Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Որպէս նախկին լիբանանցի, խորապէս յուզուած էի, երբ բռնկեցաւ վերջին պատերազմը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ: Մեծ կարեկցանքով կը հետեւէի այն սարսափելի իրադարձութիւններուն, որոնք ծովափնեայ գեղածիծաղ ծննդավայրս մատնեցին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող խորունկ ճգնաժամի մը։ Լիբանան գրեթէ անպաշտպան էր գերարդիական զէնքերով սպառազինուած հրէական բանակին եւ անոր զօրակցող արեւմտեան հզօր տէրութիւններուն դէմ։ Շատ քաղաքներ ու գիւղեր, յատկապէս երկրին հարաւային շրջաններուն մէջ, վերածուեցան փլատակներու։ Նոյնիսկ Պէյրութի որոշ հատուածներ զոհ գացին հրէական կործանիչներու ռմբակոծումներուն։ Հազարաւոր մարդիկ յումպէտս կորսնցուցին իրենց կեանքը, հարիւր հազարաւորներ մէկ օրէն միւսը դարձան անօթեւան ու վտարանդի իրենց հինաւուրց քաղաքներէն ու շէնշող գիւղերէն։
Գրեթէ ամէն օր լարուած եւ անհանգիստ սրտով կը հետեւէի աղէտալի լուրերուն, որոնք վերահասու կը դարձնէին լիբանանցի ժողովուրդին, թէկուզ որոշ համայնքներու կրած տառապանքին ու անտերունչ դարձած բիւրաւորներու արցունքին։ Հաղորդակցութեան տարաբնոյթ հարթակներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ բազմիցս հրապարակուեցան լացող Լիբանանի հոգեցունց պատկերները՝ ցաւագին, արմատախիլ դարձող բազմադարեան երկիր մը։ Կ’այրի ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը ու անոր եզակի գոհարը հանդիսացող փիւնիկեան երկիր Լիբանանը։ Այս ողբերգութիւնը վկայող նկարներէն մին ամպամած, գորշ երկինքի մը խորապատկերին վրայ կը ներկայացնէր Լիբանանի հանրապետութեան կարմիր, ճերմակ, կարմիր դրօշը, որուն պաշտօնական ընդունումէն ի վեր 7 դեկտեմբեր 1943 թուականին, սպիտակին վրայ կեդրոնական դիրքով ներկայացուած է երկրին գերագոյն խորհրդանշանը՝ մշտադալար կանաչ մայրին։ Այս հպարտ պահապանը եւ կեանքի վեհաշուք խորհրդանիշը ներկայի գորշութեան եւ խաւարի ուժերուն դէմ կը ներշնչէ յաւիտենական յոյս մը, կը հաղորդէ պայքարելու անկոտրում ոգի մը՝ կարդալով իր հէգ ժողովուրդին առհաւատչեան յաղթանակի մը։ Ան կը խօսէր իր ժողովուրդին, թէ այդքան դաժան փորձութիւններէ ետք, Լիբանան կայ ու պիտի մնայ անխախտ, ինչպէս ինք կը յարատեւէ բնութեան բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն, աղէտներուն եւ հարուածներուն դէմ՝ իր զօրեղ ու կենսատու արմատներով մնալով կառչած այն հողին, որուն վրայ ան կը գոյատեւէ ու կ’ապրի մինչեւ չորս հազար տարի։ Արդարեւ, երկիրը չէ, որ մայրին կը ներկայացնէ, այլ մայրին է, որ Լիբանանը կը խորհրդանշէ։ Արդեօ՞ք նմանատիպ օրինակ մը չէ Արարատը. լեռը չէ, որ իր վրայ տապանը կը կրէ, այլ տապանն է, որ լեռը կը խորհրդանշէ։
Այս ապրումներով տոգորուած՝ ներսիդիս զգացի մայրին փնտռելու անձկայրեաց կոչ մը, ոչ թէ ծննդավայրիս սաննինեան անտառներուն, այլ բնակարանիս մօտակայքը գտնուող այգիին մէջ: Ոտքով ընդամէնը տասնեւհինգ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ՝ Beaulieu կոչուող այգին ինծի համար ամբողջ երեք տասնամեակ անծանօթ մնացած էր: Չեմ գիտեր ինչու, բայց առիթ չէի ունեցած Ժընեւի բազմաթիւ կանաչապատ վայրերուն մէջ մասնաւորաբար այցելելու այդ այգին։ Բայց ինծի այնպէս կը թուէր, որ եթէ նախապէս անցած ըլլայի այդ այգիով, թերեւս մէջս գեղագիտական մակերեսային զգացումներ առթելէ բացի, ուրիշ ոչինչիով պիտի ներշնչէր։ Հետեւաբար, կարծէս ճիշդ հիմա էր ժամանակը այցելելու, որովհետեւ մայրիներու զոյգ մը այնտեղ էր եւ երկնառաք աղօթք դարձած զիս կը սպասէր։ Որոշեցի իսկոյն այցելել այդ վայրը՝ տեսնելու Լիբանանի այդ վեհաշուք մայրիները, որոնց հաստաբեստ բունը եւ Զուիցերիոյ հիւրընկալ հողին մէջ լայնօրէն աճած անոնց արմատները յոյսով կը ներշնչեն խոհուն քաղաքացիները, թէկուզ կեանքի մութ ու խաւար պահերուն։
Մոգական տպաւորութիւն մը կը ձգէր պահը ու ես կախարդուած կը դիտէի այդ ապրող հսկաները՝ ջանալով մտաբերել անոնց պատմութիւնը, որոնք արդէն շուրջ 300 տարիներու պատկառելի անցեալ մը կը թողուն իրենց ետին։
Հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, Beaulieu այգիին մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայող այս զոյգ մայրիներուն շիթերը հաւանաբար ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն անգլիացի բուսաբաններ Լիբանանէն առնելով՝ տարած եւ տնկած են Մեծն Բրիտանիոյ արքայական պարտէզին մէջ։ Պեռնար տը Ժիւսիէօ, ֆրանսացի բուսաբան մը, իր հերթին այս ծառերուն սերմերը վերցնելով կը յաջողի աճեցնել Փարիզի բուսաբանական այգիին մէջ։ 1735 թուականին անոնցմէ ընձիւղած քանի մը սածիլ կը նուիրուի Փարիզի հանրապետութեան այդ ժամանակուան նախարար պարոն Ժան-Ֆրանսուա տը Սելոնի, որ զանոնք ցանել կու տայ Ժընեւի իր ապարանքի ընդարձակ պարտէզին մէջ։
1798 թուականին Ժընեւի հանրապետութիւնը կը միացուի Ֆրանսական հանրապետութեան։ 1800 թուականին, դէպի Իտալիա կատարած արշաւանքի ճանապարհին, Նափոլէոն Պոնափարթ կը հիւրընկալուի Ժան-Ֆրանսուա տը Սելոնի կողմէ՝ իջեւանելով անոր ժընեւի ապարանքը՝ Beaulieu։ Ամենայն հաւանականութեամբ, լիբանանեան այս մայրիները իրենց փառաշուք կեցուածքով եւ մուգ-կանաչ մշտադալար փշատերեւներով տպաւորած են կայսրը այդ առանձնատան մէջ իր կեցութեան ընթացքին՝ մինչեւ իր Իտալիա մեկնիլը։ 1815 թուականին Ժընեւ կը միանայ Զուիցերիոյ համադաշնութեան։ Յոյժ հետաքրքրականը այն է, թէ ծառ մը, մարդկային պատմութեան պատահարներու բերումով, կրնայ երկիրներու միջեւ սահմաններ հատել ու քաղաքացիութիւն փոխել՝ առանց արմատախիլ ըլլալու այն հողէն, ուր ինք բարձրուղէշ աճած է։
Զուիցերիացի հանրայայտ բուսաբան Հենրի Քորեւօն 1920 թուականին կը վկայէ.
«Մայրիները 1895 թուականին ունէին աւելի քան 30 մեթր բարձրութիւն, իսկ անոնց ամենավարի ճիւղերը կը տարածուէին 16 մեթր լայնութեան վրայ։ Անոնք իրենց ամուր կատարները կը բարձրացնէին հին Հուկենոթներու քաղաքին վրայ՝ կարծես դէպի երկինք վերառաքելով մեր ժողովուրդի երախտագիտութեան օրհներգը»։
Ներկայիս Լիբանանի այս մայրիներուն բարձրութիւնը շուրջ 27 մեթր է` նկատի ունենալով, որ անոնց գագաթները վնասուած են կայծակի մը հարուածէն։ Անոնց շրջագիծը 6 մեթր կը կազմէ, իսկ թեւերուն բացուածքը կը պարփակէ 34 մեթր տարածք մը։
Ժընեւի Beaulieu զբօսայգիին մէջ այս երկու պերճաշուք նմուշները Զուիցերիոյ, թերեւս նաեւ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին երբեւէ գոյութիւն ունեցող Լիբանանի ամենահին մայրիներն են։ Անոնց սերմերէն ծլած են նաեւ այլ մայրիներ, որոնք իրենց կարգին մասնաւոր գեղեցկութեան հմայքով կ’օժտեն Ժընեւի մէջ առակայ միւս զբօսայգիներէն ոմանք։
ԺԹ. դարու ֆրանսացի յայտնի բանաստեղծ, գրող եւ քաղաքական գործիչ Ալֆոնս տը Լամարթին իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած է իր ճանապարհորդութիւններուն եւ բնութեան։ Մերձաւոր Արեւելք կատարած իր ուղեւորութիւնները, որոնք ան նկարագրած է իր «Voyage en Orient» (1835) գիրքին մէջ, կը յիշատակէ Լիբանանը, նաեւ երկիրը խորհրդանշող տպաւորիչ մայրիները։
Լամարթին խոր հիացում կը դրսեւորէ Լիբանանի վսեմաշուք մայրիներուն հանդէպ, որոնք կը համարէ պատմութեան յաւերժական եւ բնութեան աստուածային վկաները։ Իր վերոնշեալ ստեղծագործութեան մէջ յաճախ բանաստեղծական ակնածանքով կը նկարագրէ մայրիի ծառերը՝ զանոնք համեմատելով յաւերժութեան, տոկունութեան եւ գեղեցկութեան հետ։ Ան կը գրէ.
«Մայրիները կանգնած են պատկառելի պատրիարքներու նման, որոնց տարիքն ու վեհութիւնը կը գերազանցեն դարերը: Անոնք կարծես պահապաններն են իրենց պաշտպանութեան տակ անցած աշխարհի պատմութեան եւ գաղտնիքներուն»։
Լամարթին Լիբանանի մայրին կը համարէր ոչ միայն բնութեան հրաշքներէն մին, այլեւ հոգեւոր եւ մշակութային խորհրդանիշ մը՝ միահիւսուած աստուածաշնչական եւ պատմական աղերսներով:
Արդարեւ, մշակոյթի պատմութեան մէջ մայրին յաւերժութեան, մաքրութեան եւ աստուածային զօրութեան խորհրդանիշն է շնորհիւ իր իւրայատուկ յատկութիւններուն՝ գեղեցկութեան եւ խորապէս արմատաւորուած խորհրդապաշտութեան: Մայրիներուն սերտ առնչութիւնը տաճարներու, թագաւորներու եւ աստուածներու հետ կ’ընդգծէ անոնց դերը իբրեւ պատմութեան մէջ առանցքային նշանակութիւն ունեցող ազնուագոյն ծառեր:
Մայրին Աստուածաշունչ մատեանին մէջ պերճախօս վկայութիւններով կը գովաբանուի, ինչպէս բանաստեղծական, նոյնպէս եւ պատմական համատեքստի մէջ: Ան կը խորհրդանշէ.
ա) Ուժ եւ ամրութիւն՝ համեմատուելով արդարներու հետ,
բ) Գեղեցկութիւն եւ վեհութիւն՝ ընկալուելով իբրեւ անուշահոտ ու վեհափառ ծառ,
գ) Աստուածային օրհնութիւն եւ պաշտպանութիւն՝ մենաշնորհուելով իրեւ Տիրոջ ծառ,
դ) Նիւթ սրբութեան եւ արքայական արժանապատուութեան՝ նախընտրելի շինանիւթ մը համարուելով մասնաւորաբար տաճարաշինութան համար։
Աստուածաշունչ մատեանի արժանավայել յիշատակումներուն շնորհիւ Լիբանանի մայրին մշակոյթի պատմութեան եւ գեղագիտական ընկալումներու մէջ կը վերապահէ մնայուն տեղ մը՝ իբրեւ աստուածային մեծութեան եւ շնորհքի խորհրդանիշ:
Ի տղայի տիոց գիտենք, որ Սողոմոն Երուսաղէմի տաճարը կառուցել տուաւ օգտագործելով Լիբանանի մայրիներու փայտը։ Այս մասին կը վկայուի Գ. Թագաւորաց եւ Բ. Մնացորդաց գիրքերուն մէջ։ Բարեկամական լաւ կապեր ունենալով Տիւրոսի արքայ Քիրամի հետ, Սողոմոն թագաւորը պատգամաւորներ ուղարկեց՝ խնդրելով, որ Քիրամ մեծաքանակ մայրիի ծառեր հատել տայ ու սիտոնցի փայտահատ լաւագոյն վարպետներու ձեռքով պատրաստուած փայտը ծովային ճանապարհով ղրկէ իր նշած նաւահանգստային քաղաքներէն մին, ուրկէ այդ փայտը պիտի փոխադրուի Երուսաղէմ՝ տաճարի շինութեան նպատակով։ Սողոմոն սննթամթերք ուղարկեց Լիբանան՝ Քիրամէն ստացած մայրիի փայտին եւ եղեւնափայտին դիմաց։ Այսպէս կ’իրագործուի առեւտրական բարեյաջող գործարք մը երկու հարեւան թագաւորներուն միջեւ: Արդարեւ, այդ ժամանակի համար առաջադրուածը մեծ ծրագիր մըն էր, որ կ’իրականանայ երկու պետութիւններու միջեւ խաղաղ եւ կառուցողական գործակցութեան շնորհիւ։
Բնականաբար, Աստուածաշունչ մատեանը շատ անգամ կը գովաբանէ Լիբանանի մայրին, սակայն այս մասին լաւագոյն վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ Եզեկիէլ մարգարէի մայրիին ձօնած մէկ ներբողը.
«Ահա Ասուրը նման է Լիբանանի մէջ գտնուող մայրիի մը՝
Գեղեցիկ ճիւղերով ու թաւ ոստերով, բարձրուղէշ, ամպերու մէջ էր անոր
կատարը։
Ջուրը սնած էր զայն, անդունդները՝ բարձրացուցած,
Իսկ առուակները կը հոսէին իր տունկերուն շուրջ.
Ան իր ստուերախիտ ճիւղերը տարածած էր ամբողջ դաշտով մէկ։
Անոր շնորհիւ ան դաշտին բոլոր ծառերէն վեր բարձրացաւ.
Ջուրի առատութենէն տարածուած էին անոր ոստերը։
Ու երբ ան բազմասաղարթ դարձաւ,
Անոր ճիւղերուն մէջ բոյն շինեցին երկինքի բոլոր թռչունները,
Իսկ անոր ոստերուն տակ ձագեր բերին դաշտի բոլոր գազանները.
Անոր հովանիին տակ բնակութիւն հաստատեցին բոլոր ազգերը։
Ան գեղեցիկ էր իր վեհութեամբ եւ ոստերուն երկարութեամբ,
Որովհետեւ անոր արմատները յորդառատ ջուրերու քով էր։
Աստուծոյ դրախտին եղեւնին, կաղնին ու նոճին չէին հաւասարիր անոր
ճիւղերուն,
Մայրիներն ու սօսիները չէին նմանիր անոր ոստերուն։
Աստուծոյ դրախտին մէջ գեղեցկութեամբ ոչ մէկ ծառ նման էր իրեն,
Որովհետեւ ան ստուարախիտ ոստեր ունէր։
Աստուծոյ բերկրալից դրախտին բոլոր ծառերը կը նախանձէին իրեն…»։
(Եզկ. ԼԱ, 3-9)։
Մարգարէին նշուած ներբողը կը մեծարէ Լիբանանի մայրին իբրեւ ամենահզօր եւ վսեմագոյն ծառ, որ ոչ միայն կը գերազանցէ իր շորջբոլորը գնուող ծառերը մեծութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, այլեւ կենսատու, հովանաւոր ու պաշտպան է ան։ Այստեղ մայրին կը դառնայ աստուածային վեհութեան, պտղաբերութեան, ստեղծագործութեան, այլեւ միեւնոյն ատեն Արարիչին հետ ներդաշնակ կապի խորհրդանիշ։ Մայրիին ձօնուած ներբողը կ’ընդգծէ Լիբանանի այս եզակի ծառին վեհութիւնը եւ իր ունեցած գերազանց առաւելութիւնները հանդէպ միւս բոլոր ծառերուն։
Ոչ պակաս քան հրէականը, արաբական գրականութիւնն ալ գիտցած է գովաբանել մայրին՝ համեմատելով զայն գեղեցկութեան, շնորհալիութեան եւ զօրութեան հետ։ Արաբական բանաստեղծութեան մէջ անոր ոչ-պակաս կարեւորութիւն ընծայուած է ոչ միայն իր փառաշուք տեսքին, այլեւ փիւնիկեան երկիրին՝ Լիբանանի հանրապետութեան եւ բնութեան խորհրդանշանի դերով։
Լիբանանցի հանրածանօթ բանաստեղծ, իմաստասէր եւ գեղանկարիչ Ժպրան Խալիլ Ժպրան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կը նշէ մայրին իբրեւ հոգեւոր մեծութեան եւ կայունութեան խորհրդանիշ։ Ան իր ծննդավայր Լիբանանին ձօնած բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ’ըսէ.
«Դուք ունիք ձեր Լիբանանը՝ իր առեղծուածներով, իսկ ես՝ իմ Լիբանանը՝ իր երազներով: […] Իմ Լիբանանը այն բարձր լեռն է, որուն գագաթը կը համբուրեն ամպերը. լեռ, որուն ստուերին տակ կանգնած են մայրիները, որոնք ժամանակի սկիզբէն ի վեր կը շշնջան աստղերուն հետ»:
Բնականաբար այստեղ պէտք չէ մոռնալ Նահապետ Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ն, որ կիլիկեցիներուս համար դարձած է զերթ փառերգ մը։ Եւ ամէն անգամ, երբ զայն կ’երգենք, անոր կարօտաբաղձ ու սրտայոյզ տողերուն մէջ կը յիշենք նաեւ Լիբանանի մայրին՝ իբրեւ մին աշխարհի հրաշալիքներէն.
«Տեսի դաշտերըն Սուրիոյ,
Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր.
Տեսի զերկիրն Իտալիոյ,
Վենետիկ եւ իւր կոնտոլներ.
Կըղզի նման չիք մեր Կիպրեայ
Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ»։
Լիբանանի մայրին գովաբանուած է բազմաթիւ մշակութային եւ գրական ժառանգութիւններու մէջ որպէս վեհութեան, անմահութեան, իմաստութեան եւ զօրութեան խորհրդանիշ: Հին Յունաստանէն եւ Հռոմէն մինչեւ արաբական բանաստեղծութիւն, մինչեւ արեւմտեան գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, մայրին ունեցած է բացառիկ եւ մեծ նշանակութիւն մը իբրեւ բնութեան ազնուագոյն, կեանք եւ կենդանութիւն կրող աստուածահաճոյ ծառ: Մայրին երկինքի ու երկրի միջեւ կապի համընդհանուր խորհրդանիշ մըն է եւ հին ու նոր ազգերու, նաեւ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մէջ կը համարուի մին բուսական աշխարհի ամենավսեմ եւ ազնուագոյն ներկայացուցիչներէն:
Ժընեւի Beaulieu այգիին մէջ գտնուող Լիբանանի մայրիները, իսկութեան մէջ, շատ աւելին կը խորհրդանշեն, քան անոնց տպաւորիչ տեսքը. անոնք կանգնած են իբրեւ կամուրջ Զուիցերիոյ եւ Լիբանանի միջեւ ընդհանուր արժէքներ եւ մշակութային կապեր զարգացնելու իմաստով: Անոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս բնութիւնը իբրեւ համաշխարհային կապ կրնայ ծառայել պատմական, կենսոլորտային եւ մշակութային յարաբերութիւններու ամրապնդման, այլեւ համագործակցութեան առումով։ Իբրեւ յարգանքի եւ կայունութեան խորհրդանիշ՝ անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ բնութիւնը ոչ միայն անփոխարինելի կենսատու արժէք մըն է, այլեւ մարդիկ, ազգեր ու ժողովուրդներ իրարու կը կապէ եւ էապէս կը նպաստէ միջմշակութային փոխըմբռնման եւ խաղաղ համակեցութեան։
Բայց աւա՜ղ, Մերձաւոր Արեւելքը կ’այրի ներկայի խօլ պատերազմներու բոցին մէջ։ Հարիւր հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց կեանքը, իսկ բիւրաւորներ դարձած են անօթեւան, եղած են արմատախիլ իրենց բնակավայրերէն, բաժնուած՝ ընտանիքներէն, եւ զրկուած՝ յոյսի թէկուզ նուազագոյն նշոյլէն։ Միլիոնաւոր մարդոց տառապանքը՝ թափած արիւնն ու արցունքը, մինչեւ երկինք կ’աղաղակեն ու պատասխաններու կը սպասեն։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս կատաղի ողբերգութիւնը։ Արդեօ՞ք այս աշխարհի վրայ տակաւին կայ յոյս մը կամ լաւատեսութեան չնչին երաշխիք մը. աշխարհ, որուն վրայ կեանքը մահ ու աւեր, կործանում եւ տառապանք դարձած է։
Ծնունդով որպէս լիբանանցի, թէկուզ հեռուէն վերահասու ըլլալով հսկայական տառապանքին կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս, անկեղծ կարեկցանք ու անհուն ցաւ կը զգամ լիբանանաբնակ բոլոր լիբանանցիներուն, նաեւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան համար։ Խորազգած կը ցաւիմ մարդու ձեռքով իրագործուող այս բոլոր հակամարտութիւններէն տուժած պարզ մարդոց, կիներուն, երեխաներուն, տարեցներուն եւ երիտասարդներուն համար. շէն ու շող, ազնիւ եւ հիւրասէր մարդիկ, որոնք իսկութեան մէջ ոչինչ կը պահանջեն, քան արժանապատիւ եւ ապահով կեանք մը։
Ուստի պիտի ուզէի շատերուն հետ ձայնս բարձրացնել յանուն խաղաղութեան եւ ամբողջ սրտով զօրակցիլ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն՝ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի բազմաչարչար ժողովուրդին։ Թող գայ այն օրը, երբ իրապէս թնդանօթները լռեն եւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդները ի վերջոյ յաջողին մէկ կողմ դնել մահաբեր չարիքի եւ բռնութեան բեռը: Թող մեր աղօթքներուն մէջ յիշուին բոլորը այն ամուր հաւատքով եւ անսպառ յոյսով, որ ի վերջոյ մարդկութիւնն ու սէրը պիտի յաղթանակեն, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք կարելիութիւնը ունենայ ապահովելու ոչ միայն իր անձին, այլ նաեւ իր ընտանիքին ու շրջապատին համար մարդավայել կեանք մը ապրելու անկապտելի իրաւունքը։
Հիմա կանգնած այս զոյգ մը մայրիներուն մեծութեան առջեւ, իրենց վեհութեամբ եւ գեղեցկութեամբ արբշիռ, անոնց ուղղուած եւ անոնց ընդմէջէն սրտաբուխ աղօթքս կը վերառաքեմ առ բարեխնամողն Աստուած՝ տէրը կեանքին, Արարիչը ամենեցուն, աշխարհին եւ մայր բնութեան։
Տէ՛ր,
Դէպի քեզ կը յառնեմ սիրտս եւ կ’աղերսեմ օրհնութիւնդ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն համար: Հայրական ողորմութեամբդ նայէ՛ անոնց, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու ստեղծած դժուարութիւններէ, անորոշութենէ ու ցաւէ։ Ամրապնդէ՛ զիրենք կեանքի ամէնօրեայ պայքարներուն մէջ։ Յոյս տո՛ւր վհատին եւ անոր մեձաւորներու շրջապատին, մարդեր, որոնց համար կեանքը անհեռանկար դարձած է եւ ուր յուսահատութիւնը կը տիրէ։
Օրհնէ՛ անօգնական երեխաներուն եւ վատուժ տղոց, որոնք ահի ու սարսափի մէջ կը մեծնան, լլկուած աղջիկներուն եւ կիներուն, որոնք հակառակ իրենց կրած մարմնական բոլոր տանջանքներուն՝ ապրելու ուժ կը ցուցաբերեն, եւ մարդերուն, որոնք ստեղծուած քաոսին մէջ խաղաղութիւն կը փնտռեն։ Բուժէ՛ անցեալի վէրքերը եւ առաջնորդէ՛ անոնց սիրտը դէպի միասնութիւն եւ հաշտութիւն։
Թող Լիբանան ըլլայ միշտ խաղաղութեան խորհրդանիշ երկիր մը, ուր բազմազանութիւնը չի բաժներ, այլ կը հարստացնէ, եւ ուր կեանքի ձայները աւելի բարձր կը հնչեն, քան մահասփիւռ որոտումները ռումբերուն:
Աստուածային սիրովդ տոչորէ՛ մեր քարեղէն սիրտը եւ զայն լեցո՛ւր կարեկցանքով յորդուն. տո՛ւր մեզի ձեռքեր բարեգործութեան ու խօսքեր մխիթարելու եւ բուժելու համար։ Ուժ պարգեւէ՛ մեզի պատերու փոխարէն կամուրջներ կառուցելու, իսկ կռիւի տեղ խաղաղութիւն սերմանելու։ Թող սէրը մեր մերձաւորներուն հանդէպ գերազանցէ մեր բազմատեսակ տարբերութիւնները, եւ ներդաշնակութեան համար ամէնուս կարօտը քիչ մը աւելի լուսաւորէ մեր շուրջ հետզհետէ աւելի գորշացող աշխարհը:
Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ,
Կեանք պարգեւէ՛ ամէնուն՝ քրիստոնեային եւ այլակրօնին, հաւատացեալին, թէկուզ նաեւ անհաւատին, որովհետեւ Դուն մարդու փրկութեան համար մարմնացար՝ մարդացար, կապուած մնալով ոչ մէկ մշակոյթի, ցեղի, գոյնի եւ կրօնի, այլ մարդեղութեանդ եւ հրաշափառ յարութեանդ խորհուրդով անխտիր ամէնուն շնորհեցիր կեանք եւ աւելի՛ կեանք. ամէն։
Ժընեւ, 3 դեկտեմբեր 2024
Ի տօնի սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ,
Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն` Յովհաննու եւ Աղէքսիանոսի: