Խմբագրական
Նոյեմբեր 4, 1978
Կը վարանինք բարձրաձայն ըսելու՝ ինչ որ կը տանջէ գիտակից հայ մարդուն միտքն ու հոգին, այս օրերուն, ի տես եւ ի լուր այն ողբերգութեան՝ որուն մատնուած են Լիբանանի մեր հարազատները։
Մինչ մահասփիւռ եւ աւերիչ քաղաքացիական պատերազմը զրկանք, թշուառութիւն, նաե՛ւ սուգ ու որբութիւն կը սփռէ հայութեան այդ կենսունակ բոյնին մէջ, եւ աղէտը ամէն ատենէ աւելի կեդրոնացած ուշադրութիւն կը հարկադրէ սփիւռքեան գօտիներուն, մեր ափերուն վրայ մարդիկ կը գոհանան լսելով, կարդալով ու տեսնելով աւերումները, եւ յաջորդ ժամուն իսկ… վերադառնալով իրենց խրախճանքներուն ու փարթամ ճաշկերոյթներուն, պարահանդէսներուն եւ ժամանցային խինդ ու պարին, «քէյֆ»-ի եւ ուրախութեան ցնծատօներուն։
Ո՛չ, սուգի հրաւէր չէ որ կ՛ուղղուի։
Համոզուած ենք որ աննախընթաց ճգնաժամ մը ապրող մեր ժողովուրդը՝ հայութեան այդ միջնաբերդին մէջ բարոյական իր կորովն ու վերականգնումի իր վճռականութիւնը կորսնցուցած չէ։ Սակայն գիտենք, տեղեակ ենք բոլորս ալ, որ վէրք ու արցունք կայ գրեթէ ամէն հայ տան մէջ, քանդում եւ տնտեսական փլուզում կայ Պէյրութի բոլոր գօտիներուն մէջ, զրկանք եւ անձկութիւն կայ ամէնուրէք, ու գործօն աջակցութեան պահանջը ամէն ատենէ աւելի զգալի է։
Պարզուող պատկերը առնուազն չափաւորութիւն, շրջահայեցութիւն եւ զուսպ մնալու հարկադրանք մը կը թելադրէ. կը մղէ հայ մարդը լուրջ անդրադարձումի, – մանաւանդ մտածելու եւ որոշելու՝ թէ ի՛նչ կրնայ ընել ցաւ մը ամոքելու, վէրք մը դարմանելու կամ կենսական ու անյետաձգելի պահանջ մը գոհացնելու համար։
Մենք եւս գիտակ ենք, որ «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով» կ՛ընթանայ. տեղեակ ենք որ հրապարակային հանդիսութիւններէ եւ ձեռնարկներէ շատեր ազնիւ նպատակներու կը հետամտին, տեղական պահանջներէ կը թելադրուին։ Սակայն լիբանանահայութեան մերօրեայ իրավիճակի տարողութեան, պահանջներու անմիջականութեան եւ ստեղծուած կարօտութիւններու կշիռին ծանօթ ոեւէ արիւնակից ի վիճակի կը դառնայ զուսպ մնալու եւ պատուհասուած գաղութի մը ճգնաժամին հանդէպ շատ աւելի լուրջ կեցուածք ցոյց տալու, եթէ փորձէ կշռադատել այն աղէտը՝ որ լիբանահայութեան չափ նաե՛ւ համասփիւռքեան հայ կեանքին կը սպառնայ։
Եթէ գրին ու ձայնին կը վստահինք հայ գիտակից մարդուն հոգեկան խռովքը հանրային սեփականութիւն դարձնելու համար, առաջնորդուած ենք պարզապէս շրջահայեցութեան պարտքի զգացումէն։ – Դրկից օտարականի մը վիշտն ու սուգը անգամ՝ ցուցական ուրախութիւններէ հրաժարում կը հարկադրէ. ո՜ւր կը մնայ հայկական միջնաբերդի մը հաւաքական, համաժողովրդային ընկրկումը՝ իր կամքէն անկախ ու իր ոյժերէն վեր տագնապի մը դէմ յանդիման։
Պերճախօս է, այս առիթով, ամերիկահայ երիտասարդ մտաւորականի մը կողմէ մեզի ուղղուած նամակին սա պարբերութիւնը.-
– «Լիբանանի ողբերգութեան հանդէպ մեր կողմէ ի յայտ բերուած կեցուածքին մէջ չէ՞ք կարծեր, որ փոփոխութիւն մը անհրաժեշտ է այս օրերուն։ Ի՞նչ սրտով է որ սա արուարձայնային Հայերը հրապարակաւ զուարճանալու երեւոյթը կը պարզեն, երբ իրենց ազգակիցները դժոխքի բերանն են հասեր Լիբանանի մէջ։
«Չե՞նք կրնար, չէ՞ք կրնար թելադրել, որ գէթ մինչեւ Նոր Տարի վերջ դրուի քէյֆերու եւ խրախճանքներու անճոռնի շուրջպարին, զգաստութեան գան շահագրգռոուղները եւ բոլոր ձեռնարկները կեդրոնանան ի նպաստ աղէտահար գաղութի մը անյետաձգելի պահանջները գոհացնելու կոչուած փրկարար արշաւի մը վրայ»…
Ինչպէս կ՛ընդգծէինք Հինգշաբթի օրուան մեր խմբագրականով, «առաջնահերթը՝ լիբանանահայութիւնն է»։
Կ՛ուզենք որ այս կարգախօսը ականջներու մէջ կամ շրթունքներու վրայ չմնայ, ո՛չ ալ ցնդի՝ եկող-գացող հովերու հետ։
Ընդհակառակն, իջնէ՛ միտքերու եւ սիրտերու խորը ու մտածել տալ մեզի՝ մեր պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն մասին։
Եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը ջնջեց իր հովուական այցելութիւնը դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա՝ իր այս քայլով իսկ պատգամ մը ուղղեց ամերիկահայ եւ գանատահայ հօտին, ինչպէս գաղութային բոլոր շրջաններուն. մնալ աղէտահար լիբանանահայութեան կողքին, ամէն պարտականութենէ եւ ամէն նախաձեռնութենէ վեր նկատել ճգնաժամային օրեր ապրող մեր հարազատներու օգնութեան գործը։ Բայց մանաւանդ սթափիլ՝ իր իսկական տարողութեամբ ըմբռնելու ա՛յն՝ ինչ որ կը պատահի։ – ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՆԿԱՏԵԼ «ԼԻՆԵԼ-ՉԼԻՆԵԼ»-ՈՒ ՀԱՐՑ ՄԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ։
Անհրաժեշտ չէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ազգային կուսակցութիւններու կամ հանգանակային առաջադրանքով կազմուած մարմիններու հրապարակային կոչերուն սպասել՝ զօրաշարժը յայտարարուած նկատելու եւ յետաձգելու համար տարբեր նպատակներու ի նպաստ կազմակերպուող ձեռնարկներ։ Մանաւանդ հրաժարելու համար մասնակի եւ … անհատական բնոյթ ունեցող հասութաբեր մէկտեղումներէ՝ որոնք յատուկ են անհակակշիռ հաւաքականութիւններու եւ «շուկայ» կը պատրաստեն պատեհապաշտ տարրերու։
Իբրեւ բարոյական կեցուածք թէ իբրեւ գիտակից վերաբերում հանդէպ մեզ ազգօրէն մտահոգող տագնապալի կացութիւններու՝ պարտաւորութիւն պէտք է նկատենք հայութեան «տալ»ու յօժարակամութիւնը եւ զոհաբերելու զգացումը կեդրոնացնել անմիջականօրէն կենսականին վրայ։ – Կասկած չունինք այն մասին, որ միլիառի հասնող նիւթական աւերումներու եւ կորուստներու ենթարկուած է Լիբանանի հայութիւնը. մատնուած է տնտեսական անարիւնութեան մը, որ հնարաւորութիւն չի տար սեփական կամքով ու ճիգով վերականգնումի մը եւ կը կարօտի մեր բոլոր գաղութներու մեծագումար օժանդակութեան։
Եթէ ողբերգական պատկերը լրջութեան եւ զուսպ մնալու բարոյական հարկադրանքը կը ստեղծէ, միւս կողմէ գործնական ձեռնտուութեան պարտաւորութիւն մը կը դնէ մէն մի Հայու ուսերուն վրայ։
Պահն է թօթափելու այն մակերեսային դատումը՝ թէ հարուածահար մեր եղբայրներն ու քոյրերը Հայուն ճակատագրուած ընթացի՜կ փոթորիկներէն մէկն է, որ կ՛անցնեն։ Աննախընթաց է աւերը ու կը կարօտի աննախընթաց օգնութեան։
Ինչ որ կ՛ակնկալուի մեզմէ՝ անունո՜վ միայն «լիբանանահայութեան» համար է, սակայն ըստ էութեան մե՛ր իսկ ազգային գոյատեւումին համար է։
Աւելին ըսելու հարկ կա՞յ, որպէսզի հայ մարդը ցնցուի առօրեայ իր կեանքէն թելադրուող անտարբերութեան մէջ ու … հաճոյքի եւ «անճոռնի շուրջպար»-երու յանձնուելու տեղ՝ սրտով ու հոգիով, միտքով ու քսակով փարի փրկարար զօրաշարժի մը, յանուն գոյատեւումի։