ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․-ի 47-րդ նախագահ ընտրուեցաւ Տանըլտ Թրամփ։ Ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5-ին։ Յաջորդ օրն իսկ յստակ էր, թէ ան ապահոված է 270 ձայնէ աւելի եւ պարտութեան մատնած դեմոկրատականներու թեկնածու՝ Քամալա Հարիսը։
Թրամփ Ա․Մ․Ն․-ի երկրորդ նախկին նախագահն է, որ յաղթած է ոչ յաջորդական երկրորդ ընտրարշաւին։ Նախապէս, 1892-ին Կրովըր Քլիվլենտ (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) 1885-1889-ին եւ 1893-1897-ին ընտրուած էր նախագահ։
Թրամփի առաջին շնորհաւորողներէն էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուն, որ հաւանաբար շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի շարունակէ մատակարարուիլ ամէն տեսակի զինամթերքով։ Առաջինը շնորհաւորող նախագահը Սալվատորի Նայիպ Պուքելէն էր։ Անոր յաջորդեց Հունգարիոյ խնդրահարոյց վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որ նշեց, թէ պատահածը Միացեալ Նահանգներու քաղաքական պատմութեան ամենամեծ վերադարձն է։ «Կը շնորհաւորեմ նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր յաղթանակի համար: Աշխարհի համար շատ անհրաժեշտ յաղթանակ», եզրակացուց ան։
Նոյնիսկ Ուքրայինայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին շտապօրէն շնորհաւորական մը ղրկեց, յուսալով, որ Ա․Մ․Ն․ չդադրեցնէ ռազմական սարքերու օժանդակութիւնը։
Նշենք, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացած էր Ն․Ս․Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ՝ այս վերջինին նախաձեռնութեամբ։
Հայրապետը առաջարկած էր, որ յիշեալ հարցերուն գծով անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ Արեւելեան ու Արեւմտեան ազգային առաջնորդարաններու եւ Ուաշինկթընի հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնք վերապահութիւն կը ցուցաբերեն, շեշտելով, թէ երկու թեկնածուներն ալ անձնական հաշիւներով է, որ կ՛արծարծէին Արցախի հիմնահարցը:
Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիրքորոշումը, զոր ներկայացուցած է յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը, յայտնելով,-«Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէ վաստակած Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը: Երկու կողմերն ալ պատասխանատուութիւն կը կրեն` Ատրպէյճանը զինելու, Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան կատարման օժանդակելուն եւ Արցախը լքելու համար: Ոեւէ կողմ չէ հրաժարած կամ ջնջած այս անխոհեմ, անպատասխանատու եւ ցեղասպանութեան աջակցող քաղաքականութիւնը:
Մենք կը շարունակենք աշխատիլ երկու կողմերուն հետ ալ եւ կ՛ողջունենք անոնց զօրակցական խօսքերը` հայ-ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ: Գիտակցելով, որ քարոզարշաւի յայտարարութիւնները կ՛օգնեն մօտաւոր ուղենիշ սահմանել Ուաշինկթընի մէջ մեր խնդիրներու ձեւակերպման համար` բայց եւ այնպէս, հաշուի կ՛առնենք մեր սեփական փորձառութիւնը, երբ ակնյայտօրէն չի ներկայացուիր որեւէ տեսակի պայմանագրային պարտաւորութիւն փաստացի քաղաքականութեան համար, պաշտօնը ստանձնելէ ետք:
Բայց եւ այնպէս, մենք պէտք է նշենք, որ մեր երկիրը ղեկավարելու ձգտողներուն կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, արդիւնքն են մեր աշխատանքին, այն դիրքին ու յարգանքին, որ մենք վաստակած ենք մեր աշխատանքին բերմամբ` արդիւնք` յատկապէս Միչիկընի, Փենսիլվենիայի, Ուիսքանսընի, Ճորճիայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Նեւատայի, Արիզոնայի եւ այլ «ճօճուող» նահանգներու մէջ:
Քաղաքական գործիչները կը ձգտին վաստակել մեր ձայները, ինչով ալ պէտք է աշխատի մեր ժողովրդավարութիւնը:
Թէեւ մենք ոգեւորուած ենք մեր աջակցութիւնը ստանալու համար գոյութիւն ունեցող մրցակցութենէն, հիմնական հարցը կը մնայ այն, որ խօսքերը բաւարար չեն: Մեծ կուսակցական թեկնածուներէն ոչ ոք ունեցած է որոշակի արդիւնքներ, որոնք ի վիճակի են ապահովելու ընտրութիւններէն առաջ մեր աջակցութիւնը: Մենք շատոնց անցած ենք այն օրը, երբ կը հաւատայինք քարոզարշաւային շատ յաճախ դատարկ խոստումներուն, թէ թեկնածուները ընտրուելէ ետք ի՛նչ պիտի ընեն:
Այսօր կան քայլեր, որոնք կրնան իրականացուիլ։
Օրինակ, նախագահ Թրամփը կրնար հրապարակաւ կոչ ուղղել Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոնսընին ընդունելու 7288 բանաձեւը` կիրարկելով 907-րդ յօդուածի սահմանափակումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ: Ճէյ Տի Վենսը, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գործող ծերակուտական, կրնայ հովանաւորել 540 բանաձեւը, որ կ՛ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի կողմէ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան օգտագործումը հակահայկական զինուորական յանցագործութիւններ կատարելու համար:
Փոխնախագահ Հարիս կրնայ յայտարարել վարչակազմին կողմէ 907-րդ բանաձեւի պաշտօնական կիրարկման, Ատրպէյճանի դէմ Մակնիցքիի պատժամիջոցներու կիրարկման եւ COP29-ին մասնակցելէ հրաժարելու մասին, քանի տակաւին բոլոր հայ պատանդները ազատ չեն արձակուած:
Այս ամէնը ըսելով` մենք խորապէս հպարտ եւ ոգեւորուած ենք այս տարուան ընտրական փուլին մեր համայնքի աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ թեկնածուները կը մրցին մեր ձայներուն համար` ձգտելով վաստակել մեր վստահութիւնը: Ասիկա յարգանքի տուրք է հայկական ծագում ունեցող մեր հայրենակիցներուն, որոնք ձեւաւորուած են իբրեւ առանցքային ընտրական ուժ, որ օգտագործելով մեր հաւաքական ներուժը, կրնայ գործել ռազմավարական կարեւորութեամբ` ամերիկեան քաղաքական ասպարէզին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ:
Եթէ դուք հիասթափուած էք, թէ ամերիկահայ ընտրողները ինչպէ՛ս կ՛ընկալեն ձեր նախընտրած թեկնածուն, ամէն ինչ ըրէք ձեր թեկնածուն մղելու, որպէսզի ան պատասխանատուութեան ենթարկէ Պաքուն, զսպէ ազրպէյճանական նոր յարձակումը, ապահովէ հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ ճամբայ հարթէ հայերու Արցախ վերադարձին համար:
Գործելով առանց վախի եւ բարեհաճութեան` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի չիջեցնէ մեր համայնքի չափանիշերը` ոեւէ թեկնածուի ընդունելու կամ հաւանութիւն տալու համար, այլ ընդհակառակն` աւելի մեծ եռանդ եւ նուիրուածութիւն պիտի հաղորդէ թեկնածուներուն մեր արդար խնդիրները բարձրացնելու գործին մէջ:
Շարունակեցէ՛ք ճնշումը: Ատիկա կը յաջողի»: