Դոկտ. Աբէլ քհնյ. ՄանուկեանԺընեւ
24 Հոկտեմբեր 2024
Տարւոյս 27 եւ 28 Սեպտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան ազգային-եկեղեցական մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող հանդիսութիւններ. մին միւռոնօրհնէքի արարողութիւնն էր, իսկ հետեւեալ օրը՝ հիմնովին վերանորոգուած Միածնաէջ տաճարին վերաօծումը։ Բնականաբար, այս զոյգ հանդիսութիւններուն առթիւ Մայր աթոռ ժամանած էին տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, նաեւ բարձրաստիճան հիւրեր միջազգային հոգեւոր աշխարհէն։ Այս միջոցին էր, որ պահը անմահացնելու համար հաւանաբար Մայր աթոռէն զանգուածային լրատւութեան միջոցներուն, նաեւ սոցիալական ցանցերուն փոխանցուեցաւ վեհարանի մուտքին առջեւ քաշուած խմբանկար մը։ Այս խմբանկարը կը ներկայացնէ քանի մը տասնեակ հայ եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք բոլորն ալ քով-քովի ընդունած էին հպարտ կեցուածք մը՝ իրենց դէմքերուն վրայ արտացոլացնելով կատարուող արարողութիւններուն ներշնչող նուիրականութիւնը։
Խմբանկարը, առաջին հերթին, հասարակութեան պիտի հաղորդէր դրական տպաւորութիւն մը՝ բովանդակելով քարոզչական որոշակի պատգամ մը։ Այսուհանդերձ այս շքադրամին փայլուն դիմերեսը կը կրէր իր գորշ դարձերեսը ու իր հոգեւոր պատգամին կը խառնէր լեղի մը՝ միաժամանակ փոխանցելով այր մարդոցմէ գոյացած դաժան հասարակութեան մը դառնահամ տպաւորութիւնը։ Այդ տասնեակ մը եկեղեցականներուն մէջ ի զուր փնտռեցինք հայ կամ թէկուզ օտար իգական սեռին պատկանող ներկայութիւն մը։ Ո՛չ մէկ կին կը գտնուէր հոն։ Նման կարեւոր կրօնական իրադարձութեան առթիւ կանանց ներկայութեան այս բացակայութիւնը, ստո՛յգ, խոր, մտահոգիչ տպաւորութիւն մը կը թողու շատերու վրայ:
21-րդ դարու սեռային հաւասարութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրող աշխարհի մէջ, այս պատկերը ցոյց կու տայ այլ իրականութիւն մը, ուր կանայք բացարձակապէս տեղ չունին եկեղեցիին մէջ: Մինչդեռ կանայք կը կազմեն եկեղեցւոյ անդամներուն կամ ի Քրիստոս մկրտուած հաւատացեալներու քանակին կէսը, որ ցաւօք անտեսուած կը մնայ եկեղեցւոյ վերնախաւին կողմէ։ Սոյնը կը վկայէ, որ եկեղեցին կը մնայ տղամարդոց գերակշռող հաստատութիւն մը, որ չ’ուզեր կիսել եկեղեցւոյ կալուածին մէջ առանձնապէս իրեն մենաշնորհ դարձուցած հեղինակութիւնն ու նուիրապետական իշխանութիւնը կանանց հետ: Ինչո՞ւ կանայք տեղ չունին եկեղեցւոյ վճռորոշ պաշտօններուն մէջ։ Կարծէք շատ յստակ ու մեկին է մեր այսօրուան կղերին հայ հասարակութեան տուած պատգամը, թէ կին արարածը երբեւէ չի կրնար մօտենալ եկեղեցական պաշտօններուն, ինչպէս սատանան՝ սրբութեան։
Սակայն այսպէս չէր նախնական եկեղեցին մասնաւորաբար Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին եւ հետագայ առաջին դարերուն, ուր հաւատաւոր կանայք էական դերակատարութիւն ունեցած են քրիստոնեայ համայնքներու կազմաւորման եւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան տարածման մէջ։ Ուղղակի Յիսուսի շրջապատին եւ Նոր կտակարանի առաջին համայնքներուն մէջ եղած են բազմաթիւ կանայք, որոնք կրած են հոգեւոր պաշտօններ՝ որպէս առաքելուհիներ, եռանդուն քարոզիչներ եւ ուսուցողական գործունէութեան առումով՝ վարդապետուհիներ։
Տասներկու առաքեալներէն բացի, կային նաեւ կին աշակերտներ, որոնք կ’ուղեկցէին եւ կ’աջակցէին Յիսուսի եւ առանձնայատուկ մտերմութիւն մը ունէին Անոր հետ: Ամենայայտնի դէմքերէն էր Մարիամ Մագդաղենացին, որ աւետարաններուն հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն կը վկայուի որպէս Յիսուսի ամենամերձաւոր եւ վստահելի անձնաւորութիւններէն մին։ Ան առաջին վկան էր, որուն Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ շնորհուեցաւ դառնալու ականատեսը յարուցեալ Յիսուսի, եւ ան էր, որ ուղղակի Տիրոջ առաքելական տնօրինումով քրիստոնէութեան համար այս էական իրադարձութեան լուրը, այլ խօսքով՝ Յիսուսի հրաշափառ յարութեան աւետիսը հաղորդեց առաքեալներուն։ Հետեւաբար, ամենեւին ի զուր չէ, որ կնոջ մը եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հայրաբանական գրականութեան մէջ, յանձին Մարիամ Մագդաղենացիի, վերագրուեցաւ «առաքեալներուն առաքեալը» կոչումը։
Վերոգրեալ յիշուեցաւ, որ Մարիամ Մագդաղենացիէն բացի բարեպաշտ կիներու ամբողջ հոյլ մը կ’ուղեկցէր Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն՝ Գալիլեայէն մինչեւ Երուսաղէմ, տարբեր վայրերու մէջ քարոզելու եւ հրաշագործութիւններ ընելու ատեն, խաչելութեան պահուն, թաղումէն եւ հրաշափառ յարութենէն ետք, երբ Յիսուսի ընտրած առաքեալները անճրկած, մինչեւ իսկ անոնցմէ ոմանք յուսահատած, կը լքէին ասպարէզը՝ վերադառնալով իրենց տուները։ Մարիամ Աստուածամայրը, Եոհաննան, Սուսաննան, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը, Յակոբոսի եւ Յովսէփի մայրը, Սողոմէն, Մարիամ եւ Մարթա Բեթանիացիները, նաեւ շատ մը այլ կիներ յականէ-յանուանէ կը յիշատակուին Նոր կտակարանին մէջ։ Անոնք ոչ միայն իրենց նիւթաբարոյական ներդրումներով կ’օժանդակէին Յիսուսի, այլեւ իրենց գործուն մասնակցութիւնը կը բերէին Անոր փրկարար ծրագրերու իրականացման։ Սխալ է Յիսուսի երկրաւոր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ կանանց ներկայութիւնը սահմանափակել բացառապէս ծառայողական դերակատարութեամբ։ Ընդհակառակը, անոնք գտնուած են միաժամանակ քարոզչական եւ վաղ համայնքներու վարչական-կազմակերպչական կարեւոր պաշտօններ վարելու դիրքերու վրայ։
Յիսուսի երկինք համբարձումի եւ հոգեգալուստի իրադարձութիւններէն ետք, քրիստոնէական ժամանակաշրջանի առաջին դարերուն կանայք տակաւին կը շարունակէին իրենց գործուն դերակատարութիւնը ունենալ հետզհետէ աւելի ու աւելի կազմակերպուող եկեղեցիի կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Նոր կտակարանը կը յիշատակէ այն կանանց անունները, որոնք ոչ-պակաս հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղեցուցած են ձեւաւորուող քրիստոնէական տարբեր համայնքներու մէջ։ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ կը նշէ քանի մը կանանց անունները, որոնք հանդիսացած են իր մտերիմ գործակիցներն ու առաքելուհիները: Անոնցմէ մին էր Յունիան, որ Պօղոսի Հռոմէացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ յստակօրէն կը յիշուի որպէս առաքելուհի՝ երեւելի մը առաքեալներուն մէջ եւ տակաւին իրմէ առաջ քրիստոնեայ դարձած անձնաւորութիւն մը (Հռոմ. ԺԶ, 7)։ Այն փաստը, որ Պօղոս առաքեալ այս կանայքը առանձնացնելով առաքեալներու խումբին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն մը կը վերագրէ անոնց, ցոյց կու տայ, որ անոնք ստոյգ գործուն ներդրում մը ունէին նաեւ քրիստոնէական շարժումի ամենաբարձր մակարդակներուն մէջ։
Նախնական եկեղեցւոյ միւս նշանաւոր կիներէն էին Պրիսկան (այլուր՝ Պրիսկիլա), որ իր ամուսինին՝ Ակիւղասի հետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Տիրոջ խօսքին տարածման մէջ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հաւատքի ուսուցիչ։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Փիբէն, որուն Պօղոս առաքեալ ուղղակի սարկաւագուհի կը կոչէ. «Ձեզի կը յանձնարարեմ Փիբէն՝ մեր քոյրը, որ սպասաւորն է Կենքրացիներու եկեղեցիին» (Հռոմ. ԺԶ, 1–2)։ Աւետարանի յունարէն բնագրին մէջ Փիբէի կամ Ֆիպէի մասին «δῐᾱ́κονος – սարկաւագուհի» բառը գործածուած է, զոր Ե. դարու մեր թարգմանիչ վարդապետները հայերէնի համապատասխան եզրով եկեղեցւոյ սպասաւոր, այլ խօսքով՝ սարկաւագուհի թարգմանած են։ Այս բոլորը եւ բնականաբար ուրիշ հեղինակաւոր վերագրումներ ցոյց կու տան այն պարտականութիւններն ու պաշտօնները, որոնք կանայք կը կրէին քրիստոնէական վաղ շրջանի համայնքներուն մէջ:
Այնուամենայնիւ, ժամանակի հոլովոյթին մէջ երբ եկեղեցին հետզհետէ աւելի՛ հաստատութենական կառոյցի մը վերածուեցաւ՝ կանանց դերը, ուղղակի անհասկնալի եւ անհիմն պատճառներով, աստիճանաբար սահմանափակուելու սկսաւ: Առաջին դարերուն, երբ քրիստոնէութիւնը տակաւին կրօնական շարժումէ դէպի կառուցուածքային հաստատութեան կերպարանքը առաւ, անոր վաղ ներդրողներէն շատեր ճնշումներու ենթարկուելով մոռացութեան մատնուեցան։ Սակայն քրիստոնէական գրականութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առկայ բազմաթիւ վկայութիւններ առաքելական շրջանէն, նաեւ անկէ ետք, ցոյց կու տան, որ կանայք անփոխարինելի դեր ունեցած են հաւատքի տարածման եւ հեթանոսութեան աւերակներուն վրայ քրիստոնէութեան տարած յաղթանակի իրագործման մէջ։
Հակառակ եկեղեցւոյ պատմութեան հետագայ շրջաններուն իրականացած սահմանափակումներուն, կանանց ներդրումներն ու ժառանգութիւնը կը մնան քրիստոնէական պատմութեան կեդրոնական, բայց յաճախ անարդարօրէն մոռացութեան մատնուած մասերը:
Ի տարբերութիւն առաքելական շարք մը եկեղեցիներու, Հայ եկեղեցին քրիստոնէական նախնական եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահպանելով հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերէն սարկաւագութեան աստիճանը, որ ոչ թէ սովորական օրհնութեան մը բնոյթը կը կրէ, այլ միանշանակ ունի խորհրդակատարութեան մը նկարագիրը։ Սոյնը բացառիկ ցուցանիշ մըն է Հայ եկեղեցւոյ հանդուրժողականութեան եւ սեռերու հարցին մէջ անոր լայնախոհութեան ոգիին՝ իր հոգեւոր անդաստանին մէջ եկեղեցական պաշտօններու իրաւահաւասար տուչութեան եւ համարժէք շնորհումին իմաստով։ Թէպէտ Հայ եկեղեցին չէ ունեցած իգական սեռի քահանայութեան կամ եպիսկոպոսութեան աւանդոյթ մը, բայց այսուամենայնիւ ան իւրացուցած է սարկաւագութեան նուիրապետական արժանավայել կարգ մը, որ ցայսօր կը զլանան կանանց վերաշնորհել շարք մը քոյր եկեղեցիներ։
Անդրադառնալով վերոյիշեալ խմբանկարին, որ շօշափելի ապացոյց մըն է այսօր Հայ եկեղեցիին մէջ արական սեռի գերակշռող հոգեւորականութեան, որքան մխիթարական պիտի ըլլար, եթէ ականակուռ պանակէներով զարդարուն եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ քահանայ հայրերու շարքին մէջ տեսանելի ներկայութիւն ըլլային նաեւ առնուազն քանի մը սարկաւագուհիներ, որոնք բնաւ խոտոր չեն Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ կանոնական սկզբունքներուն։
Կ’արժէ այստեղ յիշել, որ ճիշդ 131 տարի առաջ՝ 26 սեպտեմբեր 1893-ին, երբ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ ամենայն հայոց կաթողիկոս կ’օծուի Ս. Էջմիածնի մէջ, Միածնաէջ խորանին վրայ միաժամանակ սպասարկած են Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքէն հիւրաբար ժամանած սարկաւագուհիներ՝ գլխաւորութեամբ քոյր Հռիփսիմէ աւագ սարկաւագուհի Թահիրեանցի։ Այս մասին կը վկայէ անգլիացի ճանապարհորդ Հենրի Լինչ իր հրատարակած ճանապարհորդական գիրքին մէջ (F. B. Lynch, Armenia: Travels and Studies, Vol. 1 (London, 1901), pp. 252–253). Այս առթիւ ան նոյն գիրքին մէջ կը հրապարակէ վերոնշեալ սարկաւագուհիին լուսանկարը ծիսական խորապէս տպաւորիչ զգեստաւորումով։
Նոյնպէս Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքէն ինը միանձնուհիներ իրենց վեհամօր՝ Հռիփսիմէ աւագ սարկաւագուհի Թահիրեանցի գլխաւորութեամբ մասնակցած են 30 սեպտեմբեր 1912 թուականին Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ձեռամբ սրբալոյս միւռոնօրհնէքի մեծահանդէս արարողութեան։
Զարմանալի պիտի չթուի այն փաստը, որ 29 մարտ 1936 թուականին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեանի սրբագործուող միւռոնօրհնէքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, այլեւ Կ.Պոլսէն ժամանած Գալֆայեան միաբանութեան քոյրեր։ Այս առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պաշտօնական «Հասկ» ամսագիրը միւռոնօրհնէքի մասին պատմող յօդուածին մէջ կը վկայէ Գալֆայեան միաբանութեան մայրապետ քոյր Աղաւնի սարկաւագուհի Քէօսէեանի եւ դպրուհի Մարիամ Քէօսէեանի մասնակցութիւնը սրբազան արարողութեան.
«Երկուքն ալ շապիկով եւ ուրարով […] Պատարագը սկսաւ, եւ երբ հասաւ Ողջոյնի պահը, թափօրը վերադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին, բերելու համար միւռոնի կաթսան, անուշահտ իւղերը եւ Ս. Աջերու արկղը։ Սարկաւագուհի Աղաւնի վերաբերում ըրաւ, իսկ դպրուհի Մարիամ Աւետարան կարդաց»։ («Հասկ», Մարտ-Ապրիլ, 1936, էջ 19)։
Սարկաւագուհիներու հանրային ներկայութեան փաստեր արձանագրելու առնչութեամբ չմոռնանք նշելու 25 հոկտեմբեր 1953 թուականին Գիւտխաչի տօնին առթիւ Թիֆլիսէն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին ուխտի եկած միանձնուհիներն ու սարկաւագուհիները։ Այս առթիւ «Էջմիածին» ամսագիրը կը նշէ.
«Այդ օրը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին ուխտի էին եկել Թիբլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցու յարգարժան երեք սարկաւագուհի կոյսեր, որոնք մասնակցում էին Սուրբ պատարագի արարողութիւններին» («Էջմիածին», Ժ, 1953, էջ 16)։
Հարկ է նկատի ունենալ, որ այս ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ վաղուց հաստատուած էին խորհրդային կարգերը եւ պետական հակակրօնական քարոզչութիւնը իր կործանարար անիւին տակ փճացուցած էր նաեւ Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքը։ Բայց հակառակ այս իրողութեան, տակաւին հայոց հայրապետը՝ Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան, դրական վերաբերմուք կը դրսեւորէ հայ սարկաւագուհիներուն հանդէպ՝ հայրաբար տնօրինելով, որ անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն սրբազան արարողութիւններուն։
«Առակս զի՞նչ ցուցանէ», որ կանանց ներկայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական դասին մէջ բացարձակապէս խոտոր երեւոյթ մը չէ։ Ան ո՛չ նորարարութիւն մը եւ ոչ ալ վերջին ժամանակաշրջաններու ֆեմինիստական տարաբնոյթ շարժումներու հետեւանք է, այլ միանշանակ հնաւանդ ու սրբակրօն աւանդութիւն մը բարեկարգելու պահանջ է։
Որքա՜ն նշանակալից պիտի ըլլար եւ իր խորհրդանշական ամբողջ գեղեցկութիւնը արտացոլացնէր, եթէ Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքը բարեհաճէր Էջմիածնի մէջ կայանալիք միւռոնօրհնէքի, ապա Մայր տաճարի վերաօծման սրբազան արարողութիւններուն իր շքախումբին մէջ իրեն ուղեկցող ունենար նաեւ Գալֆայեան միաբանութեան քոյր Գայիանէ կիսասարկաւագուհի Տուլքատիրեանը։ Նմանապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն մին ըլլար Թեհրանի թեմի առաքինազարդ սարկաւագուհի ԱնիՔրիստի Մանուէլեանը։ Հայ եկեղեցին հոգեւոր իմաստով եւ արտաքին հեղինակութեամբ ոչինչ կը կորսնցնէր, այլ ստո՛յգ միայն կը շահէր։ Յաչս 21-րդ դարու արագընթաց զարգացումներուն եւ ընդհանրապէս գիտութեան բոլոր ոլորտներուն՝ յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու ու ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուող հսկայական նուաճումներուն, այլեւ սեռերու հաւասարութեան իրաւունքը ժամանակահունչ ընկալումներով ամրագրելու փաստով, Մայր աթոռը Հայ եկեղեցւոյ կանանց սարկաւագութեան սրբակրօն աւանդութեան մասին վկայելով՝ կրնար եզակի դիրքորոշում մը հաղորդել քրիստոնէական համայն աշխարհին՝ արական սեռի գերակշռող կղերի մը գորշ պատկերը սփռելու փոխարէն։
Փաստօրէն, Ե. դարու Վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը ոգեղինած ոսկեղենիկ Եղիշէէն ալ ոչինչ սորված են, երբ պատմիչը կը նկարագրէ «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» երկի վերջին հատուածը, ուր կը ներկայացնէ Աւարայրի ճակատամարտէն ետք գերեվարուած հայ ազատներու կանայքը, որոնք «իրենց կեանքին մէջ նմանեցան քաջ նահատակներու»։ Անոնք «զինուորեալ սրբուհիք» էին հայոց, որոնց քաջ օրինակին հետեւեցան հայ կանայք դարերու գալարումներուն, տանջալից պայքարներուն, թշնամութեան ու խաւարի ուժերուն դէմ բազմաթիւ պահերուն, արիւնահեղութիւններուն, բազմիցս իրենց խորտակուած կեանքերուն եւ հողին յանձնուած երազներուն մէջ։ Բայց անոնց հաւատքը առ Աստուած եւ վերականդանութեան յոյսը առ Քրիստոս անխորտակելի եղաւ, ինչպէս կուսութիւնը իրենց հոգիին, հակառակ վայրագ ու վաւաշոտ բոլոր յօշոտումներուն, անեղծանելի մնաց։
Ափսո՜ս, հազար ափսոս, որ մեր մայր եւ սուրբ եկեղեցիին պաշտօնէութիւնը դարձած է բացառաբար այր մարդոցմէ բաղկացած գերակշռող հասարակութիւն մը։ Եղո՜ւկ, որ մեր եկեղեցւոյ վերնախաւը կազմող եպիսկոպոսներն ու վարդապետները,– ինչքան ալ բութ մեծամասնութեան մէջ բացառութիւններ յարգելի ըլլան,– ստեղծագործական երեւակայութեան թռիչքէ խեղճացած, տեսլականէ զուրկ պաշտօնակատար պաշտօնեաներու վերածուած են։ Արդեօ՞ք ատակ են անոնք նախաձեռնելու, ունենալու հոգեւոր արիութիւնը ռիսկ վերցնելու՝ հասարակութեան մէջ եկեղեցիին հանդէպ օրէցօր ահագնող անտարբերութիւնը նախանձայուզութեան փոխարկելու եւ հաւատքին հրայրքով իրենց հայազուն հօտը այնպէս առաջնորդելու, որ ան դառնայ սքանչելի ուժ, գործուն ներկայութիւն, կենսունակ ներգործութիւն՝ քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ օրինակելի ազգ եւ ժողովուրդ մը։ Մեզի լուսատեսիլ եւ հոգեկիր հայրեր են պէտք՝ ո՛չ պաշտօնակատարներ։
Պահպանողական մoտեցումը, որ կառչած կը մնայ հնացած կառոյցներու եւ կը մերժէ եկեղեցիին մէջ կանանց պատասխանատու պաշտօններ վստահելու յանձնառութիւնը, չի կրնար օրհնութիւն մը ըլլալ այսօրուան հասարակութեան մէջ: Անմիջապէս անհրաժեշտ է որդեգրել յառաջադէմ մտածելակերպ մը եւ զարգացնել ստեղծագործ գործողութիւններ՝ իրագործելու մարտավարութիւն մը, որ կեդրոնանայ բոլոր մարդոց հաւասարութեան վրայ՝ անկախ անոնց սեռէն: Միայն այս կերպ եկեղեցին ի վիճակի կը դառնայ արդիական մնալ ժամանակակից աշխարհին մէջ եւ յառաջացնել նոր, կենդանի հաւատք մը, որ արտացոլացուի լայնախոհութեամբ, արդարութեամբ եւ համատեղ պատասխանատւութեամբ: