Շաբաթ, Նոյեմբեր 2-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, նախագահեց Ուայթընվիլի (Մասաչուսէց) հայկական ժառանգութեան նորակառոյց խաչքար-կոթողի բացման արարողութեան։ Սրբազան Հօր առընթեր ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան եւ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան։ Կոթողը կառուցուած է քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած հողամասի մը վրայ տեղական Փայն Կրով գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Նորթպրիճ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, նահանգային երեսփոխան Տէյվիտ Մուրատեան եւ բազմաթիւ ծխականներ ու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բարեկամներ։
Կոթողը կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողները, որոնք հաստատուած են Պլաքսթոն հովիտին եւ Ուայթընզվիլ գիւղին (որ մաս կը կազմէ Նորթպրիճ քաղաքին) մէջ։ Իբրեւ պաշտօնական արտայայտութիւն, Նորթպրիճ քաղաքը յատուկ հռչակագրով 2 Նոյեմբերը յայտարարեց «Հայկական Ժառանգութեան Օր»։
Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 67-ամեակին առիթով։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանին ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք կ՚ընծայէր ի գնահատումն անոր անձնուէր ծառայութեան։ Յաւարտ ՍուրբՊատարագի, տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան աւանդական ճաշկերոյթը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը մնայուն յառաջդիմութեան եւ յանձնառու ծառայութեան համար, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր օրինակելի ընթացքին համար։