Ֆիլատելֆիոյ Մէջ Ժառանգութեան Պարտէզի Բացման Պատրաստութիւն

0 0
Read Time:47 Second

Ապրիլ 2026-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ պիտի կատարուի բացումը հայութեան նուիրուած ժառանգութեան պարտէզին, որ կը գտնուի քաղաքի կեդրոնին մէջ, հանրածանօթ թանգարանին մօտակայքը։

Այդ պարտէզին մէջ, արդէն իսկ տեղադրուած է Առիւծ Մհերի կիսանդրին։

Այս առթիւ, ի պատրաստութիւն այս աննախընթաց հանդիսութեան, Նոյեմբեր 17-ին տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Այս առթիւ, ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ երիտասարդ երգիչ Յակոբ Գասապեան, որ տպաւորիչ կերպով երգեց Ազնաւուրէն քանի մը գործեր։ Այլ երիտասարդ եւ խոստմնալից պարմանուհի մը՝ Լուսիա Պապիկեան, իր կարգին ելոյթ ունեցաւ։ Այս երկու երգիչներուն կ՛ընկերակցէին դաշնակահար Պայրըն Խօ եւ կիթարահար Քեւին Հենսըն։

Այս ձեռնարկին յաջողութեան իր ներդրումը ունեցաւ հիւպատոս Հերի Չերքէն, որ կրցած է իր շուրջ հաւաքել գաղութէն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։

Ներկաներու շարքին էին, նաեւ պետական ներկայացուցիչ՝ Պեն Սանչէս, Ֆրանսայի հիւպատոս Մարին Ֆրաւալ-Վենել, Հ․Հ․ դեսպան Լիլիթ Մակունց, ժառանգութեան պարտէզի յանձնախումբի անդամներ՝ Քարոլին Չպուքճեանի, Սթիւ Պարսամեանի, Դաւիթ Հոփլամազեանի, Նետ Մուրի, Քըրք Սիւլվերեանի, Նանէթ Զաքեանի եւ Մայքըլ Սանթերեանի կողքին։

Նշենք, թէ այս պարտէթզին ճարտարապետն է Սիմոն Գույումճեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles