակաշարերուն ականահարումէն ասդին, թէ՛ աւելի սուղ կը վճարէ վառելանիւթ ունենալով համար, թէ՛ ալ հարկադրուած է զէնք մատակարարելու Ուքրանիոյ, եւ մի՛շտ ի հեճուկս սեփական ժողովուրդի բարօրութեան ծրագիրներուն:
Կարելի՞ է Պայտըն-Թրամփ փոխանցման ներկայ փուլը դիտել այս խաղին ակնոցով. բնականաբար այո, որովհետեւ տեսանելի է, որ եթէ հոն կայ ներքին՝ հանրապետական-դեմոկրատ հակադրութիւններու խառնիճաղանճը, զուգահեռաբար նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ դրացիներու (Մեքսիքա, Քանատա) «մանր հակամարտութիւնները», անդին՝ Իրանի, Չինաստանի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ՆԱԹՕ-ի, Եւրոպական միութեան եւ մինչեւ իսկ աշխարհի՛ դէմ ելլելու (կենսոլորտի հարցեր, նիւթական յատկացումներ եւ… «Ամերիկան նախամեծար» նշանախօսքէն ծնած) «մեծ հակամարտութիւնները»:
Նոյն այս խաղին շրջագիծին մէջ կարելի է դիտել մէկ կողմէ՝ Ռուսիա-Հիւսիսային Քորէա վերջերս զարգացող գործակցութիւնը, ՊՐԻՔՍ-ի ընդլայնումը, մինչեւ իսկ Հարաւային Քորէայի մէջ անակնկալ (մանրուք) զարգացումները (երբ նախագահը յանկարծ որոշեց զինուորական դրութեան օրէնք յայտարարել, իր դէմ գտաւ խորհրդարանին ուժեղ հակադարձութիւնը եւ օրէնքը չեղարկուեցաւ:
ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ
Նորութիւն չեն այն մեկնաբանութիւնները, թէ աշխարհը այսօր կ’ապրի Երրորդ աշխարհամարտը, առանց պաշտօնական յայտարարութիւններու, եւ սա կը նկատուի ամէնէն վտանգաւոր պատուհասը, օրհա՛սը: Յաճախ կը հնչեն մտավախութիւններ, թէ՝ ուր որ է, մէկն ու մէկը մատը պիտի դնէ կորիզային հրթիռներու կոճակին վրայ եւ մարդկային ցեղն ու կենդանական աշխարհը, ձեռք-ձեռքի տուած, պիտի նետուին անէացումի գիրկը: Նման մտավախութիւններ կը կրկնուին՝ Կազայի, Իսրայէլ-Իրան եւ այլ դրացիներ հակամարտութեանց, Ուքրանիոյ վերիվայրումներուն եւ բազում այլ դիպաշարերու ի տես:
Դասական տրամաբանութեամբ՝ որքան ալ ծանրակշիռ ու ահարկու ըլլան զարգացումները, ՄԵԾ ԽԱՂը վարողները հազիւ թէ թոյլատերն, որ մէկն ու մէկը ճնշէ կորիզային հրթիռներու կոճակը, նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ յիշեալ եւ զուգընթաց զարգացումները ՄԵԾ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ համար ոսկի հաւկիթ ածող հաւեր են, իսկ միայն հեքիաթներու մէջ է որ անբաններ արագ հարստանալու տենդով այդ հաւը կը մորթեն (թէեւ իշխանութեան վրայ եղողներուն մտային կարողութիւնները տեսնելով, նման անմտութիւն կարելի չէ արհամարհել…):
Ինչպէս այս խաղին առնչակից ու յաճախ զոհի-զոհաբերուող քարի վիճակին մատնուած երկիրներու եւ ժողովուրդներ, մենք ալ պարտականութիւնը եւ իրաւունքը ունինք լիաբաց աչքերով իրազեկուելու անցնող-դարձողներուն եւ ըստ այնմ դիրք ճշդելու՝ ինքնապաշտպանութեան ու հայրենիք պահելու իմաստով: Մեր այսօրուան նշումներուն անմիջական շարժառիթը Սուրիան էր, Հալէպ-կիզակէտով: Հոն յստակ կ’երեւի, թէ Թուրքիա չէ հրաժարած օսմանականութեան, այսինքն՝ համաթուրանականութեան իր ծրագիրներէն, եւ ահա, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Կովկաս, նաեւ շատ աւելի հեռուները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած բարդ վիճակները անոր առիթը կու տան (բնականաբար, կրկնենք, դաշնակիցներու եւ քաջալերողներու քաջալերանքով) որդեգրելու «աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ» վարմունքը: (Պէ՞տք է յիշեցնել, որ 44-օրեայ պատերազմն ալ «զուգադիպած» էր քիչ մը տարբեր, բայց նոյն բնոյթի խառնիճաղանճի մը…):
Այս (ոչ ամբողջական) համայնապատկերին մէջ է մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, իր կորուսեալ՝ Արցախի բաժինով: Աչք ու ականջ ունեցողը կը տեսնէ-կը լսէ, որ դրացիներուն դէմ նոր յելուզակութեան ելած Թուրքիոյ դաշնակից-հովանաւորեալը՝ Ազրպէյճան, վերջին շաբաթներուն դարձեալ ռազմի թմբուկներ կը հնչեցնէ, ռազմափորձերով ու թշնամական յայտարարութիւններով կ’աշխատի հող պատրաստել դէպի Սիւնիք արշաւանքի մը համար, չէ հրաժարած մինչեւ Երեւան հասնելու եւ Հայաստանը նոյն համաթուրանական սեղանին մէկ համադամը դարձնելու հեռանկարէն: Ասդին, Երեւանի իշխանութիւնները բանիւ եւ գործով հող կը պատրաստեն նոր պարտութիւններու, աղուէսին հետեւողութեամբ՝ իրենց պոչը վկայ կը բերեն իրենց «միակ կարելիութիւնը» եղող պարտուողականութեան, որ նաեւ թշնամիին ծրագիրներուն լծակցութեան համազօր է: Անոնք նաեւ նոր հնարքներ կը հիւսեն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու օրհասական վիճակներէն ու հաւանականութիւններէն, օր մը հեծիկ քշելով, ուրիշ օր մը սղութեան երիվարը մտրակահարելով, իսկ եթէ այդ բոլոր բաւարար չեն եւ «նախկիններ»ը մեղադրելու «գանձատունը» սնանկութեան մատնուած է, կը դիմեն իրենց հետ քալած նախարարներու, երեսփոխաններու եւ այլ պաշտօնատարներու հրաժարման-պաշտօնազրկման «գիւտին»:
Այս ու նման իրադարձութիւններու շուրջ բարձրացող աղմուկը անիմա՞ստ է եւ անկարեւո՞ր: Բնականաբար ո՛չ: Սակայն երբ մեր դիմաց ունինք բազմայարկ ճատրակի վտանգալից խաղը, կարելի է գոնէ ճիգ ընել իրականացնելու վրացական նորագոյն փորձի տարբերակը եւ Երեւանի ղեկին բերել ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ հետամուտ վարչախումբ մը: