Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին, Տիթրոյթի «Համազգային»-ի «Արաքս» պարախումբը մեծ յաջողութեամբ հանդէս եկաւ իր տարեկան ելոյթով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նայիրի Կարապետեանի եւ Տիգրան Գալլանի։ Սոյն տարուան ելոյթը նուիրուած էր Երեւանի 2800-ամեակին՝ ոգեկոչելու իր բազմաշերտ անցեալն ու մշակութային աննկարագրելի ժառանգութիւնը։
Որքա՜ն ոգեւորիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս 127 փոքրիկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ համախմբուած կը պարեն։ Ու պարը սոսկ պար ըլլալէ կը դադրի, որովհետեւ կը դառնայ միջոց համախմբմա։ «Համազգային»-ի առաքելութիւնն ալ ի սկզբանէ միթէ այդ եղած չէ՞. ծանօթացնել եւ սորվեցնել մեր ազգային պարերը եւ մշակոյթի ճամբով խորացնել ինքնութեան գիտակցութիւնը՝ ստեղծելով միասնական, արմատներուն կապուած սերունդ մը։ Ահա այս միտքերով հանդէս եկաւ իր բացման խօսքին մէջ Շողեր Ուրուլեան ու յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց պարուսոյցներուն, որոնց անսակարկ նուիրումին արդիւնքն էր այս գեղեցիկ երեկոն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օգնական պարուսոյցներուն, ինչպէս նաեւ ելոյթի բոլոր սատարողներուն, մասնակիցներուն, նուիրատուներուն եւ հանդիսատեսներուն։
Գեղեցիկ էին պարախումբի տարազները, բազմազան էին պարերը՝ տօնականէն մինչեւ ծիսական, մարտականէն մինչեւ սիրային։ Իւրայատուկ կշռոյթներով եւ շարժումներով անոնք կ՚արտայայտէին հայոց բնաշխարհի, աւանդոյթներու եւ հոգեբանութեան նրբութիւնները։ Տպաւորիչ էր այն հանգամանքը, որ իւրաքանչիւր պարէ առաջ սահիկներու միջոցով համապատասխան պարին մասին բացատրութիւն կը տրուէր՝ ընդգծելով անոր պատմական եւ մշակութային նշանակութիւնը։
«Արաքս»-ը պարեց «Եարխուշտա», որ ոչ միայն սոսկ պար է, այլ՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժի, ոգիի եւ տոկունութեան խորհրդանիշը։ Պարեց Կոմիտասի «Չինար ես»-ը երգի ներքոյ, որ նուիրուած է սիրելիի գեղեցկութեան եւ վեհութեան, ուր սիրելին կը համեմատուի չինարի ծառին հետ՝ իր բարձրութեամբ, հպարտ կեցուածքով եւ անսահման հմայքով։ Պարեց Սայեաթ Նովայի «Քանի վուր Ճան իմ» երգի ներքոյ եւ յուզականութեամբ ու սիրով լեցուց սրահը։ Պարեց «Իլիկ պար»–ը, հայկական աւանդական այն պարերէն մէկը, որ իր անուանմամբ եւ շարժումներով կապուած է իլիկ կամ թել մանելուն։ Պարմանուհիներուն այս գեղեցիկ պարը պարգեւեց նուրբ, տօնական տրամադրութիւն եւ ներկայացուց հայկական կենցաղէն ներշնչուած դրուագներ։ «Արաքս»-ը պարեց «Հովիւներու պար»-ը ու տղոց կողմէ կատարուած ուժային կատակային պահերը պարը դարձուցին հմայիչ ու զուարճալի։ «Արաքս»-ը տակաւին պարեց «Աւարայր», «Եաման եար», «Նարէ», «Տօնական», «Շատախի Ռազմապար», «Սուրբերու Աչքեր», «Հայաստան» եւ այլ պարեր…
Ելոյթի ընթացքին հանդիսատեսը հիացմունքով հետեւեցաւ ոչ միայն պարերուն, այլ նաեւ յուզառատ ու գեղեցիկ ասմունքներուն։ Երիտասարդներ՝Դրօ Հացագործեան, Պերճ Ուրլեան, Կարէն Կիւլեան եւ Արման Դանիէլեան արտասանեցին Համաստեղի «Հայու Ոգին»՝ ներկաները համակելով ազգային հպարտութեան եւ տոկունութեան զգացումով։ Արման Դանիէլեան ասմունքեց նաեւ Գէորգ Էմինի «Սասնայ Պար» բանաստեղծութիւնը փոխանցելով հայոց դիւցազնավէպի ժառանգութեան ոգին։
Ելոյթը եզրափակուեցաւ խանդավառ ու բարձր տրամադրութիւն պարգեւող «Եռագոյն» պարով, որ խլեց հանդիսատեսին ծափողջոյններն ու ջերմ բացագանչութիւնները։
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Ծովինար Համագործեան։ Ան «Համազգային»-ի ճեմարանի շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալական խօսք յղեց պարուսոյցներուն, ներկաներուն եւ նուիրատուներուն ու նշեց, որ սոյն ելոյթին հասոյթը պիտի յատկացուի Լիբանանի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի հիմնական նորոգութեան։ Ան ընդգծեց Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցին առանցքային նշանակութիւնը նոր սերունդներու կազմաւորման եւ հայութեան պահպանման գործին մէջ, ապա բեմ հրաւիրեց ճեմարանի շրջանաւարտները լուսանկարուելու։
Բոլորին վարձքը կատար։
Հանդիսատես
Նոյեմբեր, 2024