Read Time:8 Minute, 9 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
27 Հոկտեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Ասոնք են խորագիրները հանրածանօթ ռուսահայ քաղաքագէտ եւ արեւելագէտ՝ Կարինէ Գէորգեանի 2 Նոյեմբեր 2023-ին, Ճէօֆօրին (GEOFOR Center for geopolitical forecasts) տուած հարցազրոյցին՝ Քարին Ալեքսանտրովնային, Կազայի մէջ Համասի ազատագրական գործողութեան առթիւ (1) եւ, նոյնպէս, երկրորդը՝ 27 Սեպտեմբեր 2023-ին (2): Նախ, առաջինէն՝ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հատուածներ: Շուրջ տարի մը առաջ արտայայտուած այս միտքերը այժմէական են եւ ոմանք արդէն իրականացան.
Ք.Ա. – Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա Միջին Արեւելքը պայթեցաւ:
Կ.Գ. – Քանի որ համաշխարհային տագնապը, Ամերիկայի յարաբերաբար խաղաղ շրջանը (Pax Americana) ճգնաժամի վերածուիլը եւ համաշխարհայնացումը նախորդող յարացոյցը, վերջապէս միասին հասան, եւ անվերադառնալի կէտը անցան 2021-ին: Այժմ յստակ է, որ աշխարհի վրայ իր գերակայութիւնը պահպանելու համար, Միացեալ Նահանգները պէտք է բարեփոխէ իր ռազմական բաղադրիչը՝ զէնքի արտադրութիւն եւ այլն։
«Միացեալ Նահանգները իր գերակայութիւնը պահպանելու համար, թէ՝ ինչո՞վ շահագրգռուած է եւ ի՞նչի կրնայ համաձայն գտնուիլ, ոչ թէ կեանքի, այլ՝ մահ սփռելու համար։ Այս գերակայութիւնը պահպանելու սիրոյն, անհրաժեշտ է ժամանակ շահիլ Հին Աշխարհի շարք մը խաղացողներուն դէմ՝ Չինաստան, Ռուսիա, Հնդկաստան, Իրան եւ այլն: Այլ խօսքով՝ կարելիութեան սահմաններու մէջ բախումներ հրահրել: Խնդիրներ ստեղծել, ժամանակ շահելու համար: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ուքրանական հակամարտութեան։ Այնպէս որ, ինչպէս ամերիկացիք կ՚ըսեն՝ «հարցը անձնական չէ» nothing personal։
«Ինչ կը վերաբերի Համասին, կ՚ենթադրեմ, որ անգլիացիները իմանալով այս ծրագիրին մասին, որոշ չափով աճապարած են եւ որոշած են իրենց ձեռքը առնել նախաձեռնութիւնը։ Այս առումով, անգլիացիները աւելի շատ կապեր ունին Թուրքիոյ, Իսլամ եղբայրներուն#, Համասի եւ այս կառոյցներուն մէջ մեծ թիւով գործակալներու հետ: Այնպէս որ, իմ տեսանկիւնէս, անոնք պարզապէս փորձեցին տիրանալ այսպէս կոչուած «կառավարելի քաոս»-ի տեսութեան հետ կապուած նախաձեռնութեան, այսպիսով, ամերիկացիները այս կացութենէն կախեալ պահելով, քիչ մը աւելի կանուխ, քան՝ կ՚ուզէին։
#«Էմ Այ 6-ի՝ Բրիտանիոյ արտերկրի ռազմական գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը՝ Ռիչըրտ Մուրը անձնական բարեկամն է գահաժառանգ իշխան Չարլզի (այժմ՝ թագաւոր), որ կը հովանաւորէ(ր) Օքսֆորտի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են «Իսլամ եղբայրներ» գաղտնի շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլը նաեւ այս կեդրոնին տնօրէնն է(ր): Իբրեւ Անգարայի մօտ դեսպան (2014-2017), Ռիչըրտ Մուր ընկերակցեցաւ նախագահ Էրտողանին, որ «Եղբայրութեան» հովանաւորը դառնայ: Ան նախապէս Թուրքիոյ դեսպանը եղած է, սահուն կերպով թրքերէն կը խօսի եւ բարեկամացած է նախագահ Էրտողանի հետ: Ան այս նոր պաշտօնը ստանձնեց 1 հոկտեմբեր 2020-ին, ազերիներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումէն չորս օր ետք* (3):
Ք.Ա. – Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս պիտի զարգանան:
Կ.Գ. – Հիմա շատ դժուար է նախատեսել այս պայքարին ընթացքը, քանի որ յստակ չէ, որ մեծ դերակատարները ինչպէս պիտի ներգրաւուին այս տագնապին մէջ։ Ըսել կ՚ուզեմ Թուրքիան եւ Իրանը: Մէկ կողմէ, Թուրքիան պատրաստ է իր խաղաղապահները ղրկել Իսրայէլ, կանգնելու սահմանագիծին վրայ եւ արդէն համաձայնած է Միացեալ Նահանգներուն հետ, միւս կողմէ, Թուրք հանրային կարծիքը եւ Էրտողանի (կարծր*) ելոյթը Աթաթուրք օդակայանին մէջ: Այսինքն՝ այնքան ալ պարզ չէ, որ այս իրավիճակը հետագային ինչպէ՛ս կը կարգաւորուի։
«Թուրքիան կը յաւակնի խաղաղարար ըլլալ, որ կրնայ կարգաւորել իրավիճակը եւ անով իսկ ամրապնդել իր դիրքերը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ։ Ինչպէ՞ս կը զարգանայ իրավիճակը հետագային, Իսրայէլը կը համաձայնի՞ թրքական խաղաղապահ առաքելութեան: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ։ Դժուար է նախատեսել: Առայժմ մենք այդ մէկը չենք տեսներ»: Վերջ՝ առաջին Յօդուածէն քաղուած հատուածներուն:
Ք.Ա. – Ռուսիան ու Թուրքիան պատմութեան ընթացքին հակադիր կողմեր եղած են: Վերջերս մենք ականատես եղանք երկու երկիրներու մերձեցման։ Սակայն Թուրքիան կը խոստանայ Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտարներ» (անօդաչու ռազմական սարք*) արտադրելու գործարան կառուցել: Ազրպէյճանի մէջ իր ազգային քաղաքականութիւնը կը վարէ եւ Մեծ Թուրանի քարտէսներ ցոյց կու տայ, որոնց մէջ ռուսական տարածքներ կը մտնեն: Իրանը կը յայտարարէ, որ չի հանդուրժեր Հայաստանի հողային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, քանի որ այդ իր գերիշխանութեան դէմ կը կը համարէ։ Միեւնոյն ատեն, Ռուսիան աւելի կողմնորոշուած է Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Արդեօք Թուրքիոյ նախագահը Ռուսիոյ վրայ որոշ լծակնե՞ր ունի։
Կ.Գ. – Այո, անշո՛ւշտ: Անցողակի վիճակ է այս։ Բայց ես կը կարծեմ, որ երկիրներուն միջեւ մերձեցում չկայ։ Գործարար շահեր՝ այո՛, սակայն, մերձեցում՝ ո՛չ։ Ռուսիան Թուրքիոյ համար անպարտելի թշնամի է, ինչպէս Թուրքիան՝ Ռուսիոյ։ Բայց կայ փոխազդեցութիւն: Մենք դրացիներ ենք։ Ուրիշ միջոց չկայ։ Ինչո՞ւ մենք կը ստեղծենք այդքան մեծածախս կայաններ, այն ալ՝ մեր սեփական դրամով։ Եթէ յարաբերութիւնները լաւ են, ինչո՞ւ չէ, իսկ եթէ վատթարանան, թերեւս մենք կրնանք տիրանալ այդ կառոյցներուն։ Աքքույու Akkuyu (Ռուսիոյ կողմէ կառուցուող*) կորիզային ելեկտրակայանը (Մերսինի գաւառ*) բաւական մօտ է Սուրիոյ սահմանին (շուրջ 270 քլմ. Լաթաքիայէն՝ ծովու ճամբով*):
«Ինչ կը վերաբերի Իրանին, մենք անոր հետ բաժնեկցելու բան չունինք։ Այստեղ պատմական քաղաքական գործողութեան բոլորովին այլ յարացոյց կայ։ Հին կայսրութիւն է, ինչպէս Ռուսիան։ Անշուշտ, 1500 տարի աւելի հին է, սակայն, այսուհանդերձ, տարբեր քաղաքական աւանդոյթ ունի, եւ այստեղ թշնամանք չկայ։ Մենք պայքարելու պէտք չունինք: Ուստի, Ռուսիան կամ Իրանը պէտք է Անդրկովկասին հովանաւորեն։
«Ի վերջոյ, Կովկասի ժողովուրդները բաժնուած են իրար միջեւ, եւ ես Հայտար Ալիեւէն ետք որեւէ ականաւոր քաղաքական գործիչ չեմ տեսած։ Ան կրնար Անդրկովկասը դարձնել համաշխարհային քաղաքականութեան նիւթ։ Այդ նպատակով Վրաստանի հետ համաձայնութեան գալը բաւարար չէր, ոչ ալ՝ փափկօրէն Հայերուն ճակատը համբուրելը բաւարար չէր, որ անոնք փափաքէին Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ։ Ոչի՛նչ կատարուեցաւ, բոլորին բաժնած էին տարբեր ուղղութիւններով։ Ուստի, Անդրկովկասը՝ կա՛մ Ռուսիոյ ազդեցութեան եւ զօրակցութեան շրջան է եւ կա՛մ՝ Իրանի։
«Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, Իրանը իր աղբիւրները չի վատներ՝ իր մէջ ապրիլ չուզող մարդիկը պահելու համար։ Այս շատ կարեւոր է։ Իրանը չի գրաւեր խնդրայարոյց տարածքներ (Հիւսիսային Կիպրոս, Հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններ, Լիպիա եւ այլն*) քանի որ որեւէ նման տարածք՝ պահել պէտք է։ Ի վերջոյ, սահմանին ծայրամասին կը գտնուին, որ պահելը բաւական դժուար է։ Տեսէք, թէ՝ որքան քննադատութեան արժանացան (ցարական*) Կայսրութիւնն ու Խորհրդային Միութիւնը, որոնք ճիշտ գործեցին, սակայն հետեւանքը՝ ծայրամասերուն կեանքը աւելի բարեկեցիկ էր, քան կեդրոնական Ռուսիոյ մէջ։
«Այս հանրապետութիւնները (ծայրամասի*) շատ բան տուին։ Սխալ է անոնց մեղադրել իբրեւ ձրիակերներ։ Մինչեւ 1960, օրինակ, Հայաստանի ամբողջ տարածքը, որ լեռնային է ու դժուարին՝ ելեկտրականացուեցաւ, հեռախօսի ու կազի մատակարարման ցանցեր զետեղուեցան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետև սահմանին միւս կողմը կանգնած էր Թուրքիոյ 3-րդ դաշտային բանակը եւ Արարատի վրայ գտնուող ամերիկեան ՆԱԹՕ-ի զինուորական խարիսխը։ Ուստի անհրաժեշտ էր ստեղծել նման պայմաններ։
«1960-ականներու սկիզբը Հայաստանը բոլորին նման աղքատ էր: Ես Մոսկուա կ՚ապրէի եւ այցելութեան կու գայի, 5 տարեկան էի, բայց ամեն ինչ կը յիշեմ, երկիրը շատ աղքատ էր։ Իսկ 1970-ականներուն Հայաստանի կեանքը, նոյնիսկ Մոսկուայի կեանքին համեմատած, հասած էր աւելի բարձր մակարդակի։ Եւ այդ՝ շատ նկատելի էր, սակայն՝ անհրաժեշտ։
«Նոյնն էր պարագան Պալթեան երկիրներուն մէջ: Եւ յետոյ, բոլորը քիթերնին բարձրացուցին եւ որոշեցին, որ իրենք այնքա՛ն կարող են, որ իրենց միջոցներով այս դիրքին հասած են: Բոլորը կլանուած էին փառամոլութեան եւ առասպելներու մէջ: Այժմ գիտակցութեան կը վերադառնան, յատկապէս՝ Պալթեան երկիրներուն մէջ: ԹիքԹօք-ի մէջ «Յաղթանակի օր» երգը վերարտադրուած է։ Էսթոնիացին կ՚երգէ՝ «Մենք կը փախչինք Ռուսիա, ուր մարդիկ աւելի բարի են, օղին աւելի համով է, հացն ու կազը բոլորին կը բաւէ»։ Այնտեղի իշխանութիւնները (հակառուս*) կացութիւնը տակաւին հակակշռի տակ կը պահեն, թէեւ հասարակութեան մէջ նման տրամադրութիւններ կը խմորուին։
«Անդրկովկասի պարագան նոյնը չէ: Հայաստանը երկար ժամանակ ռուսամէտ էր: Այժմ կը շրջուի։ Այնտեղ Պալթեաններուն նման շրջադարձը հինգ տարիէն առաջ չի կրնար սկսիլ։ Որովհետեւ (Ռուսիոյ*) բոլոր զանցառումներն ու սխալները հոն են, «ո՛չ մէկ տեղ կ՚երթան», «մեր գրպանին մէջն են», «մե՛նք կանգնած ենք այնտեղ» ըսուեցաւ։ Ահա թէ ինչպէ՛ս փախցուցինք Ուքրայինան, եւ նոյն մեթոտաբանութիւնը կը կիրարկուի (Ռուսիոյ*) սահմանին երկայնքին գտնուող (դրացիներու*) ղեկավարութեան եւ հասարակութիւններուն կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք բոլորին կ՚ըսենք, նաեւ Իրանին. «Մի մտահոգուիք, մենք այստեղ կանգնած ենք, ամեն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»։ Սակայն Ռուսիան այժմ չի կրնար ֆիզիքապէս պահել Հայաստանը, յատկապէս, քանի որ զբաղած է Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններով։
«Նոյնն է պարագան Վրաստանի մէջ: Սկսած է աճիլ հակաարեւմտեան տրամադրութիւնները: Կը տեսնենք, որ իշխող կուսակցութիւնը կը ցանկայ պաշտօնազրկել նախագահ Զուրապիշվիլին, որ կը թուի ֆրանսացի ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ ամերիկասէր մօրաքոյր մըն է։ Վրաստանի մէջ, Պալթեան երկրներուն նոյն միտումն է։ Ատրպէյճանը, սակայն, դաժանօրէն լարուած է Ռուսիոյ դէմ։
«Ես իմ Թելեկրամի ալիքիս մէջ տեղադրեցի Ա. (Ալթայ*) Էֆենտիեւի (ազերի*) շատ նշանակալից ելոյթը ԿՈՒԱՄ-ի այս տարուայ օգոստոսի նստաշրջանին։ Ան այս կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարն է, որ կը ներառէ Ուքրանիան, Ատրպէյճանը եւ Մոլտովան։ Լսէք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Ռուսիոյ մասին. «Ի՛նչ նախայարձակ է» եւ ան ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչում։ Ի՞նչ կը խորհիք՝ կարելի՞ է նման բան յայտարարել, եթէ այդ տեսակէտը չի համընկնիր պետութեան ղեկավարին (Իլհամ Ալիեւ*) կարծիքին հետ։
«Ռուսիան թէեւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, սակայն ամեն երեւոյթ դէմ է այդ դաշինքին։ Միաժամանակ, Երեւանը տեսնելով այս դաշինքը կը գիտակցի, որ Ատրպէյճանը աւելի արժէքաւոր է Ռուսիոյ համար, քան՝ հայկական շահերը։ Ես հիմա չեմ խօսիր Նիկոլ Փաշինեանի մասին: Առայժմ Հայաստանի ժողովուրդին մէջ չկայ ռուսատեացութիւն եւ, Աստուած տայ, պիտի չըլլայ նաեւ ռուս ժողովուրդին, եւ ռուսերէնին նկատմամբ։ Անշո՛ւշտ, չեմ բացառեր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները NGO, որոնք կրնան հաւաքագրել խելագարներ, որոնք կ՚ընեն այդ մէկը։ Բայց հասարակութեան մէջ սկզբունքով նման խնդիր չկայ։ Հայերը այս առումով շատ հանդուրժող են։ Թերեւս այդ է պատճառը, որ անոնք կ՚ապրին տարբեր երկրներու մէջ եւ կը գիտակցին, որ հայրենիքէն դուրս ապրող մարդը միշտ խոցելի է։ Այդպիսի զգացողութիւն միշտ կայ»։ Վերջ:
Վրաստանը արդէն վերստին դէպի Ռուսիա շրջադարձը կատարեց, քանի մը օր առաջ՝ 26 Հոկտեմբեր 2024-ի ընտրութիւնով, ուր ռուսամէտները յաղթանակ արձանագրեցին եւ պարտութեան մատնեցին ամերիկեան ու եւրոպական, առաւել՝ սորոսական թեւը, որ «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ով 2003-էն ի վեր կը տիրէր երկրին: Իսկ Մոլտովան 50.46 տոկոս չնչին արդիւնքով մը մնաց արեւմտեան հովանաւորութեան տակ: Յստակ է, որ արեւմուտքը Վրաստանի պարագային որեւէ տնտեսական զարգացում ու վերելք չպատճառեց, այլ այս շրջանին, մէկ միլիոնէ աւելի վրացիներ վերջնականապէս լքեցին իրենց հայրենիքը եւ թրքական ու ազերի ընկերութիւններ գրաւեցին տնտեսութեան առիւծի բաժինը:
Հայաստանը, որ Վրաստանի նման, Սեւ ծովով, աշխարհի հետ բաց սահման ալ չունի, իր ներկայ ընթացքով եւ դրացի Վրաստանի օրինակը տեսնելով հանդերձ, տգէտ ու ապազգային դաւադիր իշխանութիւնով կը գլտորի դէպի դաժան Թուրքիոյ գիրկը: Փրկութի՞ւնը՝ այս թշնամիներուն ծառայող իշխանութիւնը պէտք է հեռացուի:
*Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:
1. https://medium.com/@geofor/karine-gevorgyan-we-should-expect-aggravation-of-the-situation-in-different-parts-of-the-world-ff03724261b9
2. https://medium.com/@geofor/who-is-who-around-russia-friends-foes-neighbors-e1dbe8b0868e .
3. https://www.voltairenet.org/article211746.html