Նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, Հոկտեմբեր 26-ին, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 155-ամեակին: Պատուոյ հիւրն էր Կոմիտասի ազգական, երաժիշտ Թամար Էսքէնեան, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Զուիցերիայէն : Համերգին մասնակցեցաւ նաեւ «Լուսաւորիչ» դպրաց դասի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի: Ողջոյնի խօսքերէն ետք ներկայացուեցան կոմիտասեան բազմաձայն երգեր: Էսքէնեան, մեներգելու կողքին, նուագեց նաեւ` սրինգ, շուի եւ տուտուկ:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ պատրիարքը, որ խօսեցաւ Կոմիտաս վարդապետին մասին: