Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԿԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏԷ՝ ՈՐ ՀԱՅԵՐԸ  ՄԵՐՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 34 Second

Յ. Պալեան

            Կը խօսինք այս կամ այն երկրի «հայկական» համայնքի անդամի եւ անդամներու որպէս քաղաքացիի օրինակելի կերպով «մերուած» ըլլալու յաջողութեան մասին:  Համայնքները կը ճանչցուին իրենց անցեալի եւ ներկայի պատկանելիութեան վերադիրներով տեղական հանրութիւններ, կ’ըսեն «հայ-ամերիկեան», «հայ-ֆրանսական», «հայ-լիբանանեան», ցանկը բազմապատիկ է եւ չէ փակուած: Հպարտութիւն է, հաւատարմութեան վկայութիւն է ըսել, որ այս կամ այն հայը, արաբէն աւելի լաւ կը խօսի արաբերէնը, ֆրանասցիէն լաւ կը խօսի ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը՝ ամերիկացիէն: Բազմապատկեցէ՛ք երկիրներու եւ լեզուներու անունները:

            Լեզուներ գիտնալ լաւ է, պայմանաւ որ այդ լաւը չըլլայ ի հեճուկս ինքնութիւն կերտող սեփական լեզուին: Ի՞նչ կ’ըսէ իրականութիւնը: Միշտ կը յիշեմ Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը այս մասին, որ շատերու խօսած հայերէնը «հաց պանիրի հայերէն է»: Հիմա կայ նաեւ համացանցի «լատինատառ» հայերէն: Այս նորատեսակ հայերէններով ո՞ր ինքնութիւնը կը պահուի:

            Ինքնութիւն կերտող են սեփական պատմութիւնը, նախահայրերու հող-հայրենիքը, պատերազմներու յիշողութիւնը, յաղթանակները, պարտութիւնները, առասպելները: Հայուն ինքնութիւնը Վարդան Մամիկոնեանն է, Սասունցի Դաւիթը, Նարեկացին, Խրիմեանը, Հայաստանը՝ ո՛չ միայն իր ներկայ սահմանններով, Վանը, Մուշը, Սիսը,  Յարդգող Վահագնը, Աւարայրը, Սարդարապատը, ցեղասպանութիւնը: Ո՛չ Վերսոնժեթորիքսը, ո՛չ Տէյվի Քրոքէթը, ո՛չ Շէքսփիրը, Ամազոնը, Միսիսիփին: Անունները կրնաք բամապատկել: Արդիւնքը՝ Ազգի անդամի ինքնութեան յիշողութիւն, որուն մէջ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը ճանչնայ որպէս ազգի մաս:

            Գիտակցական ճիգով մը, հարց պէտք է տալ, թէ հայերը կենդանի եւ կենարար պահա՞ծ են եւ կը պահե՞ն յիշողոշութիւնը, աւելի ճիշդ, այդ յիշիղութիւնը չէ՞ մեռած, չի՞ մեռնիր, երբ տուրք կու տանք ընդունուած եւ պարտադրուած պատշաճեցումներու, սեփական յիշողութիւնը փոխարինելով նորով, ծնունդ տալով նոր մարդու, որուն համար, ՝         վաղ թէ ուշ, պատմաբան եւ ընկերաբան պատշաճ տարազումով, իրողապէս պիտի ըսեն՝ ծագումով հայ էր:

            Կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ վկայակոչել Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հռչակաւոր հայ բժիշկի մը վկայութիւնը այն մասին, որ այդ երկրին մէջ կար, թերեւս հիմա ալ կայ, Բագգարա կոչուած ցեղախումբ մը, որ ինքզինք կը համարէր Բագրատունիներու յաջորդ:Ծագման առասպել…

            Հայը ինչպէ՞ս, ի՞նչ պայմաններով մերուած կ’ըլլայ իր ազգին մէջ:

            Հայերը բազմաթիւ երկիրներու քաղաքացի են: այդ այլազան քաղաքացիութիւնները հայկական ինքնութիւն չեն: Անոնք ապաստան երկրին կողմէ կատարուած գաղթականի կարգավիճակի կանոնակարգում են:

            Իսկ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ հայուն համարկումը իր ազգին մէջ: Ի հարկէ՝ Հայրենատիրութեամբ: Տիրութիւն հողին, պատմութեան, մշակոյթին, լեզուին, ինքնութիւն կերտող նիւթական եւ բարոյական արժէքներուն, որոնց շարքին՝ կրօնին: Առանց այս տիրութիւններուն, կը յառաջանայ անինքնութիւն, անանցեալ, անհայրենիք, մոլորակի թափառականներու անդիմագիծ ամբոխ մը, որ ժամանակ մըն ալ ճառով, խոհանոցով եւ «տուրիզմ»ով  ինքզինք կը խաբէ անուանական ծագման յիշողութեամբ. australian of armenian origin, français d’origine arménienne: Բազմապատկել աշխարհի քարտէսի երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով:

            Ո՞վ կրնայ ըսել թէ հայը ինչպէ՞ս մերուած կ’ըլլայ իր ազգին մէջ, ինչպէ՞ս այսօր  ծաղրանկարային հպարտութեամբ կ’ըսուի, ասդին եւ անդին, որ հայերը օրինակելի կերպով համարկուած են այս կամ այն երկրին եւ անոր բնակչութեան եւ ծափ կու  տանք: Այդ համարկուած հայերը համարկուա՞ծ են իրենց հայրերու ազգին: Ո՞ր լեզուով, ո՞ր մշակոյթով, ո՞ր համոզումներով եւ յանձնառութիւններով  կը չափուի այդ համարկում-integrationը:

            Հայրենատիրական իրաւ քաղաքականութիւն եթէ ունենան, ունեցած ըլլային ներսի եւ դուրսի «ղեկավարութիւններ»ը, հետեւողական կերպով հայրենադարձութիւն տեղի ունեցած կ’ըլլար, որպէսզի հայրենիքի տիրութիւնը բնակեցումով հզօրանար, արտագաղթը չըլլար ընդունելի կանոն, նորանուն «գաղութներ»ով սփիւռքը չէր աճեր եւ ազգը չէր աղքատանար: Միամիտներ կը հաւատան, թէ այլազան անուններով նոր համարկումներու «ցունամի»ին մէջ հայկական հայ ազգային համարկումը կրնայ տեղի ունենալ եւ տեւել: Այս պատեհապաշտութիւն է: Ցեղասպանութեան յաջորդած հայրենահանուածներու անտիտղոս եւ Սորպոն, Պերքլէյ կամ Հարվարտ չտեսած համեստներ, ժողովրդական իմաստուաթեամբ խօսած են «ճերմակ ջարդ»ի մասին: Հայաստանի եւ Սփիւռք(ներ)ի բազմադէմ ղեկավարութիւնները հաւաքական եւ միացեալ ի՞նչ  ծրագրով կ’աշխատին, առաջքը առնելու համար, մեր մեղսակցութեամբ ամէնուրեք եւ ամէն օր սողսկող «ճերմակ ջարդ»ին: Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, որ չէինք գիտեր, չգիտցանք, եւ բազմացուցինք աշխարհագրական նոր անուններով «հայութիւններ», ո՞ր ազգային նպատակին համար, ի՞նչ պահելու համար: Միթէ՞ այս յաւերժանալու միտող եւ ժամանակաւոր չեղող պարտութիւն չէ, որ տեղի կ’ունենայ: Խօսքը գաղթականութիւնները կուշտ պահելու մասին չէ, այլ՝ ներկայ եւ ներկաներով հայրենատիրութեան:

            Այս միտքերը փոքրամասնութեան մը առօրեան չարչրկող խօսքեր կրնան ըլլալ, հոն մնալ, եթէ իրենց անուան եւ կոչումին արժանի ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները, առանց ճապկումներու չհետեւին բնակեցման եւ հայրենադարձման     քաղաքականութեան,  չբաւականանալով ասդին-անդին  ասուպի կեանք ունեցող գիտական, արուեստի եւ քաղաքականութեան ասպարէզներուն մէջ յայտնուող հայանուններով, որքան ալ մեծ ըլլան անոնք, քանի որ ակաթիլ մը անգամ չեն հոսեցներ հայ ժողովուրդի, անոր իրաւունքի եւ հայրենիքի ածուին մէջ: Հայ ազգի լինելիութիւնը խութի կը զարնուի ամէն օր, երբ հայրենադարձութիւնը եւ բնակեցումը իրականացող օրակարգ չեն ըլլար:

            Հայրենադարձութեան բացակայութիւն եւ արտագաղթ, ինչպէս կ’ըսէ հայաստանցին, կը փճացնեն ազգի գենեֆոնդը, անոր լինելիութեան կենսականը:

            Եթէ ճիշդ մարդիկ ճիշդ տեղեր գտնուին, գտնուած ըլլային, the right man in the right place, զիրար յօշոտելով չէինք զբաղեր, Շաւարշ Նարդունիի սիրած բառերով կատուին կատու կ’ըսէինք, միասին կը մտածէինք ու կը գործէինք, դադրելով պարտութեան տեսակներու մասին հնարամիտ գիտոսիկութիւններով զուարճանալէ: Պարզ. միանալ եւ միացնել, լիբանանցի տեսաբան չեղող նախկին նախագահին պէս ըսելով, որ  «Հայրենիքս միշտ իրաւունք ունի»: Հայութիւն եւ Հայաստան կ’ըլլան հզօր, եթէ հայերը մերուին ո՛չ թէ ուրիշ ազգերու մէջ, այլ սեփական ազգի: Այս արդէն ներկայի եւ գալիքի ազգային գաղափարախօսութիւն է: Եթէ այս չըլլայ, ապագայի նախատեսութիւնները դրական ոչինչ կրնան խոստանալ:

            Փոխան պարտութիւնները վերլուծելու, աւաղելու, ի՞նչ կ’ընենք որ անոնք ժամանակաւոր ըլլան եւ ազգը ու հայրենիքը վերականգնին: Առանց վերականգնած ազգի, հայրենիքի վերականգնումը թղթաբանութիւն է, կամ խօսափողի աղմուկ: Եթէ իրատեսական քաջութեամբ հարց տայինք, թէ ինչո՞ւ կը նանանջենք եւ կը պարտուինք, առած կ’ըլլանք վերականգնումի ճանապարհով ընթանալու առաջին քայլը:

            Ինչո՞ւ չենք լսած եւ չենք լսեր Ի դարու չիլեցի մեծ բանաստեղծ Փապլօ Ներուտան, որ «Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ զրկանք մըն է, որ այս կամ այն ձեւով կը հիւծէ իր հոգիին պայծառատեսութիւնը»:

Մեզ արմատախիլ ըրած են եւ կ’ընեն, մենք մեզ արմատախիլ կ’ընենք:

Արմատախիլ ըլլալու երկու ձեւերուն միջեւ ի՞նչ է որակական ազգային, քաղաքական, մարդկային  եւ լինելիական տարբերութիւնը: Հարցում՝ հին եւ նոր սփիւռքներուն:

 

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles