Լրահոս

Հ.Օ.Մ.-Ը ԿԸ ՄՆԱՅ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ՝ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայ Օգնութեան Միութեան համար հայ ուսանողին թեւ եւ նեցուկ կանգնիլը միշտ եղած է առաջնահերթութիւն մը։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր Հ.Օ.Մ.-ը իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ կը ջանայ նպաստել հայ ուսանողին, որպէսզի ան անարգել շարունակէ իր ուսումը։

Հ.Օ.Մ.-ի կթաթոշակին նպատակն է պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք համալսարական ուսումը ամբողջացնելէ ետք, իրենց գիտութիւնը ի սպաս կը դնեն գաղութային եւ հայրենիքին կարիքներուն։

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այս տարի եւս յատկացուց կրթանպաստ` դիմումնագիր ղրկած եւ բոլոր պայմանները ամբողջացուցած ուսանողներու, որոնք թիւով 30 էին, 13 տարբեր երկիրներէ։ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանին համար յատկացուեցաւ ընդհանուր $ 39,000 ։

Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել «Երեմեան», «Ճիզմեճեան», «Պաղտոյեան» ,«Պալունեան» ,«Գալայճեան» ,«Վարդան Գրիգորեան» եւ « Ժանէթ Մարգարեան» ֆոնտերուն որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ ստեղծել այս ֆոնտերը:

115-ամեակի սեմին Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան նպատակն է ուռճացնել Հ․Օ․Մ․-ի կրթանպաստի ֆոնտերը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով ուսանողներու օժանդակութեան հասնիլ: Նաեւ կարելի է յետ մահու ֆոնտեր հաստատել ուսանողական ծրագրերուն օժանդակելու նպատակով:

Նուիրատութիւններու համար կը խնդրուի այցելել Հ․Օ․Մ․-ի կայքէջը: https://ars1910.org/give/

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button