Կանխելով Նոր Ալեքսանդրապոլ Մը. Հայաստանի Պետականութեան Գոյատեւման Ճակատագրական Որոնումը Եւ Միասին Գործելու Հրամայականը

0 0
Read Time:5 Minute, 14 Second

ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

1920ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը պետականութեան փխրուն ըլլալուն ցայտուն յիշեցում մը կը հանդիսանայ. 2էն 3 Դեկտեմբեր 1920ին ստորագրուած՝ անիկա վերջ դրաւ հայ-թրքական պատերազմին, սակայն՝ աղէտալի գինով: Դաշնագիրը Հայաստանին ստիպեց Թուրքիոյ զիջիլ իր տարածքին կէսը, ներառեալ՝ Կարսի շրջանը եւ Սուրմալուի գաւառը, մինչ Նախիջեւանը, Շարուրը եւ Շահթախտը դրուեցան թրքական ժամանակաւոր հովանաւորութեան տակ: Անիկա նաեւ պարտադրեց ծանր զինուորական սահմանափակումներ եւ, փաստօրէն, վերջ դրաւ Հայաստանի կարճատեւ անկախութեան:

Թէեւ դաշնագիրը ստորագրուեցաւ հրաժարական տուած կառավարութեան կողմէ, անիկա երբեք չվաւերացուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ 1921ի Կարսի դաշնագիրով, սակայն անիկա դրաւ ժամանակակից Հայաստանի սահմաններուն հիմքը:

Սիմոն Վրացեան, որ եղաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետը այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին, աւելի ուշ դարձաւ տնօրէնը Ճեմարանին, ուր Սփիւռքի մէջ Մեծ Եղեռնի եւ անկէ ետք եկող սերունդները (ներառեալ մեր սերունդը) իր հայեցի եւ քաղաքացիական ուսումը ստացան: Եւ այսպէս՝ մեծնալով, Ալեքսանդրապոլը, թէեւ այդ ժամանակ փրկեց հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը, եղաւ խիստ յիշեցում մը այն մասին, թէ ինչ վտանգներ կրնան սպառնալ Հայաստանի պետականութեան:

Հարիւրամեայ այս դէպքը այսօր չարագուշակ է, երբ Հայաստան կը նաւարկէ տարածաշրջանային բարդ քաղաքականութեան մէջ: Առանց հզօր ազգաշինութեան եւ պատասխանատու պետականաշինութեան՝ ժամանակակից Հայաստան կը դիմագրաւէ նոյնպիսի գոյութենական սպառնալիքներ, որոնք կրնան վտանգել անոր գոյութիւնը՝ իբրեւ ինքնիշխան եւ կենսունակ պետութիւն:

Դէմ յանդիման գտնուելով յեղափոխութեան, ազգային ազատագրական պայքարներու, Ցեղասպանութեան եւ խորհրդային գաղութատիրութեան՝ այսօրուան Հայաստանը դիմացկունութեան վկայութիւնն է: Անիկա այլեւս վերացական ազգային-կրօնական համայնք մը չէ, ինչպէս կրնար ընկալուիլ ժամանակին օսմանեան Պոլսոյ ամիրա առանձնաշնորհեալ դասակարգին կողմէ կամ ինչպէս կրնայ երազային մակարդակի վրայ պատկերացուիլ այսօր Սփիւռքի կարգ մը հատուածներու կողմէ: Հայաստան այսօր շօշափելի պետութիւն մըն է՝ իրական աշխարհի մարտահրաւէրներու դիմաց: Անիկա կը պահանջէ առաւել քան հեռակայ հիացում. անիկա կը պահանջէ գործակալութիւն, գործնական պետականաշինութիւն եւ յաճախ դժուար փոխզիջումներ: 21րդ դարուն, կենսունակ փոքր ազգային պետութիւն կառուցելը կը պահանջէ գործնական լուծումներ եւ ռազմավարական մտածողութիւն՝ հաւասարակշռելու համար ազգային նկրտումները մեր շուրջ զարգացող աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու հետ:

Հայկական պետութիւնը ամրապնդելու հրամայականը երբեք այսքան հրատապ չէ եղած, սակայն, հայ քաղաքական միտքը կը գտնուի խառնաշփոթի եւ ճգնաժամի մէջ 2020ի աւերիչ 44օրեայ պատերազմէն ետք (տես` հետեւեալ յօդուածս). ազգը կը շարունակէ մնալ խոր թմբիրի մը մէջ, իսկ երկրին իշխանութիւնները՝ արկածախնդրութեան սեմին: Հետեւանքները կը բնութագրուին մեղադրանքներով եւ աշխարհաքաղաքական ահազանգող փոփոխութիւններուն յարմարելու՝ գործակալութեան (agency) մտահոգիչ պակասով:

Արցախի հայաթափումը սաստկացուց վճռական գործողութեան եւ ռազմավարական վերակողմնորոշման անհրաժեշտութիւնը: Սակայն, ներքին վէճերը եւ հակազդող քաղաքական ձգտումները կը գերիշխեն՝ Հայաստանը ձգելով անմիջական աշխարհաքաղաքական սպառնալիքներու դիմաց խոցելի:

Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը պէտք է գերազանցէ ներկայի իր անհամաձայնութեան եւ կարճաժամկէտ մտածողութեան վիճակը՝ ձեւաւորելու երկարաժամկէտ (ազգային-պետակաութեան հիմնական հարցերու շուրջ) համաձայնութիւն մը: Ասիկա կը պահանջէ անցում զոհի կարգավիճակէն դէպի հասուն գործակալութեան զգացումը եւ գործնական մօտեցում՝ մարտահրաւէրներուն: Նաեւ, անիկա կը պահանջէ ազգ-պետութեան գոյատեւումը դնել ամէն ինչէ վեր (այո՜ բոլոր անհատական եւ կուսակցական հարցերէ վեր): Գրաւները չափազանց բարձր են շարունակական հասարակական անգործութեան կամ սխալ ուղղորդուած հռետորաբանութեան համար. հայկական պետականութեան ապագան հիմնուած է հաւասարակշռութեան վրայ:

Մինչ տարբեր տեսակէտները էական են ժողովրդավարութեան մէջ, ազգ-պետութեան գոյատեւումը կը պահանջէ նուազագոյն համաձայնութիւն մը: Երբ Հայաստան կը պայքարի անցեալ տասնամեակներու դասերուն հետ եւ կը դիմագրաւէ շարունակական սպառնալիքներ՝ անոր քաղաքական դասակարգը չի կրնար մնալ ներքին վէճերու մէջ: Գոյութենական սպառնալիքներու դիմաց միասնականութիւն չի նշանակեր միտքի միօրինակութիւն, այլ՝ ազգի գոյատեւման եւ բարգաւաճման հանդէպ ընդհանուր յանձնառութիւն:

Հայաստանի հրատապ ազգային համաձայնութեան եւ ռազմավարական ուղղութեան կարիքին անդրադառնալու համար, թերեւս փոքր քայլեր անհրաժեշտ են՝ մեր քաղաքական մշակոյթի փոխակերպումը սկսելու համար: Հետեւեալ միտքերը նախատեսուած չեն հրահանգիչ ըլլալու. անոնք աւելի շատ ցուցադրական են.

1. Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բարեփոխում. ընդլայնել անոր կազմը՝ ներառելով ներկայացուցիչներ բոլոր մեծ քաղաքական կուսակցութիւններէն, առանցքային նախարարներէն, զինուորական ղեկավարներէն եւ անկուսակցական փորձագէտներէն: Սահմանադրական փոփոխութիւնները պէտք է խորհուրդին աւելի մեծ իշխանութիւն շնորհեն ազգային անվտանգութեան որոշումներու մէջ, գերմեծամասնութեան քուէարկութեան համակարգով՝ խրախուսելու փոխզիջումը:

2. Քաղաքական վարքագիծի օրէնսգիրք. իրականացնել օրէնսգիրք մը, որ կը շեշտէ հայ քաղաքական ճառախօսութեան մէջ յարգալից երկխօսութիւնը եւ փաստերու վրայ հիմնուած փաստարկումը ազգային հարցերու շուրջ: Ասիկա կը ծառայէ իբրեւ քաղաքական խօսոյթի ուղեցոյց ք՝ մեղմացնելով բաժանարար հռետորաբանութիւնը, որ կ՛արգելակէ կառուցողական բանավէճը:

3. Բազմակուսակցական աշխատանքային խումբեր. կազմել քաղաքական կուսակցութիւններէ եկած անդամներով խումբեր՝ կեդրոնանալու համար կարեւոր ոլորտներու վրայ, ինչպէս՝ տնտեսական զարգացում, պաշտպանութեան ռազմավարութիւն եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ: Անոնք կ՛արտադրեն գործողութեան ենթակայ լայն աջակցութեամբ քաղաքականութեան առաջարկներ ՝ ապահովելով շարունակականութիւն առանցքային ազգային քաղաքականութիւններու մէջ:

4. «Ազգի վիճակի» (State of the Nation) երկխօսութիւններ. հաստատել կանոնաւոր, պատկերասփիւռէն հեռարձակուող քննարկումներ զանազան քաղաքական խմբաւորումներու ղեկավարներու միջեւ՝ առանցքային հարցերու շուրջ ընդհանուր հող գտնելու համար: Այս իրադարձութիւնները հանրային ըմբռնում եւ աջակցութիւն կը կառուցեն համաձայնութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններու համար:

5. Ազգային ռազմավարութեան (շարունակական) հեռահաս փաստաթուղթ. գործակցաբար մշակել համապարփակ, բազմամեայ փաստաթուղթ մը, որ կ՛ուրուագծէ Հայաստանի երկարաժամկէտ նպատակները եւ գերակայութիւնները: Ասիկա կրնայ ծառայել իբրեւ ուղեցոյց քաղաքականութեան որոշումներու համար՝ անկախ օրուայ իշխող կուսակցութենէն, կանոնաւոր վերանայումներով ապահովելով անոր արդիականութիւնը եւ լայն աջակցութիւնը:

Իրականացնելով այսպիսի համաձայնութեան կառուցումի միջոցներ՝ քաղաքական միտքը թերեւս կրնայ տեսնել քաղաքական բաժանումներէն անդին եւ կառուցել գործակալութիւն՝ անդրադառնալու գոյութենական մարտահրաւէրներուն, հաւասարակշռելով տարբեր տեսակէտներ ազգային շահերու հետ:

Հայաստան ունի գիտարուեստի փորձագէտներ, Նոպելեան մրցանակակիրներ եւ իսկական մասնագէտ անհատ առաջնորդներ՝ ստեղծելու համար այսպիսի համաձայնութեան վրայ հիմնուած քաղաքական այսպիսի որակաւոր մթնոլորտ մը, որ անհրաժեշտ է ազգաշինութեան համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, եւ յաղթահարելու այսօրուան ճգնաժամը եւ մանր բաժանումները:

Յայտնի չէ, թէ արդեօք իմաստուն քաղաքական միտք ունեցողներ եւ առաջնորդներ կրնան ստիպողաբար յայտնուիլ ազգային ճգնաժամի մը ընթացքին: Սակայն, պատմութիւնը կը ներկայացնէ օրինակներ, ինչպէս Միացեալ Նահանգները Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, Էսթոնիոյ «Երգող յեղափոխութիւն»ը եւ Հայաստանի անկախութեան շարժումը 1980ականներու վերջաւորութեան, երբ հանրութեան զանազան խումբեր միացան ճգնաժամերու ընթացքին՝ անդրազանցելով ներքին բաժանումները՝ յանուն ազգային նպատակներու: Այս դէպքերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ճգնաժամերը կրնան խթանել միասնականութիւն եւ ընդհանուր նպատակ՝ զանազան խմբաւորումներու միջեւ: Եւ հրաշքներ կը պատահին: Պակսողը «անտեսանելի իմաստուն ձեռք»ն է, որ կրնայ դիւրացնել իսկական ազգային խօսոյթ մը, պարտադրել յստակութիւն քաղաքականութիւններուն մէջ եւ բարձրացնել հայկական քաղաքական պատումները:

«Ոչ միացեալ այլ միասին աշխատելու» պահն է, ըսած է վաստակաւոր մտաւորական Խաչիկ Թէօլէօլեան. այնքա՜ն պարզ միտք մըն է այս փոքր ազգ-պետութեան մը համար. Սակայն, կարծես այնքան անիրապաշտ հնչող դարերով պետականազուրկ ազգի մը համար:

Ալեքսանդրապոլի ուրուականը մեծապէս կը ծանրանայ Հայաստանի ներկայ կացութեան վրայ: Առանց լուրջ ինքնաքննութեան, ռազմավարական գնահատումի մը եւ համատեղ գործակալութեան մը՝ Հայաստան շատ աւելի նուազած պետութիւն մը կամ Սուրիոյ ՝ տարածաշրջանային ուժերու եւ արտաքին ազդեցութիւններու կողմէ վերահսկուող «պաշտպանիչ գօտիներով» (buffer zones) երկրի մը վերածուելու ճակատագիրին դէմ յանդիման գտնուելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Պատմութեան դասերը մեզ կը շարունակեն խիստ զգուշացումներ տալ. ներկայ ազգ-պետութիւնը փխրուն է, եւ զայն կորսնցնելու սպառնալիքը իրական է: Քաղաքական դաշտը կը պահանջէ միասնական, նուազագոյն ընդհանուր յայտարարի ռազմավարական մօտեցում մը, որ կը ճանչնայ թէ՛ Հայաստանի գերիշխանութեան արժէքը եւ թէ խոցելիութիւնը: Գրաւները աւելի բարձր չէին կրնար ըլլալ. համախմբուած, յառաջադէմ գործի պահը հիմա է, որպէսզի Հայաստան չդիմակայէ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրի ժամանակակից համարժէք աղէտ մը, որմէ հազիւ ազատեցաւ դար մը առաջ: Ժամանակն է վերակառուցելու մեր վաղեմի ներազգային խօսոյթը, ապա անցնելու պետութեան հիմնադիր կուսակցութեան պետականավայե՛լ «միացեալ Հայաստանի տեսլականի» գործունէութեան դաշտի նախնական հանգրուանին՝ Միասին Գործելու Հրամայականին:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles