ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԵՔԻԱԹ․- ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒԿԻ ՈՒ ԿԱՏՈՒԻ ՄԻՋԵՒ…

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

 

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

13 Նոյեմբեր 2024

Եթէ Աթաբէկ Խնկոյեանը կամ Յովհաննէս Թումանեանը լսէին Ազգային ժողովի բեմէն Նիկոլ Փաշինեանի նորագոյն բացայայտումը՝ 13 Նոյեմբերին (աղէտաբեր յայտարարութեան չորրորդ տարեդարձէն քանի մը օր ետք), դուք ըսէ՛ք՝ «չնաշխարհի՜կ» գիւտը, հաւանաբար պիտի նստէին եւ սապիսի հեքիաթ մը պիտի յօրինէին:

Որպէսզի կառքը էշէն առաջ չդնենք, արձանագրենք, որ խօսքը կը վերաբերի այն «հեռատե՜ս» մտածումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է ռազմավարական գործակցութիւն հետապնդել, այսինքն՝ չբաւականանալ միայն մինչեւ օրս կրկներեւոյթի նմանող խաղաղութեան համաձայնութեամբ:

Հեքիաթը (մեծերը պիտի ներե՞ն, որ իրենց մտածումին համեստ «թարգմանը» ըլլամ):

Մուկերը ժողովի նստեր են եւ մէկը միւսին բերնէն խօսք խլելով՝ գանգատներ կուտակեր են, որ կատուն(ները) զիրենք անխնայ կը ջարդէ, բռնած մուկը կ’ուտէ, երբեմն ալ մէկ անգամէն չ’ուտեր, այլ թաթիկներով կը խաղայ մուկին հետ, մէյ մը կը բռնեն, մէյ մը կը ձգէ, թոյլ կու տան, որ քանի մը սանթիմ հեռանայ թաթիկէն եւ յանկարծ՝ հո՛փ… թաթիկը վրայ կը հասնի, կը ճանկէ մուկը եւ ոսկորներուն ձայնը չըթըր-չըթըր հանելով՝ կը բզկտէ զոհը (անկէ ալ ծագած է «մուկ ու կատուի խաղ» խօսքը):

Ժողովին եզրակացութիւնը մօտաւորապէս հետեւեալ է եղեր. «Այս վիճակը չենք կրնար շարունակել: Պէտք է ձեւ մը գտնենք, որ կատուները այլեւս չորսան մեզ, կամ գոնէ քիչ մը խղճմտանքով վարուին զոհին հետ»: Եւ որովհետեւ ամէն տեղ ալ կան «գիւտարար իմաստուններ», մուկերու մէջէն՝ «իմաստունները» յանձն առեր են բանակցութեան երթալ կատուին հետ, խաղաղութեան համաձայնութիւն առաջարկել: Գրագէտները գլուխ ջարդեր են եւ աւելի քան 15 կէտերէ բաղկացած նախագիծ մը բանաձեւեր են, զայն «ելեկտրոնային փոստ»ով ղրկեր են կատուին: (Ի՞նչ կարծեցիք. հիմա չորքոտանիներն ալ կ’օգտուին գիտութեան բարիքներէն):

Կատուն կարդացեր է եւ քթին տակէն խնդացեր է, յետոյ զայն հաղորդեր է ցեղակիցներուն եւ ահա, գահ-գահ մը փրթեր է կատուներու ժողովին մէջ: Մէկը ըսեր է. «Այս մուկերը… մուկի խելք ունենալու են, որ ասանկ առաջարկներ բերեր են մեզի»: Նկատեր են, որ մուկերու քով անգիտակից պատրաստակամութիւն կայ մաս առ մաս կուլ երթալու: Նստեր են, պատասխաններ բանաձեւեր են ու ղրկեր՝ մուկերուն:

Պատասխանները կարդացող մուկերը, որովհետեւ միայն մուկի խելք ունէին, ուրախացեր են, որ կատուները զիրենք… մուկը տեղ դրեր են եւ անպատասխան չեն ձգեր, սակայն չեն հասկցած, որ կատուները դրած են նախապայմաններ, որոնց յետին, քիչ թաքուն նպատակը՝ մուկերու ցեղին ոչնչացումն էր: Ելեկտրոնային նամակցութիւնը ատեն մը շարունակուեր է, պայմաններու եւ հակապայմաններու խաղով, մի՛շտ ի նպաստ կատուներուն: Միայն քանի մը իսկական իմաստուններ նկատեր են, որ կատուները մի՛շտ աւելին կ’ուզեն, իրենց բան մը տալու տրամադիր չեն ու, աւելի՛ն՝ հակա-առաջարկները կը հետապնդեն մուկերու փուլային ոչնչացումը, մկաստանին քանդումը: «Իմաստուններ»ը (որոնք ՔՊ-ականներուն պէս կը մտածեն եղեր) անոնց զգուշացումները բանի տեղ չեն դրած, յայտարարելով, որ իրենք մե՜ծ դիւանագէտներ են, կրնան կատուին քիթէն բռնել եւ իրենց ուզածը ընել տալ:

Մուկերուն մեծ մասը, որ յայտնապէս Փաշինեանի եւ «ուսապարկերուն» պէս կը մտածէր եւ բաց աչքերով կ’երազէր, ըսեր է. «Կ’երեւի թէ աւելի՛ խելացի միտք պիտի ըլլայ կատուներուն առաջարկել ռազմավարական գործակցութեան տարազ մը. եթէ կատուները ընդունին մեզի դաշնակից ըլլալ, անկէ ետք կրնանք հանգիստ քնանալ: Ո՞ւր լսուեր է որ դաշնակից մը իր դաշնակիցը ուտէ. թող անկէ ետք երթան եւ նոր տեսակի որս փնտռեն»: Մէկուն միտքէն չէ անցած, որ նման դաշնակցային գործակցութիւն ստեղծելու համար, գոնէ կատուին ճանկերուն դիմաց մէկ-երկու ճանկ ալ իրենք պէտք է ունենան, որպէսզի նախապայմաններ դնողը միայն կատուն չըլլայ: Ընդհակառակը, անոնք մտածեր են, որ իրենց մանրիկ տոտիկներուն ծայրերուն եղող աւելի՛ մանր ճանկերն ալ պէտք է սղոցեն, որպէսզի կատուները որեւէ մտահոգութիւն չունենան:

Բայց ի՞նչ սպասել մուկի խելքով շարժողէն…

Հիմա, կատուները կը սպասեն (եղէր) մուկերուն բերելիք «ռազմավարական գործակցութեան» առաջարկը: Անոնք նախանշանները լսելով՝ արդէն իսկ սկսեր են աւելի հնչեղ կերպով գահ-գահել, ու կը մտածեն (եղեր), որ այս մուկերը ի՞նչ լաւ կը խաղան կատուներուն ուզած դերը, իրենց ոտքով կը վազեն դէպի կատուին ճանկը:

Դուրս գանք հեքիաթային աշխարհէն:

Փաշինեանն ու ՔՊ-ականները կրնան «մուկի խելք» ու տրամաբանութիւն ունենալ, սակայն Հայ ժողովուրդը մուկ չէ, գիտէ՛, թէ Ազրպէյճանի ու անոր հովանաւորին՝ Թուրքիոյ առաջին եւ ամէնէն յետին նպատակը ի՛նչ է, ուրեմն՝ պիտի գտնէ այդ նպատակները ձախողութեան մատնելու ճամբան, որուն բանալին է այս «մկամիտ» իշխանաւորներուն հեռացումը:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles