ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
14 Նոյեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
ՄԱԿ-ի Կլիմայի Փոփոխութեան տարեկան Խորհրդաժողովը` UNCCC, որ պէտք է սահմանափակէ կենսոլորտի ապականութիւն պատճառող քարիւղի եւ նման նիւթերու արտահանումը եւ գործածութիւնը, վերածուած է նաեւ քարիւղ արտադրող Կողմերու Խորհրդաժողովին՝ COP: Այս տարի, 29-րդ ժողովը՝ COP29 տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, 11-24 Նոյեմբեր 2024:
Այս է խորագիրը բնապահպանութեան ջատագով եւ հեղինակ, Արժանթինէն՝ Ռիքի Լանուսի՝ Ricky Lanusse յօդուածին, որ լոյս տեսաւ 11 Նոյեմբեր 2024-ին, Միտիում կայքէջի Տը Նիու Քլայմէյթ էջին վրայ (1): 8 Նոյեմբեր 2024-ին նոյն պարագան արծարծած է նաեւ Պի Պի Սի-էն Ճասթին Ռօլաթ՝ Justin Rowlatt (2): Ստորեւ՝ Լանուսի անգլերէն յօդուածին գլխաւոր բաժինները կը թարգմանեմ.
«Պաքուի կեդրոնական փողոցի առեւտուրի կեդրոնը բոլորովին նոր դարձած է: Այս փայլուն 13 յարկանի աշտարակը, ուր տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի յաջորդ կլիմայական ժողովը՝ COP29, կը գտնուի քանի մը քիլոմեթր անդին: Պաքուն, նախապէս, Սեւ քաղաք կը ճանչցուէր, որ 1840-ական տարիներուն համաշխարհային քարիւղի արդիւնաբերութեան ծննդավայրն էր: Քանի որ, հաւատաք, կամ ո՛չ, Պաքուն աշխարհի առաջին քարիւղի քաղաքն էր:
«Պաքուի մէջ տակաւին նաւթահորեր կան, որոնց նաւթահան սարքերը կշռոյթով վեր-վար կը ճօճեն, մինչ քարիւղի զտարաններու բոցարձակները յստակօրէն կ՚երեւին գիշերային երկինքին: Այսօր, հանածոյ վառելանիւթերը կը կազմեն Ատրպէյճանի արտածումի 90 տոկոսը: Քարիւղի եւ կազի եկամուտէն կախեալ տնտեսութիւններու առաջին 10-ին մէջ կը գտնուի այս նաւթային պետութիւնը:
«Այժմ սակայն, անհետացած են սեւ մուրով պատուած շէնքերը, որոնք քաղաքին տուած էին իր «Սեւ քաղաք» ծածկանունը: Իւրաքանչիւր տուն եւ գործարան ժամանակին ծածկուած էր, Կասպից ծովու ափերուն գտնուող զտարաններուն արձակած սեւ մուրով: Անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին յարատեւ մաքրութեան շնորհիւ, Պաքուի կեդրոնը վերածուած է Սպիտակ քաղաքի, ուր խորհրդային շրջանի տնաշարքերը ներկուած են փայլուն աւազագոյն ճակատներով։
«COP29-ը տեղի կ՚ունենայ Պաքուի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ։ Եւ ո՞ւր կը գտնուի ժողովին շէնքը՝ ճիշդ Սոքարի (ազերի պետական քարիւղի եւ կազի ընկերութիւն*) նաւթի եւ կազի հսկայական շտեմարաններուն դիմաց, որոնց ետին ալ կը գտնուի Ատրպէյճանի հնագոյն քարիւղի հանքերէն մէկը…
«Յունուար 2024-ին շէնքին բացումը կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որուն, շատերը՝ իբրեւ բռնապետ կը բնութագրեն:
«Այդ օրէն, Առեւտրական կեդրոնը կը հանդիսանայ նախագահ Ալիեւի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կազմակերպութեան՝ COP29-ի գործադիր կեդրոնը: Ան ընկերութեան յանձնարարած է կազմակերպել ՄԱԿ-ի տարեկան կլիմայական բանակցութիւնները, որոնք Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան 11 նոյեմբեր 2024-ին:
«Սակայն ինչու՞ Ատրպէյճանի նման նաւթային պետութեան մը մէջ պիտի հիւրընկալուի կլիմայի վերաբերեալ բանակցութիւնները, ուր պետական եկամուտներուն երկու երրորդը նաւթէն եւ կազէն կը գոյանայ:
«COP-ը նաւթի եւ կազի մասին չէ, այլ՝ յաւիտեանս հանածոյ վառելանիւթի:
«Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ պատասխանել այդ հարցումին, Էլնուր Սոլթանովն է՝ COP29-ի գործադիր տնօրէնը եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի փոխ նախարարը: Սակայն երբ ան կը միանայ «EC Capital»-ի հետ (Հոնկ Քոնկէն կեղծ ընկերութիւն մը) հեռակայ հարցազրոյցին, ան չակնկալեր, որ կը պատասխանէ այդ հրատապ հարցերէն որեւէ մէկուն, այլ կլիմայի գագաթնաժողովին առիթով, հնարաւոր շահութաբեր համաձայնութիւններու ակնկալիքներուն: Ի վերջոյ, քարիւղի դրամն ու COP-երը երկար, միահիւսուած պատմութիւն ունին: EC Capital-ի հետ հանդիպումը, ուրեմն, շատ սովորական բան մըն էր: Կամ՝ ինք այդպէս կը կարծէր:
«Սակայն Սոլթանովը տեղեակ չէ, որ իր խօսակիցը քարիւղի ներդրող մը չէ, այլ՝ Կլոպըլ Ուիթնեսի կողմէ գաղտնի հետախոյզ մը: Քանի որ «EC Capital»-ը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան համաշխարհային ներդրումներու ընկերութիւն, որ Սոլթանովին բնաւ չզարմացներ։ «Երբ ուքրանական պատերազմին պատճառով, Եւրոպան խզեց ռուսական կազին հետ կապերը, Ատրպէյճանը արագօրէն դարձաւ հանածոյ վառելիքի շուկայի նոր սիրելին: Յաջորդ տասնամեակին ընթացքին, կազի արտահանումը մէկ երրորդով աւելցնելու ծրագիրով, Ատրպէյճանի դիրքը իբրեւ Եւրոպայի ընտրեալ մատակարար՝ կնքուեցաւ:
«Սոլթանովը կը յստակացնէ, որ առայժմ ինք COP-ի պատասխանատուն է եւ ոչ թէ փոխ նախարարը: ՄԱԿ-ի COP-ի օրէնսգիրքը պաշտօնեաներուն կ՚արգիլէ օգտագործել իրենց դիրքերը անձնական շահի համար՝ ակնկալելով, որ անոնք գործեն առանց սեփական շահի: Սակայն երբ ան կը հարցուի ներդրումներու մասին, Սոլթանով կը մոռնայ իր զգուշաւոր վարմունքը եւ Ատրպէյճանի ընդարձակ հանածոյ վառելանիւթի պաշարներուն մասին քարոզչութեան կը սկսի:
«Նախ ան կը յստակացնէ, որ COP-ի տնօրէն ըլլալը չի նշանակեր, որ ներդրումներու առիթներ չկան “Սոքար” ընկերութեան հետ, եւ, թէ EC Capital-ը կրնայ հետաքրքրուիլ «կանանչ անցումային նախագիծերով»: Քանի որ «COP-ը նաւթի եւ կազի մասին չէ, այլ՝ կլիմայական ճգնաժամի մասին: Սակայն, միեւնոյն ատեն ան պատահաբար կը նշէ Ատրպէյճանի «շատ մեծ նաւթի եւ կազի հանքավայրերը», ընդգծելով իր երկրին կազի արտահանման աճը։ Ան բնական կազը իբրեւ «անցումային վառելիք» գաղափարի մասին կը խօսի՝ շեշտելով, որ անոնք կրնան աշխարհի անբաժան մասը ըլլալ, թերեւս յաւիտեանս. հաւաստիացում մը, որ ներդրող մը պիտի ուզէր լսել:
«Հանդիպումը կ՚աւարտի EC Capital-ի կողմէ SOCAR-ին ծանօթանալու խնդրանքով: Օրեր ետք, Սոլթանովը կ՚ընդառաջէ: SOCAR-ի գործադիր տնօրէն Էլշատ Նասիրովը EC Capital-ին Պաքու կը հրաւիրէ՝ քննարկելու ներդրումները, որոնք կախեալ են COP29-ի հնարաւոր նաւթային համաձայնութիւններէն:
«Պատգա՞մը. Եթէ հանածոյ վառելիքի դրամ ունիք, COP29-ը բաց է առեւտուրի համար:
«Այս անգամ EC Capital-ը պարզապէս կեղծ անձ մըն է, գաղտնի հետաքննութեան համար, սակայն այդ հանածոյ վառելանիւթի ջատագովներու բանակին ամենաճշգրիտ ներկայացումն է, որ ամեն տարի կը կրկնուի COP-երու ընթացքին՝ յուսալով օգուտ քաղել ճգնաժամէն, որ անոնք կ՚օգնեն յաւերժացնել:
«Ահաւասիկ COP29-ի տնօրէնը գոհ է հանածոյ վառելանիւթի ներդրողներէն, կարծես թէ, իբրեւ սովորական գործ:
«COP29-ը տօնավաճառ:
«COP29-ի «գործընկերութիւններուն» խումբը հակասական խաղ կը խաղայ՝ ապահովելով միացեալ տնտեսում, կլիմայի շուրջ բանակցութիւններու համար, սակայն իրականութեան մէջ, նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան համաշխարհային առեւտուրի ժողով է այդ:
«COP-ի հովանաւորներու սովորական կանոնները կը պահանջեն, որ ընկերութիւնները ըլլան ՄԱԿ-ի «մրցում դէպի զէռօ ապականում» ծրագիրի մաս, կամ՝ զէռօ ապականութեան աճի խոստում տուած: Սակայն, իրականութեան մէջ կեղծիք է, ինչպէս փաստեց Global Witness-ի հետաքննութիւնը: Ընկերութիւնները կրնան շրջանցել այս պահանջները՝ ստորագրելով «Ազգային խոստում»՝ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին անորոշ յանձնառութեամբ «Զուտ զէռօ հաւատալի անցումային ծրագրով» մը: Յարմար ելք մը, որ ճիշդ կը գոհացնէ «EC Capital»-ին նման ընկերութիւնները։
«COP29-ի խումբը, որ կը ձգտի ամբողջացնել իր հովանաւորներու մասնաբաժինը, EC Capital-ին կը տրամադրէ 600 հազար տոլար արժողութեամբ ծրար մը, որ կը ներառէ մասնակցութեան հինգ տոմսեր եւ հնարաւորութիւն, Սոքարի՝ Ատրպէյճանի պետական նաւթային հսկային հետ միացեալ ձեռնարկ կազմակերպելու: Ո՛չ մէկ խօսք կլիմայի հետ կապուած որեւէ պարտաւորութեան մասին: Պարզապէս նաւթի եւ կազի ցանցի հնարաւորութիւն՝ ՄԱԿ-ի կլիմայակա՛ն գագաթնաժողովին:
«Որուն դիմաց EC Capital-ը կը պահանջէ երեք բան՝ հանդիպում Ատրպէյճանի ուժանիւթի փոխ նախարար Էլնուր Սոլթանովի հետ, Պաքուի մէջ հանդիպումներ Սոքարի պաշտօնեաներու հետ եւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած «նաւթի եւ կազի կայուն ներդրումներուն» COP29-ի ընթացքին: COP29-ի խմբակը սրտանց կը համաձայնի:
«Գրաւոր, անոնք կը խոստանան դիւրացնել քարիւղի համաձայնութիւն մը, կանխիկ գումարի դիմաց, այն ալ՝ ՄԱԿ-ի կլիմայական վեհաժողովին… Ահա անպատժելիութեան նմոյշ մը:
«Հանածոյ վառելանիւթի խաղագիրքը՝ Թշնամիներդ աւելի մօտդ պահէ:
«Այստեղ, կը բացայայտուի նաւթի պետութեան խաղագիրքը՝ բաժնետիրական առեւտրային ցուցահանդէս, ուր նաւթային շահերը կու գան ներդրումային համաձայնութիւններ կնքելու: COP29-ը պաշտօնապէս դարձած է նաւթային առեւտուրի վայր, այլ ո՛չ թէ կլիմայական շարժումի: Գագաթնաժողովը վերածուած է հանածոյ վառելանիւթի ընկերութիւններու, համաշխարհային կլիմայական դիւանագիտութեան քողին տակ՝ համաձայնութիւններ ապահովելու վայր:
«Սակայն COP-ը միշտ չէ, որ եղած է նաւթի եւ կազի խաղադաշտ: Հանածոյ վառելանիւթով հարուստ երկիրները, ինչպիսին է Ատրպէյճանը, երկար ժամանակ կը դիտէին ՄԱԿ-ի կլիմայական ջանքերը իբրեւ իրենց գոյութեան սպառնալիք: Հասկնալով, որ կլիմայական ուժեղ գործողութիւնները կրնան քայքայել իրենց տնտեսական կեանքը, անոնք սկիզբէն ներթափանցեցին այնտեղ:
«1995-ին Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքը երաշխաւորեց, որ Պերլինի COP1-ը կը պահանջէ միաձայնութիւն իւրաքանչիւր որոշումի համար՝ հանածոյ վառելանիւթ արտադրողներուն վեթոյի իրաւունք տալով, կլիմայական որեւէ ծրագիրի նկատմամբ, որ անյարմար կը նկատէին:
«Այդ ժամանակէն, COP-երը վերածուած են խաղահրապարակներու, ուր նաւթային արդիւնաբերութեան խաղը ակնյայտօրէն զարգացած է: Բացարձակ հերքումի փոխարէն ընկերութիւնները այժմ կը խոստանան «զուտ զէռօ» ծրագիրներ, առաջարկելով վարկածային թեքնիք լուծումներ, ինչպիսիք են ածխածինի հաւաքումը եւ պահպանումը (CCS) եւ ածխածինի վարկերու խթանումը, որոնք թոյլ կու տան «հատուցել» արձակումներուն դիմաց՝ առանց նուազեցնելու զանոնք:
«Այժմ ՄԱԿ-ի կլիմայական գագաթնաժողովը աւելի՛ն է, քան պարզապէս կլիմայի վատթարացումը կասեցնելու հնարաւորութիւն: Հանածոյ վառելանիւթի ընկերութիւններուն համար այդ առիթ է հովանաւորչական համաձայնութիւններ ապահովելու, քաղաքականութիւն մշակողներու հետ զրուցելու եւ, այո, նաւթի եւ կազի համաձայնութիւններ կնքելու համար:
«Յիշենք անցեալ տարի, COP28-ը ԱՄԷ-ի մէջ, որ կը նախագահէր ԱՄԷ-ի ազգային նաւթային ընկերութեան գործադիր տնօրէն՝ Սուլթան Ալ Ժապերը: Հովանաւորութեան գիները եռապատկելէն եւ կառավարութիւններու հետ «ցանցային բացառիկ առիթներ շնորհելով» հովանաւորները գայթակղեցնելէ ետք, սպրդած փաստաթուղթերը գագաթնաժողովի «ածխաթթվացման» առաքելութիւնը վերածեցին զաւեշտի: Փոխարէնը, կլիմայի գագաթնաժողովը հարթակ դարձաւ նաւթային համաձայնութիւններու թատերաբեմի: Կը թուի, որ Ատրպէյճանը ջերմօրէն հետեւեցաւ այս նախընթացին:
«…Բայց որքա՞ն պատրաստ ենք սպասելու: Քանի՞ այսպիսի COP-երու կրնանք դիմանալ, ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ համակարգը փտած է: Ամեն տարի մենք կը լսենք նոյն յոգնած արդարացումները առաջնորդներէն, դիւանագէտներէն եւ հովանաւորներէն՝ խոստանալով «յաջորդ քայլեր» կամ «յաւակնոտ պարտաւորութիւններ», մինչ աշխարհը կ՚այրի: Սա այն նոյն խաղն է, որ անդադար կ՚երկարաձգուի: Խաղ մը, որ նախատեսուած է մեզի խաբելու, եւ չուզեր ինքզինք շտկել:
«Աշխարհը պէտք չունի տասնամեակ մը եւս բանակցութիւններու, որոնք նախատեսուած են ապականութիւն պատճառող արդիւնաբերութիւնները պահպանելու համար: Մեզի կեղծ «լուծումներ» պէտք չեն, որոնք կը ծառայեն բաժնետիրական շահագրգիռ կողմերը գոհացնելու համար:
«Մենք պէտք ունինք համարձակ գործողութեան:
«Մենք պէտք ունինք COP մը, ուր կլիմայական արդարութեան համար պայքարող առաջին գիծի ձայները պէտք է լսուին՝ բնիկ համայնքներո՛ւն, ջատագովներո՛ւն եւ կլիմայական խոցելի երկրներո՛ւն ձայները եւ ո՛չ թէ հանածոյ վառելանիւթի ջատագովներուն աղմուկը: Մեզի անհրաժեշտ է COP մը, որ կրնայ յոյսի փարոս ըլլալ, վայր մը, ուր մենք այլեւս չենք մտածեր, թէ՝ արդեօք ընթացքը կեղծուա՞ծ է, կամ թէ՝ արդեօք արդիւնքները երբե՛ք պիտի համապատասխանե՞ն ճգնաժամի հրատապ վիճակին:
«Աշխարհը փորձած է 29 բանակցութիւններ՝ ապականողներու եւ օձի իւղ վաճառողներու անընդհատ շատցող մարդոց հետ:
«Ժամանակն է, որ մենք փորձենք առանց անոնց կլիմայական գագաթնաժողով գումարել»:
ԱՀԱԶԱՆԳ – 2024-ը պիտի ըլլայ ամենէն տաք տարին՝ միջինէն մէկ ու կէս աստիճան աւելի բարձր, քան ցարդ արձանագրուած է (3):
«Իսկ Ատրպէյճանի կատարած ցեղասպանութիւնը, Արցախի ցեղային մաքրագործումը, նախ մե՛նք է որ անդադար պէտք է արծարծենք, բոլոր կարելի միջոցներով: Իսկ այդ միջոցներուն գլխաւորը՝ Հայաստանի այս հակահայ, թշնամիին ծառայող վարչախումբին հեռացումն է:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
- https://medium.com/the-new-climate/how-cop29-became-a-playground-for-oil-giants-in-the-name-of-climate-change-bd8990f2cc3e
- https://www.bbc.com/news/articles/crmzvdn9e18o
- https://wmo.int/news/media-centre/2024-track-be-hottest-year-record-warming-temporarily-hits-15degc