Երեւանի Մէջ Բողոքի Ցոյց` Պաքուի Հայ Գերիներու Վերադարձին Պահանջով

0 0
Read Time:2 Minute, 36 Second

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 4-ին, Մ․Ա․Կ․-ի երեւանեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց:

Ցոյցին մասնակիցները պահանջոցին 11-22 նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Մ․Ա․Կ․-ի կլիմայի փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովէն` COP29-էն առաջ ճնշում գործադրել պաշտօնական Պաքուի վրայ` ազատ արձակելու ապօրինաբար բանտերուն մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

«Կլիմայական պաշտպանութիւնը անհնար է առանց մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան». մասնակիցներու ձեռքին այս գրութեամբ տարբեր լեզուներով պաստառներ կային: Անոնք առջեւէն կը տանէին մեծ ցուցապաստառ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկարներով:

«Ատրպէյճանը մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ ցեղային զտումներ  իրականացուցած է` տեղահանութեան ենթարկելով արցախահայութիւնը: Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանը մինչեւ այսօր կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել` ջնջելով հայկական հետքը Արցախէն: Մինչեւ այսօր Պաքուի մէջ կը շարունակեն պատանդառուած մնալ քանի մը տասնեակ հայ ռազմագերիներ, որոնց շարքին են քաղաքային անձեր եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Կլիմայական արդարութիւնը չի կրնար ըլլալ առանց մարդկային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Բռնապետական երկրի մէջ համաժողովի կայացումը կարելիութիւն պիտի տայ Ազրպէյճանին` մաքրելու ցեղասպանի իր արիւնոտ ձեռքերը, խմբագրելու բռնապետական վարչակարգի վարկանիշը: Մենք կը պահանջենք, որ այս համաժողովին մասնակցող պատուիրակները ճնշում գործադրեն պաշտօնական Պաքուի վրայ` ազատ արձակելու Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիները», յայտարարուեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի գրասենեակին մօտ:

Մասնակիցները Մ․Ա․Կ․-ի հայաստանեան գրասենեակին փոխանցեցին իրենց պահանջն ու բողոքը արտայայտող նամակ մը, ապա երթով շարժեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներ:

Դեսպանատուներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ այլ քաղաքական գործիչներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ցոյցին նպատակը շատ յստակ է.

«Յաջորդ շաբաթ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ COP29 միջազգային խորհդաժողովը, եւ անոր մասնակցող միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջենք, որ անպայման ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, հայ ռազմագերիները եւ այլ պատանդառուած անձեր ազատ արձակելու նպատակով», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ «Այսօր Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 2 տասնեակէ աւելի ռազմագերի, Ազրպէյճան կը շարունակէ իր յարձակողապաշտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ իրականացուցած է ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում: Այդ հարցերը միջազգային կազմակերպութիւններու, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ կը բարձրացնենք նաեւ մեր ժողովուրդի տեսակէտը` իրենց երկիրներուն փոխանցելու ակնկալիքով»:

Միւս կողմէն, Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ, որոնք COP29-ին ընդառաջ, կը միտին բարձրացնել անոնց իրազեկուածութիւնը Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանական խնդիրներուն վերաբերեալ: Կատարուած աշխատանքներուն հիմամբ Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւորներ ստորագրած են յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, երաշխաւորելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ատրպէյճանական զինուժը դուրս բերելու Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:

Յայտարարութիւնը ստորագրած պատգամաւորները կը ներկայացնեն Եւրոպական խորհրդարանի հիմնական քաղաքական խումբերը, կան նաեւ անկախ պատգամաւորներ:

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ ընդունուած յայտարարութեան առիթով Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց․-«Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն այս կոչը յստակ ազդանշան է` ուղղուած թէ՛ Ազրպէյճանին, եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան COP29-էն անմիջապէս առաջ: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը շարունակաբար կ՛աշխատի խորհրդարանի անդամներուն հետ` յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ, եւ մենք երախտապարտ ենք անոնց, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին առհասարակ` արդարութեան ձայնը ըլլալնուն համար: Աւելորդ է ըսել, որ Հայ դատի գրասենեակը` իբրեւ եւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն, պիտի շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի հաշուետուողականութեան եւ ազդեցիկ քայլերու մղէ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնները»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles