ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ ԵՂԵՌՆԻ 94-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:4 Minute, 43 Second

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Նախանցեալ տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս գաղութիս մէջ գործող երեք յարանուանութեան հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ շուրջ վեց հարիւր հաւատացեալներու, Ապրիլ 24, 2009-ին, Հայոց Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անմահ Սուրբ պատարագ:

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ խաչքարին մօտ
Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ խաչքարին մօտ

Պատարագիչն էր Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ Ստեփանեան: Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթո-ղիկէ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Անտոն Ծ. Վրդ. Ադանեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Մակարիոս Տարաուի:
Պատարագիչ տէր հայրը ըսաւ.- »Այսօրուայ այս վերապրող սերունդին պատգամն է հետեւիք իրենց, որոնք մահու ու կենաց պայքարով կառչած մնացին մեր պապերու դարաւոր Քրիստոնէական հաւատքին, հայ լեզուին, մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն եւ զայն փոխանցեցին յաջորդող սերունդին, եւ այսօր այդ սրբազան պատգամը կը փոխանցեն նաեւ ձեզ, որպէսզի տէր կանգնիք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արդար ու անվիճելի իրաւունքներու ձեռքբերման: Եղեռնէն վերապրող մեր սերունդի շարքերը հետզհետէ կը նօսրանան այս անցաւոր աշխարհէն, որոնց ներկայութիւնը այստեղ կենդանի փաստն է մեր գոյատեւան պայքարին«:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը որպէսզի տան իրենց օրուայ պատգամը:  Տ. Անտոն. Ծ. Վրդ.Ադամեան, իր պատգամին մէջ ըսաւ.- »Ըլլա՞լ թէ Չըլլա՞լ… Այս է ճակատագրական երկընտրանքը որուն առջեւ դրուեցաւ հայը 1915-ին : Երկընտրանքը քաջութիւն եւ հաւատք կը պահանջէ: Ըլլա՞լ, ապրիլ, պայքարիլ եւ արիւն գոյատեւելու համար : Թէ չըլլա՞լ ստրկանալ օտարին կորսնցնելով իքնութիւն ու դիմագիծ, եւ անհետանալ քաղաքակիրթ ազգերու շարքերէն: Ազգ մը այնքան մեծ է որքան կարող է վճռական դիրք բռնել պատմութեան ճգնաժամային րոպէ-ներուն: Հայը մէկ պատասխան ունէր տալիք: Պատասխան մը կարճ ու յստակ որ կը բխի իր էութեան խորերէն ըլլալ մինչեւ մահ, հակառակ բիրտ ուժին վայրագութիւննե-րուն եւ աշխարհաւեր փոթորիկներուն : Հայը ստեղծուած է ըլլալու եւ գոյատեւելու համար : Չկայ երկընտրանք: Այս վճռական պատասխանը արիւնով ներկեց հայոց պատմութեան էջէրը: Էջեր որոնց մէջ հայ հերոսներուն սիրտը կը տրոփէ արժանաւոր կեանքի եւ խոր հաւատքի գերագոյն սիրով :
Ազգերու պատմութեան մէջ թուականներ կան որոնք անկիւնադարձային են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն գիտակից բոլոր անհատներու: Այդ անմոռանալի թուականներէն է Ապրիլ 24: Եթէ գիտակից հայ ես, կարո՞ղ ես անտեսել այս թուականը երբ տակաւին վէրքերդ կը կոտտան : Եւ ինչպէս անտեսել երբ մինչեւ օրս   արիւնած ես :
Այո, պատմութեան դիւային մէկ հանգրուանին եկան մեծ աղէտի օրեր: Խուժանին մեծ թաթերը հարուածեցին, այլանդակեցին քեզ, ցնցեցին միտքդ, վրդովեցին կայու-նութիւնդ, կասեցուցին յաղթական ընթացքդ: Դաշունահարեցին սիրտդ, արիւնի անձրեւ մը տեղաց վրադ ու կարմրցուց քեզ: Զաւակներուդ դիակներուն կոյտերով ան-դունդներ լեցուեցան: Մոխիրի վրայ նստար ու դառն ճակատագրիդ ողբալով մազերդ փետտեցիր: Եւ սակայն քու ներքին կորովդ յաղթեց մահուան, եւ դուն վերակենդանացար, դարձար աւելի երիտասարդ քան երբէք:  Նոր գարուն մը եկաւ ծաղկեցուց ար-տերդ : Մասիսի կատարէն զով զեփիւռ մը ճակատդ գգուեց, այտերդ շոյեց, այրած սիրտդ թարմացուց : Լուսայորդ առաւօտ մը վարդ ու շուշան սփռեց վրադ : Ծիծեռնակները կրկին անգամ իր բոյնը շինց : Արցունքը աչքիդ‘ ժպտեցար կեանքին :Դու համբերութեամբ եւ տոկունութեամբ Մայիս 28 կերտեցիր«:
Պատուելի Մակարիոս, իր պատգամին մէջ ըսաւ.- »Դարձեալ հաւաքուած ենք Աս-տուծոյ տան մէջ ոգեկոչելու Մեծ Եղեռնի 94-րդ ամեակը: Փոքր տարիքէս սկսեալ փորձած եմ իմանալ պատասխանը, թէ Ինչո՞ւ Աստուած թոյլատրեց որ կատարուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը բայց մինչեւ օրս չունին անոր պատասխանը: Սակայն, վստահ եմ որ անոնք նահատակուեցան, որպէսզի  մենք ապրինք: Այսօր  մեր տուներէն ներս մեր զաւակներուն պատմենք ու սորվեցնենք թէ թուրքերը իրենց ազգային ամենագազա-նային բնազդներով տոգորուած տեղահանեցին ու կոտորեցին ազգ մը…«
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին դպրաց դասի, սարկաւագներու առաջնորդութեամբ հոգեւոր հայրերը եւ ներկայ հաւատացեալները  ուղղուեցան եկեղեցւոյ դիմաց կա-նգնեցուած Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող Խաչքարին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Տէր հօր պահպանիչով եւ Կիլիկիա ազգայնաշունջ երգով, վերջ գտաւ եկեղեցական արարողութիւնը:
***
 1988-թուականին գաղութիս ազգային հասարակական կեանքին մէջ ծնունդ առած էր համագաղութային առումով »Եղեռնի Ոգեկոչման Միացեալ Յանձնախումբ« մը, որուն մաս կը կազմէին գաղութէն ներս գործող երեք յարանուանութեանց չորս եկե-ղեցիներ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոնք համերաշխ գործակցու-թեամբ մինջեւ օրս առանց ընդմիջումի կը կազմակերպեն քաղաքական ձեռնարկ նա-հանգի օտարազգի ժողովուրդին ծանօթացնելու »Հայոց Ցեղասպանութիւն«ը եւ այդ ճամբով քաղաքական գործիչներու միջոցով ճնշում բանեցնել կեդրոնական կառավա-րութեան վրայ որպէսզի ճանչնան Հայոց Եղեռնը:
Այս տարի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան »Ազատամարտ« կոմիտէութիւնը, գործակցելով գա-ղութի յարանուանութեանց երեք եկեղեցիներուն, եւ քոյր միութիւններուն հետ, կազ-մակերպեց քաղաքական ձեռնակ մը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան: Սոյն ձեռնարկին առիթով, գլխաւոր պատգամախօս հրաւիրուած էր Պրն Արմէն Խարազեա-նը՝ Ուաշինկթընէն: Ձեռնարկին ներկայ էին երեք եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Հ.Յ.Դաշնակցութեամ բիւրոյի անդամ ընկ. Հայկ Օշական, »Ազատամարտ«, կոմիտէութեան եւ Հ. Ե. Դաշնակցութեան, եւ քոյր միութիւններու անդամներ եւ երեք հարիւրէ աւելի հասարակութիւն մը: 
Օրուան հադիսավարն էր Հ. Ե.Դաշնակցութեան անդամ ընկհ. Նայիրի Օհաննէսեան : Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը. Մ.-ի սկաուտներու եւ արենուշներու կատարած դրօշակի արարողութեամբ: Ապա Տիկ. Աբիկեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ընկե-րուհիներ՝ Սօնա եւ Թինա Մշիկեաններ երգեցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգ-ները : Որմէ ետք ներկայ հասարակութիւնը մէկ վայրկեան լուռ յարգեց յիշատակը Եղեռնի նահատակներուն :
Այնուհետեւ ընկերուհին իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, յաջորդաբար բեմ հրաւի-րեց Տիկ. Անի Գարճեանը եւ Հէրի Յովակիմեանը, որոնք յաջորդաբար բեմ բարձրա-նալով, առաջինը ապրումով արտասանեց »Եղեռնապատումէն« հատուած մը, իսկ երկրորդը ջութակի վրայ նուագեց »Կռունկ«ը :
Ապա խօսք առաւ Արմէն Խարազեան, որ կեդրոնացաւ Ամերիկա-Հայաստան փոխ յարաբերութիւններուն վրայ:
Ան յայտնեց թէ Նախագահ Օպամա խոստացած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգ-ներ կապը բարելաւել, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները առանց նախապայ-մանի բնականոն վիճակի մէջ պահել, Արցախի հարցին  լուծում մը գտնել, եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելին, Օպամայի վարչակազմը նախաձեռնած է իր ար-տաքին քաղաքականութիւնը բարելաւել Հայաստանի եւ այդ տարածաշրջանին մէջ: Բանախօսը աւելցուց թէ Միացեալ Նահանգներ որոշած են լաւ եւ հաստատ յարաբերութիւն մշակել Ռուսիոյ հետ ռազմավարական միջազգային, եւ շրջանային հարցերու առնչութեամբ: Ան շարունակեց իր խօսքը, յայտնելով թէ յառաջիկայ տարիներուն Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն ընդարձակել իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը վերոյիշեալ երկիրներու նկատմամբ, եւ ապահովելու համար Ամերիկայի անվ-տանգութիւնը: »Ներկայիս Միացեալ նահանգներ իրենց արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր կէտերը վերատեսութեան կ’ենթարկեն, եւ հաւանաբար փոխեն իրենց քաղաքական ուղղութիւնը: Ամերիկայի հայ գաղութին կարեւոր դերը պէտք է ըլլայ օժանդակել Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մար-զերու բարելաւման ու հզօրացման, եւ Միացեալ նահանգներու մէջ քաղաքական աշխատանքը հասցնել իր լրումին եւ ապահովել  Հայոց Ցեղասպանութեանը ճանաչումը…« Եզրակացուց բանախօսը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles