Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Հոկտեմբեր 2024
Եւրոպական խորհրդարանը, ձայներու յստակ առաւելութեամբ, քանի մը օր առաջ բանաձեւ մը որդեգրեց, որուն մէջ խտացուցած է Ատրպէյճանը գրեթէ ամէն բանի մէջ դատապարտող, Արցախի եւ արցախցիին իրաւունքները անգա՛մ մը եւս ամրագրող, Միջազգային Ատեանի (եւ բազում այլ) որոշումներու եւ վճիռներու կենսագործման պահանջը (քննարկումերուն ընդմէջէն, չմոռցուեցան Ատրպէյճանի «խաւիարի քաղաքականութենէն» օգտուող կաշառակերները…):
Երկրորդական է – թէեւ ոչ՝ անկարեւոր – այն, որ այս բանաձեւը կ’որդեգրուի անմիջականօրէն կենսոլորտի հարցերու յատկացուելիք՝ Պաքուի ժողովին (COP29) նախօրեակին: Կարեւորը այն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը, առանց բառերը ծամծմելու, խարանի նոր կնիք մը կը դնէ ոճրագործ պետութեան ճակատին:
Ատրպէյճանի պատասխա՞նը. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»: Ան կը շարունակէ հայ պատանդները պահել ու կապիկային դատավարութիւններ սարքել, գրաւման տակ պահել Արցախը, կը փճացնէ ու կը խեղաթիւրէ հայութեան հետքերը (աննախընթաց չէ. նոյնը ըրած է Նախիջեւանի մէջ, նոյնը ըրած է ու կ’ընէ Թուրքիա՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ), մի՛շտ նորանոր «պարտամուրհակներ» կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն սեղանին, եւ այդ իշխանաւորները մրցումի ելած են, թէ ո՞վ աւելի առատօրէն եւ շուտ կրնայ իրականացնել այդ պահանջները…:
Ատրպէյճանի այս յոխորտանքին համահունչ են Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երկիրներու ԳՈՐԾԱԴԻՐ իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն գործակցիլ բռնատիրական իշխանութեան հետ: Քարիւղ ներածելը կաշառք չէ…
***
Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները գրեթէ ամէն օր դատապարտանքի, առ նուազն քննադատութեան կ’ենթարկուին ՄԱԿ-ի թէ անհատ պետութիւններու կողմէ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլի բարեկամ հռչակուածներ: Նեթանիահու եւ իր վարչախումբը բոլորին կը պատասխանեն. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»: Անոնք «Համաս»ին եւ «Հըզպալլա»ին փակցուցած են «ահաբեկիչ»ի պիտակը, ««ահաբեկիչ կը հետապնդենք» նշանախօսքով», բազմահազար քաղաքայիններ, մեծ մասամբ մանուկներ ու կիներ կը սպաննեն ու կը վիրաւորեն, նոր Ստալինկրատներ կամ Հիրոշիմա-Նակազաքիներ կը սարքեն կորիզային ռումբի հզօրութեամբ հրթիռներով, ու մինչեւ անգամ դատապարտողները կուլ կու տան այս այլանդակ ինքարդարացումները:
***
Աշխարհին ու դաշնակիցներուն՝ «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» կ’ըսէ Թուրքիա, եւ «ահաբեկիչ կը հետապնդեմ»ի դիմակ հագած, մահ ու աւեր կը տարածէ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ, մոռնալով, որ նման ոճիրներու համար, դեռ երէկ մեղադրանքներ կ’արձակէր… Իսրայէլի դէմ: Էրտողան ու գործակիցներ կը փորձեն ստեղծել այն պատրանքը, թէ Նեթանիահուն իրրենց խրամատակիցը չէ: Իսկ խօսիլ՝ «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» խորագրով Ատրպէյճան եւ Թուրքիա զուգերգին մասին, աւելորդ է: Գոնէ մենք՝ հայրենիք ու ազգ պահպանելու կոչուած հայերս շա՜տ լսած ենք այն երգը («Պտտուի՜ր, պտտուի՜ր կարուսէլ, ես քո երգը…») :
(Չենք ուզեր անդրադառնալ նոյն յոխորտանքին կրկնութիւններուն՝ Ուքրանիոյ ճակատներուն վրայ թէ այլուր: Մեզի ի՜նչ. անոնք մեզմէ հեռու են):
***
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» նշանախօսքը որդեգրած է նաեւ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը, եւ զայն ամէն քայլափոխի կը նետէ ընդդիմադիրներուն ու բոլոր անոնց երեսին, որոնք հայրենիքն ու պետութիւնը կորուստի տանող ուղիէն ետ կանգնելու կոչերով հրապարակ կու գան ամէն օր:
««Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» աղաղակեց Փաշինեան, երբ Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս եւ զայն մաս առ մաս յանձնեց Ալիեւի, ճամբայ հարթեց հայկական հողամասի ամբողջական հայաթափման (յիշեցէք Նախիջեւանի նախընթացը՝ խորհրդայիններու օրերուն, Արեւմտեան Հայաստանը՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով. Տարբերութիւնը այն է, որ այդ փուլերուն, լիիրաւօրէն ճանչցուած անկախ պետութիւն չէինք): Նոյնը՝ հազարաւոր նահատակներ տուած ընտանիքներու երեսի: Նոյնը՝ Արցախն ու արցախցիները Հայաստանի մասնիկ դաւանողներուն (ցանկը չկրկնենք):
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» աղաղակեցին ՔՊ-ապետն ու գործակիցները, երբ առանց հիմունքի՝ Տաւուշէն հողեր աւելցուցին Ատրպէյճանի արդէն իսկ խլած հողերուն վրայ:
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» ըսին դեռ երէկ, երբ վաւերացուցին սահմանազատման օրէնքը, յայտնապէս նոր ապացոյց մը փաստագրելով, որ ընդհանրապէս Փաշինեան ու Ալիեւ եւ անոնց ներկայացուցիչները ժողովուրդէն գաղտնի ինչե՜ր կը սարքեն՝ մի՛շտ ի վնաս Հայաստանի: Եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեր ժողովուրդը համոզել, թէ առնուած իւրաքանչիւր վնասարար քայլ համապատասխան չէ Ատրպէյճանի պահանջներուն ու ծրագիրներուն, վաղն ալ նոր հողամասերու յանձնումը պիտի չըլլայ նոյն այդ պահանջներուն համապատասխանաբար, թէ՝ 2020-էն ասդին, Հայաստան ո՛չ իսկ մէկ կորուստ վերականգնած է: Աչք ունեցողը կը տեսնէ, սակայն կայ զանգուած մը, որ կը նախընտրէ լուռ հանդիսատես ձեւանալ, մտածելով. «Ինչո՜ւս պէտք, դանակը ի՛մ ոսկորիս չէ հասած…»:
Վերջապէս, ՔՊ-ականները «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» կ’ըսեն նոյնինքն Եւրոպական խորհրդարանին եւ բոլոր անոնց՝ որոնք առաւել կամ նուազ չափով պաշտպան կը կանգնին Արցախի իրաւունքներուն, կը պահանջեն մեր գերիներուն ու պատանդներուն վերադարձը (մէկ խօսքով՝ կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները): Հայաստանի իշխանութիւններէն դատապարտանքի կամ քննադատութեան որեւէ խօսք չի հնչեր ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, այլ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն «մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»ի, «սահմանները բանանք»ի եւ նման՝ աւրուած-մաշած ձայնապնակները, հոգ չէ թէ մերթ ընդ մերթ կը խոստովանին, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը ունին 1915-ի (եւ ակնէ առաջ սկսած) Ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու ծրագիրներ, դիտաւորութիւններ, կը գործադրեն զայն:
***
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» բացագանչելու կոչուած է հայրենասէր ու հայրենապաշտպան զանգուածը՝ թշնամիին գործակատարը դարձած իշխանաւոր խմբակին երեսին: Ահա թէ ինչո՛ւ անհետաձգելի է իշխանափոխութեան օր առաջ իրականացումը, որովհետեւ այս իշխանութիւնը, իր իւրաքանչիւր յաջորդ քայլէն ետք, ո՛չ միայն քաղաքական-հարենապաշտպանութեան գետիններու, այլ նաեւ տնտեսական ու այլ որորտներու մէջ, ժողովորդին երեսին պիտի շպրտէ. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»:
————————
(*) Արաբերէնով շատ տարածուն եւ բազմիմաստ խօսք: Բառացիօրէն կը նշանակէ «Գնա՛, ծովը սալարկէ», այսինքն՝ ինքզինքդ լծէ անիմաստ, անկարելի եւ արդիւնք չտուող գործի: Խորքին մէջ, այս խօսքը ըսողը դիմացինին հանդէպ արհամարհանք ունի, սեփական սխալներով կը յոխորտայ, քիչ մըն ալ դիմացինին վրայ կը խնդայ: