ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
9 Նոյեմբեր 2024
Շար 19/20
haroutchekijian.wordpress.com
Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Ուիլսընի անբեկանելի իրաւարար վճիռը նաեւ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ ցարդ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը ճանչցած չըլլալու մասին, 20 Հոկտեմբեր 2024-ի նիւթն էր յայտնի քաղաքագէտ (Russian political scientist and orientalist), Ռուսահայ Կարինէ Գէորգեանի Ռուսարմ Ինֆօ (Rusarm Info) կայքէջի, Եութիուպի վրայ զետեղուած շուրջ երկու վայրկեան ելոյթին. «Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ զգալի մասը ճանչցաւ իբրեւ Հայաստան», США признали Арменией значительную часть Турции խորագիրով (1): Ստորեւ՝ համակարգիչի օգնութեամբ, ռուսերէնէ կը թարգմանեմ այս կարճ զրոյցը, որ հաւանաբար աւելի երկար հարցազրոյցէ մը քաղուած է, զոր չգտայ: Զրոյցին թարգմանութեան ձեւը հեղինակին նախադասութիւններն են, որ Եութիուպը իբրեւ խօսուածին արձանագրութիւնը կը տրամադրէ, այն ալ՝ քու ընտրած լեզուովդ, որոնք պիտի փորձեմ շաղկապել, տեղեկութիւններով ամբողջացնելով զրոյցին ենթահողը՝ միտումը, ուր որ կարելի է.
«… Դուն կրնաս ուզած բանդ ստորագրել: Հարցը ա՛յն է, որ կարելի՞ է Սեւրի դաշնագիրի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ Հայաստանի արեւմտեան եւ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանի իրաւարար վճիռը գործադրել: Անգա՛մ մը որ միջազգային իրաւարար որոշում մը ստորագրուած է, կարելի չէ զայն ջնջել, ատիկա յաւիտեանս ի զօրու կը մնայ:
«Իսկ ո՞ւր կը տեսնէք Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին իրականացումը… Դուք կրնաք ստորագրել ամեն ինչ որ կը փափաքիք, սա չի նշանակեր, որ կարելի է գործադրել: Ասոնք ընդամէնը որոշ ազդանշաններ են, պարզապէս՝ մտադրութեան արձանագրութիւն: Անշո՛ւշտ ստորագրող կողմը միշտ դիւանագիտական մակարդակով կը գործէ, ամեն ինչ լաւին համար՝ վատին դէմ, այս ալ հասկնալի է: Դիւանագիտական հռետորաբանութիւնը բոլորովին հասկնալի է, ընդհանրապէս այդպէս ընդունուած է: Ես այժմու անհանդարտ պայմաններուն մէջ չեմ տեսներ այս կամ այն մտադրութիւնները կատարելու կարելիութիւնը, ինչպէս Ստալին ըսած է. «Կայ նպատակի տրամաբանութիւնը եւ, տիրող կացութեան տրամաբանութիւնը»: Ուրեմն անկարելի է նախատեսել նման ստորագրութեան հետեւանքները:
«Սակայն եթէ Ուաշինկթըն, որ տակաւին չճանչնար Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, աւելի ճիշդը՝ այժմու սահմանները, ի՞նչ կը նշանակէ այս… Դամոկլեան սուրը կախուած է Թուրքիոյ հանրապետութեան գլխուն: Ուաշինկթըն չճանչնար Թուրքիոյ սահմանները, ինչպէս որ է, հակառակ ամբողջ 20-րդ դարու ընթացքին թուրք ղեկավարներուն խնդրանքին: Ուաշինկթըն պատասխանած է, որ իրենց ձեռքը չէ, ո՛չ ալ հոգն է, քանի որ իրենց նախագա՛հը որոշած է սահմանը: Օրինական կերպով (ըստ Ամերիկայի սահմանադրութեան*) Միացեալ Նահանգներու յաջորդական իշխանութիւնները չեն կրնար վերատեսութեան ենթարկել Ուիլսընի որոշումը, որ դաշնագիրի մը վրայ կը կրէ նախագահական կնիքն ու ստորագրութիւնը եւ վերջ: Իրենց հարցը չէ:
«Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընեն… Հոգերնին չէ, թէ՝ Թուրքիան ինչ կը մտածէ: Թուրքիան Ուաշինկթընի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց չունի, որ ստիպէ զայն չեղեալ յայտարարել (Ուիլսընի իրաւարար վճիռը*), քանի որ Ուաշինկթըն արդէ՛ն չի կրնար ինքզինք չեղեալ համարել կը հասկնա՞ք, որ հո՛ս է արդէն բո՛ւն հարցը: Միացեալ Նահանգներու նման երկիրի մը առաւելութիւններէն է այդ: Այս որոշումը չեղեալ յայտարարելու իրաւունքը չունին, եւ այս մէկը երբե՛ք զիրենք չանհանգստացներ»: Ահաւասիկ Թուրքիոյ հոգեսարսափ պատճառող հաստատում մը եւս, որ վերջերս նշեց ռուսահայ քաղաքագէտ՝ Գէորգեանը:
«Թուրքը, Եւրոպայի մէջ գտնուած է հարիւրաւոր տարիներ շարունակ եւ միշտ «անէծք ու դաժան եղած է…. Մենք, իրապէս, այս ոսկէ առիթը պէտք չէ կորսնցնենք, վերջնականապէս ձերբազատուելու այս պատուհասէն եւ փորձանք պատճառող աղբիւրէն», ըսած է Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճ՝ Անգլիոյ վարչապետը, Սեւրի խորհրդաժողովին (2):
Սեւրի մէջ «27 փետրուար 1920-ի հանդիպումին՝ դաշնակիցներուն առաջնորդները կը կարծէին, որ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Ուստի իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին, թէ՝ ո՞ր երկիրները պիտի ստորագրեն Թուրքիոյ հետ հաշտութեան դաշնագիրը, ինչպէս նաեւ իրենց երկրներուն յետպատերազմեան տնտեսական դժուարութիւններու լուծման միջոցներուն: «Խաղաղութիւնը տակաւին մարդոց միտքերուն մէջ հաստատուած չէ, եւ առանց խաղաղութեան՝ կարելի չէ վստահութիւն ակնկալել», ըսաւ Իտալիոյ վարչապետ (Ֆրանչեսքօ Սաւերիօ*) Նիթթին, որ փոխարինած էր Վիթթօրիօ Օրլանտօն:
Մինչ այդ, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ, իրարմէ անջատաբար նիւթած դաւադրութիւնը սկսած էր արդէն, ինչպէս Հարպորտ զգուշացուցած էր այս վտանգէն՝ անոնք կը զինէին եւ տնտեսապէս կ՚օժանդակէին Մուսթաֆա Քեմալի ուժերուն: «…Արդէն 24 ժամ չանցած, արտաքին գործոց նախարարներն ու դեսպանները հանդիպեցան բոլորովին այլ հարցի մը համար: Անգլիական Տը Թայմզ օրաթերթը տեղեկագիր մը հրատարակած էր, ուր կը նշուէր, որ Ֆրանսական զօրքերը ստիպողաբար պարպած են Հայաստանի Կիլիկիա երկրամասի Մարաշ քաղաքը, Թուրք Ազգայնական (քեմալական*) ուժերուն կողմէ յարձակման ենթարկուելէ ետք: Յօդուածը կը նշէր, որ հազարաւոր հայեր սպաննուած էին ֆրանսական զօրքերուն հեռանալէն ետք» (4): Հայկական աղբիւրները կը նշեն աւելի քան 13 հազար զոհեր:
Ամերիկեան Տը Իվընինկ Ուըրլտ օրաթերթը, 27 Փետրուար 1920-ին կ՚աւելցնէր, որ ֆրանսացիները ստիպուեցան անակնկալ եւ հապճեպով նահանջել Մարաշէն, թուրքերու հետ կատաղի մարտերէ ետք, նոյնիսկ իրենց վիրաւորները լքելով, պատճառ դառնալով հազարաւոր հայերու սպանդին, որուն ճշգրիտ թիւը սակայն կարելի չեղաւ հաստատել… Տես այս մասին Ամերիկեան նպաստամատոյցի անդամ՝ Սթէնլի Քըրի «Մարաշի Առիւծները» խորագիրով «The Lions of Marash, 1919-1922, Stanley Kerr, 352 էջ ականատեսի մանրամասն վկայութիւնները (7) նաեւ, Ուիքիփետիայի Մարաշի ճակատամարտը Battle of Marash էջը (8): Այս մասին կը վկայէ նաեւ բժշկուհի Մէյպըլ Էվըլին Էլիոթ «Կրկին Արարատէն սկսելով» գիրքին մէջ (9):
Ինչպէս Հարպորտ նախատեսած էր ու մարգարէացած՝ իր 12-րդ թեր առաջարկով. «Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան», ԺԴ մաս: Իրօք, երբ յատկապէս անգլիական եւ ֆրանսական ուժերը, նաեւ դաշնակիցները գրաւեցին Թուրքիան`բոլորովին զինաթափ չըրին թրքական բանակը եւ զանազան վայրերու մէջ իրենց զօրքերը տեղաւորեցին:
Կիլիկիան ֆրանսայի հոգատարութեան յանձնուած էր, սակայն ամենուրեք երբ անգլիական զօրքերը կը քաշուէին, իրենց զէնքերը գաղտնօրէն թուրքերուն կը յանձնէին, թուրքերուն կը զինէին: Հազիւ անգլիացիները քաշուէին, թուրքերը հայերուն եւ ֆրանսացիներուն վրայ կը յարձակէին: Այս անգլիական ստորին՝ ոճրային դիպաշարը կրկնուեցաւ ամեն տեղ… Մարաշի այս յարձակումով իսկ սկսաւ Մուսթաֆա Քեմալի Սեւրի դաշնագիրը տապալելու փորձը, զայն ստորագրելէն շուրջ 6 ամիս առա՛ջ, Անգլիոյ եւ պոլշեւիկ դարձած Ռուսիոյ ուղղակի մեղսակից օժանդակութեամբ:
Հայրս այս նոյն դաւադիր դիպաշարին ականատես եղած էր Այնթապի հերոսամարտին ընթացքին, երբ իրենք ալ 1922-ին, վերջին ֆրանսական հեռացող ուժերուն հետ, պարտադրաբար, տեղահան եղան իրենց բնակավայրէն դէպի Հալէպ: Այնթապի Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն գիրքը (10) եւ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց», կը վկայեն (11). «Անգլիացիները գրաւեցին Այնթապը 11 Դեկտեմբեր 1918-ին եւ պարպեցին 11 Նոյեմբեր 1919-ին: Եկան իբր բարեկամ հայերու, գացին բարեկամացած թուրքերու հետ, գաղտնօրէն զինելով զանոնք», «1920-ի Յունուարին՝ թուրքերը արդէն օր ցերեկով շուկաներուն մէջ զէնքի եւ փամփուշտի առեւտուր կ՛ընէին եւ չէթէական խումբեր կազմելու սկսած էին»…
Ահաւասիկ աչք ու ականջ ծակող անհաւատալի թուող հակասութիւնը: Մինչ յաղթական դաշնակիցները՝ նոյնինքը Անգլիոյ գլխաւորութեամբ Սեւրի դաշնագիրը կը պատրաստէին, եւ կ՚որոշէին, որ պարտուած Թուրքիոյ բանակը մի՛այն 35 հազար պիտի ըլլայ, եւ ոստիկանութիւնը 15 հազար՝ բոլորը միասին 50 հազար զինեալ, արդէն Մարաշի վրայ Քեմալի հաւաքած շուրջ 30 հազար թուրք կանոնաւոր եւ անկանոն խառն բանակ մը յարձակած էր, որուն, իբրեւ թէ Քեմալը ղրկուած էր Սուլթանին հրամանով զինաթափ ընելու…
Մինչեւ մեր այս օրերը հայութեան դէմ Անգլիոյ դաւադիր թշնամանքը կը շարունակուի՝ քանի որ անգլիական ընկերութիւններն են որոնք կը շահագործեն Արցախի եւ Ատրպէյճանի հանքերը, կազն ու քարիւղը:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմ կողմէս:
- https://www.youtube.com/watch?v=r-htzoaOSgk
- Documents on British Foreign Policy 1919–1939, First series,Vol. 7: 1920. London: Her Majesty’s Stationery Office, 1958, p. 46.
- Նոյնը, էջ 276:
- The Division of the Middle East, The Treaty of Sèvres, Heather Lehr Wagner, Chelsea House Publishers, Philadelphia, 2004 p. 6,
- New-York tribune, February 29 1920, Page 8:
- The evening world, (New York N.Y.) February 27 1920, Final Edition, Page 5:
- The Lions of Marash, Stanley Kerr, State University of New York, 19734 pp. 352: https://ia800107.us.archive.org/29/items/Kerr1973LionsOfMarash/Kerr_1973_Lions_of_Marash.pdf Գիրքը կարելի է ներբեռնել այստեղ:
- https://en.wikipedia.org/wiki/Battle_of_Marash
- «Beginning Again At Ararat», Mabel Evelyn Elliott, M.D.,Medical Director of Near East Relief, 1924, Fleming H. Revell Company, 339pp, latest edition (third or fourth?) 2013.
- «Պատմութիւն Այնթապի Հ.Յ. Դաշնակցութեան 1898-1922» Խմբագրութեամբ Գէորգ Յ. Պարսումեանի, «Զաւարեան» Միութեան հրատարակութիւն, տպարան Տիգրիս, 1957, Հալէպ, էջ 272-273:
- «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» հատոր Ա., Գէորգ Սարաֆեան, Վերահրատարակութիւն, Անթիլիաս, Տպարան Կաթողիկոսութեան, 2013: