«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Մեծ միտքի տէր մարդիկ կը քննարկեն գաղափարները, միջակութիւնները՝ դէպքերը, իսկ ճղճիմ միտքի տէր մարդիկ՝ մտաւորականները՝ ժողովուրդը»:
Ելիանոր Ռուզվելթ
(1884-1962)
Դուրսէն դիտող անտարբերներու աչքին՝ կը թուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց կուտակուած բոլոր հարցերը լուծուած են եւ ամէն բան այնքա՜ն մը «վարդագոյն» եւ հեզասահ է, որ կառավարութիւնը, առանց երկիրն ու ժողովուրդը տագնապի մատնող իսկական հարցեր քննարկելու, առաւել՝ առանց հիմնաւորեալ առարկութիւններու ականջ տալու՝ ընդունեց Հայաստանի պետական քայլերգը «վերախմբագրումի ենթարկելու» Ազգային ժողովի նախագահին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնը: Այդ քայլով, վարչապետ ու խմբակ նոր փաստ մը արձանագրեցին, որ Հայաստանի մէջ մենատիրութիւնը կ’արշաւէ «նուաճումէ նուաճում», յետոյ նաեւ ունին այն կարծիքը, թէ իրենցմէ տարբեր մտածողները, սկսելով անցեալ դարերու մտաւորականներէն՝ մեծ միտքի մարդոցմէ, մինչեւ անկախութիւնը վերակերտողները ապուշներ էին եւ չէին հասկնար, թէ ի՞նչ կ’ընէին հայրենիքի համար զոհաբերութիւն պահանջելով, զոհաբերուելով…
Այլ խօսքով, իրենց ոտքերը իրականութենէն ու պատմութեան ենթահողէն խզած այս խմբակը ճակատաբաց կ’ըսէ. Արցախի հիմնահարցը, բանտարկուած արցախահայերը, աւելի՛ն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, երկրի տնտեսութեան ահաւոր նահանջը, երբ սղաճը կը սուրայ դէպի բարձունքներ…այս բոլորը երկրորդական են, անկարեւոր, կամ կը փորձեն զանգուածը համոզել, թէ այդ սուր հարցերը «լուծուած են»: Այլապէս, ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է ընդունիլ արտաքին գործոց նախարարութեան նորագոյն հաստատումները, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն ըսելով՝ պէտք է հասկնալ… Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում, այսինքն՝ քեզ բնաջնջելու ելած թշնամիին հետ «խաղաղութեան համաձայնագիր» խաղալ։ Քաղաքական տհասութեան եւ վաղահաս վտանգներուն դիմաց կոյր ձեւանալու աղաղակող փաստերէն մէկն ալ՝ գրեթէ ամիս մը առաջ, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մէկ արտայայտութիւնն էր, թէ՝ Երեւանի (ըսել կ’ուզէ ՔՊ-ական իշխանութեան) թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը՝ Հայաստանի շուրջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է, եւ սա կը նշանակէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ անրջական խաղաղութեան հետապնդման գործընթաց։
Հապա ինչպէ՞ս ընդունիլ մէկ այլ այլանդակութիւն՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած արցախահայերու մասին սնանկ մեկնաբանութիւնը, թէ՝ («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ իւրացուած) Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն օր կը զբաղի հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով. անոնց ազատ արձակման պահանջը դնող ընդդիմութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը մերժուեցաւ այլապէս անբացատրելի եւ նոյնքան անհասկնալի պատրուակով: Ըսին, թէ այդ յայտարարութիւնը չի լուծեր խնդիրը, եւ թէ՝ սխալ ընթացք ստանալով, հարցը կը մնայ անելի մէջ։ Հաւանաբար, ամենէն գիտուն եւ մասնագէտ վերլուծաբանը բան չհասկնայ այս հակասական ու անիմաստ բացատրութենէն, իսկ հակցողն ալ արդէն գիտէ, թէ այս խմբակը պատրաստ չէ առնելու որեւէ քայլ, որ կրնայ սրտնեղել Ալիեւն ու անոր «պոս»ը՝ Էրտողանը, եւ այս ալ յաւելեալ ապացոյց՝ թէ խմբակը հաւատարիմ կամակատարն է թշնամիին, ինքզինք լծած է անոնց ծրագիրներուն սայլին:
Այս խմբակը «թեթեւի առած է» սղաճն ալ: Ազգային Ժողովի աթոռներուն մեծամասնութիւնը իւրացուցած խմբակը, ամանօրեայ զարդարանքներու, ժողովուրդը կողոպտելու ու մսխումներու կողքին, «հիանալի՜» գաղափար մը յղացած է. վիճակահանութեան տոմսեր ծախել՝ մեծ գումարներ խոստանալով։ Ի՜նչ արտադրողականութիւն, ի՜նչ արտածումներու քաջալերանք, ի՜նչ պարգեւավճարներու դադարեցում… Բարօրութեան եւ դիւրին հարստանալու լաւագոյն ճամբան, «Էվրեքա՜», վիճակահանութեան շահաբեր տոմսերն են:
Հայրենիքն ու ժողովուրդը մաշեցնող յիշեալ ու նմանօրինակ նահանջերուն դիմաց, ահա՛ ձեզի «հրատապ հարց» մը՝ Քայլերգի վերախմբագրում: Այս հարցը դարձեալ սեղան կը նետուի այնպիսի ժամանակ մը, երբ մեր հայրենիքի սահմաններէն անդին, մղոններ հեռու՝ Հալէպի մէջ այլ տեսակի անկում մը արձանագրուած է. Թուրքիոյ աջակցութիւնն ու հովանին վայելող ուժեր յարձակման անցած են եւ իրենց հակակշիռին ենթարկած՝ քաղաքը, ուր ունինք քաղաքացիական պատերազմի «թմբիր»-էն դուրս եկած եւ վերաշխուժացած գաղութ մը։
Արդեօք պատգամաւորները տեղեա՞կ էին, թէ՞ հիւպատոսն ու անձնակազմը արդէն իսկ հեռացած էին Հալէպէն։
Ըստ Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւնը կազմող խմբակին, Հայաստանի Քայլերգը իր առաջնահերթ դերը ունի՝ թրծելու ապագայի հայորդին եւ թէ՝ անոր ուժականութիւն ներարկելու նպատակով, կը նախատեսուի փոփոխութիւն կատարել բնագիրին մէջ։ Մոռցէ՛ք բանակ ու պաշտպանական այլ միջոցներ, մոռցէ՛ք դիւանագիտական բազուկը եւ շատ ու շատ իրական «գործիքներ»: Քայլերգին տուներուն վերադասաւորումն է որ պիտի կազմաւորէ նոր սերունդը…
Այլ խօսքով, տուներու յաջորդականութիւնը փոխելով, վերաորակաւորուա՜ծ «Մեր Հայրենիք»-ով «պիտի արժեւորուի պետութիւնը, ազատութեան փիլիսոփայութիւնը, Հայաստանի դրօշն ու պետականութիւնը»։
Առայժմ յստակ է մէկ բան. ՔՊ-ապետն ու հաւատարիմները կը կարծեն, որ Քայլերգը պէտք է աւարտի հետեւեալ տողերով.
Նայիր նրան երեք գոյնով,
Նուիրական մեր նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան:
Այսինքն, վնասակար եւ վտանգաւոր է ըսել.
Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:
Մարդիկը ըսել կ’ուզեն, որ զոհաբերութեան գաղափարը պէտք է հանել միտքերէն: Իսկ մենք իրաւունք ունինք հարց տալու, թէ արդեօք այս «բարեփոխութի՞ւնն» ալ թուրք-ազերիական հրահանգ մըն է, ինչպէս որ այդտեղէն եկած են Արարատը եւ Ցեղասպանութիւնը (նաեւ ուրիշ բաներ) հայութեան օրակարգէն վանելու պահանջները…
Քայլերգին կիսատ-պռատ փոփոխութիւններով, կարելի չէ կացութիւն փրկել. նուիրական եւ նուիրականացած արժէքներուն հետ նման խաղեր ընդունելի չեն, այլ նման քայլ պարզապէս ճղճիմ միտքի տէր մարդոց կողմէ «հնարք» մըն է ժողովուրդին ուշադրութիւնը նետելու շփոթեցնող բանավէճերու մէջ: Մինչդեռ, այս ընթացքով վտանգուած է «Մեր Հայրենիք, ազատ, անկախ»ը, «որ ապրէլ է դարէ դար»։