ՎԱՆԱՍԱՐ
Ապրիլ 24ը հայերուս դէմ գործուած ցեղասպանութիւնն է… օտար պետութիւնները ընդունին կամ ոչ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմին՝ Թուրք կառավարութիւնը առիթը օգտագործեց՝ Հայ ժողովուրդը բնաջնջելու կանխամտածուած իր ծրագիրը գործադրելով« որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ ձեռբազատուի Հայերէն եւ տէր դառնայ անոնց պապենական հողերուն:
20րդ դարը եւ վերապրող հայերը կը շարունակեն վկայել Թուրք Պետութեան կողմէ գործադրուած՝ ահաւոր եւ աննախընթաց ցեղասպանութիւնը հայերու դէմ:
Հայուն վերապրիլը իր ընտանիքով« եկեղեցիով« դպրոց ու համալսարաններով« կուսակցութիւն ու բարեսիրական հաստատութիւններով մեծագոյն փաստն է անոր անիրաւուած գոյութեան:
Ուրբաթ առաւօտ Հայ Քոյրերու Վարժարանը իր օրը սկսաւ Ծառ Տնկելու արարողութեամբ:
Այս տարի վարժարանէն ներս՝ Ապրիլ 24ը կը մեծարուէր շուքի մէջ մնացած Պատկերի մը կենդանացումով:
Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Ներսէս Մանուկեան« Հայ Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Նշան Պագալեան« Ս. Մարկոս Եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Արմենակ Պետրոսեան« Տէր եւ Տիկին Ճոն Էւընզ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Այդ թուականներուն Պոլսոյ մէջ կային բազմաթիւ վարժարաններ« ճարտարապետներ« բժիշկ« գիտնական« փաստաբան« բանաստեղծ« գրագէտ« ազգայիններ ու եկեղեցիներ որոնք Հայուն կենսունակութիւնը կը պանծացնէին:
Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը չորս վարժարան ունէր:
Մայրավանքի Ընդհանուր Մեծաւորուհին՝ 13 միաբանակից քոյրերը իր մօտ կը կանչէ բացատրելու կացութիւնը« ու ներքին լուսաւորութենէ մը մղուած Տապանակի մէջ պահ դրուած Ս. Հաղորդութիւնը կը բաժնէ միանձնուհիներուն որպէս զօրավիգ անոնց հոգիներուն« երկրորդ՝ ջարդարարներու ձեռքէն հեռու պահելու Ս. Հաղորդութեան սրբապղծումը: Նոյն ժամուն թուրք զինուորներ իրենց հրամանատարին հետ ներս կը խուժեն: Կը թելադրեն բոլորին թրքանալ եւ հանգիստ կեանք ապրիլ: Մեծաւորուհի ու Քոյրեր հաստատակամ կը մերժեն: Տեղւոյն վրայ հրամանատարի փամփուշտները սիրտը կը ծակեն հերոս Մեծաւորուհիին՝ որ անշունջ կ’իյնայ գետին: 13 միանձնուհիներէն միայն մէկը անճանաչելի« հիւծած ու գրեթէ զառամած Հալէպ կը հասնի. ցեխին նետուած սրբութեան մը նման:
Աշակերտները այնքան յաջող իրենց դերերը կատարեցին որ պահ մը ես զիս անոնց մէջ զգացի: Խնամքով պատրաստուած էին կոյսերու զգեստները« գլխանոց եւ օձիք յար եւ նման ներկայ տարազներուն:
Ներկայացումը գրած էր Տիկ. Պալանեան՝ դաստիարակ ու գրող: Բողբոջ ու Ծաղիկ դասարանները բեմը լեցուցած էին իրենց կենսուրախ ժպիտներով« նազանքով ու երգերով: Երեմիա Մարգարէին խօսքը ճշմարտութիւն էր այն ատեն« եւ այսօր. »Տիրոջ կարեկցութեամբ անհետացած չենք« զի Անոր գթութիւնը անսպառելի է իսկ հաւատարմութիւնը մեծ«:
Որքան յուսալից ու մխիթարական են մեր մանուկները՝ որոնք աստղեր ափած երգեցին »Մեր Հայրենիք«« »Զարթի°ր Լաօ« եւ յիշեցնել տուին մեզի« հաւատքով սպասել արդարութեան որ Դանիէլ Վարուժան կը մարգարէանար [Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց« Ու անհամբեր հեռո~ւն« հեռո~ւն ակնապիշ Պիտի սպասեն վարդայեղեղ գալուստին Արշալոյսի մ’Արշալոյսի մը՝ որուն )Հաւատացէք ինձ« մայրեր(« Ես ոտնաձայնը կ’առնեմ . . .] Մեր մանուկները թելադրեցին նաեւ ցեղասպանութիւնը վերածել ուժի« աղօթքի մանաւանդ՝ լեզուի պահպանման ու հզօրացման եւ ոչ նահանջի:
Դպրոցը նուիրական է ինչպէս տաճար մը հին ու սուրբ« մտքի գիտութեան ներկայութիւն մը. պատուհան մը ներքին աշխարհին ուր՝ գիտելիքներուն ձայնը Աստուծոյ ձայնով հարուստ խոր ու պայծառ կ’աճի…որովհետեւ Աստուծոյ ձայնը չի կրնար տարբեր ըլլալ: Պէտք է հնչէ ան բարձր ու հաստատ: Ո°չ իբրեւ ձայնանիշ« կամ լար« այլ պատգամ՝ գթառատ« ներդաշնակ: Իսկ Անոր ձայնը լոկ լռութեան մէջ կը լսուի:
Դպրոցը գիտութիւններու« գիտելիքներու« կերտումի վայրն է. ուր՝ արեւը իր ճառագայթներով հարուստ՝ կեանքի աւիւն կը բաշխէ. նոր մտաւորականներ կը պատրաստէ որպէսզի 1915ի զոհերուն ըղձանքները կատարուին: Դարէն աւելի ծանր ու երկար ժամանակին մէջ թափուած՝ կարմիր արիւնը չհառաչէ այլ միաւոր բռունցքի վերածէ մեզ: Զոհուած ամէն մէկ հայ՝ ապաստանի մեր մէջ: Անոնք պէտք էին անուն՝ կենսագրութիւն ունենալ« սրբանալ« հերոսանալ բայց չունեցան: Տիեզերական Եկեղեցին թող նկատի առնէ այս կէտը:
Իսկ ո՞վ պիտի կարենայ չափել ու հասկնալ վերապրողի կորուստը« արնաքամ տագնապը անհո~ւն մնացորդացին՝ որ թոռնիկներով հանդերձ չկրցաւ ժպտիլ« առատութեան մէջ սուաղած մնաց. իր ցաւատանչ կեանքը քարշ տալով: Այսօր մեր կենդանութիւնը բանաստեղծական պարծանք մը չըլլայ« այլ՝ 2 միլիոն աղաղակ արդարութեան« հատուցման« յարութեան:
Դպրոցը աւանդութիւնները պահող ամուր դղեակն է: Ամէն այն ազգերը որ աւանդութիւնները կ’անտեսեն« շուտով կը մոռցուին ու կ’անտեսուին:
Ոգեկոչման խորանները՝ ատեանի վերածենք. արիւնը՝ հողի. հողը՝ ուժի եւ համախմբում՝ Հայրենիքի մէջ: Մեզի նոր Ոսկեդար մը պէտք է: Մեր մատներու ծով ձեռքերով չ’եղծենք ու չնսեմացնենք մեր դպրոցներն ու լեզուն: Ամէն բառ« ամէն գիր լոյս ու աղօթք է. իսկ դեռ երիտասարդութիւն մը կայ որ պիտի գայ. եթէ չպատրաստենք անոր գալուստը՝ հոս է եղեռականր« հոս՝ ցեղասպանութիւնը:
Հայ դպրոցը իր բազմերանգ բարեմասնութիւններով՝ թանկարժէք իրագործում մըն է. որ պիտի սիրենք ու գուրգուրանք իբր մեր զաւակը թերութիւններով հանդերձ:
Ամէն »Մենք« կազմող անհատ՝ խօսակցական լեզուին կեանք կու տայ ու կենդանի կը պահէ զայն. ահա թէ ի՞նչու հայերէն խօսիլը անհրաժեշտութիւն է. սէր՝ որ մահով իսկ չանհետանար:
Դարեր շարունակ մնալով հանդերձ օտար լեզուներու ազդեցութեան ներքեւ« մեր լեզուին հետ ու միջոցաւ գոյատեւեցինք. անհերքելի այն իրողութեամբ՝ թէ որքան խօսուն բերաններ ունենանք« գրող ձեռքեր« սորվեցնող մտքեր՝ հակառակ կեդրոնացման եւ ուռացման ամէն ճիգերու՝ մենք պիտի ապրինք ու բազմանանք:
Մէկ է մեր լեզուն ու գրականութիւնը: Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները կը մերժեն այն կապանքները լեզուական՝ որոնք կը ձգտին բաժանբաժան ընել հայ ժողովուրդը ու նսեմացնել անոր ցեղային ժառանգութիւնը: Գրականութիւնն ու լեզուն կարելի չէ ստրկացնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններու ենթարկելով:
Հայ դպրոցը քաջատեղեակ իր պատմութեան« գիտելիքներու հմուտ՝ աշակերտին հոգիին մէջ պիտի զետեղէ մեր լեռներու ապառաժէ բարձրութիւնը« մեր ջուրերուն մետաքսէ փափկութիւնը« մեր ծաղիկներուն գեղն ու աւիւնը: Եթէ դպրոցը կարենայ աւերակներուն եւ աճիւններուն բուրվառովը խնկել մեր մեծերու հոգին« մեր բոլոր փառքերուն խանդը թափէ անոր ժողովուրդին մէջ՝ յաջողած է այդ դպրոցը եւ »բազում արդիւնս առնէ«: Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները միասնական ճիգերով ամբողջութիւն մը կազմեն« իսկ մենք յարատեւ բարձրանալու մեր ձգտումով« անաչառ դատաստանի կանչենք բոլոր պետութիւնները որ աչք խբուկ չխաղան ազգերու պատմութեան հետ ու կեանքով« ինչպէս որ մինչեւ այսօր կը կատարեն:
Ըլլանք խստապահանջ եւ աններող մեր սխալներուն նկատմամբ եւ նոյնը պարտադրենք նաեւ պետութիւններու: Փոխանակ մեր ժողովուրդին թերութիւնները ընդօրինակելու՝ հետեւինք անոր առաւելութիւններուն: Ընենք ամէն բան երկրին ու ժողովուրդին ներքին կենսահիւթով սնանելու եւ աճելու:
Աշակերտը ամէն բանէ առաջ զարգանայ գիտութեամբ ու տիրանայ իր մաքրամքուր լեզուին:
Շնորհակալութիւն հայ դպրոցներուն որ կան:
Շնորհակալութիւն ծնողներուն որ կը հաւատան ու կը յուսան:
Այլապէս արդար չըլլար զոհերու կեանքը. իսկ վարժարանը՝ չի կրնար մխիթարուիլ եթէ դպրոցի հոգին իր սաներուն մէջ չ’ապրի: Թող միշտ արշալոյսներ բողբոջին« որպէսզի արիւնի հետ ճառագայթներ հոսին անոնց երակներէն: