Կրեթա Թունպերկի Բողոքի Ցոյցը՝ Երեւանի Մ․Ա․Կ․-ի Գրասենեակին Դիմաց

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գրասենեակին դիմաց կազմակերպուեցաւ «Stop Greenwashing Genocide!» նշանաբանով բողոքի ցոյցը, որուն ներկայ էր նաեւ շուէտացի հանրածանօթ քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան Կրեթա Թունպերկ, որ մերժեց մասնակցիլ COP29-ին`անոր Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպման պատճառով:

Ցոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի գործողութիւններու ազդեցութեան՝ թէ՛ մարդու իրաւունքներու եւ թէ տարածաշրջանի բնապահպանական պաշտպանութեան վրայ:

Թունպերկ զարմանք յայտնեց, որ կլիմայի համաժողովը կը կատարուի բռնապետական նաւթային պետութիւն հանդիսացող Ատրպէյճանի մէջ, ուր մարդու հիմնարար իրաւունքները չեն յարգուիր։ «Ատրպէյճանի ձեռքերը արիւնոտ են թէ՛ իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ ճնշումներով եւ թէ Արցախի հայերուն նկատմամբ գործադրուած ցեղային զտումներով եւ ցեղասպանական գործողութիւններով: Անընդունելի են այն տառապանքները, բռնի տեղահանութիւնը եւ շարունակուող ֆիզիքական եւ հոգեբանական բռնութիւնները, զորս կը դիմագրաւեն հայերը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան այն պետութիւնն է, որ մեծապէս կախեալ է հանածոյ վառելանիւթէն եւ մտադիր է աւելիով ընդլայնել այդ վառելիքի արդիւնաբերութիւնը:

«Ատրպէյճանի պէս պետութիւն մը պէտք չէ ցեղային զտում կատարէ եւ անոր համար պատասխանատուութեան չենթարկուի», ըսաւ երիտասարդ բնապահպանը՝ ընդգծելով, որ հիմա այդ բռնութիւնը կը հանդիպի ոչ միայն աշխարհի լռութեան, այլ նաեւ համաշխարհային մակարդակով Ատրպէյճանին յատկացուած է հարթակ եւ օրինականութիւն` առաւել եւս խորացնելու համար մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ չարաշահումները:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ունակութիւնը ունին բարձրաձայնելու այս բոլորին մասին եւ արդարութիւն պահանջելու բոլոր տուժածներուն համար», ըսաւ Թունպերկ՝ նոյն ատեն կոչ ուղղելով Պաքու գտնուող միջազգային լրատուամիջոցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք լիազօրութիւն ունին՝ այցելելու Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներուն եւ պահանջել բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:

Իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանց իր խօսքին մէջ նշեց, որ այն միջազգային կառոյցները, որոնք կազմուած են մարդկութեան կողմէ, ցաւալիօրէն, չեն աշխատած, որովհետեւ 21-րդ դարուն անոնց աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն ցեղասպանութիւնը, իսկ այդ կառոյցները ոչ միայն չտեսան, այլ նաեւ նպատակայարմար գտան երթալ մասնակցելու այդ ցեղասպանութեան հեղինակ երկրին մէջ տեղի ունեցող կենսոլորտային համաժողովին:

Ցուցարարները պահանջեցին, որ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները, երկիրներու նախագահները, լրագրողները երթան եւ այցելեն Պաքուի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներուն: Անոնք պահանջեցին նաեւ անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները: Ցոյցի աւարտին մասնակիցները նամակ յանձնեցին Մ․Ա․Կ․-ի հայաստանեան գրասենեակին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles